Ատրպէյճանը պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին․ Պայրամով

Ատրպէյճանը որեւէ մակարդակով պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, կը հաղորդէ ատրպէյճանական APA լրատու գործակալութիւնը։

Պայրամով նշած է, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի մայիս ամսուան օրացոյցին մէջ Երեւան այցելութիւն նախատեսուած չէ։ Աւելի վաղ, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ եւս անհաւանական համարած էր Ալիեւի մասնակցութիւնը Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք գագաթաժողովին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցեալ հոկտեմբերին յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները հրաւիրուած են Երեւան՝ յաջորդ տարուան գարնան նախատեսուած գագաթաժողովին մասնակցելու համար։ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան նոյնպէս նշած էր, թէ հայկական կողմը կը սպասէ երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեան։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովը նախատեսուած է կայանալ Երեւանի մէջ՝ 2026 թուականի մայիս 4-ին։