Առաջնագիծին Կանգնած Բանաստեղծը
ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
«Բանաստեղծութեամբ իրազեկուող մարդը իրաւունք չունի չէզոք դիրքերէ գործելու: Բանաստեղծութիւնը կարեւոր է բոլոր անոնց համար, որոնք առաջնագծին վրայ են»
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Մօտ մէկուկէս ամիս առաջ հրաւիրուած էի խօսք առնելու մէկ այլ շնորհահանդէսի բեմէն: Թէեւ հեղինակի գործին ծանօթ էի, բայց եւ այնպէս, բաղդատած միւս ելոյթ ունեցողներուն, անպատրաստ կը զգայի, քանի որ, ի տարբերութիւն միւս խօսողներուն, անձամբ չէի ճանչցած օրուան հեղինակը:
Այսօր ունիմ ճիշդ հակառակ խնդիրը: Կարօ Արմէնեանը իմ 45 տարուան ընկերս է: Շատ ճամբայ կտրած ենք մենք միասին (եւ դեռ կը կտրենք)` գրական, գեղարուեստական, քաղաքական-վերլուծական եւ ազգային հարցերու ոլորտներուն մէջ: Միասին ճամբորդած ենք` սկսեալ հայրենիք իմ առաջին այցելութենէս, որ տեղի ունեցաւ 35 տարի առաջ` Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագիրին հետ առնչուած: Բայց հիմա կը հասկնամ, որ հեղինակը մօտէն ճանչնալը անպայման առաւելութիւն չի տար իր գրական վաստակը գնահատելու գործին: Ընդհակառա՛կը, այդպիսի ծանօթութիւն գործը կը խանգարէ եւ կը բարդացնէ, որովհետեւ գրեթէ ամէն տողի հետ հեղինակէն դրուագ մը կը ներխուժէ մտքիդ մէջ եւ կը ցրուէ ուշադրութիւնդ:
Այսօր քանի մը խօսք պիտի ըսեմ այն խոր գիտակցութեամբ, որ Կարոն ի՛նք համոզուած չէր, որ այս մէկը պատեհ ժամանակն էր նախ իր գիրքը հրատարակելու ու նաեւ` շնորհահանդէս կազմակերպելու: Խօսքը կը վերաբերի այն իրողութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը այսօր կը գտնուին ծայրայեղ ճգնաժամի մէջ: Լրիւ կը հասկնամ եւ կը բաժնեմ այդ հոգեվիճակը: Բայց ի վերջոյ մարդ կու գայ այն եզրակացութեան, որ եթէ թոյլ տանք, որ մեր գեղարուեստական եւ մշակութային աշխուժութիւնը այդ աստիճան տուժէ, ճգնաժամը աւելի սրած կ՛ըլլանք, ոչ թէ` փարատած:
Նկատի առած ժամանակի սղութիւնը` պիտի չփորձեմ Կարոյին ստեղծագործ միտքին անսահման ովկիանոսին մէջ մխրճուիլ: Պայմաններու բերումով, շատ սահմանափակ է մեզմէ ամէն մէկուն յատկացուած ժամանակը: Հետեւաբար այս կարճ ժամանակը պիտի յատկացնեմ Կարոյի քերթողութեան քանի մը յատկանիշները մատնանիշ ընելու նպատակին:
Առաջին` առաջնագիծին կանգնած յանձնառու բանաստե՛ղծը: Խօսքս կը վերաբերի` մեր ազգային հրատապ հարցերուն, ճնշող քաղաքական իրավիճակին, լինելիութեան եզրին կախուած պետականութեան, հակասական գաղափարախօսութիւններուն եւ ընդհանրապէս մեր ազգային ճգնաժամի խօսոյթը շարադրելու գաղափարական առաջնագիծին: Ճիշդ հո՛ն է Կարոն, եւ հո՛ն է իր գրական վաստակին առանցքը:
Կարոյին բանաստեղծութիւնը կարելի չէ կարդալ իբրեւ ժամանց: Կարոն ճիշդ կը հասկնան եւ կը գնահատեն միայն անոնք, որոնք գտնուած են այդ առաջնագիծին վրայ: Իսկ անոնք, որոնք չեն գտնուած, համոզուած եմ, որ պիտի գտնուին պայքարի այդ առաջնագիծի մարտահրաւէրին առջեւ` Կարոյի տողերը կարդալով:
Առաջնագիծին կանգնած յանձնառու բանաստեղծ ըլլալ` կը նշանակէ միախառնել անձնական եւ ազգային ներաշխարհները, ինչ որ Կարոյին երկրորդ իւրայատկութիւնն է: Կարոյին մօտ այդ երկու ներաշխարհները ամբողջութեամբ ձուլուած են իրարու մէջ: Իր յօդուածներուն եւ բանաստեղծութիւններուն մեծ մասին հիմնական բովանդակութիւնը նոյնն է: Առաջինը մեզի կը հրամցուի վերլուծաբանի եւ հրապարակախօսի բառերով եւ ոճով, իսկ երկրորդը` բանաստեղծի գեղարուեստական եւ քերթողական մտատեսիլով: Իբրեւ օրինակ` կը հրաւիրեմ ներկաները կարդալու Կարոյին «Հարցաքննութիւն» խորագիրը կրող քերթուածը (էջ 257) եւ զայն համեմատել վերջին քանի մը տարիներուն մեր մամուլին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներուն հետ:
Հոս կը փութամ աւելցնել, որ գրող-քաղաքական գործիչ-հրապարակախօս համախմբումը ինքնին չէ, որ իւրայատուկ է Կարոյին մօտ: Շատեր անցած են այդ ճամբով թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայ գրականութեան մէջ (Փապլօ Ներուտա, Նիզար Քապպանի, Տէրեան, Ահարոնեան, Իսահակեան, Շանթ եւ շատ ուրիշներ): Կարոյին իւրայատկութիւնը այն է, որ ան վաղուց իր զուտ քնարերգական միտումները (եւ տաղանդը) մէկ կողմ թողած` մերժած է «առաջնագիծը» լքել: Ես դեռ յոյս ունիմ, որ օր մը կը հաւաքէ իր կարգ մը աւելի վաղ գրուած քնարական բանաստեղծութիւնները, որոնք կը մնան անտիպ, եւ անոնք ալ կը հրատարակէ:
Երրորդ` իր չափազանց սուր տեսողութիւնը: Ուշադիր դիտորդ ըլլալը կարեւոր նախապայման է ոեւէ գրողի համար: Բայց Կարոն պատահական դիտորդ չէ: Իր առջեւ յայտնուած ֆիզիքապէս տեսանելի առարկայէն անդին` ան կը տեսնէ խլրտացող միւս կեանքը: Կարոյին աչքէն բան չի վրիպիր: Որեւէ երեւոյթ` ըլլայ բնութիւն, գիւղական կեանք, քաղաքի ժխոր, զգացական երեւոյթ, ազգային տագնապ, իր մօտ վերջ ի վերջոյ կը վերածուի մարդկային պատմութեան եւ կը դառնայ կեա՛նք:
Չորրորդ յատկութիւնը, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ, հօր եւ հայրութեան գաղափարի գերակայ եւ լայնատարած ներկայութիւնն է Կարոյի բանաստեղծութեան մէջ: «Երրորդ նուագին» չորս գլուխներէն մէկը կը կոչուի «Հայր», եւ այդ գլուխին մէջ կան երկու բանաստեղծութիւններ «Հայր» խորագիրով: Բայց ատկէ դուրս, հօր եւ հայրութեան գաղափարը` իր բոլոր երանգներով, դրսեւորումներով ու ծանրութեամբ, տարածուած է ամէնուր: Հոն կը հանդիպինք մեր առօրեայ երկրաւոր հօր, ինչպէս նաեւ երկնաւոր, տիեզերական Հօր գաղափարին: Հայրութիւնը պատմութի՛ւն է Կարոյի տողերուն մէջ: Հայրը պատմութեան շղթային մէջ օղակ մըն է, որմէ սերունդէ սերունդ փոխանցում տեղի կ՛ունենայ: Հայրը կը պաշտպանէ այդ օղակը, կը կրէ ծանր բեռը այդ պատասխանատուութեան, գէթ մինչեւ փոխանցումը աւարտի:
Ինչպէս նշմարած էք, ես խուսափած եմ Կարոյին գործէն մէջբերումներ ընելէ: Կը դժուարանամ իր բանաստեղծութիւններէն ընտրել մէկ կարճ հատուած, որովհետեւ իր բանաստեղծութիւնները սեղմօրէն շաղախուած, շաղկապուած պոռթկումներ են, ուր մէկ հատուած առանձնացնելը կը նմանի ապրող մարմինի մը մէկ մասը անդամահատելու: Բայց պիտի ընեմ մէկ բացառութիւն` կեդրոնանալով «Որդիք որոտման» բանաստեղծութենէն մէկ տունի վրայ:
երբ մենք ծնանք
մեր հայրերը տխուր էին
եւ գին ունի հօրմէ որդի ճամբայ կտրող
տխրութիւնը
Եթէ պահ մը հոս կանգ առնենք, գիրքը դնենք վար եւ մտածենք, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ «գին»-ը հօրմէ որդի ճամբայ կտրած այդ տխրութեան, կը փշաքաղուինք: Քանի մը վէպ կայ այդ «գին» բառին ետին: Հօր վճարած գինը, որդւոյն վճարած գինը… եւ այդ բոլորին ետին քանի մը սերունդի խառնիճաղանճ կը վխտայ: Այդ տխրութիւնը պարզ ճամբայ մը չէ, որ կտրած է: Ամբողջ ոդիսակա՛ն մը ապրած է այդ ճամբան կտրած մարդը: Փոխանցուած տխրութիւն կա՛յ, որովհետեւ չկայ պատմութեան շարունակութիւն, որովհետեւ պատմութիւնը ընդհատուա՛ծ է: Եթէ պատմութիւնը չընդհատուէր, չկտրուած շղթա՛ն էր, որ պիտի փոխանցուէր, եւ ո՛չ թէ` տխրութիւնը: Նոր սերունդը պիտի ժառանգէր իր չընդհատուած պատմութիւնը շարունակելու օրհնութիւնը, եւ ո՛չ թէ` իր հօրմէն փոխանցուած տխրութեան շալակը:
Կարելի է այսպէս կանգ առնել եւ խորանալ Կարոյի տուներէն շա՜տ շատերու մէջ: Բայց գիտեմ, որ ինծի յատկացուած ժամանակը արդէն վաղուց սպառած եմ: Պիտի աւարտեմ մէկ ցանկութեամբ: Կը մաղթեմ, որ Կարոն երբեմն, թէկուզ` ժամանակաւորապէս, ոչ թէ լքէ, այլ քիչ մը հեռանայ առաջնագիծէն եւ թոյլ տայ, որ իր քնարական քերթողի ներուժը անսանձ թեւ առնէ իր գրիչին տակ:
Շնորհակալութի՛ւն:
7 նոյեմբեր 2024
Երեւան
Կարօ Արմէնեանի «Մարմին եւ արիւն, երրորդ նուագ» հատորին շնորհահանդէսին առիթով :
Comments are closed.