Այս խորհրդաժողովը փորձ Է Սփիւռքի օրակարգը ձեւաւորելու եւ յառաջիկայ տարիներուն միասին գործելու կամքը ամրապնդելու
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք 14-15 մարտ 2026-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած ՀՅԴ «Սփիւռք» խորհրդաժողովի ընթացքին Րաֆֆի Արտալճեանի արտասանած բացման խօսքը:
«Սփիւռք» խորհրդաժողովը կարեւոր փուլ մըն է: Առաջին խորհրդաժողովն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը կազմակերպուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ եւ յատուկ կերպով կը նուիրուի սփիւռքի հարցերուն: Այս իրողութիւնը ինքնին բան մը կը յուշէ մեզի. ոչ թէ անտեսում, այլ` այն, թէ որքան սակաւ ենք դիտմամբ կանգ առած` սփիւռքը քննութեան առնելու իբրեւ կենդանի քաղաքական եւ հասարակական իրողութիւն, որ կ՛արժանանայ կեդրոնացած ուշադրութեան:
Իմ 4 որբ մեծ հայրերս ու մայրերս լաւ հայերէն չէին գիտեր, բայց այդ սերունդը հրաշքներ կերտեց սփիւռքի մէջ եւ մեզի յանձնեց հայութեան հնամեայ քաղաքակրթութեան ջահը: Այսօր այդ շարունակականութիւնը կը տեսնենք այս սրահին մէջ:
Մեզի հետ են` համալսարանական դասախօսներ Միացեալ Նահանգներէն եւ Արժանթինէն, Քանատայի շրջանը ներկայացնող Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, մեր վարժարաններու ուսուցիչներ եւ կրթական դաշտի նուիրեալներ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներու մանկավարժներ, ՀԵԴ-ի խորհրդատուներ, Հայ դատի տարբեր մասնաճիւղերու անդամներ, միջազգային բանակցութիւններու փորձառու մասնագէտներ, Թեքսասէն մասնակից է զօրավար Դրոյի թոռը. ունինք Արցախի սփիւռքէն քաղաքական գիտութեան ուսանող մը` Այտահօ նահանգէն, ներկայ են նաեւ ոչ կուսակցական մասնագէտ հայ մտաւորականներ` որպէս նշան փորձագիտական կարծիքներ լսելու պատրաստակամութեան` նոյնիսկ տեսակէտներու տարբերութեան պարագային, ինչպէս նաեւ` արհեստագիտութեան մասնագէտներ, բժիշկներ եւ գործարարներ: Այս բազմազանութիւնը հայ սփիւռքի մարդկային դրամագլուխին գեղեցիկ արտայայտութիւնն է:
Շատեր կրնան հարց տալ. ինչո՞ւ սփիւռք, երբ Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ ճգնաժամեր: Մեր պատասխանը պարզ է. Հայաստանի ամրութիւնը եւ սփիւռքի կենսունակութիւնը փոխկապակցուած են: Սփիւռքի ինքնագիտակցութեան եւ կազմակերպուածութեան հզօրացումը Հայաստանի վերականգնման բաղկացուցիչ մասն է, որովհետեւ մենք մէկ ազգի զաւակներն ենք: Այո՛, ունինք մշակութային տարբերութիւններ, տարբեր բարբառներ, բայց մեր լեզուն մէկ է. կարեւոր է ամբողջը իբրեւ մէկ տեսնելը, բայց միեւնոյն ժամանակ` ուշադիր մնալ այդ նուրբ տարբերութիւններուն նկատմամբ: Եթէ ամբողջութիւնը մէկ է, ապա ոչ ոք պէտք է զայն չարաշահէ` ամբողջ ազգին անունով խօսելու իրաւունքը իրեն վերագրելով: Օր մը գուցէ կարենանք համախոհիլ որոշ նուազագոյն համազգային ըմբռնումներու շուրջ, եթէ քաղաքական կամք գոյութիւն ունենայ: Բայց այսօր դեռ այդ փուլին հասած չենք:
Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիլ նաեւ տարբերութիւնները: Սփիւռքը պետութիւն չէ, այլ` անդրազգային եւ ոչ պետական իրականութեան մէջ հայկական փափուկ ուժի արտայայտութիւն: Ան ունի իր յատուկ օրակարգը եւ շահերը: Ան բազմաշերտ եւ փոփոխուող իրականութիւն է: Ան ո՛չ ստորադաս է, ո՛չ ալ գերադաս` հայկական պետութեան, այլ` մեր հնամեայ ազգի պատմութեան ժամանակակից եւ անդրազգային արտայայտութիւնը:
Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը, ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կուսակցութիւն, եւ միաժամանակ հայկական անդրազգային իրականութեան կազմակերպուած քաղաքական շարժիչ ուժերէն մէկը, պարտաւոր է գիտակցիլ այս նուրբ հաւասարակշռութեան եւ իր պատասխանատուութեան: Սփիւռքն ու Հայաստանը հայ ազգային ծրագիրի փոխլրացնող, սակայն ստիպողականօրէն տարբեր արտայայտութիւններն են:
Այսօր շատեր կը փորձեն սփիւռքի անունով խօսիլ Հայաստանի հարցերուն շուրջ, կամ` հակառակը: Յաճախ կը գործածուի «համահայկական» եզրը` իբր թէ գոյութիւն ունի մէկ միասնական եւ միաձայն դիրքորոշում: Իրականութիւնը աւելի բարդ է: Թէեւ մենք մէկ ազգ ենք, սակայն պատմութիւնը մեզ ցրուած է աշխարհով մէկ եւ ստեղծած է տարբեր պայմաններ, տարբեր պատասխանատուութիւններ եւ, հետեւաբար, նաեւ` տարբեր օրակարգեր:
Մեր մարտահրաւէրը այդ տարբերութիւնները ժխտելը չէ, այլ զանոնք գիտակցաբար համադրել` ազգային ընդհանուր ուղղութեան մը մէջ:
Ուրեմն, ինչո՞ւ հիմա:
Մենք այստեղ ենք, որովհետեւ մեզ շրջապատող աշխարհը փոխուած է, եւ որովհետեւ մենք ալ փոխուած ենք: Այսօր հայկական համայնքներուն գործելու պայմանները` քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ ժողովրդագրական իմաստով, էականօրէն տարբեր են այն պայմաններէն, որոնք ձեւաւորած էին մեր օրակարգերուն մեծ մասը: Գաղթի հոսանքները, ինքնութեան անընդհատ վերակազմաւորումը, լեզուի պահպանումը, քաղաքական մասնակցութիւնը եւ սերունդներու շարունակականութիւնը` բոլորը փոփոխութեան ենթարկուած են, ստիպուած կը շարունակեն ենթարկուիլ համայն աշխարհի մէջ:
Այնուամենայնիւ, այն մտածելակերպերէն եւ գործելակերպերէն շատերը, որոնց տակաւին կը յենինք, ձեւաւորուած են այլ ժամանակաշրջանի մէջ: Շարունակականութիւնը արժէք ունի, սակայն առանց յարատեւ անդրադարձի եւ քննութեան` կը վերածուի անշարժութեան: Պէտք է նաեւ անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ: Հաւանաբար մեր սերունդին մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը այն եղաւ, որ միշտ չէ, որ կարողացանք մեր կազմակերպական մտածողութիւնն ու գործելակերպը լիովին յարմարեցնել 21-րդ դարու պայմաններուն:
Այս խորհրդաժողովը կը սկսի պարզ, բայց հրատապ գիտակցութեամբ մը. պէտք է աւելի գիտակից դառնանք փոփոխութեան եւ ըստ այնմ ուղղենք մեր ընթացքը, եթէ սփիւռքը պիտի մնայ արդիական, դիմացկուն եւ իմաստաւոր` գալիք տարիներուն:
Ի՞նչ է մեր նպատակը:
Ի տարբերութիւն բազմաթիւ համայնքային հաւաքներու, որոնք յաճախ կեդրոնացած են խորհրդանշական երեւոյթներու վրայ, մեր նպատակը աւելի զուսպ է, բայց նաեւ` աւելի պահանջկոտ: Մենք այստեղ չենք հաւաքուած կարգախօսներ ստեղծելու կամ շօ մը բեմադրելու համար: Մենք այստեղ ենք նախ եւ առաջ մտածելու, հասկնալու եւ հարց տալու, թէ ո՛ւր ենք այսօր, ինչպէ՛ս հասած ենք այս կէտին եւ ի՛նչ իրողութիւններ պէտք է դիմագրաւենք` նախքան որոշելը, թէ ո՛ւր կ՛ուզենք երթալ:
Մենք նաեւ պիտի չձեւացնենք, թէ երկու օրերը բաւարար են տարիներով կուտակուած հարցումներու պատասխան տալու համար: Այս խորհրդաժողովը սկիզբն է երկար ժամանակէ մը ի վեր ուշացած զրոյցի մը: Մեր յոյսն է, որ այս ջանքը պիտի շարունակուի` այլ շրջաններու մէջ նմանատիպ խորհրդաժողովներով, աւելի խոր անդրադարձով եւ ուսումնասիրութեամբ, եւ վերջապէս` յստակ յաջորդ հետեւողական քայլերով: Մեզի համար նոյնքան կարեւոր է, որ այս գործընթացը նպաստէ կուսակցութեան մէջ ձեւաւորելու ցանց մը ընկերներու, որոնք կը հասկնան սփիւռքը իր բարդութեամբ եւ կը մտահոգուին անոր ապագայով:
Վերջապէս, մեր նպատակը զիրար լսելն է` բաց միտքով եւ առանց նախապայմաններու: Փորձենք դուրս գալ «սեւ-սպիտակ» մտածողութենէն եւ ուշադրութիւն դարձնել գաղափարներու երանգներուն ու նրբութիւններուն` անկախ զանոնք ներկայացնողէն: Հայ քաղաքական միտքը նախ պէտք է համախոհութիւն ձեւաւորէ այն հիմնական հարցերուն շուրջ, որոնք մեզի բոլորիս համար կարեւոր են: Երբ այդ հիմքը, այդ պատումը, այդ narrative գտնենք, պէտք է նաեւ համաձայնինք միասին աշխատելու մեր իսկ ձեւաւորած օրակարգին շուրջ:
Այս խորհրդաժողովը այդ զրոյցին սկիզբն է, փորձ մը` սփիւռքի օրակարգը ձեւաւորելու եւ յառաջիկայ տարիներուն միասին գործելու կամքը ամրապնդելու համար:
Երկու օրերուն ընթացքին նախ պիտի կատարուին խմբային քննարկումներ հիմնական թեմաներու շուրջ: Այս բանավէճերը անպայման տեղւոյն վրայ եզրակացութիւններ պիտի չպարտադրեն: Մեր յոյսը այն է, թէ այս լուրջ զրոյցներու նպատակը ըլլայ իրականութիւններու, լարուածութիւններու եւ չլուծուած հարցումներու բացայայտումը: Ապա պիտի շարունակենք խմբային քննարկումները, պիտի փորձենք աւելի դժուար քայլ մը կատարել եւ միտքերու համադրութեան սկիզբ մը դնել, այսինքն` փորձել քաղել այն դիտարկումները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան ուղղութիւն տալ քաղաքական մտածողութեան եւ ռազմավարական կողմնորոշման:
Մեզմէ շատերուն համար այս գործընթացը պիտի պահանջէ գործուն ունկնդրութիւն, ապա մասնակցութիւն` մտածուած, կարճ եւ յստակ հարցումներով: Մեր յոյսն է, որ մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած խորքային քննարկումները, ձեր հարցումներուն հետ միացած, պիտի ստեղծեն իրական մտաւոր փոխազդեցութիւն, այլ ոչ թէ` զուգահեռ զրոյցներ:
Կ՛ուզենք, որ բոլորդ ալ գիտակից ըլլաք այն բազմաթիւ թեմաներուն, որոնց պիտի անդրադառնանք` սփիւռքի պատմութենէն մինչեւ հայկական վարժարաններու մարտահրաւէրները, ինքնութիւն եւ քաղաքական գիտակցութիւն, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ, Հայ դատ, երիտասարդութիւն եւ շարունակականութիւն, սփիւռքեան ազգակերտութեան նպատակներ եւ այլք: Այս խորհրդաժողովը կը դիտուի որպէս ելակէտ եւ սկիզբ: Ան կոչուած է շարժում տալու մեր մտածողութեան` մեզ մղելու դէպի աւելի համապարփակ հասկացողութիւն` հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յարմարիլ եւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, ոչ թէ` կազմելու անկատարելի «պէտք է»-ներու ցանկ մը, ինչպէս յաճախ կը պատահի մեր ազգային կեանքին մէջ:
Կ՛ուզենք նաեւ, որ ուշադիր ըլլաք այս սրահին մէջ ձեր շուրջ դրսեւորուող դաշնակցական քաղաքական մտքի բազմաշերտ ներկայութեան:
Աւելի՛ն, կ՛ուզեմ, որ գիտակցիք, թէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը այսօր սփիւռքի ամէնէն մեծերէն մէկն է, եթէ ոչ` մեծագոյնը: Ան ունի քանակական հզօրութիւն, բազմազանութիւն եւ կազմակերպական ծաւալ: Այս իրականութիւնը կը պարտադրէ, որ հայ քաղաքական միտքը գիտակցաբար ստանձնէ մտային առաջնորդութեան պատասխանատուութիւնը: Ինչպէս Յարութիւն Քիւրքճեան գրեց իր 1968-ի նշանաւոր յօդուածին մէջ` «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով», թերեւս այսօր ալ մենք կը գտնուինք նման հաւասարումի մը դիմաց: Բայց այս անգամ մեր պարտականութիւնը ոչ միայն զայն լուծելն է, այլ նաեւ` շարունակ հարցումներ տալը, մինչեւ որ մեր համազգային ըմբռնումները աստիճանաբար պարզուին:
Մենք` հայրենազրկուած մեր նախնիներուն սփիւռքահայ զաւակները, մարդկային մեր դրամագլուխով բնաւ այսքան հզօր չենք եղած, ինչպէս ենք այսօր, մանաւանդ` արեւմտեան սփիւռքին մէջ: Յառաջիկայ տասնամեակները կրնան դառնալ մեր վերածննդեան տարիները: Սակայն այդ վերածնունդը կը պահանջէ յստակ օրակարգ եւ քաղաքական կամք: Առանց անոնց` մեր ներուժը պիտի չկազմակերպուի եւ չուղղորդուի:
Շնորհակալութիւն` այս պահը լրջօրէն ընդունելու, ձեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը յատկացնելու եւ մեզի հետ սկսելու այն, ինչ որ կը յուսանք պիտի ըլլայ մտածուած, ազնիւ եւ կառուցողական ներգրաւում մը հայկական սփիւռքի ապագային շուրջ: