Այսօր հերոս Ռոպերթ Ապաճեանը պիտի դառնար 22 տարեկան
Այսօր, Արցախի հերոս, Ապրիլեան պատերազմին նահատակուած Ռոպերթ Ապաճեանի ծննդեան օրն է, ան պիտի դառնար 22տարեկան։ Այս առթիւ «Երկիր մետիա»-ն կը ներկայացնէ 2017-ին պատրաստած տեսանիւթը հերոսին մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի զինծառայող, Պաշտպանութեան բանակի կրտսեր տասնապետ, յետմահու Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանը ծնած է 1996 թուականի Նոյեմբեր 16-ին: Զոհուած է Արցախ-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ՝ Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքը պաշտպանելու ընթացքին: Ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար 2016 թուականի Մայիս 8-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով յետմահու պարգեւատրուած է «Արցախի հերոս» ԼՂՀ բարձրագոյն կոչումով եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանով:
Ռոպերթ Ապաճեան պարտադիր ժամկէտային իր զինծառայութիւնը սկսած է 2014/2 զօրակոչով՝ Արաբկիրի ԶԿ-էն։ Ակնառու յառաջդիմութեան շնորհիւ ստացած է կրտսեր տասնապետի կոչում։ 2016 թուականի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Արցախ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդին զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լայնամասշտապ յարձակումներ կը կատարեն։ Սկզբնապէս հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած յենակէտային դիրքերը հրետակոծելէ ետք ատրպէյճանական ուժերը կ’անցնին գրոհի։ Շուրջ երեք հարիւր հոգիէ բաղկացած խումբերը, զինուած ըլլալով նաեւ հրասայլերով, կը փորձեն գրաւել հայկական դիրքերը։ Վաշտի հրամանատար, ՀՀ ԶՈւ հարիւրապետ Արմենակ Ուրֆանեանի ղեկավարութեամբ, վեց հոգիէ բաղկացած սահմանապահ ուժերը կ’անցնին շրջանակաաձեւ պաշտպանութեան՝ երկու անգամ յաջողութեամբ ետ մղելով թշնամիին լայնածաւալ յարձակումները՝ այդ ընթացքին խոցելով նաեւ թշնամիի մէկ հրասայլ։ Անյաջող յարձակման փորձէն ետք թշնամին կը քաշուի եւ կրկին կը սկսի հրետանակոծել հայկական դիրքերը։ Արկերէն մէկուն պայթիւնէն կը զոհուին հրամանատար Ուրֆանեանը եւ գնդացրորդ Քեարամ Սլոյեանը։
Վաշտի հրամանատարին մահէն ետք, ոտքի վիրաւորում ստացած Ռոպերթ Ապաճեանը ինք կը ստանձնէ հրամանատարութիւնը եւ պատնէշի վրայ կը շարունակէ մարտը։ Նկատելով որ խրամատին մէջ զինամթերքը սպառելու վրայ է, զինուորները կ’ուղարկէ փամփուշտ բերելու։ Այդ ընթացքին հակառակորդը կը յաջողի թափանցել դիրք։ Ապաճեանը, կողքին մնացած միակ ծառայակիցին՝ վիրաւորուած գնդացրորդ Անդրանիկ Զոհրապեանի հետ, յամառ դիմակայութեամբ, կը նահանջեն դէպի դիրքային կացարան։ Արիւնահոսութենէն շուտով կը մահանայ Զոհրապեանը։
Մարտական խորշին մէջ դիրքաւորուելով, Ռոպերթ Ապաճեանը մինչեւ վերջին փամփուշտը կը շարունակէ միայնակ կռուիլ թշնամիի մեծաթիւ ուժերուն դէմ, միեւնոյն ժամանակ կապ հաստատելով գումարտակի հրամանատարին հետ եւ վերջինիս կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով դէպքերու ընթացքին մասին։
Նկատելով իրեն մօտեցող թշնամին, Ապաճեանը վերջին անգամ ըսած է, որ արդէն հաներ է իր քով մնացած վերջին նռնակը եւ պատրաստ կը սպասէ թշնամիին մօտենալը, իր հետ միասին պայթեցնելու համար զիրենք՝ որպէսզի չյանձնուի։ Տեսնելով իրեն մօտեցող հակառակորդը, Ապաճեան բացուած նռնակը կը պահէ ափին մէջ եւ ձեռքերը վեր կը բարձրացնէ, իբր թէ կը յանձնուի։ Թոյլ տալով որ բաւական իրեն մօտենան, Ապաճեան իր հետ միասին նռնակով կը պայթեցնէ հակառակորդի մի քանի զինուոր։ Անձնազոհ քայլով Ռոպերթ Ապաճեան նաեւ կը փրկէ թիկունքէն օգնութեան հասած հայկական ուժերու զինուորները։
Ապրիլ 8-ին, կողմերուն միջեւ նախապէս ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեամբ կը կատարուին զոհուածներու մարմիններու փնտռտուքի աշխատանքներ, որոնց շնորհիւ հայկական կողմը կը յայտնաբերէ Ապաճեանի եւ Զոհրապեանի դիակները: