Այսօրուան վասակներուն վերջը շատ տարբեր պիտի չըլլայ նախկին վասակներու վերջէն. Վիգէն Աբրահամեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Վարդանանց Տօնին առթիւ, Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, «Հորիզոն Գրական»ի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեանի պատգամը.


Հաւաքուած ենք այս հարազատ երդիքին տակ, հաւաքուած ենք նշելու, տօնելու մեր ազգային ամենանուիրական տօներէն մին, Վարդանանց տօնը, որ հարիւրամեակներէ ի վեր մեր ազգը կը տօնէ ամէն տարի։

Պատմաբաններու եւ այլ մասնագէտներու կարծիքով, Վարդանի եւ իր զօրակիցներու սխրանքը մասնաւորաբար կարեւոր դէպք մը չէ, ոմանք նոյնիսկ կը սիրեն ըսել, թէ պարսկական աղբիւրներու մէջ նշում անգամ չկայ անոր մասին, կը շեշտեն նաեւ, թէ ան յաղթանակ իսկ չէ բառին մասնագիտական առումով, որովհետեւ ըստ պատերազմական կանոններուն, յաղթական կը համարուի ան, որ կը պահէ մարտադաշտը, իսկ Աւարայրի ճակատամարտի աւարտին մարտադաշտը մնաց պարսիկ բանակին։

Բայց մենք զայն կը շարունակենք տօնել ամէն տարի, կանոնաւորապէս, ամէն պայմաններու մէջ. զայն կը տօնենք նոյնիսկ Իրանի մէջ, որ այդ պատերազմին մեր հակառակորդն էր։ Կ՚ըսուի, թէ 20-րդ դարի կէսերուն, երբ Իրանի շահը կը փորձէր խստացնել հսկողութիւնը ժողովուրդին վրայ եւ որեւէ հրապարակային ձեռնարկի համար, նոյնիսկ թատերախաղի մը ներկայացման համար, պէտք էր թոյլտուութիւն ունենալ պետական գրաքննութենէն եւ ոստիկանութենէն, մեր հայրենակիցները ներկայացեր էին պատկան պաշտօնեային՝ Վարդանանց տօնակատարութեան համար արտօնութիւն ստանալու։ Պաշտօնեան քիչ մը նեղսրտեր է, որ հայերը կը փափաքին տօնել պարսիկներուն դէմ ճակատամարտի մը յիշատակը եւ փորձեր է հասկնալ, թէ ճիշդ ի՞նչ է տօնուելիքը։ Հարցուցեր է, թէ ո՛վ յաղթեց այդ ճակատամարտին։ Լսելով պատասխանը, թէ պարսիկներն էին յաղթական, պայծառացած դէմքով պատասխաներ է. «Ո՛ր այդպէս է, ինչքան կ՚ուզէք՝ տօնեցէք»։

Վարդանանց պատերազմի կարեւորութիւնը հետեւաբար չի կայանար իր ռազմական արժէքին, ոչ ալ ծաւալին մէջ. պատմիչ Եղիշէի տուած թիւերը՝ երկու բանակներու քանակներուն մասին, — 60 հազար կռուող հայերուն կողմէ, եռապատիկ աւելին պարսիկներուն, այսինքն՝ քառորդ միլիոն զինուոր Աւարայրի դաշտին վրայ, — չեն դիմանար ռազմադաշտի առարկայական քննութեան։ Անոնք, որ տեսած են Տղմուտ գետը եւ անոր ափերը կը վստահեցնեն, թէ անհնար է հոն տեղադրել քառորդ միլիոն մարտիկ, բազմաթիւ փիղերով, եւ կռիւ մղել։

Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ եւ անկէ ետք, ուրարտական թագաւորութենէն մինչեւ մեր օրերը, մեր ազգը մղած է հարիւրաւոր ճակատամարտեր, յաղթած է եւ պարտուած, նուաճած է եւ նուաճուած, հասած է մինչեւ Երուսաղէմ, սակայն այդ ճակատամարտերէն քիչերն են, որոնք դրոշմուած են ժողովուրդի յիշողութեան մէջ այն ուժգնութեամբ, այն խորութեամբ, որ Վարդանանց սխրանքն է։ Հաւանաբար Սարդարապատի հերոսամարտը կրնայ համեմատուիլ անոր հետ, ինչպէս նաեւ, երբ մարդոց աչքերու մշուշը փարատի եւ իրականութեան հետ անաչառօրէն հաշուի նստին, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը։

Պատմականօրէն, Վարդանանց պատերազմը առաջին պատերազմն էր, զոր հայերը կը մղէին առանց թագաւորի. Արշակունեաց հարստութիւնը իր մայրամուտն ապրեցաւ 428 թուին։ Իր էութեամբ, այդ պատերազմը համաժողովրդական էր. մեր արհեստավարժ բանակի մեծ մասը՝ 20 հազարանոց այրուձին, կը գտնուէր Կասպից ծովու ափերուն եւ կը կռուէր դէպի արեւմուտք արշաւել փորձող վայրի ցեղերուն դէմ, հետեւաբար Վարդանի հետ էին միայն տեղական իշխաններու զօրքերը եւ աշխարհազօրը։ Համաժողովրդական էր նաեւ պատերազմի պատճառը. հայ ինքնութիւնը սրբելու եւ մեզ ձուլելու միտող Սասանեան արքաներու նկրտումներուն ընդդիմանալ ամէն գնով։

Մեր եկեղեցին սրբադասեց Վարդանանց նահատակները՝ Վարդանն ու իր զօրակիցները, որոնք մարտի դաշտին վրայ ինկան իմացեալ մահով, ինչպէս կ՚ըսէ պատմիչը։ 1036 մարտիկներ էին անոնք, ներառեալ հրամանատարները։ Ի տարբերութիւն այլ սուրբերու, որոնք անհատաբար սրբացուած են՝ յետ իրենց կեանքի ու վարքի քննութեան, մեր եկեղեցին զանոնք սրբադասեց հաւաքաբար, որովհետեւ անոնք սուրբեր էին ոչ թէ իրենց անհատական կեանքին, վարքին ու բարքին համար, այլ որովհետեւ սուրբ էր եւ մինչեւ օրս սուրբ է այն դատը, որուն համար անոնք չվարանեցան երթալու գերագոյն զոհաբերութեան, չվարանեցան իրենց ամենաթանկագին ունեցուածքը՝ իրենց կեանքը ընծայաբերել։ Անոնք զոհաբերեցին իրենց եսը՝ յանուն հաւաքականին, յանուն մեր ազգային ինքնութեան, մեր գերագոյն եւ սրբազնագոյն արժէքին, անոր որ մեզ կը դարձնէ բանական հաւաքականութիւն, որ մեզ կը հանէ սոսկական զանգուածի վիճակէն, ոչխարի հօտի իրավիճակէն, մեզ կը դարձնէ ԱԶԳ, համախմբուած ուրոյն արժեհամակարգի մը շուրջ, իր ուրոյն մշակոյթով եւ կը տարբերէ իր շրջապատի այլ հաւաքականութիւններէն։ Մեր ազգային ինքնահաստատման առաջին եւ ամենացայտուն ապացոյցն է Վարդանանց պատերազմը։

Հազարամեակներ երկարող մեր պատմութիւնը արձանագրած է բազմաթիւ օրհասական վիճակներ, բազմաթիւ յաղթանակներ եւ բազմաթիւ պարտութիւններ, որոնցմէ շատերուն ականատեսը եղանք նաեւ մենք եւ մեր մեծհայրերն ու մեծմայրերը այս վերջին տասնամեակներուն, 19-րդ դարի զարթօնքէն ի վեր։ Սակայն Աւարայրի ճակատամարտը կը շարունակէ պահել իր բացառիկ տեղը մեր ազգային յիշողութեան մէջ նաեւ իր այժմէականութեամբ. Վարդանանց պատերազմի մանրամասները, մանաւանդ անոր նախորդած եւ յաջորդած դէպքերը, դէմքերն ու իրադրութիւնները, բիւրեղացած մեր պատմիչներու եւ մտաւորականներու գրիչներուն տակ, մինչեւ օրս կը շարունակեն ազդել մեր ազգային մտածելակերպին, մեր քաղաքական ըմբռնումներուն վրայ. մինչեւ օրս կը յամենայ Վարդանի եւ Վասակի վէճը, իւրաքանչիւր նոր սերունդ կ՚ապրի զայն իւրովի, իր պատմութիւնը կը գրէ ա՛յդ պրիսմակին ընդմէջէն։ Այսօր ալ, այսպէս կոչուած սոցիալական ցանցերու համատարած վայրահաջութիւնները պարզապէս շարունակութիւնն են այդ հազարամեայ վէճին եւ պիտի ի վերջոյ յանգին հոն, ուր յանգեցաւ առաջին վէճը. Վարդանանք սրբադասուեցան, իսկ վասակները մինչեւ օրս կը կրեն դաւաճանի խարանը։ Եւ որեւէ մէկը չկարծէ, թէ վասակները կրնան երբեւիցէ լաւ վերջաբան ունենալ. հազար տարի առաջ Վեստ Սարգիս եւ Պետրոս Գետադարձ կարծեցին, թէ Անին ծախելով պիտի յաջողին Բիւզանդիոնի աչքը մտնել, սակայն երկուքն ալ մինչեւ օրս կը կրեն դաւաճանի խարանը եւ արժանացան միայն ազգի նզովքին։ Իսկ առաջին Վասակը իր պարսիկ տէրերուն կողմէ արժանացաւ… մահապատիժի, մինչ յետ-պատերազմին գերեվարուած ազնուականները, որոնք կռուած էին պարսիկներուն դէմ, ժամանակ մը աքսորուելէ ետք ներման արժանացան եւ վերադարձան իրենց իշխանական տիրոյթներուն։

Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, այսօրուան վասակներուն եթէ հանդիպիք, բացատրեցէք, թէ իրենց վերջը շատ տարբեր պիտի չըլլայ նախկին վասակներու վերջէն։ Թող աւելորդ յոյսեր չտածեն այդ ուղղութեամբ։

Իսկ մենք՝ Վարդանի տեսլականի ժառանգորդներս, պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ անոր պատգամին, պիտի շարունակենք ամրացնել հայուն գլխաւոր միջնաբերդը՝ իր մշակոյթն ու հաւատքը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհին, պիտի ամրապնդենք մեր կառոյցները՝ եկեղեցին, դպրոցը, կազմակերպութիւնները, որպէսզի պատմութեան առջեւ ճակատաբաց ներկայանալով ըսենք. բոլորը գնայուն են, մնայունն է հայը։

Լաւալ
12 փետրուար 2026