Ամուլսա՞ր, թէ՞ ամուլվար

Այս օրերուն շատ խօսուեցաւ ու տակաւին պիտի խօսուի Ամուլսարի տագնապին մասին։ Եկէք պահ մը մոռնանք Ամուլսարը, մեր հայեացքը հեռացնենք հայկական լեռնաշխարհէն ու տեսնենք ի՞նչ կ՚անցնի կը դառնայ այս մոլորակին վրայ այլուր՝ նոյն այդ հանքային ոլորտէն ներս։

Այդ նիւթին նուիրուած էր երկար լրատւութիւն մը՝ Ֆրանսական լրատուական գործակալութեան (Agence France presse-ի) Լոնտոնի գրասենեակէն, Louis Torres Tailfer-ի կողմէ գրուած եւ լոյս տեսած Մոնթրէալի (նաեւ Գանատայի) մեծազդեցիկ օրաթերթերէն Le Devoir-ի 2019 սեպտեմբեր 23-ի թիւին մէջ՝ Que de la poudre aux yeux? («Աչքի փոշի՞ միայն») խորագրին տակ, այդ խորագրին ալ ներքեւ աւելցուած՝ «Հանքային ճարտարարուեստը կ՚ամբաստանուի որպէս աշխարհի ամենէն ապականիչ եւ վտանգաւոր ճարտարարուեստներէն մէկը»։

Արդարեւ, այժմ փորձեր կ՚ըլլան որդեգրելու աւելի բարոյական մօտեցումներ, բայց շրջակայ միջավայրի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ընկերակցութիւններ կը դատապարտեն սին խօսքերը։

Վերջերս Ոսկիի համաշխարհային խորհուրդը (ՈՀԽ) կը հրատարակէր արդիւնահանման պատասխանատու սկզբունքները, կոչ ընելով իր անդամներուն «ընդդիմանալ կաշառակերութեան», «յարգել պաշտօնեաներու եւ համայնքներու մարդկային իրաւունքները» ու տակաւին «պաշտպանել դիւրաբեկ բնահամակարգերը (écosystèmes)»։ Նոյնպէս, London Metal Exchange-ը կ՚առաջարկէր նոր չափորոշիչներ՝ հումքի ծագումը ճշտելու համար։

Որոշ ձեռնարկութիւններ, ինչպէս ոսկիի մեծագոյն արտադրիչ Barrick Gold-ը կը հաստատեն, թէ արդէն իսկ կը յարգեն, նոյնիսկ կը գերազանցեն ՈՀԽ-ի սկզբունքները։ Ուրիշներ ալ կը ջանան հաւաստիացնել, թէ «պատասխանատու ծրագրեր» կ՚իրականացնեն։ Սակայն ոչ-կառավարական հասարակական կազմակերպութիւններն ու մասնագէտները թերահաւատ կը մնան։ Բարի կամեցողութեան կարեւոր արտայայտութիւններ են նման յայտարարութիւնները, կ՚ըսեն անոնք, բայց շատ կարեւոր է, որ խօսքին միանայ գործքը, եւ ատոնք չծառայեն պարզապէս վարկի վերականգման։

Հազուագիւտ հանքանիւթերն ու հողերը, ինչպէս պղինձը, լիթիումն ու նիկելը, կենսական են ելեկտրական ինքնաշարժներու եւ արեւային վահանակներու արտադրութեան համար, եւ անոնց պահանջարկը չի դադրիր աւելնալէ։

Անոնք ճակատամարտներու առարկայ են գերպետութիւններու միջեւ, որոնք կը ջանան տիրանալ ապագայի արհեստագիտութիւններուն եւ շարժուժի (Էներգիայի – energy) աղբիւրներուն, բայց անոնց հանքամշակումները այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք այնքան ալ մտահոգ չեն մարդկային իրաւունքներու եւ բնապաշտպանութեան տեսակէտէն, կանոնաւոր կերպով աշխարհի ուշադրութիւնը կը գրաւեն՝ իրենց կործանարար հետեւանքներուն համար։ Վերջին օրինակներէն են զուիցերական Glencore հսկայ ընկերութեան մէկ տնայնագործական հանքի փլուզումը եւ պրազիլիական Vale ընկերութեան ամբարտակի խորտակումը, որ պատճառ եղաւ 270 հոգիի մահուան ու անհետացման։ Մատով ցոյց կը տրուէր նաեւ հազուագիւտ հողերու ճարտարարուեստը երբ ներքին Մոնկոլիոյ մէջ արդիւնահանման վայրէ մը թունաւոր թափօններ նետուեցան Պաոթուի արհեստական լիճին մէջ։

Մասնագէտները կը հաստատեն, թէ շատ աւելին պէտք է կատարուի ապահովելու համար մարդկային իրաւունքները՝ բնական նիւթերու հայթայթման բոլոր աստիճաններուն վրայ։ Մարդկային իրաւանց պաշտպանները կը քննադատեն նաեւ նոր չափորոշիչներու անպարտադիր հանգամանքը։

Միջազգային համաներում (Amnesty International) կազմակերպութիւնը կ՚ուզէ, որ որդեգրուին այնպիսի օրէնքներ, որոնք օրինականօրէն պիտի ստիպեն, որ հանքի ճարտարարուեստը գործէ պատասխանատու եւ թափանցիկ կերպով։ Դժբախտաբար կարգ մը երկիրներու՝ ինչպէս ԱՄՆ-ի կամ Պրազիլի մէջ կառավարութիւնները կ՚ընթանան հանքամշակման աւելի ու աւելի ապակարգաւորման ուղղութեամբ։

AFP-ի վերոնշեալ տեղեկատւութիւնը տակաւին չ՚անդրադառնար այս հարցի մէկ այլ երեսին, որ կը վերաբերի այդ հանքերը ունեցող աղքատ երկիրներու այլապէս շահագործման երեւոյթին։ Չէ՞ որ, ի վերջոյ, հանքերուն, հողերուն տէր երկիրները չե՛ն, որ առաւելաբար կ՚՚օգտուին իրենց բնական հարստութիւններէն, այլ այն մեծ ընկերութիւնները, որոնք հանքամշակումը կը կատարեն ու կը հարստացնեն իրենց ղեկավարներն ու փայատէրերը, ինչպէս նաեւ իրենց պետութիւններու իշխանաւորները, այլեւ կաշառելով շահագործուող երկիրներու պետական այրերը՝առաւելագոյն չափով անարգել գործել կարենալու համար։ Կառավարութիւնները չե՛ն ծառայեր իրենց վարած երկիրներու ժողովուրդներու շահերուն։

Ինչպէ՞ս անտեսել այս հարցերը, որոնք ոչ միայն աշխարհի, այլեւ մեր ալ երկրի մտահոգութեան առարկան կը հանդիսանան։

Վերնագրիս մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.