ԱՄՆ Քոնկրեսին Ներկայացուած Բանաձեւով Ազրպէյճանական Պատերազմական Յանցագործութիւններու Միջազգային Հետաքննութիւն Եւ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ Կը Պահանջուին
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէջ ներկայացուած բանաձեւով ազրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութիւն եւ ամերիկեան պատժամիջոցներ կը պահանջուին:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած քոնկրեսական պատուիրակութեան Հայաստան կատարած այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք, պատուիրակութեան մաս կազմող, Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ճեքի Սփիըր թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ ալ Արցախի մէջ ազրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւնները դատապարտող օրէնսդրական նախաձեռնութիւն կատարած է` կոչ ուղղելով պատժամիջոցներ հաստատելու եւ միջազգային դատարաններուն դիմելու` համապատասխան հետաքննութիւններ կատարելու համար:
Սփիըր իր այս մտադրութեան մասին առաջին անգամ հրապարակաւ յայտարարած է նախորդ շաբաթ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դաշնակցային սեմինարի աշխատանքներու ծիրին մէջ` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ հանդիպումի ընթացքին: Պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատժամիջոցներ հաստատելէ բացի` բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ հետաքննելու Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու անօրինական բանտարկութեան փաստը, կը դատապարտէ հայկական եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը եւ համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան: Քոնկրեսական Սփիըրին միացած են Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը, փոխնախագահ Ատըմ Շիֆը եւ քոնկրեսական Աննա Էշուն:
Մեկնաբանելով Սփիըրի նախաձեռնութիւնը` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեանը նկատած է. «Մենք կ՛ողջունենք ներկայացումը քոնկրեսական Սփիըրի պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ բանաձեւին, որ զուգընթաց է Ազրպէյճանի յարձակումները դատապարտող քոնկրեսական Շիֆի ներկայացուցած բանաձեւին: Անոնք երկուքն ալ Քոնկրեսի երկկուսակցական հզօր աջակցութեան արտայայտութիւններ են «907-րդ բանաձեւի» կիրարկման եւ Ազրպէյճանին ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան դադրեցման»:
Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Սփիըրի նախաձեռնութիւնը կը յաջորդէ Ատըմ Շիֆի եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած մէկ այլ` 1351 բանաձեւի նախագիծին, որ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին եւ դատապարտելու ազրպէյճանական յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Բանաձեւի նախագիծը ներկայիս ունի 44 քոնկրեսականի ստորագրութիւն:
Այս ամբողջ ընթացքին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛իրականացնէ ամերիկահայ համայնքի զօրակոչ, ու նաեւ յանձնախումբի համացանցային կայքի հնարաւորութիւններով (www.anca.org/907) կ՛իրականացնէ անհրաժեշտ լիոպիիստական գործողութիւնները:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ