ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ Հայաստանը միայն մէկ անգամ յիշուած է

Սպիտակ Տան կայքէջին վրայ հրապարակուած է ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան թարմացուած տարբերակը։ ԱՄՆ-ն իր ռազմավարութեան մէջ յայտարարած է, թէ առաջիկայ տասնամեակին պիտի պահէ աշխարհի ամենաուժեղ, ամենահարուստ եւ ամենայաջողակ երկրի վարկանիշը։

«ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը գործնական է՝ առանց գործնապաշտ ըլլալու, իրատեսական է՝ առանց իրապաշտ ըլլալու, զուսպ է՝ առանց հեզ ըլլալու։ Ան հիմնուած չէ աւանդական քաղաքական գաղափարախօսութեան մը վրայ։ Ան, նախ եւ առաջ կ՚առաջնորդուի “Ամերիկայի համար” կամ “Ամերիկան առաջին հերթին” կարգախօսներով»,— կը գրէ ռազմավարութիւնը, ընդգծելով Ամերկայի ազգային շահերն ու անոնց պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։

Փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած են առաջիկայ տարիներուն ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, տարածաշրջաններու եւ երկիրներու հետ գործակցութեան ուղղութիւններն ու անելիքները։ Փաստաթուղթին մէջ, Հայաստանը յիշատակուած է միայն մէկ անգամ՝ միջազգային տարբեր հակամարտութիւններ կարգավորելու ուղղութեամբ նախագահ Թրամփի տարած գործունէութեան շրջանակէն ներս, նշելով, որ ան կարողացած է խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։