Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ կառոյցներու զօրակցական յայտարարութիւնները

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէ

Յա­ռա­ջի­կայ ­Կի­րա­կի՝ 2 Ապ­րի­լին, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն օրն է, ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեան օ­րը:

Ա­նոնք ի­րենց քո­ւէ­նե­րով պի­տի ձե­ւա­ւո­րեն վար­չա­պե­տա­կան- խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի ա­ռա­ջին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, որ միան­գա­մայն պի­տի կազ­մէ «նոր սկիզբ»ը ժո­ղովր­դա­վար ու «ար­դար ­Հա­յաս­տան»ի կեր­տու­մին:

«­Նոր սկիզբ-ար­դար ­Հա­յաս­տան»…:

Մեր հայ­րե­նի­քին հա­մար նոր սկիզբ մը պի­տի ըլ­լայ ան­կաս­կա’ծ ­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը, ո­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը բաղ­կաց­նող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի դադ­րին ձե­ւա­կան ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լա­լէ եւ խոր­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան լծո­ւե­լով՝ պի­տի ու­նե­նան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըստ ի­րենց ծրա­գիր­նե­րուն հե­տապն­դե­լու ժո­ղովր­դա­յին տար­բեր շեր­տե­րու քա­ղա­քա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան, ըն­կե­րա­յին թէ տնտե­սա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եւ ա­տով իսկ ա­նոնք պի­տի կա­րե­նան լիար­ժէք կա­տա­րել կամր­ջո­ղի-միջ­նոր­դո­ղի ի­րենց իս­կա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան մի­ջեւ:

Սա­կայն ար­դար Հա­յաս­տան կեր­տե­լու ճամ­բան եր­կար է ու դժո­ւար եւ ա­կան­նե­րով լե­ցուն: Ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տի ու շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց տի­րա­պե­տող մե­նաշ­նորհ­նե­րու հաս­տա­տած հա­մա­կար­գին կազ­մա­քան­դումն է ար­դար ­Հա­յաս­տան կեր­տե­լու նա­խա­պայ­մա­նը, ո­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ են յա­րա­տեւ պայ­քա՛րը, վճռա­կա­նու­թի՛ւնը, քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ՝ ժո­ղովր­դա­յին նե­ցո՛ւկն­ ու զօ­րակ­ցու­թի՛ւնը:

Կը յու­սանք, որ քո­ւէար­կո­ղը պի­տի չտա­րո­ւի շա­հախն­դիր­նե­րու կող­մէ ըստ պա­հի ու պա­րա­գա­յի տրո­ւած շռայլ խոս­տում­նե­րէն եւ կամ՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­մէն չա­րի­քի պատ­ճառ հա­մա­րող եւ խա­ղա­ղու­թիւն բե­րե­լու լօ­զուն­գով հրա­պա­րա­կը աղմ­կող շու­տիկ ու պա­տե­հա­պաշտ մար­դոց­մէն: ­Հա­յաս­տան­ցին շատ լաւ գի­տէ, թէ հա­կա­մար­տու­թեան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի՛ն­ է, որ դի­զո­ւե­ցաւ հսկայ ու ան­հա­շիւ հարս­տու­թիւ­նը օ­լի­կարխ­նե­րու, ո­րոնք շնչա­հեղձ դար­ձու­ցին երկ­րին տնտե­սու­թիւնն ու քա­ղա­քա­ցիին ա­ռօ­րեան:

Հ.Յ.Դ.ին հա­մակ­րող թէ հա­կակ­րող ա­մէն հայ մարդ գի­տէ, որ ա­նոր եր­կա­րա­մեայ կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը, վտան­գի պա­հե­րուն թէ խա­ղաղ ժա­մա­նակ­նե­րուն, ե­ղած է յա­րա­տեւ պայ­քա­րի ու բազ­մա­ճա­կատ գոր­ծու­նէու­թեան հան­դի­սա­րան մը՝ ի խնդիր հա­յու­թեան:

26 տա­րի­նե­րու Հ.Յ.Դ.ի հա­յաս­տա­նեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը վկա­յէ, որ ան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պա­քա­րած է կու­սակ­ցու­թեան ա­ռա­ջադ­րած նպա­տակ­նե­րուն հա­մար, մերթ ընդ­դի­մա­դիր դիր­քե­րէ, նաեւ ի հար­կին, իր վար­կա­նի­շը վտան­գե­լու գնովն իսկ, չէ վա­րա­նած գոր­ծակ­ցե­լու իշ­խա­նու­թեանց հետ, միշտ ի շահ եւ յօ­գուտ հայ­րե­նի­քին ու ազ­գին:

Հ.Յ.Դ.ը 26 տա­րի ան­դուլ հե­տապն­դեց, որ հայ­րե­նի­քը օժ­տո­ւի խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գով, ուր այ­սու­հե­տեւ լսե­լի պի­տի դառ­նան քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ձայնն ու պա­հանջ­նե­րը:

Հի­մա Հ.Յ.Դ.ին գերխն­դիրն է՝ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին հետ ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կեր­տել ար­դար ­Հա­յաս­տան: ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նպա­տակն է հաս­տա­տել ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւն, ա­պա­հո­վել տնտե­սա­կան աճ եւ մա­նա­ւանդ ա­պա­հո­վել ստեղ­ծո­ւած տնտե­սա­կան ար­դիւն­քի ար­դար բաշ­խու­մը հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ:

Կ’ակն­կա­լո­ւի, որ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­ցին պի­տի ար­ժե­ւո­րէ ներ­կա­յա­ցո­ւած ա­ռի­թը եւ ըստ այնմ պի­տի կողմ­նո­րո­շո­ւի, թեւ ու թի­կունք պի­տի տայ 127ա­մեայ փոր­ձի տէր Հ.Յ.Դ.ին:

Քո­ւէն ուժ է: ­Քո­ւէն պի­տի ար­ժե­ւո­րո­ւի Հ.Յ.Դ.ին տրո­ւե­լով:

Յա­մե­նայն­դէպս, ընտ­րան­քը անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունքն է ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին:

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէ

27 Մարտ 2017

*

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

Ապրիլ 2ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան անկիւնադարձային ընտրութիւններ: Նորընտիր Ազգային Ժողովը պատմական պատասխանատուութիւն մը պիտի ունենայ մէկ տարուայ մէջ իրականացնելու համակարգային փոփոխութիւնը ընդ որում Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ըլլայ խորհրդարանական վարչակարգ: Համակարգային այս փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ անշուշտ: Անոր սատարողները, առաջին հերթին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմած է խորհրդարանական վարչակարգը դեռեւս 1991ին, կը հաւատան որ այս ձեւով առաջքը պիտի առնուի իշխանութեան կեդրոնացման եւ պետական մակարդակով որոշումները պիտի կայացուին շատ աւելի համախոհական հոլովոյթով:

Ինչպէս անցեալի իւրաքանչիւր խորհրդարանական ընտրութեան պարագային, այս անգամ ալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ բացառաբար կուսակ-ցական ցանկով, իրեն յատուկ ծրագրով եւ քաղաքական իրագործումներու երկար շարքով:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իմաստազուրկ են առանց բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ զարգացման հնարաւորութեանց լիարժէք հաւասարութեան ձգտող յարատեւ ճիգին: Ժողովրդավարութեան կարողականութիւնը որպէս ժողովուրդի իշխանութիւնը ամբողջականօրէն կ՚արտայայտուի միայն ընկերային արդար համակարգի մէջ: Ընկերային արդարութեան իրականացումն է որ բարացուցական պիտի դառնայ համակարգային այն փո-փոխութեան որ առաջադրուած է նոր Սահմանադրութեամբ:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ պատմութեան յառաջդիմական ընթացքին եւ որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն դերակատար է անոր: Այս կը նշանակէ ի գործ դնել եւ զօրավիգ կանգնիլ պետական այն քաղաքականութեան որ կ՚երաշխաւորէ անհատի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները, հանրային կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը, տնտեսական զարգացումն ու հարստութեան արդար վերաբաշխումը եւ միջավայրի պաշտպանութիւնը:

Հայաստանի եւ հայութեան զարգացումը պիտի հիմնուի մեր ազգային հաւաքական արժէքներու եւ իւրաքանչիւր հայորդիի յանձնառութեան վրայ: Ոչ մէկ քաղաքականութիւն իմաստ ունի առանց նպատակաուղղուած ծրագրի: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայրենի քաղաքացիական հասարակութեան կը ներկայանայ այն ծրագրային սկզբունքներով որոնց հետամուտ եղած է միշտ եւ որոնց իրականացումը փաստացի օրինակներով ցոյց կու տայ:

Ազգի եւ հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ անվտանգութենէն մինչեւ տնտեսական զարգացում եւ պատմական իրաւունքներու իրականացում բազմաթիւ են: Մեր հաւաքական գոյավիճակը անհրաժեշտ կը դարձնէ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ մը, ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ մը որուն իրականացման համար պէտք է ձայն տալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Պուէնոս Այրէս, 27 Մարտ 2017

*

Հ.Յ.Դ. ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Հաղորդագրութիւն

«Նոր Սկիզբ եւ Արդար Հայաստան» կարգախօսով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը, պիտի մասնակցի Ապրիլ 2¬ին կա-յանալիք Հ.Հ. Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն:
Նոր սկիզբ մը եւ նոր հանգրուան մը կը սպասէ ամբողջ հայ ժողովուրդին, անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ: Հայաստանը իր նոր սահմանադրութեամբ, կոչուած է փոխելու երկրի կառավարման փիլիսոփայութիւնը, ուր նախագահականը իր տեղը պիտի զիջի խորհրդարանական հաւաքական պատասխանատուութեան ղեկավարման դրոյթին:

Համակարգային փոփոխութեան գործընթացը, մեծ մարտահրաւէր մըն է մեր ժողովուրդին համար եւ յատկապէս անոր քաղաքական կազմակերպութիւններուն: Դաշնակցութիւնը խոշորագոյն ներդրումը ունեցած է Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մշակման ու որդեգրման աշխատանքներուն մէջ, չ՛ըսելու համար, որ անոր համահեղինակն է: Հետեւաբար, Դաշնակցութիւնը քաջ կը գիտակցի, որ պատմական ու ճակատագրական յաջորդ հինգ տարիներու ընթացքին, ծանրակշիռ պատասխանատուութիւններ կը սպասուին իրմէ:

Դաշնակցութիւնը արդէն այսօրուընէ իսկ, համոզումով ու հաւատքով ընդունած է այդ մարտահրաւէրը:

Մենք Սփիւռքի մէջ, մեծ հիացմունքով կը հետեւինք, հայրենի դաշնակցական ղեկավարներու ընտրական քարոզարշաւի ելոյթներուն:
Տեսէ՛ք, անոնք չունին ամպագորգոռ յայտարարութիւններ:

Անոնք երբե՛ք հանդէս չեն գար սին խոստումներով:

Անոնք ամենայն անկեղծութեամբ, մեր ժողովուրդին կը ներկայանան իրենց իրատեսական ծրագրով:

Արդարեւ, պատմական ու ճակատագրական այս ընտրութիւներու սեմին, մենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքին եւ կը դիմենք հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ անվարան իրենց առատահոս քուէները տան Դաշնակցութեան օգտին, առիթ ընծայելով իրեն, որ իր համահայկական կառոյցի ողջ ներուժը կարողանայ ծառայեցնել, յանուն Հայաստանի հզօրացման, յանուն ամբողջ հայութեան երազած արդար-բարեկեցիկ եւ հզօր Հայաստանի տեսլականի իրականացման:

Հ.Յ.Դ. ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

25 Մարտ 2017

Քուէյթ

*

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

Հաղորդագրութիւն

2 Ապրիլ 2017-ի խորհրդարանական (Ազգային Ժողովի) ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ, եզակի առիթ են, որպէսզի հայրենաբնակ մեր ազգի զաւակները աւելի արդար ու ժողովրդավար սկզբունքներով մեր հայրենիքի կառոյցները ամրապնդեն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այս ընտրութեան կը մասնակցի «Նոր Սկիզբ, Արդար Հայաստան» կարգախօսով, որ լաւագոյն ձեւով կրնայ թարգմանը հանդիսանալ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի մտայնութեան ու ձգտումին:

Մենք՝ որպէս ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ լայն փորձառութիւն ունինք խորհրդարանական համակարգի դրութեան գծով, որովհետեւ մեր ապրած երկիրը՝ Աւստրալիան կը կառավարուի խորհրդարանական համակարգով, ուր կարելի չէ ոչ մէկ կամայական ու անհատական որոշումներ առնել: Այս դրութեան որդեգրումով, այսօր Աւստրալիան դարձած է, թերեւս աշխարհի ամենաժողովրդավար երկիրներէն մէկը:

Վայելելով այս դրութեան բարիքները, մենք մեծ գոհունակութեամբ կը մօտենանք այս ընտրութիւններուն եւ վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը եւս խոր հասկացողութեամբ պիտի մօտենայ այս ընտրութիւններուն, որուն որպէս արդիւնք Հայաստանը վերջապէս պիտի թօթափէ կիսա-նախագահական կեդրոնացեալ համակարգը ու քայլեր առնէ խորհրդարանական հաւաքական կամք արտայայտող համակարգ ստեղծելու ուղղութեամբ:

100 տարիներ առաջ ունեցանք առիթը նման համակարգով առաջնորդուելու, սակայն քաղաքական պայմանները թոյլ չտուին որ զայն կարենանք պահել: Այսօր վերստին ունինք առիթը շնորհիւ Դաշնակցութեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այդ դրութեան ջատագովն է, հետեւաբար Հայաստանաբնակ հայրենակիցնե’ր, քուէարկեցէ’ք Դաշնակցութեան օգտին, որպէսզի իրականանան ձեր բաղձանքները:

127-ամեայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան բովանդակ գործունէութիւնը եղած է պայքար իրաւական աւելի արդար կարգեր հաստատելու ուղղութեամբ:

Ինչպէս մեր կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը կը հաստատէ, մենք կը հաւատանք, որ ձեւաւորուող նոր խորհրդարանին մէջ որքան ուժեղ ներկայութիւն ըլլայ Դաշնակցութիւնը, այնքան կայուն, բարգաւաճ ու խաղաղ կը դառնայ Հայաստանը, հետեւաբար համախմբենք մեր ճիգերը, դրսեւորենք կամք ու վճռակամութիւն ամրապնդելու Հայաստանի ժողովրդավարական հիմքերը եւ Հայաստանը դարձնելու միջազգային առումով, մարդկային արդար իրաւունքներու վրայ հիմնուած ժողովրդավար երկիր մը, որ լաւագոյն օրինակը կրնայ դառնալ ազգերու մեծ ընտանիքին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
24 Մարտ, 2017

*

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

Ապրիլ 2ին, Հայաստանի քաղաքացիները անցեալ տարուան հանրաքուէով վաւերացուած նոր սահմանադրութեամբ պիտի կատարեն Ազգային ժողովի իրենց առաջին ընտրութիւնը: Այսպիսով, Ապրիլ 2ին, Հայաստանը խորհրդարանական կառավարման ձեւին անցնելու առաջին շօշափելի քայլը պիտի առնէ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերէն իսկ խորհրդարանական կառավարման համակարգին գլխաւոր ջատագովը եղած է, նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանը դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդելու ջանադրութեամբ կ՛աշխատի:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերանորոգ վճռականութեամբ եւ «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսով նետուած է այս խորհրդարանական ընտրապայքարին՝ կենսագործելու համար իր արժէքային համակարգը, գաղափարախօսութիւնն ու ծրագիրը, իր 126ամեայ փորձը ծառայեցնելով Հայաստանի քաղաքացիի ձգտումները իրականացնելու նպատակին:

Անկախ Հայաստանի ստեղծումէն ի վեր, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պայքարած է յանուն Հայաստանի պետականութեան ու ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրապնդման, ի խնդիր անոր անվտանգութեան երաշխիքներու ուժեղացման:

Արցախի Ազատագրական Շարժումին մէջ իր ունեցած կարեւոր դերակատարութեամբ եւ Արցախի առօրեային իր բերած նշանակալի ներդրումներով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ապացուցած է, որ երբե՛ք ձեռնածալ չի կրնար մնալ եւ պիտի շարունակէ՛ վճռական դեր խաղալ մեր ժողովուրդի ապագան կերտելու ծրագիրներուն մէջ: Այդ առաջադրանքով է որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մշակած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայութեան կենսական բոլոր խնդիրներուն անդրադարձող իր համապարփակ ընտրական ծրագիրը:

Իր ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ, Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը յանձնառու է պաշտպանել Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի ընկերային եւ տնտեսական արդար իրաւունքները: Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, մեր երիտասարդ հանրապետութիւնը ապրած է վերիվայրումներ եւ արձանագրած է իրագործումներ: Ապրիլ 2ի ընտրութիւններով, ՀՅԴն կը խոստանայ լարել իր ուժերը եւ պայքարիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք սեփական երկրի մէջ իրենց ձայնին տէր կանգնելու վճռականութիւնը ունին: ՀՅԴ կ՛ուխտէ արդարութիւն ապահովել Հայաստանի մէջ, երաշխաւորելով, որ քաղաքացիներու տաղանդը, գիտութիւնն ու կարողութիւնները ի սպաս պիտի դրուին ազգային կարիքներու եւ շահերու օգտին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ ՀՅԴի ընտրական ծրագիրի ամբողջական բնագիրին ծանօթանալու համար, կրնաք այցելել www.voteARF2017.am կայքը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

24 մարտ 2017

*

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

Անկախ պետականութեան, արդար ու բարեկեցիկ հասարակութեան կերտման ի խնդիր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի հարուստ կենսափորձ: Նորանկախ Հայաստանի քաղաքական կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, իշխանութեան թէ ընդդիմութեան դիրքերէն, Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի հզօրացման եւ պետական համակարգի ժողովրդավարականացման երթին:

Դաշնակցութեան քաղաքական հետեւողական ու անդուլ պայքարով Հայաստան օժտուած է նոր սահմանադրութեամբ եւ խորհրդարանական նոր համակարգով, որուն ամրագրումը պիտի կատարեն յառաջիկայ 2 ապրիլին ընտրական նոր օրէնքով տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները:

Հայաստան ի վերջոյ պիտի թօթափէ նախագահական կեդրոնացեալ դրութիւնը եւ պիտի որդեգրէ կառավարման նոր համակարգ, յուսատու նոր սկիզբ մը նշելով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: Նորընտիր Ազգային ժողովը ձեւ ու մարմին պիտի տայ արդար հայրենիք մը ունենալու քաղաքական մեր տեսլականին:

Այսօր, հայրենի իշխանութեան մաս կազմելով, Դաշնակցութիւնը գործնապէս արդէն ձեռնարկած է հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ այդ տեսլականին իրականացման քայլերուն: Այդ քայլերը սակայն կը կարօտին յաւելեալ խորացման, ամրապնդման ու զարգացման, որուն համար անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին ամբողջական նեցուկը` ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրով առաջադրուած որակական փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասցնելու համար:

Կը հաւատանք, որ որքան ուժեղ ըլլայ Դաշնակցութիւնը, այնքան աւելի կայուն, արդար եւ խաղաղ կ՛ըլլայ Հայաստանը:

Արդ, մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է 2 ապրիլին Դաշնակցութեան տալու իր վստահութեան քուէն` երաշխաւորելու համար երկրին մէջ թափ առած լայնածաւալ փոփոխութիւններու ընթացքը եւ մասնակից դառնալու համար երկրի յառաջընթացի համազգային ճիգին:

Մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար նշանակալից այս հանգրուանին, կ՛ողջունենք այս ընտրութիւններուն յաջողութեան համար Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան ի գործ դրած բոլորանուէր ճիգերը եւ կը վերահաստատենք ժողովրդավարական կարելի բոլոր միջոցներով պատասխանատու պետութիւն եւ համերաշխ հասարակութիւն ունենալու մեր անզիջելի կամքն ու վճռակամութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

23 մարտ 2017

*

ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

Յառաջիկայ Ապրիլ 2-ին Հայաստանի մէջ կը կայանան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները, որոնց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի առանձինն եւ ինքնուրոյն։

Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար անշեղ ուղեգիծ է շարունակել եւ ամրապնդել 1918 թուականի Առաջին հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդները, որոնք ձեւաւորուած եւ հիմնաւորուած էին խորհրդարանական համակարգի պայմաններով:

Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը կառուցուած է բարոյականութեան եւ արդարութեան չափանիշներով: Մեր աշխատանքային հորիզոնը ուղղուած է ապագային, իսկ մեր հայեացքը՝ երիտասարդութեան:

Հ.Յ. Դաշնակցութեան նպատակն է կառուցել ազատ հայ քաղաքացիներու համար Հզօր եւ Արդար երկիր: Ընկերվարական իր տեսութեան հաւատարիմ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարաբանութեամբ: Այս ուղղութեամբ, կուսակցութիւնը կ՚առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան եւ մարդկային ընկերութեան համերաշխութեան ճամբով ապահովել հայ անհատի ու հայ ժողովուրդի անկաշկանդ ու ազատ զարգացումը, զերծ անարդարութիւններէ ու շահագործումներէ:

Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ Հայ ազգի պահպանումը եւ բարգաւաճումը կարելի է իրականացնել ազգային պետութիւն ստեղծելու ճամբով: Այդ պետութիւնը պէտք է ծնունդ առնէ եւ յառնի հայապատկան հողերուն վրայ՝ այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը եւ այն տարածքները, որոնց վրայէն բռնութեամբ տեղահանուած է հայութիւնը:

Դաշնակցութեան նպատակն է նաեւ ապահովել տնտեսական աճ եւ մանաւանդ ապահովել ստեղծուած տնտեսական արդիւնքի արդար բաշխումը հասարակութեան բոլոր խաւերուն եւ անդամներուն միջեւ:

Հայրենակիցնե՛ր, Ապրիլի 2-ին քուէարկեցէ՛ք ազգային յանձնառութեամբ տոգորուած եւ 127-ամեայ փորձի տէր Դաշնակցութեան օգտին, եւ վստահ եղէք, որ մենք պիտի ունենանք արդար ու հզօր Հայաստան :

ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

*

Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հաղորդագրութիւն

Յառաջիկայ 2 Ապրիլին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի մեծ ընտանիքը կը մասնակցի մեր երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, առանձին, ինքնուրոյն, «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսով, որ ունի քաղաքական որոշակի խորք ու յստակ պատգամ:

Անկիւնադարձային են այս ընտրութիւնները, հաստատ: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախագահական համակարգը կը փոխարինուի խորհրդարանական համակարգով: Եւ Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրէն, Դաշնակցութիւնը յամառօրէն հետապնդեց իր դաւանած ա՛յս ուղեգիծը, որ ի վերջոյ արդիւնաւորուեցաւ փաստօրէն սահմանադրական բարեփոխումով: Ահա թէ ինչո՛ւ «Նոր սկիզբ»:

Մենք համոզուած ենք, որ այս նոր սկիզբը, անկիւնադարձային այս նոր հանգրուանը ի վերջոյ պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ մեր երկրին համար, նոյնիսկ եթէ հոլովոյթը իր հերթին պիտի պահանջէ ժամանակ:

Ինչ կը վերաբերի «Արդար Հայաստան»-ին, ապա այստեղ եւս յստակ է ու մեկին՝ պատգամը: Դաշնակցութեան դաւանած ընկերվարական սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնն են միայն, որ կրնան հաստատել ընկերային արդարութիւն, նոր ու պայծառ հորիզոն եւ հեռանկար բանալ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին առջեւ, յատկապէս երիտասարդութեա՛ն համար:

Այս բոլորին նկատմամբ Դաշնակցութիւնը յարատեւօրէն ապացուցած է իր յանձնառութիւնը եւ բնականաբար անկիւնադարձային այս հանգրուանին անվերապահօրէն ու իր բոլո՛ր ուժերով կը վերահաստատէ այդ յանձնառութիւնը յանուն մեր պետականութեան ամրապնդման ու երկրի վերելքին: Մենք ամբողջական վստահութիւն ունինք Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի մեծ ընտանիքին վրայ եւ վստահ ենք, որ համայն հայութեան համար ճակատագրական այս փուլին դաշնակցական թեկնածուները, որոնք կը վայելեն մեր ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը եւ յամառօրէն կառչած կը մնան համազգային մեր առաջադրանքներու իրագործման, այս ընտրապայքարէն դուրս պիտի գան շօշափելի արդիւնքներով, յանուն եւ միաժամանակ շնորհիւ հայրենի մեր ժողովուրդի ազգային մտածողութեան ու քաղաքական գիտակցութեան:

Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

16 Մարտ, 2017
Փարիզ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.