Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Օգոստոս 2-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ազգային ժողովի 9-րդ գումարման «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու պատգամաւորները։

Նորընտիր պատգամաւորներուն անունով Վեհափառ Հայրապետը ողջունեցին խմբակցութիւններու ղեկավարներ Նարեկ Կարապետեանն ու Աննա Գրիգորեանը։ Անոնք ընդգծեցին, որ Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամն ու օրհնութիւնը չհնչելուն պատճառով որոշած են այցելել Մայր Աթոռ եւ ստանալ Հայրապետական օրհնութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը պատգամաւորներուն փոխանցեց իր ողջոյնն ու օրհնութիւնը՝ նշելով, որ յայտնի պատճառներով հնարաւորութիւն չէ ունեցած, սահմանուած կարգին եւ ձեւաւորուած աւանդութեան համաձայն, մասնակցելու Ազգային ժողովի առաջին նիստին։

Անդրադառնալով երկրին եւ ազգային կեանքին մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շեշտեց, որ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու յաղթահարումը կը պահանջէ պետական ու ազգային կառոյցներու եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համախմբուած աշխատանքը։

Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ հասարակութեան պառակտուածութեան, քաղաքական բեւեռացման, ազգային արժէքներու խաթարման եւ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ գործադրուող օրինազանց ու հակասահմանադրական քայլերուն առնչութեամբ՝ ընդգծելով, որ անոնք կը վնասեն ազգային միաբանութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն։

«Մենք մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ Եկեղեցի ենք», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը՝ վերահաստատելով, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր կարողութիւններով զօրավիգ ըլլալ հայոց պետութեան եւ ազգային բարօրութեան միտուած նախաձեռնութիւններուն։

Ազգային ժողովի աշխատանքներու մեկնարկին առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատգամաւորներուն յորդորեց հաւատարիմ մնալ իրենց կոչումին, գործել հայրենիքի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար՝ առաջնորդուելով արդարամտութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ ազնուութեամբ։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը գնահատանք յայտնեց պատգամաւորներուն՝ Հայոց Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած նուիրումին համար, յատկապէս այն պայմաններուն մէջ, երբ իշխանութիւններու կողմէ շարունակուող արշաւին եւ բռնաճնշումներուն զուգահեռ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ։

Հանդիպումը աւարտեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։