Ալին Գութանի եւ Նարէ Արղամանեանի համերգը ի նպաստ Հայաստանի «Զարթօնք» ամառնային երաժշտանոցի սաներուն

2009 թուականին գանատահայ ջութակահար Վան Արմէնեանի կողմէ հիմնուած «Աթքէն Արմէնեան» բարեսիրական հիմնադրամի առաքելութիւնն է Հայաստանի մարզային եւ գիւղական բնակավայրերուն մէջ ապրող եւ արուեստի տաղանդ ունցող երեխաներու յայտնաբերումն ու անոնց աջակցիլը։ Հիմնադրամի զօրակցութեան շնորհիւ, անցնող 11 տարիներուն, Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արցախի բազմաթիւ փոքրիկ արուեստագէտներ երաժշտական կրթութիւն ստանալու եւ միջազգային մրցոյթներու մասնակցելու առիթ ունեցած են։

Մարտ 8-ին, Նախաձեռնութեամբ «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամին, հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանատան, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, վերապատուելի Ճօրճ Տապոյի, հրաւիրեալներու եւ հայրենակիցներու, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ «Արուեստագէտներ Հայաստանի համար» “Virtuosos For Armenia” բարեսիրական համերը, որուն հասոյթը պիտի ընծայուի Հայաստանի մէջ հիմնուած «Զարթօնք» ամառնային երաժշտանոցի սաներուն։ Համերգի հովանաւորներն էին Տոքթ․ Լենա Թերճանեան եւ Մեթր Րիչըրտ Էլիոթ։

Գանատահայ հանրայայտ սոփրանօ Ալին Գութանն ու վաստակաւոր դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանը իրենց արուեստի ինքնատիպ ձիրքերու ներդաշնակութեամբ փայլք տուին երաժշտական երեկոյին։ Անոնք Կոմիտաս վարդապետին հիասքանչ գործերէն փունչ մը հրամցնելով ունկդնիրներուն սկիզբ տուին համերգին։ Դաշնակին ընկերակցութեամբ՝ Ալին Գութանի հրեշտակային ձայնը «Կանչէ Կռունկ», «Ծիրանի Ծառ», «Քէլէ քէլէ» եւ «Քէլեր Ցոլեր» երգերը մեկնաբանեց, որոնցմէ ետք՝ արուեստագիտուհի Արղամանեան դաշնակի վրայ հմուտ մենակատարութեամբ մեծարեց Կոմիտասը։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/134838331285845/?eid=ARA7PZqrI1jEOcw5rI5Ksa0YNn3fKnPsiVExoFAS_70p47JLcqUBLTJ4Ds1_yVeSQWC9-myp2MlgmhBY

Ապա ներկաները տեսերիզով մը ծանօթացան «Զարթօնք» ամառնային երաժշտանոցի մէջ ուսանող հայ փոքրիկ տաղանդաւոր երաժիշտներուն հետ։ Տեսերիզէն ետք, «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամի տնօրէն Վան Արմէնեան բեմ բարձրացաւ, ողջունեց հիմնադրամի կամաւոր աշխատակիցներն ու հրաւիրեալները։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս հիմնադրամին գլխաւոր նպատակն է կերտել հայ մշակոյթի ապագայ դեսպաններն ու ներկայացուցիչները։ Արմէնեան կոչ ուղղեց ամէն հայ անհատի մասնակից դառնալ այս բարեգործութեան, ի մտի ունենալով, որ տաղանդաւոր հայ փոքրիկները, ապագային վստահաբար հայութեան անունը բարձր պիտի պահեն համաշխարհային բեմահարթակներու վրայ։ Ան աւելցնելով ըսաւ. «2020 թուականը ձեզի համար զարթօնքի տարուան վերածեցէ՛ք։»

Համերգին երկրորդ բաժինով եւս վաստակաշատ արուեստագիտուհիները շարունակեցին հիացնել հանդիսատեսը։ Երգը ընդմիջելով, Ալին Գութան խօսք առաւ յայտնելու իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը «Աթքէն Արմէնեան»   հիմադրամի առաքելութեան մաս կազմելուն։ Ալին Գութան իր անձնական փորձառութենէն օրինակ բերելով վստահեցուց որ արհեստավարժ երաժիշտ դառնալու համար մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւեն հայ փոքրիկները։ Ան յորդորեց իր հայրենակիցներուն մասնակից դառնալ այս հիմնադրամին բարգաւաճման, նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերելու հայ տաղանդները։

 

Համերգին վերջին բաժնի ընթացքին հնչեցին հայ եւ օտար երաժիշտներու․ ինչպէս՝ Կոմիտասի, Բաբաջանեանի, Ալեմշահի, Կանաչեանի, Պրահմսի գործերը։

Աւարտին, «Զարթօնք» ամառնային երաժշտանոցի գեղարուեստական ղեկավար Նարէ Արղամանեան բեմ բարձրանալով իր սրտի խօսքը փոխանցեց։ Հիմնադրամին մաս կազմելուն կապակցութեամբ իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք՝ ան եւս իր կեանքէն օրինակներ տալով հաստատեց թէ ինչքան բարդ է երաժիշտի մը համար յաղթահարել դժուարութիւնները ուսման եւ կրթաթոշակին։ Ան իր խօսքին աւարտին հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը քաջալերելու յաջորդ սերունդներուն տաղանդները։

Ի վերջոյ, Նարէ Աղրամանեանն ու Ալին Գութանը, ինչպէս նաեւ «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամի աշխատակիցները արժանացան ժողովուրդին յոտնկայս ծափահարութիւններուն՝ իրենց մատուցած գեղեցիկ եւ բծախնդիր համերգին համար։

Շողիկ Սաֆար

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.