«Ազրպէյճան Չի Դադրեցներ Մշակութային Ցեղասպանութիւնը». Լեռնիկ Յովհաննիսեան
Արցախի` Ազրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ մնացած են առաւել քան 1480 յուշարձաններ: Անոնք այնպիսի յուշարձաններ են, զորս կարելի է համարել հայ ճարտարապետութեան ակնառու գլուխ գործոցներ: «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց պատմաբան, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, նախկին պատգամաւոր, Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան չի դադրեցներ մշակութային ցեղասպանութիւնը: Այսօր անհասկնալի ճակատագիր ունին Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը` Կանաչ ժամը, Գրչավանքի վանական համալիրը եւ բազմաթիւ կոթողներ ու խաչքարեր:
«Այսօր Ազրպէյճան սկսած է իր բռնի իւրացման քաղաքականութիւնը, որ կը շարունակէ Արցախի` իրեն անցած ժառանգութիւնը համարելով աղուանական: Մշակութային ազգասպանութեան քաղաքականութիւնը այսօր վառ արտայայտուած է մեր յուշարձաններու իւրացմամբ` զանոնք համարելով ուտիական: Բոլոր մասնագէտները կրնան միաբերան ըսել, որ ուտիական հետք Արցախ-Ուտիք պատմական նահանգներուն մէջ գոյութիւն չէ ունեցած, եւ Ազրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի աղաւաղէ այդ եկեղեցիները, անոնց տեսքը, Շուշիի պարագային` զայն համարէ ուղղափառ` հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն ստեղծելով, մինչ իրականութիւնը այն է, որ ինքնին Շուշիի մէջ 1960-70-ականներուն Շուշիի ռուսական ուղղափառ եկեղեցին իրենք քանդած են եւ տեղը կառուցած էին մշակոյթի տուն», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
Ան յայտնեց, որ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցը եւ Կանաչ ժամը վերանորոգման անուան տակ փակուած են, Ղազանչեցոց Ամենափրկիչի գմբէթը հանուած է, սկսած է իւրացման քաղաքականութիւնը:
«Ազգասպանութեան կողքին, կայ ուրիշ քաղաքականութիւն ալ` հայկական վիմագիր արձանագրութիւններու ոչնչացումը: Ալիեւը իր մէկ այցելութեան ժամանակ ցոյց տուաւ նաեւ մեր` 1682 թուականին կառուցուած` Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի Ծաղկավանք եկեղեցւոյ յայտնի արձանագրութիւնը: Փակ է այդ ամէնը, բայց յստակօրէն կրնանք ըսել, որ ուշ չէ այն պահը, երբ հայկական վիմագիր արձանագրութիւնները, հայկական պատմական ճարտարապետական յուշարձանները կը վերանան, ինչ որ նաեւ կատարած են անցեալին: Օրինակ` Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիքի հանրայայտ Լալազարի կամուրջի վիմագիր արձանագրութիւնը քերած-հանած են», դիտել տուաւ Արցախի մշակոյթի նախկին նախարարը:
Ան նկատել տուաւ, որ արձանագրութիւններուն մէկ մասն ալ թշնամին կը վերացնէ պայթեցնելով զանոնք եւ կորսնցնելով հայկական հետքը: Բազմաթիւ ժայռապատկերներ եւ յուշարձաններ ալ, որոնք 1920-ականներու Խորհրդային Հայաստանի քարտէսով պէտք է մեզի մնային, անհասկնալի հանգամանքներով յայտնուած են թշնամիին վերահսկողութեան տակ: Օրեր առաջ ալ Շուշի այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ դեսպաններ: Արդեօք անոնք չնկատեցի՞ն հայկական քրիստոնէական յուշարձանները, զորս թշնամին պղծած է եւ կը շարունակէ պղծել:
«Ցաւօք սրտի, մշակոյթն ալ դարձած է քաղաքականութեան մէկ մաս: Այսօր միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կոչուած են զբաղելու համաշխարհային ժառանգութեան պահպանութեամբ, իրենց տեղը չեն եւ դերը չեն կատարեր: Առաւել եւս, եթէ խօսքը կը վերաբերի դեսպաններուն, որոնք ունին նաեւ քաղաքական շահախնդրութիւններ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կապուած, բնականաբար անոնք աչք կը փակեն ամէն ինչի: Քաղաքական եւ տնտեսական շահերը շատ աւելի կարեւոր են իրենց համար, քան` հայկական եկեղեցիներու խեղաթիւրումը, աւերումը, պղծումը», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը: