Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Ձեռնպահ Քուէարկեց Կուտակային Համակարգի Պարտադիր Բաղադրիչը Ուժի Մէջ Մտցնող Նախագիծին
Երէկ խորհրդարանը առաջին ընթերցումով ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը, որ 1 յուլիսէն կուտակայինի պարտադիր բաղադրիչը ուժի մէջ կը մտցնէ: Միայն Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը ամբողջ կազմով ձեռնպահ քուէարկեց նախագիծին: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւնները կողմ քուէարկեցին:
Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգի վերաբերեալ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Մենք այս նախագիծին ձեռնպահ պիտի քուէարկենք, որովհետեւ անիկա բարելաւում կը պարունակէ, բայց չի լուծեր ամէնէն կարեւոր հարցը` պարտադիր բաղադրիչի վերացման հարցը: Այդ պարտադիր բաղադրիչը կը խաթարէ սերունդներու համերաշխութեան սկզբունքը, կը խաթարէ անձի սեփականութեան իրաւունքը: Մենք ձեռնպահ պիտի քուէարկենք այս նախագիծին», ըսաւ Ռուստամեան: