ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ, ներկայացուեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները՝ տեսերիզի ճամբով, եւ տեղի ունեցան քննարկումներ:

Կրօնական ժողովին տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էր Դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար Դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու ու զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող այլ ծիրերուն, ինչպէս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին՝ իր դասախօսական-լսարանային ձեռնարկներով, սեմինարներով, լսարաններով, ուխտերթերով եւ այլ աշխատանքներով, եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն բաժանմունքին ու Կրօնական ու Դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքին։

Նկատի ունենալով Նորին Սրբութեան գուրգուրանքը երիտասարդ մարդուժին եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու եւ անոնց ձայն ու գործ տալու հրամայականը, տեղեկագիրը մանրամասն անդրադարձաւ երիտասարդական բաժանմունքին, եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուած ուսանողութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ Համալսարանականներու համախմբումին (ՀՀՀ)։ Տեղեկագիրը տեղեկացուց, որ այս բաժանմունքներու նախկին եւ ներկայ անդամներ ներկայիս կը գտնուին միջեկեղեցական ու միջկրօնական պաշտօններու վրայ:

Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Քահանայից պատրաստութեան բաժանմունքին, քրիստոնէական առաքելական հոգեւոր շարժումներու հետ գործակցութեան, Նուիրապետական Աթոռներու հետ յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումներու մէջ հայ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, Եպիսկոպոսական ժողովին, Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումին, Սրբալոյս միւռոնին օրհնութեան, միաբանութեան, «Շնորհալի» երգչախումբին աշխատանքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մասին:

 

Յաջորդ նիստով Ազգային ընդհանուր ժողովին Քաղաքական ժողովը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը։ Այս տեղեկագիրը նշեց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախորդ Ազգային ընդհանուր ժողովին պատգամած Սփիւռքի վերակազմաւորման հրամայականը ձեւ ու մարմին սկսած է ստանալ։ Այս իմաստով, Նորին Սրբութիւնը իր գահակալութեան 20ամեակին առիթով կատարած է հովուապետական այցելութիւններ, որոնք Կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը հանդիսացած են։ Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանս համատեղ ձեռնարկներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Կաթողիկոսութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն յարաբերութեան մասին։ Այս վերջինին ծիրին մէջ կ՚իյնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութիւնը։

Առ այդ տեղեկագիրը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած Սիսի պատմական Աթոռին վերադարձի դատը, որուն մասին մանրամասն քննարկում պիտի ըլլայ Ժողովին յատուկ նիստով մը։

Տեղեկագիրին մէջ մեծ գրաւած էր մշակութային ու կրթական հարթակներուն վրայ ձեռնարկուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան աշխատանքներ։

Խօսելով շինարարական աշխատաքներուն մասին, տեղեկագիրը լայն անդրադարձ կատարեց Սուրիոյ Հայ գաղութին վերականգման աշխատանքներուն։ Այս առնչութեամբ յատուկ նիստով ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ առաջին հերթին ներակայացուց Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իրավիճակին հոլովոյթը եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգման ծրագիրները։ Սրբազանը յայտնեց, որ վերականգման եւ վերաշինութեան աշխատանքները տեղի կ՚ունենան ըստ առաջնահերթութիւններու եւ առաւելաբար փոքր եւ միջին պիզնէսներու բարելաւման, որպէսզի սուրիահայ ընտանիքները կարենան ինքնաբաւ գոյատեւել Սուրիոյ մէջ։ Սրբազանը յայտնեց, որ շնորհիւ շտապ օգնութիւններուն, նիւթական օժանդակութիւններուն եւ բարոյական աջակցութիւններուն, Սուրիահայութիւնը անտէր չէ զգացած հակառակ դժուարին պայմաններուն։ Ան նշեց, որ Նորին Սրբութեան Սուրիա տուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ ծրագրուած վերականգնումի ծրագիրները, Սուրիոյ ժողովուրդի զաւակներուն յոյս եւ կորով տուած են գոյատեւելու։

 

Իւրաքանչիւր նիստին աւարտին տեղի ունեցաւ հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան Դպրեվանեցիներուն բարձր ուսման պատրաստութեան մէջ անոնց մասնագիտացման, ժողովուրդը եկեղեցւոյ մօտ բերելու կողքին հոն պահելու աշխատանքներուն, Կաթողիկոսարանիս ընկերային ցանցերուն վրայ մշտական ու ազդու ներկայութիւն ըլլալուն, Սուրիայէն դուրս գաղթական վիճակ պարզած Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներուն մասին, ինչպէս սեռային փոքրամասնութիւններուն գծով։

Իւրաքանչիւր քննարկման աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը տուաւ իր եզրակացութիւնները, թելադրանքներն ու մտորումները արծարծուած նիւթերուն շուրջ։ Այս իմաստով Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս ընդգծեց եկեղեցին պատերէն դուրս տանելու անհրաժեշտութեան ու ժողովուրդին հետ երկխօսութեան մէջ մտնելուն մասին։ Հայրապետը յայտնեց, որ մատի ետեւ պահուըտելով ու հանգիստի գօտիի մէջ մնալով եկեղեցին չի կրնար յառաջդիմել ու այս իմաստով Վեհափառը խօսեցաւ իւրաքանչիւր մարտահրաւէրի դիմաց մասնագիտացած մօտեցում պարզելու եւ ծրագիրներ մշակելով յարատեւ աշխատանք տանելու առնուելիք քայլերուն մասին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.