Թուրքիա Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Կոչ Կ՛ընէ Ֆինլանտային
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահ Էրօ Հայնալուօմա Հինգշաբթի, Մայիս 29ին Անգարա եկած էր հանդիպումներ ունենալու համար Թուրքիոյ խորհրդարանական շրջանակներուն հետ։ Ան անջատ տեսակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Ճեմիլ Չիչեքի հետ, որ առիթէն օգտուելով՝ սեղանի վրայ դրած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը եւ խիստ բառերով մերժած հայերու պնդումները։
Չիչեք ըսած է, որ Հայաստանն ու Հայկական Սփիւռքը կը ջանան «ամբողջ աշխարհը մոլորեցնել»՝ պնդելով, որ «1915ին ապրուած ցաւալի եղելութիւնները» ցեղասպանութեան համազօր էին։ «Հայերը կը շարունակեն թուրքերը արատաւորելու քաղաքականութիւն գործադրել, մինչդեռ ամենամեծ նախատինքն ու անարգանքն է այս երկիրը ամբաստանել Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումով մը։
2015ի նախօրեակին, Հայաստան կը շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի զանազան երկիրներու խորհրդարանները ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշումներ ընդունուին։ Շատ յստակ կերպով ըսեմ, որ մենք կողմնակից ենք պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը հաստատելու գաղափարին։ Ո՞ր երկիրի պատմաբանը, որ ուզէ եւ որ ունի փաստաթուղթ, թող գայ, բայց այս գործին մէջ խորհրդարանները պէտք չէ գործածուին։ Անցեալը գիտնականներուն ու պատմաբաններուն գործն է։ Բայց հայերը այսպիսի ճակատումէ մը կը վախնան։ Կը ջանան մոլորեցնել զանազան երկիրներու խորհրդարանները։ Այս նիւթին մէջ ձեզմէ կը սպասենք բծախնդիր կեցուածք։ Ասիկա երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւնները խանգարող գլխաւոր հարցերէն մէկն է։ Մեր վարչապետը Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ պատգամ մը տուաւ, հիմա Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն կը սպասենք անոր փոխադարձը», դիտել տուաւ Չիչեք։
Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահը պատասխանեց որ հայկական հարցին մէջ թուրքերուն նոյն զգացումները կը բաժնէ եւ կը հաւատայ, որ պատմութիւնը պէտք է արժեւորուի պատմաբաններու կողմէ։