ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՀԱՐՑՈՎ ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ԵՆ


 

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը

 

Օրհան Քեմալ Ճենկիզ «ալ-Մոնիթըր» կայքի վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը անհամբեր կը սպասէ երկրին գերագոյն վարչական դատարանին՝ Պետութեան խորհուրդին ներկայացուած դատական հայցի արդիւնքին, որ հաւանաբար Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ապագայ աշխատանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենայ։ Դատական հայցը կը վերաբերի այն հարցին, թէ ո՞վ պէտք է հայոց պատրիարքը ընտրէ, կրօնաւորներու փոքր խմբա՞կ մը, թէ՞ համայնքը։

Հայ համայնքի մէկ մասը դատական հայցի ճամբով կը պայքարի ներքին գործոց նախարարութեան եւ համայնքի մնացեալ անդամներուն դէմ։ Դատական հայցը նաեւ ի յայտ բերած է լուրջ վիհ մը, որ Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան կացութիւնն ու պատրիարքութիւնը վերահսկելու կառավարութեան գործելաձեւը կը բացայայտէ։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը 553-ամեայ հաստատութիւն մըն է, որուն վերահսկողութեան տակ կը գտնուին 42 եկեղեցիներ։ Պատրիարքները միշտ ալ համայնքին կողմէ ընտրուած են։

Թրքական պետութեան պատրիարքութեան վերահսկելու փորձերը աւելի յաճախակի դարձան 1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք։ 1961-ին, նախարարաց խորհուրդը հրապարակեց հրամանագիրը մը, ըստ որու, պատրիարքի մը ընտրութիւնը պէտք է կատարուի Պոլսոյ կառավարիչին կողմէ ճշդուած թուականի մը եւ վայրի մը մէջ։ Այդ օրէն ի վեր իրերայաջորդ կառավարութիւններ փորձած են այդ ընտրութիւնը վերահսկել։

2007-ին տեղի ունեցած ցաւալի դէպք մը առիթ ընծայեց, որ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը հայկական ընտրութիւններուն մէջ մինչեւ օրս ամէնէն յանդուգն միջամտութիւնը կատարէ։ Այդ տարի, Մեսրոպ Բ պարիրաքը, որ 1998-ին ընտրուած էր, հիւանդացաւ։ Անոր յիշողութիւնն ու գիտակցութեան կարողութիւնները լրջօրէն վնասուեցան, ուստի ան անկարող դարձաւ իր պարտաւորութիւնները կատարելու։ 

Մեսրոպ պատրիարքին առողջական վիճակին լոյսին տակ՝ պատրիարքութեան մէջ կացութիւնը դարմանելու վերաբերեալ երկու հակադիր տեսակէտեր յառաջացան։ Սակայն փոխզիջումի ձգտելու փոխարեն՝ երկու կողմերը իրենց դիմումները ներկայացուցին ներքին գործոց նախարարութեան։ Պատրիարքութեան «աշխարհիկ թեւը» նկատուող Գործարարներու խորհուրդը նոր պատրիարք մը ընտրելու արտօնութիւն խնդեց։ Խումբ մը հոգեւորականներէ կազմուած Հոգեւոր խորհուրդը նախարարութենէն խնդրեց աթոռակիցի մը ընտրութիւնը վաւերացնել։

Նախարարութեան որոշումը երկու կողմերն ալ անակնկալի մատնեց։ Նախարարութիւնը ըսաւ, որ նկատի ունենալով, որ պատրիարքը տակաւին ողջ էր՝ ո՛չ պատրիարք մը, ո՛չ ալ աթոռակից մը կարելի է ընտրել, այլ միայն պատրիարքի պաշտօնակատար մը։ Այդպիսով ստեղծուեցաւ «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ»-ի պաշտօնը, որ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու աւանդութեանց մէջ աննախադէպ է։

Ընդառաջելով ներքին գործոց նախարարի որոշումին՝ Հոգեւոր խորհուրդը Յուլիս 2010-ին իր ղեկավարը՝ Արամ արք. Աթէշեանը ընտրեց իբրեւ պատրիարքի պաշտօնակատար։ Այդ քայլը հայ համայնքին մէջ լուրջ պառակտում յառաջացուց եւ լարուածութիւններու դուռ բացաւ։

Ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուած երկու դիմումներն ալ կը ձգտէին ընտրական հոլովոյթի մը, որուն պիտի մասնակցէին համայնքի բոլոր անդամները։ Փոխարէնը՝ կրօնաւորներու փոքր խմբակի մը կողմէ «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ» մը ընտրուեցաւ։

Հայերուն համար՝ ներքին գործոց նախարարութեան միջամտութիւնը անարդար եւ իրենց աւանդութեանց հակասող էր։ Անոնց առաջին հակազդեցութիւնը ստորագրահաւաքի մը ձեռնարկելն էր։ Անոնք, որոնք կը պնդէին, որ ամբողջ համայնքը պէտք է պատրիարք մը ընտրէ, 5350 ստորագրութիւններ հաւաքեցին եւ 2010-ին զանոնք յանձնեցին ներքին գործոց նախարարութեան, սակայն ապարդիւն։ Ապա, անոնք վարչական դատարանին ներկայացուցին ներքին գործոց նախարարութեան որոշումը չեղեալ նկատելու հայց մը։ Համայնքի փաստաբանները յայտնեցին, որ Արամ արքեպիսկոպոսը պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակելով՝ նախարարութիւնը հայ համայնքի ներքին հարցերուն միջամտեց եւ այդպիսով խախտեց աշխարհիկութեան սկզբունքը։ Պետական խորհուրդը ներկայիս այս հարցը կը քննարկէ։

Միջհամայնքային պառակտումին սրութիւնը յայտնապէս աչքառու է հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի Աթէշեանի ակնարկելու ընթացքին օգտագործած բառապաշարին մէջ։ Օրինակի համար իր խորագիրներէն մէկուն մէջ զինք «արքեպիսկոպոս» կը կոչէ՝ յստակ դարձնելու համար, որ զինք իբրեւ պատրիարքի պաշտօնակատար չեն ճանչնար։

Ուրեմն ընտրեալ պատրիարքին ողբերգական հիւանդութիւնը, հայ համայնքին փոխզիջումային լուծում մը գոյացնելու ձախողութիւնը, պետութեան իրաւարարութեան դիմելու անոնց որոշումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կացութիւնը պատրիարքութեան վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու ոսկի առիթ մը նկատելը միասնաբար ստեղծած են սուր տագնապ մը, որ կրնայ տարիներով երկարիլ։

Տագնապը ոչ միայն պետութեան հետ հայ համայնքի խնդրայարոյց յարաբերութիւնը ցոյց կու տայ, այլ նաեւ՝ հակառակ կառավարութեանց փոփոխութեան՝ փոքրամասնութեանց հարցերուն միջամտելու եւ այդ հարցերը շահագործելու թրքական պետութեան անփոփոխ քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ։ Ասիկա բաժնէ որ տիրեսի մարտավարութիւն մըն է, որ կրօնական ազատութեան բացայայտ ոտնահարում մըն է եւ ո՛չ հայ համայնքին, ո՛չ ալ թրքական ժողովրդավարութեան կը ծառայէ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.