Թուրքիա Պէտք Է Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը. «Լը Մոնտ»


 

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը Մոնտ» թերթը խմբագրական յօդուած մը գրած է Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան մասին. նշեալ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի.
«Առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ վարչապետ մը ցաւակցութիւն յայտնեց 1915ի կոտորածներու հայ զոհերու հարազատներուն։ Այսպէս, Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողան առաւ պատմական քայլ մը, զոր պէտք չէ թերագնահատել։ Առաջին անգամ ըլլալով, Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցի նախօրեակին, թրքական պետութիւնը իր քաղաքական առաջնորդին միջոցաւ ճանչցաւ հայկական ողբերգութեան իսկութիւնը՝ հաւաստիացնելով, թէ կը ցաւակցի զոհերու ժառանգորդներու տառապանքներուն։
Այս յայտարարութիւնը մաս կը կազմէ խորհրդանշական համեստ քայլերուն, որոնք կ՛առնուին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գլխաւորութեամբ։ Այս քայլերով, իշխող կուսակցութիւնը կը հեռանայ քեմալական քաղաքական ժառանգութենէն, որ կտրականապէս դէմ է որեւէ ձեւով Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ողբերգութեանց ճանաչման։ Սակայն այս քայլը չի կրնար դիտուիլ որպէս 1915ի Ցեղասպանութեան նոյնիսկ թաքուն ճանաչում մը։ Ի վերջոյ, Էրտողանի այդ յայտարարութեան մէջ հայերը յանցագործութեան մը զոհ են, բայց՝ չկան յանցագործներ։ Էրտողան զգուշութեամբ կը խուսափէր նշելէ սպանութիւններուն մէջ Օսմանեան զինուորներու պատասխանատուութեան մասին, հակառակ անոր, որ սպանութիւններու հետեւանքով, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցած էին։
Նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Ֆրանսուա Հոլանտ չխաբուեցան։ Ապրիլ 24ին, երկուքն ալ ողջունեցին «առնուած քայլը», սակայն շարունակեցին կոչ ուղղել, որ Թուրքիա վերջնականապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Իր յայտարարութեան մէջ, Թուրքիոյ վարչապետը հասցուց ռազմավարական «հարուած» մը, որ կը նուազեցնէր հայկական Սփիւռքի ու արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին պահանջներու դիւանագիտական տարողութիւնը։ Այնուամենայնիւ, Էրտողան, հաւանաբար, նոր զէնք մը տուաւ ընդդիմադիրներուն, մտաւորականներուն եւ մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛աշխատին Թուրքիոյ պատմութեան մութ անցեալը ընդունելու ուղղութեամբ։ Իրականութեան մէջ, Էրտողանի յայտարարութիւնը պայքարի օրինական նոր գետին տրամադրեց բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկան հրապարակայնութիւն տալ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մէջ թրքական պետութեան պատասխանատուութեան հարցին։
Կամայ թէ ակամայ, Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.