105-ամեայ վերապրող Հերիքնազ Մուրատեան – Հայկական Ցեղասպանութեան վերջին մոհիկաններէն


 

 

ԳԱՂԹԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՆ ՈՒ ՃՉՈՑՆԵՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ՀԻՄԱ 105-ԱՄԵԱՅ ՀԵՐԻՔՆԱԶ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՆ

 

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին «Ականատեսը» ծրագիրով կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն վերապրած մարդոց կեանքի պատմութիւնները։ 2014-ի առաջին հերոսը Մուշի մէջ ծնած 105-ամեայ Հերիքնազ Մուրատեանն է։

Լրագրող Տաթեւիկ Գրիգորեան կը գրէ, որ հսկայ պղինձէ կաթսայով եփուած հարիսան ու սեղանի շուրջ հաւաքուած մեծ գերդաստանը 1909-ին ծնած Հերիքնազ Մուրատեանին ամէնէն աւելին կը յիշեցնեն իր ծննդավայր Մուշը։ Անոր ընտանիքը բազմանդամ ընտանիքներէն մէկն է Արարատի մարզի Արգաւանդ գիւղի, ուր մէկ յարկի տակ կ՚ապրին հինգ սերունդներ։ Շուրջ 90 հոգիէ բաղկացած ընտանիքի (Հերիքնազի երեխաներու, թոռներու, ծոռներու, հարսերու ընդհանուր թիւը) իւրաքանչիւր անդամ յատուկ յարգանք կը տածէ ամէնէն տարեց անդամին հանդէպ, որ առողջական խնդիրներու պատճառով վերջին ամիսներուն անկողինի մէջ է, ինչ որ սակայն արգելք չի հանդիսանար, որ ան հետաքրքրուի ոչ միայն տան անցուդարձով, այլ նաեւ քաղաքականութեամբ եւ մինչեւ իսկ կազի սակագինի թանկացմամբ։ «Մուշի հետ կապուած շատ լաւ կը յիշեմ դրուաք մը, երբ գաղթի ճանապարհին Արաքս գետը անցնելու ընթացքին հօրեղբօր որդին զինք ուսը առած է, որպէսզի վար չիյնայ։ Անոնք իրենց ամբողջ սեփականութիւնը՝ անասունները, ամէն ինչ, գետը անցնելու ատեն տեղաւորած են սայլերու վրայ», Հերիքնազի պատմութիւնը կը ներկայացնէ անոր թոռան կինը՝ Նելլին։ Նոյնիսկ բազմաթիւ տարիներ ետք, ականատեսը միշտ վերապրած է գետը իյնալէն վախի պահը։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ

Մուշը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Պիթլիսի նահանգի Մուշ գաւառին մէջ քաղաք մըն է։ Մուշը գաւառի կեդրոնն էր ու հայոց թեմակալի աթոռանիստը։ Կը գտնուի Արեւմտեան Եփրատի ձախ ափէն ոչ հեռու։ Հարաւային կողմը կը բարձրանան Հայկական Տաւրոսեան լեռնաշղթայի Սասունի լեռները, Ծիրինկատար եւ Կորդուխ գագաթներով, որոնց թեք լանջերուն վրայ կառուցուած էին 1-2 յարկանի կաւաշէն, անշուք եւ տափակ կտուրներով տուները։ Մուշի գետը քաղաքը կը բաժնէ 2 մասի։ Մինչեւ 1915 Մուշը ունէր 12 մեծ եւ փոքր թաղեր։ Քաղաքի կեդրոնին մէջ կը գտնուէր շուկան, ուր 19-րդ դարու վերջաւորութեան կը գտնուէին 800 մեծ ու փոքր խանութներ, կրպակներ եւ արհեստանոցներ, որոնցմէ 500-ը կը պատկանէր հայերուն։ Քաղաքի ծուռումուռ, նեղ ու կեղտոտ փողոցներուն շուրջը կառուցուած տուներուն մեծ մասը չունէր բակեր ու ցանկապատ։ Ատոր համար ալ փողոցներուն մէջ լուացք ընելը, ճաշ եփելն ու երեխայ լոգցնելը սովորական երեւոյթներ էին։ 

Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան ընկերատնտեսական եւ իրաւական ծանր վիճակի հետեւանքով՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Մուշէն եւս բազմաթիւ հայեր պանդխտութեան կը մեկնէին Պոլիս, Ռուսիա եւ այլ երկիրներ։ Շատերն ալ ուղղակի կ՚արտագաղթէին ընտանիքներով։ 1887-ին միայն մէկ ամսուան մէջ Մուշէն արտագաղթած էին 600 հայեր, իսկ ամբողջ գաւառէն հեռացածներուն թիւը այդ նոյն ժամանակահատուածին մէջ կը հասնէր 15 հազար մարդու։ Մուշի հայերու զանգուածային կոտորածը սկսաւ 1915-ի յուլիսի 10-ին։ Քաղաքի եւ անոր շրջակայքի բնակչութեան զգալի մէկ մասը ոչնչացուեցաւ, մէկ մասն ալ մեծագոյն տառապանքներով տարագրուեցաւ այս ու այն երկիրները։ Մշեցի տարագիրներու որոշ խումբեր 1917-1918 եւ 1927 թուականներուն հաստատուած են Խորհրդային Հայաստանի Հոկտեմբերեանի շրջանի Գետաշէն, Հոկտեմբերեան, Արագածի շրջանի Հնաբերդ եւ այլ գիւղերուն մէջ։ Մուշի մէջ եւ անոր շրջակայքը պահպանուած հնագիտական նիւթերը կը հաստատեն, որ անիկա հայկական լեռնաշխարհի ամէնէն հին բնակավայրերէն մէկն է։

Հերիքնազ ունեցած է մէկ մեծ քոյր, 1915-ին ծնողներու եւ ընտանիքի միւս անդամներու հետ անոնք բռնած են գաղթի ճանապարհը, երբ Մուշի մէջ սկսած են զանգուածային կոտորածները։ Ընտանիքը հասած է Կարս, ապա Սեւան, Կիրովական (այժմ Վանաձոր), ապա տարիներ ետք միայն հաստատուած է Արգաւանդ գիւղին մէջ։ «Մեծ մայրիկը յաճախ կը խօսէր այն մասին, որ մանկութեան տարիներուն տեղի ունեցածը կարծես երազ ըլլար, կ՚ըսէր.«կոտորածները, կրակներն ու ճչոցները ականջներուս մէջ են, երազներուս մէջ կը տենսեմ», կը յիշէ Նելլին։

Զինք տպաւորած է այն, որ 1988-ին Արցախեան շարժումին առաջին իսկ օրերէն՝ Հերիքնազ ըսած է, որ պատերազմները հազուագիւտ են, սակայն երբ անոնք սկսին, ժողովուրդը պէտք է միասնական կերպով առաջ շարժի։ «Ան միշտ հաւատացած է եւ սպասած, որ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ արդարութիւն պիտի հաստատուի», կ՚ընդգծէ ընտանիքի անդամը։

Ցեղասպանութեան ականատեսը ամուսնացած է 1930-ին՝ Կարսէն գաղթած Գարեգինի հետ, ունեցած է վեց երեխայ՝ մէկ տղայ եւ հինգ աղջիկ։ Հերիքնազի աւագ որդին՝ Մայիսը, այժմ 81 տարեկան է, եւ անոր գնահատմամբ իր մօր երկարակեաց ըլլալու պատճառը շարունակ աշխատելու, երեխաները մեծցնելու մեծ ձգտումը եղած է։ «Մայրս զբաղուած է իր տնտեսութեամբ, հողի հետ աշխատանքով, շատ աշխատող եղած է։ Առաւօտ կանու լոյսը կը վառէր, որ հողամասին մէջ իր գործերը հասցնէ ընել, լոլիկ քաղէ, որպէսզի երեխաները պահէ», կը յիշէ աւագ որդին։

Հերիքնազը այժմ անհանգիստ է եւ իր ժամանակին մեծ մասը անկողնին մէջ կ՚անցնէ. Ան, երկու տարի առաջ իր մեծ թոռնիկին՝ Նորիկի 60 ամեայ տարեդարձին քոչարի պարած է։
Իր կեանքի պատմութիւնը ներկայացնելու գործը ընտանիքի անդամներուն վստահած Հերիքնազ զրոյցի վերջաւորութեան աւելցուց, որ աշխարհին միայն լաւը կը մաղթէ եւ կ՚ուզէ, որ իր բոլոր երեխաները, թոռներն ու անոնց երեխաները ապրին լաւ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.