Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ մեր կառոյցներու առաքելութիւնը
Մեր համայնքային կեանքի օրակարգին վրայ, հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը այսօր ինքզինք կը
պարտադրէ այնպիսի հրատապութեամբ մը, որն անտեսելը անկարելի է: Ու թէեւ կարգ մը հրապարակագիրներ, դաստիարակներ, մտաւորականներ եւ եկեղեցականներ այս մասին կ՚արտայայտուին թերթերու էջերէն եւ խորհրդաժողովներու ընթացքին, գործնական աշխատանքներու համրանքը մեծ չէ, հակառակ այն իրողութեան, որ հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը հիմնաքարն է ազգային դիմագծի անաղարտ պահպանման, Հայ Դատին եւ մինչեւ իսկ Հայաստանի պետականութեան գոյատեւման։ Բառերը մեծ թող չթուին. առանց հայեցի դաստիարակութիւն ստացած անհատներու, մեր հաւաքական ապագան նուազ ամուր եւ ապահով կ՚ըլլայ, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութենէ զուրկ հայը ընդհանրապէս պատրաստ չէ յանձնառու ըլլալ ազգային իտէալներու իրականացման համար պայքարելու, տրամադիր չէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման նպաստելու։ Հետեւաբար, հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը ամէնէն առաջ քաղաքական բնոյթ ունի, եւ ներազգային ճակատին վրայ նոյնքան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ ինչքան արտաքին քաղաքական գործունէութիւնը։
Մեր համայնքային երեւակայութեան մէջ, կայ անցեալէն եկող այն համոզումը, որ հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայկական ուսում զիրար փոխարինող եզրեր են: Եթէ ասիկա ամբողջովին ճիշդ էր երէկ, մասնաւորաբար միջին-արեւելեան գաղութներուն մէջ, այսօր սակայն, երկու եզրերուն միջեւ այդ հաւասարութիւնը սկսած է կորսնցնել իր իրաւութիւնը: Փաստօրէն, առանց դոյզն իսկ չափով թերագնահատելու մեր վարժարաններուն մէջ հայեցի դաստիարակութեան գծով գործադրուող ճիգը, ստիպուած ենք հաստատել, որ մեր շրջանաւարտ պատանիներուն մէկ կարեւոր տոկոսը, վարժարանէն հեռանալու պահուն նաեւ վերջակէտ կը դնէ իր հայկական ինքնութեան եւ դիմագծին: Ասկէ կրնանք եզրակացնել, որ ուսում եւ դաստիարակութիւն համահաւասար չեն այլեւս: Հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է տարածուի դպրոցական գրասեղաններէն անդին, անհատ հայուն ամենօրեայ կեանքին մէջ: Այլ խօսքով, հայեցի դաստիարակութիւնը հայօրէն ապրելու եղանակն է: Ուսումը զուտ գիտելիքներու ամբարում է, որ կը տրուի միայն կրթական հաստատութիւններու ճամբով, մինչդեռ դաստիարակութիւնը կրթութիւն է (upbringing), որ կու գայ նախ տունէն, ընտանիքէն եւ ամենօրեայ շրջապատէն, ապա միայն կրթական հաստատութենէն: Դաստիարակութիւնը ապրելակերպ է, ուսումը՝ գործիք այդ ապրելակերպով ինքզինք իրագործելու:
Այս պարունակին մէջ, ո՞րն է հայեցի դաստիարակութիւն յղացքին սահմանումը: Ըստ ինծի, ան կը նշանակէ հայկական արեւելում ունեցող կրթութիւն, որ կը կառավարէ անհատին մտածողութիւնը, հարցերու մօտեցումը, առաջնահերթութիւններու եւ կեցուածքներու ճշդումը, եւ մինչեւ իսկ անոր նիստուկացը: Նման կրթութիւնը կ՚ենթադրէ որ անհատը հմուտ ըլլայ հայերէն լեզուին, քաջատեղեակ՝ հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու անոր պատմութեան, լայնօրէն ծանօթ՝ հայկական մշակոյթին, իրազեկ՝ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին ու այսօրուան խնդիրներուն եւ վերջապէս, հաւատացող ու յանձնառու՝ հայութեան ապագայի երազներուն եւ Հայաստանի նպատակներուն։ Այս տուեալները նաեւ բաղկացուցիչ տարրերն են հայ անհատին ընկերային ինքնութեան։ Երբ հարց կը տրուի մեզմէ մէկուն, թէ ո՞րն է իր ինքնութիւնը, պատասխանը կը կազմուի այս տուեալներու ճշդումով։ Մեր խօսած լեզուն, պատմութիւնը, հաւատքը, մշակոյթը, շրջապատն ու ապագայի երազները մեզմէ իւրաքանչիւրին համայնքային ինքնութեան դիմանկարը կը կազմեն։ Ուստի, հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը ամէն բանէ առաջ ոչ միայն քաղաքական՝ այլեւ ընկերային ինքնութեան հարց է։
Հիմա որ սահմանեցինք հայեցի դաստիարակութիւն հասկացութիւնը, արժէ տեսնել թէ ինչու՞ անիկա սուր ստիպողականութեամբ կը դրուի մեր առջեւ ներկայիս։
Հայեցի դաստիարակութիւն արտայայտութիւնը գլխաւորաբար սփիւռքեան հասկացութիւն մըն է, որ կը վերաբերի հայրենիքէն դուրս գոյացած եւ հայապահպանման սեւեռող հայկական գաղութներուն, որոնց հաւաքական կեանքերը (մինչեւ այսօր) կը կազմակերպուէին միեւնոյն դասական եռակի կաղապարով. եկեղեցի, կազմակերպութիւններ, դպրոց: Նոյն դասական բնօրինակին համաձայն, ասոնցմէ միայն վերջինին կը վստահուէր նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը: Սակայն վերջին կէս դարուն, հայկական իրականութեան մէջ առկայ որոշ կացութիւններու աճող փոփոխութիւնները հայ համայնքային կեանքը դրին նոր իրադրութիւններու առջեւ, որոնց հետեւանքով հայեցի դաստիարակութիւնը այսօր կը դառնայ հրատապ խնդիր: Այդ նոր իրադրութիւններն են՝
– խառն ամուսնութիւններու յաճախակիութեան յաւելումը,
– գաղութներու տեղաշարժը. վաթսունական թուականներէն սկսեալ, Միջին-արեւելեան երկիրներու քաղաքական անապահովութեան պատճառաւ հայութեան գաղթը այդ երկիրներէն,
– Հայաստանէն արտագաղթը՝ իննսունական թուականներէն սկսեալ,
– Հայաստանի անկախութիւնը, որուն իրողութիւնը կ՚երաշխաւորէ հայ ժողովուրդի ապագան եւ հայ անհատին մօտ կը յառաջացնէ հոգեբանական որոշ ապահովութեան զգացում, որով ան նուազ կը տագնապի հայապահպանման խնդիրներով,
– համաշխարհայնացումը. հետզհետէ փոքրացող աշխարհի մը մէջ, աշխարհաքաղաքացիութեան զգայնութիւնը կը տանի սեփական արմատներէն հեռացման:
Յիշեալ իրադրութիւններու գոյառումէն առաջ, հայեցի դաստիարակութիւնը կը ջամբուէր մթնոլորտի ճամբով, ընտանեկան, ուսումնական եւ ակմբային միջոցներով։ Աշխարհը կ՚ընթանար հանդարտ կշռոյթով, եւ բոլոր նորութիւնները կու գային ամրապնդել կայացած արժէքները։ Հայ ընտանիքի մէջ ծնող երեխան կը դառնար առանց այլեւայլի հայ եւ քրիստոնեայ։ Երեխային համար նշանակալի բոլոր արժէքները հայկական էին, իսկ զանոնք ներկայացնող հանրածանօթ դէմքերը ծնունդով հայ։ Հետեւաբար, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու խողովակը լոկ հայկական ուսումնական հաստատութիւնն էր: Այս մտածողութեան խօսուն օրինակն է Լեւոն Շանթէն հետեւեալ մէջբերումը, արտասանուած 28 Մայիս 1928-ին, Համազգայինի հիմնադրութեան առթիւ արտասանած ճառէն.
«Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներու մէջ ինչպէ՞ս կրնայ սերունդը հայ ըլլալ եւ հոգիով հայ մնալ: Ո՞վ պէտք է կատարէ այս դերը…երկու միջոց կայ՝ դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել, հայ մնալու պայքար մղել, հայ հոգիներու մէջ ազգային մակարդակը պատրաստել»:
Այսօր Սփիւռքի մէջ սակայն, կացութիւնը փոխուած է էապէս։ Այսօր Սփիւռքի մէջ ծնած հայը՝ պատանի թէ չափահաս, կ՚ապրի երեք ազդակներու լարած ընկերային մթնոլորտին մէջ.
ա. արագ փոփոխութեան ենթակայ պայմաններ
Մեր շուրջ աշխարհը կը թաւալի աւելի արագօրէն քան անցեալին, գլխաւորաբար արհեստագիտական (technological) զարգացումներուն պատճառաւ։ Իւրաքանչիւր օրուան հետ եկող նորութիւնը կը գրաւէ մեր ուշադրութեան կեդրոնը։ Ամէն օր մենք կը զգանք ճարտարարուեստի զարգացումներուն հետ քայլ պահելու պարտադրանքը, յաճախ մէկդի դնելով մեր մնայուն արժէքները եւ փոխարինելով զանոնք անցողիկ եւ ժամանակաւոր ձեւական արժէքներով։ Իբր հետեւանք, մեր ապրած կեանքին, վարած աշխատանքին եւ մեր շուրջի ընկերային պայմաններուն մէջ, հայկականութիւնը կ՚ենթարկուի երկրորդական մտահոգութիւն դառնալու՝ կամ առնուազն մեր ապրած կեանքին քովն ի վեր ընթանալու վտանգին։ Պատկերաւոր բացատրութեամբ, իբր մարդիկ մենք կը քալենք պողոտայէն արագօրէն, մինչ մեր հայկականութիւնը կը քալէ նոյն պողոտայի մայթին վրայ, որոշակի դանդաղութեամբ։
բ. քարոզչութեան եւ հաղորդակցական միջոցներու տարածումը
Ամէն օր աւելի զօրացող ազդեցիկ այս բնագաւառը ուժգնօրէն կը գործէ մեր երեւակայութեան վրայ: Մամուլով, հեռատեսիլով եւ համացանցով հրամցուած իւրաքանչիւր պատկեր մեզի կը ներկայացնէ այս կամ այն գաղափարը, կը համոզէ որ որդեգրենք նոր զարգացող արժէքային համակարգ մը։ Մեր ապրած ընկերութեան մէջ, եթէ պիտի ապրինք իբրեւ մենք մեզ իրագործող, իբրեւ մեր կարողականութիւնը ամբողջովին գործադրող մարդիկ, ապա ուրեմն բնականաբար պիտի զբաղինք այնպիսի հարցերով, որոնք մեզ կը տանին համարկումի ճամբէն, որ, սակայն միւս կողմէ, մեզմէ կը խլէ հայկական արժէքներու հետապնդման հետեւողական ճիգ պահանջող եւ անհրաժեշտ ժամանակը։
գ. ազդեցութեան գօտիներու բազմացումը
Ընկերաբանները կ՚առաջադրեն, որ ընկերութեան հետ մարդ անհատի յարաբերութիւնը իր գործնական արտայայտութիւն կը գտնէ խմբաւորումներու ճամբով: Իւրաքանչիւր անհատ, իր կեանքի ընթացքին կը պատկանի զանազան խմբաւորումներու, յաճախ միաժամանակ։ Օրինակ՝ ծննդավայրի կամ հայրենակցական կապեր, ընտանեկան շրջանակ, դպրոցական կեանք, ասպարէզ, բաժանորդագրութիւններ, միութենական կեանքի անդամակցութիւն, առժամեայ խմբաւորումներու մասնակցութիւն: Այս խմբաւորումները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են եւ կարգաւորած մեր յարաբերութիւնները մէկզմէկու եւ հասարակութեան հետ։ Եթէ հայ անհատի կեանքը կառավարող ազդեցութիւնները փոքրաթիւ ու ընտրովի էին անցեալին եւ անոր թոյլտուութեամբ կը ներգործէին իր վրայ, այժմ մենք ակամայ կ՚ապրինք բազմաթիւ ազդեցութիւններու միաժամանակ գործող պարտադրանքներուն տակ։ Նորութիւնը այժմ այն է, որ այսօր անոնք կը ներկայանան համահաւասար կարեւորութեամբ եւ կը ջնջեն այն առանձնայատկութիւնները որ խարիսխը կը կազմեն մեր անհատականութեան։ Հայ երիտասարդը իր աշխատավայրի մէջ ստեղծած կապերուն շնորհիւ, օրինակ, մաս կը կազմէ, ենթադրենք, կոլֆ խաղացողներու խմբաւորման, որ նոյնքան կարեւորութեամբ կը ներկայանայ իրեն, ինչքան ըսենք, որեւէ ձեռնարկ կամ գործունէութիւն որ պիտի շեշտաւորէր իր հայ անհատականութիւնը։ Հետեւաբար, այսպիսի առիթներու յաճախականութեան թափը հետզհետէ կը հեռացնէ երիտասարդը այն նախաձեռնութիւններէն որոնք պիտի ամրապնդէին հայեցի դաստիարակութիւնը իր մէջ։
Ահաւասիկ այսպիսի պայմաններու մէջ է, որ կը գտնենք հայեցի դաստիարակութիւնը ներկայիս։ Մեր ապրած երկիրներուն մէջ, լիիրաւ քաղաքացիներ ըլլալու ճամբուն վրայ, երբեմն մէկդի կը դնենք հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը։ Ան մեզմէ կը պահանջէ յատուկ եւ դիտումնաւոր ճիգ՝ հայ երիտասարդին մօտ իր քաղաքական ինքնութեան գիտակցութիւնը ուժեղացնելու։ Մեր գաղութներու միջավայրը կը պարտադրէ նաեւ որ հայեցի դաստիարակութիւնը դառնայ լիիրաւ մրցակից վերը նշած պայմաններուս դէմ։ Միւս կողմէ, պէտք է անդրադառնանք, որ հարկ է չափաւոր ըլլալ հայեցի դաստիարակութեան մեր ընծայած ուշադրութեան եւ զայն մրցակից դարձնելու մեր ճիգին մէջ. այլապէս, հայեցի դաստիարակութիւնը կը դադրի գրաւիչ եւ բնական ըլլալէ եւ կը դառնայ վանողական եւ բռնազբօսիկ։ Չենք կրնար այլեւս անցեալին նման մեր զաւակներուն համոզել, թէ հայերէնը աշխարհի ամենէն հարուստ լեզուն է եւ ամենէն գեղեցիկը։ Չենք կրնար հայկականութիւնը արժեւորել ուրիշները նսեմացնելով։ Հայեցի դաստիարակութիւնը հայկականութեան յատուկ եւ գերակշիռ՝ սակայն ո՛չ գերազանց ըլլալու գիտակցութիւնն է։
Հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու միջոցները երկակի են. ան պիտի տրուի առարկայական գիտելիքներու ճամբով՝ հայկական վարժարաններու մէջ ուսման՝ բայց նաեւ արտադպրոցական ձեռնարկներով, մամուլով, եկեղեցական եւ ակմբային կեանքի նախաձեռնութիւններով: Առարկայական գիտելիքները պիտի ամրապնդուին ենթակայական միջոցներով, ընտանիքէն ներս, անհատական հարցերէն անդին՝ հաւաքական կեանքի մասին խօսակցութեամբ, ազգային տօներու նշումով եւ աւանդութիւններու պահպանման ճամբով: Բացի հայկական վարժարաններէն եւ ընտանեկան շրջանակէն, հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուները պէտք է նաեւ մտածեն հասնիլ համայնքի անմիջական շրջանակէն դուրս, ոչ-հայկական վարժարաններ յաճախող հայ ուսանողներուն եւ բարձրագոյն ուսման հետեւող երիտասարդութեան:
Ո՞վ պիտի զբաղի հայեցի դաստիարակութեամբ: Ծնողք, ուսուցիչ, կազմակերպութիւններու վարչութիւններ, կառոյցներու պաշտօնեաներ՝ հաւաքաբար: Անոնք ամէնքն ալ դերակատարութիւն պէտք է ստանձնեն գաղութներու ապագային համար առաջնահերթ այս խիստ էական գործին մէջ:
Գործնական առաջարկներ
ա. Զարկ տալ հայախօսութեան, մանաւանդ ի տես արեւմտահայերէնին սպառնացող կանխատեսելի վտանգներուն:
բ. Վերահսկել ուսումնական ծրագիրները. ուշադրութեամբ հետեւիլ, որ հայերէնով ջամբուող դասանիւթերէն ծրագրային զեղչումներ չպատահին:
գ. Պատրաստել հայերէնի դասագրքեր եւ ներառել անոնց մէջ արհեստագիտական նոր միջոցներ:
դ. Պատրաստել ատակ մարդուժ, քաջալերելով հայերէնի ուսուցիչներու մասնագիտական ուսումը:
ե. Հաստատել կրթա-ուսումնասիրական կեդրոն:
զ. Յառաջացնել միջ-միութենական գործակցութիւն, որուն նպատակն է հայկական վարժարաններու կողքին, լրացուցիչ դերակատարութիւն ունենալ հայեցի դաստիարակութեան մէջ, գլխաւորաբար արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւններով:
է. Ստեղծել մանկապատանեկան գրականութեան հիմնադրամ:
Անշուշտ, նշած հարցերս եւ առաջադրութիւններս չեն սպառեր հայեցի դաստիարակութեան տագնապին ծալքերն ու հարցերը, այլեւ կը ծնին նոր հարցադրումներ եւ խնդիրներ: Համազգային կրթական քաղաքականութեան, բայց յատկապէս սփիւռքեան կրթական քաղաքականութեան մը բացակայութեան ի տես, տեղական սահմաններով հայեցի դաստիարակութեան զարկ տալու ուղղուած նախաձեռնութիւններ կրնան առնուազն սկիզբը դնել նման քաղաքականութեան մը գոյառումին, որ մեր օրերու հրամայականներէն մէկն է:
Վիգէն Թիւֆէնքճեան