Գիտական աշխարհը յեղաշրջած «հայորդին»


 

 

Հոկտեմբեր 5, 2013-ին, լրացաւ ամերիկացի մեծ գիւտարար, ձեռնարկատէր, Apple ընկերութեան հիմնադիր Steve Jobs-ի մահուան Երկրորդ տարելիցը։ Հայ ժողովուրդին համար ան ոչ միայն թուային յեղափոխութեան հայրն էր, այլ նաեւ հայորդիի որդին։ Սակայն, դժբախտաբար, Jobs-ի խորթ մօր Քլարա Յակոբեանի մասին շատ քիչ բան գիտենք։ Նոյնիսկ վերջերս ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսած Walter Isaacson-ի կենսագրական գիրքը, որուն հիմք կը հանդիսանան Jobs-ի եւ անոր ազգականներուն, ընկերներուն ու գործընկերներուն հետ զրոյցները, ցաւօք, թոյլ չեն տար յստակ պատկերացում մը կազմել  հանճարը դաստիարակած կնոջ մասին։

Յստակ  է սակայն, որ Քլարայի հայրը՝ Լուիս Յակոբեանը, ծնած է Մալաթիա, 1894 թուականին, իսկ մայրը՝ Վիքթորիա Արթինեանը, ծնունդով Իզմիրէն է։ Անոնց ընտանիքները 1915 թուականին փախած են Թուրքիայէն եւ տեղափոխուելով Ամերիկա՝  հաստատուած են Նիու Ճըրզի։ Նիու Ճըրզիի մէջ է որ անոնք կը  ծանօթանան ու կ՚ամուսնանան։ 1924 թուականին կը ծնի անոնց դուստրը՝ Քլարան։ Քլարան շատ փոքր էր, երբ Յակոբեանները կը տեղափոխուին Սան Ֆրանսիսքօ։ Ընտանիքը հայախօս էր։ Քլարան կը տիրապերէր մայրենի լեզուին եւ կը  յաճախէր տեղւոյն Հայաստանեայց  Առաքելական եկեղեցին։ Ընտանիքին նիւթական համեստ հնարաւորութիւններուն պատճառով  Քլարան համալսարանական ուսում չստանար եւ հաշուապահական դասընթացքներու հետեւելէ ետք կ’աշխատի տեղական փոքրիկ ընկերութեան մը մէջ՝ որպէս գանձապահ։ 1945-ին, Լուիսն ու Վիքթորիան հիասթափութիւն կ’ապրին երբ կ՚իմանան որ Քլարան կապի մէջ է նաւային մեքենագործի մը հետ։ Խնդիրը այն չէր, որ երիտասարդը բաւականաչափ ուսում չունէր, այլ այն՝ որ ան հայ չէր։ Քլարան այս տղուն հետ ծանօթութենէն տասը օր ետք ծնողներուն կը փոխանցէ իր նշանախօսութեան մասին։ Ընտրեալը երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք իր պաշտօնէն հեռացած նաւաստի Paul Jobs-ն էր։ Յակոբեանները ուղղակիօրէն կը ցնցուին, երբ տարիներ ետք կ՚իմանան, որ Paul-ը Քլարայի հետ ամուսնացած է ոչ թէ սէրէն դրդուած, այլ իր ընկերներուն հետ կնքած գրաւին պատճառով։ Ան  50 տոլալով գրաւի եկած է, որ իրեն  համար հարսնցու կը գտնէ պատերազմէն վերադարձին՝ երկու շաբթուան ընթացքին։ Իրեն ծանօթ բոլոր աղջիկներէն Քլարան ամենամատչելին էր։ Գեղեցկադէմ նաւաստիին հետ ծանօթութիւնը կ՚օգնէ Քլարային, որպէսզի մոռնայ առաջին ամուսնոյն մահը, որ զոհուած էր ռազմաճակատի վրայ։ Paul-ը Քլարային հնարաւորութիւն կու տայ կեանքը զերոյէն սկսելու։  

Նաւային մեքենագործին եւ հաշուապահուհիին ընտանիքը երջանիկ էր։ Միակ բանը, որուն պակասը իսկապէս կը զգային, երեխաներն էին։ 1955 թուականին, իրենց ամուսնութեան 10-րդ տարեդարձին, ամուսինները կ’որոշեն երեխայ մը որդեգրել։ Անոնք կը դիմեն ծանօթ բժիշկի մը։ Մարտ ամսուան սկիզբը  բժիշկը կը հեռաձայնէ Jobs-երուն եւ կը փոխանցէ իրենց թէ լաւ լուր ունի։ Բժիշկը կը յայտնէ թէ կիրթ եւ բարեկեցիկ ծնողներ որոշած են իրենց նորածին որդւոյն դաստիարակութիւնը յանձնել գրագէտ, բարեպաշտ եւ առողջ ամերիկացի ընտանիքի մը։ Jobs-երը անմիջապէս կը համակրին երեխային եւ կը ստորագրեն որդեգրման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը։

Տղուն կենսաբանական ծնողները՝ սուրիացի միլիոնատէր Abdulfattah Jandali-ին եւ գերմանուհի Joanne Carole Schieble-ն էին։ Joanne-ին հայրը դէմ էր աղջկան ամուսնութեան եւ սպառնացած էր զինք զրկել ժառանգութենէն, եթէ ան իր հօր կամքին հակառակի եւ ամուսնանայ արաբ թեկնածուին հետ։  Սակայն 23-ամեայ գերմանուհիին համար շատ ուշ էր։ Ծնողներէն թաքցնելով յղութիւնը՝ Joanne-ը 1955 թուականի Մարտին կը մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ։ Անոր խնամակալութիւնը կը ստանձնէ բժիշկ մը, որ նաեւ փորձ ունէր երեխաներու որդեգրման հարցերը կարգաւորելու մէջ։ Joanne-ը բժիշկին մէկ պայման կը դնէ. իր երեխան պէտք է ապրէր բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ծնողներու ընտանեկան յարկին տակ։ Բժիշկը, որ իր միջնորդութեան  համար  մեծ գումար մը գանձած էր, երեխային մօրմէն պահած էր այն փաստը, որ Քլարային ամուսինը նոյնիսկ միջնակարգ դպրոց չէ աւարտած։ Իրողութիւն մը՝ որ յետագային կը բացայայտուի։ Joanne-ը համոզելը դիւրին չէր, բայց այնուամենայնիւ Քլարան եւ Paul-ը գրաւոր  կերպով կ՚երաշխաւորեն, որ պատրաստ են  իրենց որդւոյն կրթութեան համար նիւթական ապահովել։ Jobs-երը իրենց խօսքին տէրը կ՚ըլլան։ Տղան, որուն ծնողները Սթիվ կ՚անուանեն, շրջապատուած էր սիրով եւ գուրգուրանքով։ Չնայած իրենց համեստ հնարաւորութիւններուն՝ ընտանիքը կրցաւ ապահովել բոլոր միջոցները, որոնք սատար կը հանդիսանային, որպէսզի իրենց տղան փայլուն կրթութիւն ստանայ եւ կեանքի յաջող ասպարէզ ընտրէ։

Steve Jobs-ը քսան տարեկան էր, երբ առաջին անգամ կը հանդիպի իր կենսաբանական ծնողներուն։ Անոնք մինչ այդ ամուսնացած էին, սակայն բնաւ չէին հետաքրքրուած իրենց տղուն ճակատագրով։ Միայն Jobs-ի մահէն ետք է, որ անոնք բազմաթիւ հարցազրոյցներ տուին անոր մասին։ Քլարան եւ Paul-ը այդ ժամանակ արդէն իսկ ողջ չէին։ Քլարա Յակոբեանը մահացած էր 1986 թուականին՝  երբ 62 տարեկան էր։ Մօր մահը երեսնամեայ  Սթիվին վրայ ծանր ազդեցութիւն ձգած էր։ Դժբախտաբար, Քլարան  երբեք չիմանար որ հանճար մը դաստիարակած է։ Paul-ը  կը մահանայ եօթը տարի ետք՝ 1993 թուականին։ Ծնողներուն լուսանկարները Steve Jobs-ը ոչ մէկուն ցոյց չէր տար։ Ճիշդ այդ պատճառով լրատուամիջոցներէն ոչ մէկը յաջողեցաւ գտնել լուսանկար մը, ուր ան կը ներկայանայ իր հայ մօր հետ։

Steve Jobs-ը մանուկ հասակէն գիտէր, որ ինքը որդեգրուած զաւակ է։ «Ծնողներս ոչ մէկ բան կը թաքցնէին ինձմէ։ Ես գիտէի, որ իմ իսկական ծնողները ինձմէ հրաժարած էին, սակայն ես զիս երբեք լքուած չեմ զգացած։ Միշտ հաւատացած եմ, որ իւրայատուկ եմ։ Այս հաւատքը մէջս ամրապնդած են նաեւ ծնողներս»,- հաստատած է ան իր կենսագրին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին։ Jobs-ին նուիրուած իր գիրքին մէջ, Walter Isaacson-ը կը գրէ. «Սթիվը  երբեք չէր հանդուրժեր երբ Քլարան եւ Paul-ը իր խորթ ծնողները կը համարէին կամ նման ակնարկ մը կ՚ընէին իրեն։ «Անոնք հարիւր տոկոսով իմ իսկական ծնողներս են», կ՚ըսէր ան։ Իսկ կենսաբանական ծնողներուն մասին ան յաճախ շատ կտրուկ կերպով կ՚արտայայտուէր. «Ինծի համար այդ մարդիկը ընդամէնը սերմնաբջիջի նուիրատուներ են։ Ես ոչ ոք կ՚ուզեմ վիրաւորել, ես ընդամէնը փաստ մըն է, որ կ՚արձանագրեմ։ Սերմնաբջիջի տոնըրներ, եւ ոչ աւելին…»»։

Արդեօք Քլարան յաջողա՞ծ էր իր որդիին հայկական աւանդոյթներ փոխանցել։ Steve Jobs-ը մեծցած էր ամբողջովին ուրիշ միջավայրի մէջ եւ հայախօսներու հետ գրեթէ շփում չունէր, մկրտուած էր Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուամենայնիւ, տեղեկութիւններ կան, որ Jobs-ը  կը հասկնար հայերէն, գիտէր հայոց պատմութիւնը եւ իրեն ինչ-որ չափով հայ  կը համարէր։ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին պատահած հետեւեալ դէպքը կը վկայէ այդ մասին։ 
Զբօսավար Ասիլ Թունճէրը, որ կ’ընկերակցէր Jobs-ին Սթամպուլ իր այցելութեան ընթացքին,  յետագային իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած էր, որ «Jobs-ը թուրքերու թշնամին է»։ Ան պատմած է, թէ ինչպէս երբ Սթիվը մօտեցած է Սուրբ Սոֆիա տաճարին, չէ կրցած զսպել զայրոյթը՝ տաճարին մինարէթներուն պատճառով։ «Ես պատմեցի Այա Սոֆիայի պատմութիւնը եւ յիշատակեցի, որ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք՝ Օսմանեան սուլթանը եկեղեցին վերածած է մզկիթի։

Իմ կատարած հաստատումէս ետք, ան սկսաւ ետեւ-ետեւի հարցումներ հարցնել ինծի Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներուն մասին» ։ «Իսկ դուք ինպէ՞ս վարուեցաք  այն քրիստոնեաներուն հետ, որոնց եկեղեցիները թալանեցիք։ Ազնիւ գտնուեցէք եւ պատմեցէք մեզի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Դուք ոչնչացուցիք մէկուկէս միլիոն հայեր։ Բացատրեցէք՝  ինչպէ՞ս նման երեւոյթ կրնար տեղի ունենալ»,- ըսած է Jobs-ը ապշահար զբօսավարի դէմքին։

Ուշագրաւ է, որ Jobs-ի շուրջ շատ  քիչ  թիւով հայեր եղած են։ Apple Mac OS X համակարգի մշակումը ան յանձնարարած էր Աւետիս Թեւանեանին, որ  յետագային նշանակուեցաւ Apple ընկերութեան փոխ նախագահը եւ ծրագրային ապահովման գծով՝ ծրագրային թեքնիք հարցերու տնօրէնը։ Steve-ը նաեւ համագործակցած է համակարգչային խաղերու յայտնի ստեղծող Ալեքս Սերոբեանի հետ։ Ի տարբերութիւն իր գործարար-գործընկեր Steve Wozniak-ի, Steve Jobs-ը ոչ մէկ անգամ Հայաստան այցելած է։ Սակայն հայուհիին կողմէ դաստիարակուած հանճարեղ գիտնական-նորարարը դարձաւ ոչ միայն թուային յեղափոխութեան խորհրդանիշը, այլեւ օրինակ, որուն շնորհիւ կարելի է խօսիլ այն անսահման ջերմութեան ու հոգատարութեան մասին, որ զինք կը շրջապատէր հայաշունչ ընտանիքի երդիքին տակ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.