Հայաստանի Եւ Հայութեան, Հայրենաբնակի Եւ Սփիւռք(ներ)Ի Ազգային Քաղաքականութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Զոյգ հարցումներ.

Ա.- Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը սփիւռքի հայութիւնը կ՛ընդունի՞ն, ընդունա՞ծ են որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հաւասար իրաւատէր-հայրենատէր եւ հաւասարապէս յանձնառու` ազգի իրաւունքներու սահմանման եւ վերականգնման ըմբռնումի ճիշդ ըմբռնումով:

Բ.- Սփիւռքի հայութիւնը ինքզինք կը համարէ՞ տէր եւ ծառայ Հայաստանի:

Այս զոյգ` զիրար ամբողջացնող հարցումներուն պէտք է պատասխանեն հայերը, ուր որ ալ գտնուին: Պէտք է պատասխանեն ո՛չ թէ շահախնդրական եւ կամ «տուրիստ»-ական բաժակաճառերով, այլ` օրէնքով սահմանուած իրաւունքներով, զանոնք իմաստաւորող պարտքով: Այլապէս անկարելի կ՛ըլլայ` ազգային միասնական քաղաքականութիւն ճշդել, անոր հետեւիլ, հետեւողներով ստեղծել հայրենատէր ազգի խարիսխ: Այս ընելու համար տարեդարձներու եւ ամեակներու տպաւորիչ ու հոգեպարար ճառերը բաւարար չեն` ազգային-քաղաքական ուղի ճշդելու եւ այդ ուղիով  ընթանալու,  յաջողելու եւ վերականգնելու:

Սփիւռքը կ՛ընդունի՞, համոզուա՞ծ է, որ իր եւ իր յաջորդներու ապագան Հայաստանն է, որքան որ արմատաւորուած ըլլան տարբեր երկիրներու մէջ: Եւ ի՞նչ կ՛ընէ այդ ուղղութեամբ:

Նախ` Հայաստանի ժողովուրդին ո՞ր տոկոսը, սոսկ բնակիչի վերաբերումէն աւելի, հայրենատիրական գիտակցութիւն ունի, կ՛ընդունի այդ գիտակցութեան բոլոր հետեւանքները: Աշխարհի զանազան  երկիրները հայու հայրենիք չեն, եւ երբ ան կ՛որոշէ իր վրանը զարնել այլուր, կրաւորականութեամբ մասնակից կ՛ըլլայ հայրենաքանդութեան, հայրենիքի կորուստին: Մտածել` արտագաղթի եւ անոր ազգին հասցուցած վնասի մասին:

Իսկ սփիւռքի հայերու ո՞ր տոկոսին համար հայրենադարձութիւնը իսկական առաջադրանք է, ինքնիրականացման յանձնառութեան ճանապարհ:

Հակառակ ձեռք բերուած յաջողութիւններու, ամուլ բարօրութեան  եւ դիւրութիւններու` սփիւռքահայը պիտի կարենա՞յ կողմնորոշուիլ հայրենիքի եւ սկզբունքով ժամանակաւոր ըլլալու սահմանուած բնակավայր երկրի միջեւ: Ղեկավարութիւնները յաջողա՞ծ են այս գիտակցութիւնը ներշնչել եւ վառ պահել, կամ պիտի կարենա՞ն ներշնչել: Ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան գինը այդ է եւ այդ պէտք էր ըլլար:

ԺԷ. դարու ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ Տեքարթ տպաւորիչ բանաձեւ մը ունի հայրենիքի եւ ներկայութեան մասին: Կ՛ըսէ. «Երբ շատ ժամանակ կը յատկացնենք ճամբորդելու, կը բացակայինք, վերջապէս օտար կը դառնանք սեփական երկրին մէջ»: Եթէ պահ մը մտածենք արտայայտուած միտքի մասին, աւելի իրատեսութեամբ կ՛ըմբռնենք մեր կացութիւնը: Արդարեւ, եթէ յաճախակի եւ երկարատեւ ճամբորդութիւնները օտարացման ազդակ են, ի՞նչ ըսել մնայուն ճամբորդութիւն բացակայութեան մասին, որ սփիւռքեան կացութիւնն է, որուն պատճառով բացակայութիւնը տեւող ճամբորդութիւն է, իսկ ներկայութիւնը, բախտաւոր պարագային,  կարճատեւ զբօսաշրջութիւն: Այս իրականութիւնը պէտք է ըմբռնել եւ ըստ այնմ գործել, որպէսզի վերջապէս օտար չդառնանք սեփական երկրին մէջ:

Արդէն «մնայուն բացակայութեան» վիճակը յառաջացուցած է բնականութիւններու եւ վերաբերումներու տեղատուութեան հետ հաշտեցման երկկողմանի դրութիւն: Սփիւռք(ներ)ի ճնշող մեծամասնութեան հայրենասիրութիւն-հայրենատիրութիւնը ինքզինք սահմանափակած է բարեսիրութիւն-զբօսաշրջութեան մէջ, իսկ Հայաստանի ակնկալութիւնները` առաւելաբար նիւթական օժանդակութեան: Կը ստացուի այն, որ մէկութիւնը անկարելի է, եւ պէտք է հաշտուիլ «մենք հոս դուք հոն»-ի գործնապաշտական եզրակացութեան հետ: Կամ` սփիւռքէն մարդիկ կրնան գալ, երթալ, աղմկել, բայց հոս մենք գիտենք մեր ընելիքը: «Այս ըմբռնումով  «մէկութիւն»-ը խօսքի սահմանէն անդին պիտի չանցնի, պիտի մնայ միշտ գեղեցիկ երազ` հակառակ ներսի եւ դուրսի ամբոխահաճական յայտարարութիւններուն:

Ազգային հեռանկարային քաղաքականութիւն պէտք է մշակել, մշակած ըլլայինք, այդ  ընդունիլ եւ գործադրել, սադայէլի այս շրջանակէն  դուրս գալու եւ իրականացնելու համար ազգի զարգացոմը, հզօրացումը եւ գոյատեւումը:

Այս հեռանկարային քաղաքականութեան մշակումը պէտք է դիտել` գերանցում կատարելով կուսակցական, միութենական, նոյնիսկ օրուան իշխանութիւններու ընթացիկ տեսակէտներէն: Այսպէս, պէտք է ծրագրել հայրենադարձութիւն եւ այդ իրականացնել լաւագոյն պայմաններու մէջ, որ չըլլայ նոր տեսակի գաղթականութիւն, որպէսզի հայրենադարձները չունենան օտար երկիր մը հաստատուելու զգացում: Այս նպատակով  պէտք է իրականացնել քաղաքական եւ մշակութային բարեկարգութիւններ, որպէսզի հայրենադարձը ինքզինք ո՛չ օտար զգայ, ո՛չ ալ երկրորդ դասի օտար քաղաքացի:

Այս բարեկարգումները ընող իմաստուն «ղեկավար»-ներ պէտք են, որոնք կը գիտնան իրենց ունեցած դիրքերէն անդին նայիլ` միշտ մտածելով ազգի ապագայի մասին, առաջնորդուելով «ԱԶԳԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ»-ի սկզբունքով, ո՛չ ես, ո՛չ օրուան իշխանութիւնը, ո՛չ այս կամ այն կուսակցութիւնը, կամ հզօր ղեկավարը:

Համահայկական համաձայնութեամբ եւ իմաստութեամբ պէտք է կազմակերպուիլ` գերանցելով ներսի եւ դուրսի էսթեպլիշմընթները:

Էական է, որ հարազատ մտաւորականութիւնը այս հարցերու մասին խօսի, հանրային կարծիք պատրաստէ, որպէսզի ո՛չ ոք խորհի, որ մենաշնորհեալ է, ի վերուստ ստացուած իրաւունքով եւ իշխանութեամբ լուծումներ կրնայ պարտադրել: Կարծէք ատակ չենք խորհելու յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ եւ ո՛չ ալ յաւելեալ իրաւունքի:

Մէկութեան ստեղծման եւ հզօրացման համար զուգահեռաբար պէտք է զարգացնել` համախոհութիւնը, համագործակցութիւնը եւ անոնց հունով ազգաշէն բովանդակալից գիտակից յանձնառութիւնը: Առաջադրանքներ, որ չըլլան տիրացուական շաբաթավերջի արդէն աւելի քան մէկ  դարէ ի վեր կրկնուող-չլսուող քարոզ:

Այս նպատակի իրականացումը կայսերական ուքազներով եւ մենատիրական տիքթաթներով չի յաջողիր, այլ` իր պատմական առաքելութեան գիտակցող լուսամիտ եւ անձնդիր ղեկավարութեամբ:

Առաջադրանքը մէկութեան, հզօրացման եւ գոյութենական անսեթեւեթ պայքարն է` անտեսելով կոշկոռ կապած բարքերը: Այսինքն` գործել վասն գալիքի եւ գալիք սերունդներու: Այս անմիջականը գերանցող ազգային ազնիւ եւ ազնուական ապագայակերտ քաղաքականութիւն է:

Ազգային քաղաքականութիւնը գիտակցութիւն է, որ կը մշակուի եւ կը փոխանցուի` գիտնալով պատմութիւն, որ վկայարանն է ինքնութեան եւ իրաւունքի, որ` հանրախանութէն չի գնուիր, ան դաստիարակութիւն է, կրթութիւն, դպրոց, մամուլ: Չմոռնալ եկեղեցիի դերը, որուն հայրենատիրական վկայութիւնը կայ մեր պատմութեան մէջ, Ղեւոնդ Երէցէն մինչեւ Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսը, որոնք ճակատ գացած էին:

Հնդկաստանի ժողովուրդին մեծ, անվիճելի եւ անկրկնելի առաջնորդ Մահաթմա Կանտին միասնութիւն ստեղծելու նախապայմանի մասին իմաստուն խօսք ունի: Ըսած է, որ` «Իր երկիրը սիրող ո՛չ մէկ մարդ չի կրնար անոր օգնել, որ յառաջդիմէ, եթէ ան համարձակի անտեսել յետինը իր հայրենակիցներուն»:

Այս կը նշանակէ յարգել քաղաքացի հայրենակիցը, զայն ընդունիլ որպէս հաւասար: Իշխանութիւնը ծառայութիւն է, կ՛այլասերի, երբ կը դառնայ փառասիրութիւն, դիրքապաշտութիւն: Մեր պարագային, հայրենակիցը, ամբողջական  իմաստով, Հայաստան եւ բազմանուն սփիւռք:

Կը խօսի՞նք եւ կը գործե՞նք որպէս իրաւ  հայրենատէր, հանրապետութիւն եւ սփիւռք:

Հայ քաղաքական միտքը բթացաւ` անբովանդակ հայրենասիրութեամբ, ճապաղ բարեսիրութեամբ, աղմկարարութեամբ, զբօսաշրջութեամբ:

Սփիւռքի տասը կամ աւելի միլիոններու շաբաթավերջի զուարճութիւն դարձած փոթորկումները սոսկ փակ շրջանակի մէջ մնացող կարօտի աղմուկ են, իսկ բարեսիրութիւնները` ցաւերու ամոքման համար  սոսկ վարդի ջուր, բժիշկները կ՛ըսեն` placebo: Ունէինք եւ ունինք հայրենիք եւ ազգ պահելու հիմնախնդիր, եւ ինչպէս կ՛ըսեն, «թուքով կպցրած» կարգադրութիւնները կը ծառայեն միայն խիղճ հանդարտեցնելու եւ կամ եսեր շոյելու: Հայրենիքը պետութիւն է, բնակչութիւն եւ տարածք, որոնց մասին միաւորներով եւ մանրուքներով խօսիլը անիմաստ է: Բանակ, տնտեսութիւն, հանրակրթութիւն, առողջապահութիւն կը կարօտին մեծ գումարներու, հմտութեան եւ կազմակերպութեան: Յաճախ կը մտածեմ բնակեցման եւ հայրենատիրութեան մասին, որոնք ազգի իրաւ քաղաքականութեան առանցքին պէտք է գտնուին, բայց կարծէք անոնք առաջհերթութիւն չեն` հակառակ ներսի եւ դուրսի ամէն տեսակի հրապարակային տպաւորիչ բեմական արտայայտութիւններու: Վկայութիւններ, պատկերներ եւ դառն իրականութիւններ կան, որոնց կողքով կ՛անցնինք: Եթէ մեր կացութիւնը առարկայական եւ անհաճոյակատար քննարկումներու ենթարկէինք, մեր մասին մեր պատկերացումները կը յանգէին բացասական գնահատումներու, ապա կրնանք թերեւս կը ձեռնարկենք վերականգնումի իրաւ ԳՈՐԾԸ-ը:

Սփիւռքահայ հայրենակարօտ զբօսաշրջիկ մը  տարիներ առաջ գացած էր  իր հօրենական Մշոյ շրջանի գիւղը, ուր հանդիպած էր իր գիւղին մէջ ապրող հայ գիւղացիի մը, եղած էր անոր տան մէջ: Զրոյցի ընթացքին իր գիւղին մէջ մնացած հայ գիւղացին ամբաստանութեան նմանող խօսք ըսած էր իրեն, որ ինք մնացած իր գիւղին մէջ,  շատերու պէս Պոլիս չէր գաղթած` հակառակ ընծայուած կարելիութեան, ըսած է,  որ չէր հետեւած ուրիշներու օրինակին` եւրոպական երկիր մը կամ Ամերիկա գաղթելու համար, մնացած էր իր հայրենի գիւղին մէջ, տէր եղած էր իր ընտանիքի տան: Յաճախ կը յիշեմ Սասունի Ծովասար շրջանի Քէշիշեան տոհմին լուսանկարը, ուր տան պատշգամին վրայ խմբուած էին  երէցներ, երիտասարդներ, որոնք հարցուցած էին, թէ հայերը դեռ թագաւոր եւ կաթողիկոս չունի՞ն, որպէսզի իրենց մասին մտածեն: Անոնք մնացած էին իրենց տան մէջ, իրենց հողին վրայ, տէր էին` սպասելով քաղաքական հրաշքը:

Այսօր հայը հայրենիք կը լքէ, կ’արտագաղթէ, հայը չի ներգաղթեր, հայրենահանման պատճառով յառաջացած սփիւռքը կ’աճի, սփիւռքացումը դարձած է հայու նկարագիր, սփիւռքէն ալ կը գաղթեն, կը ստեղծեն նոր գաղութներ: Կարծէք սփիւռքացումը հայուն եւ հայկական հաւաքականութիւններուն համար ազգային նոր ըմբռնում է, տեսակ մը ներքին համոզումով, որ սփիւռքը հայուն հայրենիքի շարունակութիւնն է: Մարդորսական ամբոխավարութեամբ նոյնիսկ ըսուեցաւ, որ հայութիւնը համաշխարհային ազգ է… Ի՞նչ ազգ կարելի է ըլլալ` մանրուելով, առանց հողի եւ հետզհետէ առանց լեզուի: Բախտաւոր պարագային, կը մնան կրօնական համայնքներ` ժամանակ մըն ալ տեւող ընտանեկան աւանդութիւններով:

Բայց հայրենիք-հողի տէրերը կը նօսրանան, այդ գիտակցութիւնն  ալ  կը նուազի:

Հողը եւ տարածքը հայրենիք ըլլալու համար բնակիչ կ’ուզեն: Մարդոց համախմբումները ազգ ըլլալու համար հողատարածք կ’ուզեն, ուր արձանագրուած կ’ըլլայ պատմութիւն:

Մեր ներկան դարձած է պարտութիւններու հանդէս: Ինչպէս իմաստասէր մը ըսած էր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները: Առանց սեթեւեթի` հարց կու տա՞նք, թէ ԻՆՉՈ՞Ւ կը պարտուինք եւ մինչեւ Ե՞ՐԲ այսպէս կրնանք շարունակել` առանց իրաւ յանձնառութեան ստանձնելու ազգի անդամի եւ գիտակից մարդու պատասխանատուութիւնը:

Կը խօսինք միասնութեան, եռամիասնութեան եւ ՏԱՍԸ ՄԻԼԻՈՆի մասին: Ո՞ւր էին անոնք ԱՐՑԱԽի սահմաններուն վրայ: Ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները իրապէս ի՞նչ ըրին ԱՐՑԱԽի ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ համար: Այսօր ի՞նչ կ՛ընենք Հայաստանի համար: Անբնակ տարածքը զգացական-քաղաքական գեղօր է, զոր կարելի չէ փոխադրել եւ գաղթականի մեր տուներու պատերէն կախել` զգացական հայրենասիրութիւն մշակելու համար: Տուրիզմը, ճաշկերոյթները, բարեսիրութիւնը, դրամահաւաքը, ճառերը չեն փոխարիներ ներկայութեամբ հայրենատիրութիւնը: Պատահեցաւ, որ ամպագոռգոռ ճառերու մէջ հաշուետուութիւն ըլլայ, թէ ո՞վ եւ որո՞նք քանի հայու, քանի ընտանիքի հայրենադարձութիւն իրականացուցած են, որպէսզի հայրենիքը բնակուած ըլլայ եւ տէր ու պաշտպան ունենայ: Պարզ. ներսը եւ դուրսը հայրենատիրական քաղաքականութիւն չենք ունեցած եւ չունինք: Հետեւանքնե՞րը. հայրենալքում եւ անցեալ, ներկայ ու գալիք պարտութիւններ, զորս խօսափողի աղմուկով ծածկելը խաբէութիւն  է, ինքնախաբէութիւն: Նախ պէտք է խօսիլ այս մասին` ինքնագոհական ծափէ եւ աղմուկէ,  օդանաւային շրջագայութիւններէ առաջ եւ վերջ:

Սադայէլի այս ազգաքանդ շրջանակէն դուրս գալու համար պէտք է ազատագրուիլ ներսի ու դուրսի ամուլ եւ ամլացնող շահախնդրուած քաղքենիացած երեւելիապաշտներէն` զանոնք քննադատելով ըստ ազգային հիմնական ըմբռնումի: Մտաւորականութիւնը անվարան  պէտք է բարձրաձայնէ եւ կրկնէ, որ որպէս ազգ տեւելու համար հիմնական է հայրենատիրութիւնը, որմէ անանջատելի է հայրենադարձութիւնը, որ`  սփիւռքը հայրենիք չէ, այլ` ազգը անհետացման առաջնորդող գնացքի սպասման ճոխ եւ զարդարուն սրահ:

Կը պատահի՞, որ ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւններ դատենք եւ գնահատենք` ըստ անոնց հայրենադարձական եւ հայրենատիրական իրականացումներուն, նկատի ունենալով այլասերման կանխումը, բնակեցումը եւ հայրենադարձութիւնը, որոնք խօսքի եւ կերուխումի քերմես չեն: Այդ քերմեսը մինչեւ ե՞րբ…

Comments are closed.