WIKILEAKS – «Ուիքիլիքս»-էն նոր Գաղտնի Զեկոյց Սփիւռքահայութեան մասին


Յարութ Սասունեան

 

 

 

Միշտ ալ հետաքրքրական է իմանալ, թէ Ամերիկայի հայկական համայնքը ինչպէս կը դիտուի օտարներու կողմէ: Այդ պատկերը աւելի գրաւիչ կը դառնայ, երբ գնահատականը կը տրուի ամերիկացի դիւանագէտի մը կողմէ ներքին զեկոյցի մը մէջ:

 «Ուքիլիքս»-ը  հրապարակած է մեծ թիւով ամերիկեան կառավարական գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնց մէջ` Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան հեռագիրները ուղղուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Այդ զեկուցագիրներէն մէկը, 17 Նոյեմբեր 2009 թուականի թուագրութեամբ, դեսպան Մարի Եովանովիչի «գաղտնի» զեկոյցն է, որ կ’ընդգրկէ 2009 թուականի անոր շրջայցը` Լոս Անճելըս, Պոսթոն, Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն քաղաքներ:

Ահա դեսպանին զեկոյցէն որոշ ուշագրաւ հատուածներ` «Սփիւռքի համայնքներու ներգրաւման փորձը. Հայաստան» վերնագիրով.

1. Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմը «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի իշխանութեան տակ է», մինչդեռ Կիլիկիոյ Առաջնորդարանը «կը ճանչնայ Հայոց կաթողիկոսի իրաւասութիւնը, որ կը գտնուի Անթիլիասի մէջ, Լիբանան: Ասիկա միայն վարչական նպատակներով է, սակայն, Կիլիկիոյ առաջնորդարանը կը ճանչնայ Հայաստանի Էջմիածինի Կաթողիկոսի աստուածաբանական գերակայութիւնը: Կիլիկիոյ առաջնորդարանը կապուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ)/դաշնակներու հետ. ան հիմնադրուած է 1890 թուականին եւ կը կազմէ Ամերիկայի հայկական համայնքի երեք խոշորագոյն հատուածներէն մէկը եւ իր բնոյթով պահպանողական է»: Զեկոյցին մէջ կը բացատրուի, որ «ՀՅԴ-ն/դաշնակները երկու նպատակ ունին. 1915 թուականի հայերու ջարդերը Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանաչումը եւ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ աւանդական հայկական տարածքներու վերականգնումը»: Վստահաբար կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը գոհ չէր ըլլար, որ ամերիկեան դիւանագէտը Թուրքիոյ հատուածները ներկայացուցած է իբրեւ «աւանդական հայկական տարածքներ»: Բացի այդ, զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ՀՅԴ-ն «կ’աջակցի կանանց օժանդակ միութեան յայտնի իբրեւ Հայ օգնութեան միութիւն (ՀՕՄ), ի լրումն երիտասարդական եւ մշակութային միութիւններուն եւ ԱՄՆ-ի մէջ գործեղ խոշոր լրատուամիջոցներուն, ներառեալ` թերթեր, ձայնասփիւռ եւ հեռուստատեսութիւն»:

2. Զեկոյցին մէջ ամերիկահայ կաթոլիկները ներկայացուած են իբրեւ «ամենափոքր կրօնական դաւանութիւն…. Հայ կաթոլիկ եկեղեցին կ’աջակցի քիչ թիւով դպրոցներու եւ մանկատուներու, բայց գրեթէ ոչ մէկ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ»:

3. «Հայ բողոքական համայնքը կը համարուի ամենահին հայկական համայնքը Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այդ համայնքին անդամները շատ գործունեայ են իրենց` Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեամբ»:

4. «Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն»-ը (ՀԲԸՄ) հիմնադրուած է 1906 թուականին, երկրորդ խոշոր հատուածն է եւ ամենամեծ բարեգործական կազմակերպութիւնը հայկական համայնքին մէջ… անոնք կապուած են Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) հետ, նաեւ յայտնի են իբրեւ ռամկավարներ, որոնք գործունեայ են (բայց լուսանցքային) Հայաստանի, Սփիւռքի ամերիկեան համայնքու եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս՝ Լիբանանի»:

5. «Հնչակները կամ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը երրորդն է հայկական համայնքի քաղաքական կազմակերպութիւններու խումբին մէջ եւ ամենասակաւաթիւը: Ան կը գործէ իբրեւ քաղաքական ակումբ Քալիֆորնիոյ մէջ եւ կը հրատարակէ շաբաթաթերթ մը»:

6. Զեկոյցին մէջ կը թուարկուին նաեւ «անկախ կազմակերպութիւններ, որոնք քաղաքական բնոյթ չունին», ինչպէս Ամերիկայի հայկական համագումարը [ԱՀՀ], Լինսի հիմնադրամը, Քաֆէսչեան հիմնադրամը եւ Թուֆէնկեան հիմանդրամը: Հետաքրքրական է, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) տեղադրուած է այս կարգին մէջ, հակառակ որ զեկոյցը կ’ընդունի, որ Հայ Դատի յանձնախումբը «ընդհանուր առմամբ կը ճանչցուի իբրեւ դաշնակցականներու լոպպիստական կազմակերպութիւն»:

7. Զեկոյցը մարդասիրական խումբին մէջ կ’ընդգրկէ Հայ օգնութեան ֆոնտը, «Հայաստան» համահայկական հիմադրամը, Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը, Ճինիշեան հիմնադրամը, Հայկական ակնաբուժական ծրագիրը եւ Հայաստանի ծառատունկ ծրագիրը, սակայն չի նշուիր Միացեալ հայկական հիմնադրամի մասին, որ 700 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած է Հայաստան 1988 թուականի երկրաշարժէն ի վեր:

8. Դեսպան Եովանովիչ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Սփիւռքի հետ կապ հաստատելու օրինակներ:

9. Զեկոյցին մէջ հայկական Սփիւռքը կը քննադատուի «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, ընտրական բարեփոխումներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման» չաջակցելու համար: Սակայն, հոն կը նշուիէ, որ ամերիկահայերը ֆինանսական օժանադակութիւն կը ցուցաբերեն երկու վերլուծական կեդրոններու` Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին եւ Սիվիլիթաս հիմնադրամին:

Դեսպան Եովանովիչի զեկոյցին առաւել հետաքրքրական բաժինը կը վերաբերի Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Ան կը պնդէ, որ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները «սեւեռուն ուշադրութիւն կը դարձնեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան որոշումներուն եւ արագօրէն կը համախմբեն իրենց աջակիցները ընդդէմ Հայաստանի կառավարութեան, եթէ Սփիւռքի խումբերը տեսնեն, որ կառավարութիւնը չի գործեր Հայաստանի լաւագոյն շահերէն մեկնելով:

Շատ խումբեր դէմ հանդէս եկած են կառավարութեան տարածաշրջանային հաշտեցման ջանքերուն, այն հիմնաւորումով, որ նման հաշտեցումը չ’ընդգրկեր Լեռնային Ղարաբաղի եռացող հակամարտութեան լուծումը կամ ճանաչումը կամ Օսմանեան կայսրութիւնը իրագործած 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը: Այլ կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են Ամերիկայի հայկական համագումարը եւ ՀԲԸՄ-ը, հրապարակայնօրէն կ’աջակցին կառավարութեան քաղաքականութեան, ուղղուած տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ Կովկասի մէջ Հայաստանի մեկուսացման վերջ դնելուն: 2009 թուականի Սեպտեմբերին, ԱՀՀ-ը, ՀԲԸՄ-ը, Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու եկեղեցիները եւ ռամկավարները հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որով կ’աջակցէին նախագահ Սարգսեանի` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման արտաքին քաղաքականութեան»:

Թէեւ դեսպանին զեկոյցը կը պարունակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ, սակայն ան ճշգրիտ եւ համապարփակ ձեւով չի բնութագրեր ամերիկահայ համայնքի ամբողջ պատկերը:

 

Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.