ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (ԺԹ․)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
*
Յանուն Սփիւռքահայութեան

Թէօլէօլեան Յարութիւն Քիւրքճեանի «Փորձ Տարա-Գրութեան Մասին» գիրքին հրատարակման առիթով գրած է յօդուած մը, որ մեկնած է «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» գրափորձի մէկ միտքէն, որ «հրամայական» մը կը ներկայացնէ: Ի՞նչ է հրամայականը: «Օրակարգ» մը։ Անիկա «պէտք է ըլլայ ակունքը մեր նոր գաղափարախօսութեան, այդ նոր տեսութեան, առանց որուն՝ Սփիւռքի մէջ հնչող քաղաքականացման հրաւէրը ապայժմեայ, ժամանակավրէպ բան մը պիտի ըլլայ», մտածած է Թէօլէօլեան:

Քիւրքճեանի գիրքը քաղաքագիտական ձեռնարկ մը չէ, այլ «ինքնութիւնը փնտռելու փորձ», ինչպէս բացատրած է Գրիգոր Շահինեան։ Պիտի ըսէի՝ հատոր մըն է, որ կը վերաբերի հայ ինքնութեան նոր սահմանումի մը, եւ անոր այժմէական տեսաբանումին եւ բազմեզր վերակառուցումին։ Բայց քանի Թէօլէօլեան իր անդրադարձին առաջնահերթ առարկայ դարձուցած է «Սփիւռքի մէջ հնչող քաղաքականացման հրաւէրը», որ ըմբռնուեցաւ իբրեւ կոչ Հայ դատին սպասաւորութեան, ապա հարկ է հետեւիլ իր մտածումին։ Ինք այն հրաւէրը «ժխոր» մը համարած է։ Ժխոր մը՝ որուն համար տեսական կամ գաղափարախօսական հարցը լուծուած է արդէն, եւ ո՛չ նոր տեսութեան կամ նոր գաղափարախօսութեան կարիքը կայ, եւ ո՛չ ալ՝ ժառանգուածի վերատեսութեան կամ նորոգման։ Ուստի՝ պէտք է անցնիլ «գործնականին, արարքին», անոր՝ «որուն սովէն հիւծած մնաց յետ-Թեհլիրեան սերունդին յաջորդող սփիւռքահայութիւնը, մինչեւ 1970-ական թուականներու սկիզբը»:

Կոչը «յանկերգի վերածուելու վտանգին մէջ» տեսած է: Որեւէ կարգախօս որ անսպառօրէն կը կրկնուի, մանաւանդ երբ հանրային կեանքը սփոփանքի, օրօրուելու, քունի մէջ մտնելու ցանկութեամբ կ’ապրի (եւ մտաւորականին տեսակէտով՝ այդպիսին էր եղած 1922-1973-ի Սփիւռքեան կեանքը), անընդունելի յանկերգ մըն է: Իսկ մտաւորականներու կրաւորականութիւնը՝ աններելի:

Թէօլէօլեան իր այս կեցուածքով՝ չէր ուզած նախատել 1922-1973 «նուիրում»ով ապրած ու մեռած մարդիկը: Գրած է. «Այդ սերունդին գործած այս կամ այն սխալը կարելի է իբր “յանցանք” մատնանշել՝ եթէ կրնանք փաստել, որ անոնք կրցածնին չըրին։ Սակայն ընդհանրապէս ըրին: Զանազան գրական շարժումներ ու քաղաքական նորութիւններ եւ տարակարծութիւններ, մանաւանդ Փարիզի մէջ (Շահնուր, Շուշանեան, Շաւարշ Միսաքեան, “Մարտկոց”ական շարժում), կու գան փաստելու, որ հայ յեղափոխական միտքը բոլորովին չէր քնացած»: Անոնց «թափած քրտինքն ու արիւնը» յարգելով հանդերձ, իր սերունդին պարտականութիւնը համարած է «ընել երկու ուրիշ բան»:

Նախ՝ «փորձել հասկնալ, թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ձախողեցան այս անձերու կամ խմբակներու ամենէն կարեւոր գործերէն ոմանք»:
Երկրորդ՝ «մերժել անցեալի մը սրբացումը. չարտօնել որ “Սփիւռքահայութեան անցեալ” պատուանդանին վրայ դրուելիք արձանները…կուռքերու վերածուին»: Այս կէտով իր համակարծութիւնը յայտնած է Քիւրքճեանի, ըստ որուն Միջին Արեւելքի ամբողջ սերունդ մը տուժած է յետ-Եղեռնեան յաճախ ձախող կռապաշտ մտածելակերպէն:

Թէօլէօլեանի սոյն յօդուածին գրութեան ատեն (70-ականներուն), կար «նոր վտանգ մը»: Այն վտանգը՝ «քաղաքական արարքի, աքսիոնի պապակ զգացող սերունդ մը» կ’աճապարէր «չմտածուած կարգախօսի ու պատգամի վերածելու “քաղաքականացում”ի կոչը»: Անհրաժեշտը սակայն՝ ա՛ն չէր: «Քաղաքականացում»ի կոչը կարիքը ունէր «տեւական վերաքննութեան», կը կարօտէր «զանազան սփիւռքահայերու անձնական յեղափոխական փորձառութեան», որպէսզի այն «վերաքննութիւն»ը «յաջող ձեւով» եւ «անդադար» կատարուէր:

Ի՞նչ հասկցած է «անձնական յեղափոխական փորձառութիւն»ով: Օրինակ մը տուած է, եւ անիկա Քիւրքճեանի նկարագրած Փարիզի 1968-ի Մայիսեան դէպքին ֆրանսահայ եւ լիբանանահայ տղոց եւ աղջիկներուն յանձնառութեամբ, որ էր անոնց գործնապէս մասնակցութիւնը ուսանողական ցոյցերուն: Այն յանձնառութիւնը հասկցած է որպէս «հայ յեղափոխական անցեալէն» իրենց «վերացականօրէն հասած»ին անձնապէս իրագործում: «Վերացականօրէն հասած»ին անոնց «անձնական փորձառութեամբ» իրագործումը՝ միայն «մէկ օրինակ»ն էր «քաղաքականացում» կոչին «վերանորոգման բազում կարելիութիւններուն»: Այլ օրինակ մըն է՝ «Փարիզի պատնէշներուն ետեւ սալաքար “ուտող” կամ համալսարանի մէջ ոչ-հայ աշխատաւորներու տնտեսական շահերուն մասին իր թէզը պատրաստող ուսանողը կրնայ ծառայել հայութեան, ու կը ծառայէ՝ իր փորձառութեամբ կամ իր տեսութիւններով»:

Հանրային մտքին երկար ժամանակ ընդարմացումը «վերացական եւ խորհրդանշական արտայայտութիւններով», եւ ատոր պատճառով շատ «խոր ծարաւը՝ գործնականին համար», որեւէ «որոշ արարքներ» խրախուսելը՝ վտանգ կը ներկայացնէ: Քննազուրկ գաղափարախօսութիւն մը՝ գործնականը կուռք կ’ընէ, եւ «թշնամի է ճշմարիտ, այսինքն՝ տեսութիւնն ու փրաթիքը զօդող գաղափարախօսութեան»: Տեսականին եւ գործնականին խզումը, եւ անմտածում գործնականութիւնը՝ կրնայ «լիովին չծառայել» հայութեան շահերուն:

Իսկական քաղաքականացումը՝ նախ «հրաւէր մըն է ամէն հայ մարդու եւ կնոջ՝ որ չբաւականանայ մեր աւանդական մօտեցումներով: Անիկա յաճախ կը քարոզուի «իբր հայապահպանման հին նպատակին օգտակար եղող մէկ նոր ազդակ: Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս որ կ’ըսենք՝ «մէկ լեզու, մէկ ժողովուրդ, սկսած ենք ըսել՝ “մէկ քաղաքական նպատակ, մէկ ժողովուրդ”»:

Էական հարցումներ. «Ո՞վ պիտի որոշէ, թէ ի՛նչ է այդ քաղաքական նպատակը, ո՞ր անձերը կամ կազմակերպութիւնները պիտի ներկայացնեն հայ ժողովուրդի շահերը եւայլն»: Բայց ասոնց պատասխանները տալէ առաջ՝ պէտք է զբաղիլ «աւելի առաջնահերթ հարցով մը»: Հարցով՝ որուն մտահոգութիւնը ունեցած են Քիւրքճեան եւ իր նկարագրած ֆրանսահայը: «Ինչպէ՞ս կրնանք մղել քաղաքական պայքար մը, որ հայ մարդու հետաքրքրութիւնները եւ վերամտածուած (պիտի աւելցնէի՝ վերամտածուող, վերամտածելի _ ԳՔ) հայկական դատի մը պէտքերը չհակադրէ յանուն արդարութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու մղուած ուրիշ պայքարներու: Ո՞րն է այն տեսութիւնը, այն վերլուծումը պատմութեան, ներկային եւ ապագային, որ մեզի պիտի արտօնէ տեսնել մեր յատուկ դերը՝ համաշխարհային պայքարներուն լծել մեր ուժերը, եթէ որոշենք մինակ չկռուիլ»: Թէօլէօլեանի միտքը այն չէ, թէ «մենք մեր հաւաքական փոքր ուժերը պէտք է ցրուենք ամէն կողմ: Ո՛չ մեր մարդկային ուժերը, ո՛չ մեր տնտեսական կարողութիւնը, եւ ներկայիս գոնէ՝ ո՛չ իսկ մեր իմացական կարողութիւնները նման տարածում եւ ցրւում կ’արտօնեն մեզի»: Իր միտքը՝ կը փափաքի ստեղծումը քաղաքական տեսութեան մը, որ, օրինակ, չի կապկեր «ամերիկեան» կոչուած քաղաքական գիտութիւններուն «նեղ սահմաններ»ը, այլ կը վերածուի աշխարհիմացութեան մը: Աշխարհիմացութիւն մը, որ «անկարելի» հայապահպանումի մը տեղ՝ կ’ընդունի «սփիւռքահայութեան անդադար վերստեղծումի հրամայականը»:

Հայապահպանման այն տեսութիւնը «որ ձեւաւորեց ու կազմեց թէ՛ “հայեցի” կոչուող դաստիարակութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, թէ՛ ալ ուրիշ բաներ (օրինակ՝ մեր ժողովուրդի կարծիքը ի՛ր իսկ մասին՝ իբր յաւիտենական զոհ), (…) մահամերձ է, ու մեր պարտականութիւնն է զայն թաղել յարգանօք, եւ անոր տեղ ստեղծել նոր եւ բազմակողմանի տեսութիւն մը, խարսխուած թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ համաշխարհային կենցաղներու եւ ապրելակերպի հասկացողութեան վրայ»: Այս տեսութիւնը կարեւոր է, որ ըլլայ առարկայ բանավէճերու, եւ հասնի հանրութեան, եւ անոր սեփականութիւնը դառնայ:
Քաղաքական բիրտ գործնապաշտութիւնը, որ նաեւ պիտի թաթխուէր եղբայրասպան արեան մէջ, պիտի կասեցուէր։ Եւ «քաղաքականացում»ի կոչը պիտի շարունակէր հնչել «իբր հայապահպանման հին նպատակին օգտակար եղող»։ Մինչդեռ իրաւ քաղաքականացումը հայապահպանման նպատակին օգտակար ըլլալէ անդին տեսութիւն մը ունենալու է։

Եւ յանկարծ կը պոռթկար Արցախեան շարժումը․ «անկիւնադարձային թուական» հայոց պատմութեան մէջ։ Մեծ եղաւ անոր ցնցումը հայութեան կեանքին մէջ։ Ցնցումին մեծ ալիքներ պիտի աւելցնէին նաեւ երկրաշարժն ու Ազրպէյճանի ձեռամբ հայերու կոտորածները։ Ցնցումին հետ պիտի յայտնուէր հայութեան միակամութիւնը։

Թէօլէօլեան Արցախեան շարժումին թուականը անուանած է «հայաշարժ տարի»։ Բազմաց հետ ինքն ալ մեծապէս խանդավառուեցաւ, տեսնելով՝ թէ «հարիւր հազար կարգապահ հայեր կը տողանցեն Ղարաբաղի համար»։ Այնուհանդերձ, նաեւ գրեց՝ թէ «մեծ խանդավառութիւնները՝ մեծ անձկութիւններու միւս երեսակն են»։ Ու յիշեց Նախիջեւանի կքիլը։ Մտաբերեց՝ թէ Արցախը «կ’ապրի թուրքին յաւէտ սպառնացող կրունկին տակ»։ Ախտանշեց Հայաստանի պարպուիլը։ Եւ ցաւագին արձանագրեց․ «Եթէ Հայաստանը Սփիւռքի արեւն է, Սփիւռքը չարաշուք խոստումն է, որ կը ծառանայ սահմանէն անդին» (Սփիւռքազգը/Քայքայում Եւ Կառուցում, 1988)։ Այս արձանագրութեան «ծառանալ»ը իր ժխտական նշանակութեամբ հանդերձ՝ կրնա՞յ դրական նշանակութիւն մըն ալ ունենալ։ Ըստ Թէօլէօլեանի ընդհանուր հայեացքին՝ վստահաբար։

Այսօր որ Արցախի անկումէն յետոյ Սփիւռքի մէջ «յուսախաբութիւնը շատ մեծ է», եւ խաբուածութեան զգացումը անյաղթահարելի կը թուի, Թէօլէօլեան խորապէս գիտէ, թէ համբերութիւն է պէտք «ամբողջական հայրենիքի մը վերակերտում»ին եւ այնտեղ վերադարձի տեսլականին իրականացման համար։ Համբերե՛լ՝ «քանի որ միշտ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է խոստացուած Երկիրը»։ Եւ բարձրացնե՛լ միշտ ազգային ինքնագիտակցութեան ու ինքնակազմակերպման մակարդակները։ Արդարեւ, «կարողականութիւն մը կայ, որ ուժի կրնայ վերածուիլ»։

Սփիւռքը ընելիք ունի։

Comments are closed.