«Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովը Նոր Լոյս Պիտի Սփռէ Պատմական Իրողութիւններուն Վրայ

Աւստրիացի գրող եւ մարդասէր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը կը պատմէ 1915 թուականին թրքական ջարդարարներու դէմ Կիլիկիոյ` Սուէտիոյ շրջանի հայութեան հերոսական պայքարի մասին, եւ այս տարի պիտի նշուի անոր հրատարակման 90-ամեակը:

Վէպի յոբելեանը Երեւանի մէջ նշանաւորուեցաւ ստեղծագործութեան նուիրուած միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի կայացումով:

Գիտաժողովին մեկնարկը տրուեցաւ սեպտեմբեր 19-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախագահ Էլինա Ասրիեան ընդգծեց, որ Ֆրանց Վերֆելը յայտնի էր իր խաղաղասիրական համոզմունքներով եւ հակառազմականացման դիրքորոշումներով, որուն համար 1912-ին բանտարկուած է: «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ընկալման եւ լուսաբանման հարցին մէջ Վերֆելը եւ անոր վէպը ունեցած են իսկապէս մեծ ազդեցութիւն: Եթէ 1915 թուականի ջարդերը նկարագրելու ժամանակ բազմաթիւ հեղինակներ եւ հետազօտողներ կը ներկայացնէին թրքական բարբարոսութեան զոհ դարձած մարդոց ճակատագիրները, ապա Վերֆելը ներկայացուցած է 1915 թուականի Ցեղասպանութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան դրուագ մը` անով շեշտադրելով հերոսական պայքարի ուժը, արժէքն ու նշանակութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն` փոխնախագահը շեշտեց, թէ քիչ չեն այն հետազօտութիւնները, որոնք կը վկայեն, որ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին պատճառած է զանգուածային խոց: Ասրիեանի խօսքով, այսպիսի հետազօտութիւններ կատարուած են Արեւմուտքի, նաեւ Հայաստանի մէջ, սակայն ասոնք բաւարար չեն, եւ Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետազօտութիւնները հատուկենտ են: Ան յոյս ունի, որ գիտաժողովը նաեւ այսպիսի հետազօտութիւններու վերաբերեալ նոր քննարկումներու հարթակ կը դառնայ:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, Երեւանի պետական համալսարանի անգլիական բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ Սեդա Գասպարեան ընդգծեց, որ գիտաժողովը իրականացաւ «Հայերու ցեղասպանութիւնը. անցեալի եւ ներկայի ներհայեցումներ» խորագրով: «Պատմութեան այդ էջերը կարելի չեն եւ պէտք չէ ջնջել մարդկութեան յիշողութենէն, որովհետեւ միայն մեր աւանդոյթներուն վրայ խարսխուելով կրնանք` յառաջ նայիլ, նորը ստեղծել, մեր սխալները ուղղել, յառաջադիմել: Խորագիրը շատ կարեւոր է ու մտածուած, որովհետեւ այն ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ որդեգրած էր Օսմանեան կայսրութիւնը, որ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին կը հետապնդէր մեզ, այսօր ալ կը շարունակուի թուրք-ազրպէյճանական քաղզոյգով: Մեր աչքին առջեւ մենք զրկուեցանք Արցախէն, արցախցին զրկուեցաւ իր երկրէն, ուր դարերով ապրած եւ արարած է: Այսօր ալ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան հարցը կը շարունակէ արդիական մնալ, եւ այդ էր պատճառը, որ ընտրուեցաւ այսպիսի խորագիր», նշեց Գասպարեան:

Ան յոյս ունի, որ գիտաժողովի ընթացքին բարձրաձայնուող հարցերը կրնան նոր լոյս սփռել լուծումներուն վրայ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսուցման ծրագրի տնօրէն, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Վահրամ Շեմմասեան նախորդ ամառ վեց շաբաթով գտնուած է Հայաստան եւ առաջին անգամ այցելած` Երեւանի պետական համալսարան ու ծանօթացած` դասախօսներու հետ: Ան անոնց յիշեցուցած է, որ շուտով պիտի լրանայ Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպի հրատարակման 90-ամեակը, եւ առաջարկած է այդ առիթով կազմակերպել միացեալ գիտաժողով:  «Ինծի ըսին, որ այդ կարելի է: Վերադարձայ Լոս Անճելըս, ուր կ՛ապրիմ եւ կը դասախօսեմ: Անցան ամիսներ, եւ լուր չկար: Վերջապէս հաղորդեցին, որ պատրաստ են այսպիսի գիտաժողով կազմակերպել, որուն համար շատ ուրախ եմ», պատմեց Շեմմասեան` վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա կը ծառայէ իր նպատակին:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան գիտաժողովին մեծ նշանակութիւն կու տայ եւ կը յիշեցնէ, որ 1915 թուականի գեհենէն ետք մոռացումի, ուրացումի, անկումի տարիներ եղած են: «Այդ ժամանակ ոչ ոք կը խօսէր Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան, Վանի ինքնապաշտպանութեանց մասին, որովհետեւ վէրքը շատ թարմ եւ շատ խոր էր: Ֆրանց Վերֆելի պէս մարդիկ նոր խօսք բերին այս հարցին մէջ: Անոնք ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դարձուցին աշխարհի սեփականութիւնը` իմացութեան առումով, այլեւ յիշեցուցին, որ հայ ժողովուրդը ուղղակի չէ մորթուած, այլեւ ընդվզած, կռուած է: Ցեղասպանութիւնը, հայրենազրկումն ու ինքնապաշտպանութիւնը մէկ շղթայով ներկայացան Ֆրանց Վերֆելի շնորհիւ: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի հետ 2020 եւ 2023 թուականներուն, Ցեղասպանութեան կրկնութիւնն էր: Հարց շատ կը տրուի` մենք դասեր քաղա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ: Այո՛, քաղած ենք: Մենք SOS կը հնչեցնէինք աշխարհով մէկ, բայց մեզ լսող չկար, ինչպէս չկար Ա. աշխարհամարտի տարիներուն: 21-րդ դարուն եւս մեր ձայնը լսելի չէր: Կը խօսէինք այն մասին, որ մենք նախացեղասպանական վիճակի մէջ ենք, ինչպէս Ա. Աշխարհամարտի նախօրէին, այնպէս ալ` 2020-ի, 2022-ի, 2023-ի նախօրէին: 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին այդ ողբերգութիւնը ամբողջացաւ, եւ մենք նաեւ հայրենազրկուեցանք: Շատերը կը շարունակեն խօսիլ այն մասին, որ մենք հեզ, հնազանդ, ինչպէս` 1915-ին, կոտորուեցանք ու լքեցինք մեր հայրենիքը` հեշտութեամբ ցեղասպանուելով ու հայրենազրկուելով: Ո՛չ, 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին միօրեայ մարտերու մէջ հայ ժողովուրդը հերոսաբար կռուեցաւ Արցախի մէջ` ամփոփուած, մեկուսացած, բայց կռուեցաւ: Այսօր մեր մէջ չկան ֆրանցվերֆելներ, որպէսզի գրի առնեն այդ ամէնը: Մեզ վերֆելներ, արմին վագներներ են պէտք: Ուրախանալի է, որ գիտաժողովին մասնակցած են օտարներ, որոնք պէտք է շարունակեն մեզի հետ միասին SOS հնչեցնել եւ ըսել, որ այսօր ալ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ նախացեղասպանական իրավիճակի մէջ, ցաւալիօրէն աշխարհը կը շարունակէ մնալ լուռ», եզրափակեց Աշոտ Մելքոնեան:

Գիտաժողովին մասնակցեցան գիտնականներ` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Լիբանանէն եւ Քանատայէն:

Անոնց զեկոյցներուն ուշադրութեան կեդրոնն էին «Մուսա լերան քառասուն օրը» վէպի պատմական քաղաքական եւ գրական նշանակութիւնը, Ֆրանց Վերֆելի հայանպաստ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` պատմութեան տարբեր շրջափուլերու մէջ հայերու հանդէպ հետեւողականօրէն իրականացուած թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութիւնն ու անոր դրսեւորումները:

«Գիտաժողովի նպատակն է վեր հանել այն հրամայականը, որ չդատապարտուած ցեղասպանութիւնները կը ծնին նոր ոճրագործութիւններ, որուն դրսեւորումը աշխարհը տարիներ առաջ տեսաւ Մերձաւոր Արեւելքի, հիւսիսարեւելեան Ափրիկէի մէջ, ապա նաեւ բռնագրաւուած Արցախի մէջ` ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւուածութեամբ: Գիտաժողովին նպատակն է եւս մէկ հարթակ ձեւաւորել` ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, որովհետեւ աշխարհի մէջ տակաւին կան երկիրներ, որոնք ոչ միայն ցեղասպանութիւններ կը գործեն, այլեւ ցեղասպանութիւն կ՛արտահանեն` հովանաւորելով վերոնշեալ  խմբաւորումները, եւ անոր արձագանգները տակաւին լսելի են մեր տարածաշրջանին մէջ», ըսուած է գիտաժողովի հաղորդագրութեան մէջ:

Միջազգային գիտաժողովը նախաձեռնեցին` Երեւանի պետական համալսարանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը,  Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագրի (ԱՄՆ) եւ Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի (Լեփսիուսհաուս, Գերմանիա) հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ:

Գիտաժողովը կայացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի ֆինանսաւորմամբ իրականացուող ծրագրի շրջանակին մէջ:

Comments are closed.