ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ՊԵՏԸ՝ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ
2004-էն ի վեր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարող Սերկէյ Լաւրով ծնած է Մոսկուա 21 Մայիս 1950-ին։ Անոր հայրը Թիֆլիսէն հայ մըն է, իսկ մայրը Վրաստան ծնած ռուս մը, որ կ՚աշխատէր Խորհրդային Միութեան արտաքին առեւտուրի նախարարութեան մէջ։
Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութեանց պետական հիմնարկին մէջ ուսանողութեան տարիներուն, Լաւրով հետեւած է միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղին եւ շուտով սորված է Սրի Լանքայի պաշտօնական լեզուն՝ Սիհալերէնը, ինչպէս նաեւ Մալտիվի պաշտօնական լեզուն՝ Տհիվեհին։ Ան սորված է նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն։
1972-ին, Լաւրով կ՚աւարտէ համալսարանը։ Օրին գոյութիւն ունէր այն օրէնքը, որ Մոսկուայի պետական հիմնարկէն վկայուած անձերը պէտք է որոշ ատեն աշխատին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, ուստի զինք կը նշանակեն Սրի Լանքայի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան խորհրդականի պաշտօնին։ Նշեալ դեսպանատունը նաեւ կապեր հաստատած էր Մալտիվի հետ։ 1976-ին, Լաւրով կը վերադառնայ Մոսկուա։ 1981-ին, կ՚ուղղարկուի Նիւ Եորք ՄԱԿ-ի մէջ խորհրդային առաքելութեան մօտ իբրեւ աւագ խորհրդական։ 1988-ին, Մոսկուա վերադառնալով կը նշանակուի Խորհրդային Միութեան միջազգային տնտեսական յարաբերութեանց փոխ ղեկավար։ 1990-էն 1992-ի միջեւ կը ստանձնէ Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութեան տնօրէնի պաշտօնը։
Լաւրով 2012-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ
1992-ին Լաւրով կը նշանակուի Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութեանց եւ համաշխարհային հարցերու բաժանմունքի ղեկավար, որմէ ետք կը նշանակուի նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնին։
9 մարտ 2004-ին նախագահ Վլատիմիր Փութին զինք կը նշանակէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար։ 21 Մայիս 2012-ին, դարձեալ կը ստանձնէ ռուսական դիւանագիտութեան պետի պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ օրս։