Հայաստանի Կողմէ Պաղեստինի Ճանաչումը. Վկայութիւն Մեր Հաւաքական Յիշողութեան Եւ Արժէքներուն

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հայաստանը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած վաղեմի երկիրը, նշանակալի քայլ կատարեց՝ ճանչնալով Պաղեստին պետութիւնը։ Այս որոշումը Հայաստանը կը միացնէ աւելի քան 140 երկիրներու եւ Վատիկանի Սուրբ աթոռին հետ, ներառեալ Սպանիոյ, Նորվեգիոյ եւ Իրլանտայի կողմէ վերջին ճանաչումները, հակառակ Իսրայէլի խիստ առարկութիւններուն։ Անիկա կ՝ընդգծէ Հայաստանի հաւատարմութիւնը ազգերու իրաւահաւասարութեան, քաղաքային բնակչութեան նկատմամբ բռնութեան դիմակայելու եւ ազգերու ինքնորոշման ու մարդասիրական համերաշխութեան սկզբունքներուն։

Հայաստանի աջակցութիւնը «երկու պետութիւններ»-ու լուծումին խորապէս արմատաւորուած է հայութեան պատմական փորձառութեան մէջ: Իբրեւ ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու ենթարկուած ժողովուրդ, մենք կը համակրինք Պաղեստինի մարդկայնական ճգնաժամին եւ կը զօրակցինք շրջանային շարունակուող հակամարտութեան անյապաղ աւարտին: Պատմական այս պահը կ՝ուժեղացնէ Հայաստան ազգ-պետութեան ձայնը միջազգային հարթակին վրայ՝ իբրեւ ՄԱԿ-ի 193 անդամներէն մէկը։

Այս որոշումը նոյնպէս նշանակալի է՝ հաշուի առնելով Երուսաղէմի մէջ մեր երկարամեայ ներկայութիւնը: Հայկական թաղամասը՝ Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկը, դարեր շարունակ պատկանած է հայ համայնքին, այդտեղ մեր ներկայութիւնը կը սկսի 4-րդ դարու սկիզբէն, երբ Հայաստան դարձաւ աշխարհի առաջին երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն: Երուսաղէմի հայ համայնքը կը վայելէ որոշակի իրաւունքներ եւ ան անբաժանելի է քաղաքի բազմամշակութային խճանկարէն։ Եւ այսպէս, Պաղեստինի ճանաչումը համահունչ է Երուսաղէմի մեր պատմական դերին: Վկայ՝ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան ողջոյնի յայտարարութիւնը։

Հայութեան համար սա հաւաքական պահ մըն է, որ կը խօսի մեր միասնութեան մասին՝ իբրեւ համաշխարհային անդրազգային համայնք՝ իր ազգ-պետութեան կողքին: Անիկա կը գերազանցէ այսօրուան բեւեռացուած ներքաղաքական մտնոլորտը եւ մեզ կը յիշեցնէ մեր ազգի բարոյական միասնութեան կարեւորութիւնը: Սա այն պահն է, երբ սփիւռքի Հայ դատի լոպիիստական ​​ցանցը պէտք է համագործակցի Հայաստանի պետութեան դեսպանութիւններուն հետ՝ ընդլայնելու պատմական այս որոշումին նշանակութիւնը։

Շատեր ճանաչումը փորձեցին կապել Էրտողանի եւ Փաշինեանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Հայաստանի՝ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը, ընդգծելով, որ «Թուրքիան պիտի շարունակէ ջանք չխնայել, որ յաւելեալ երկիրներ Պաղեստինը ճանչնան»: Յօդուածագիրը այս բաժինը գիտակցաբար պիտի անտեսէ:

Հայերը պէտք է հպարտանան այս պահով: Անիկա կ՛արտացոլէ մեր հաւաքական ձայնը՝ ի պատասխան մարդասիրական հրատապ կոչին, նոյնիսկ այն պարագային, երբ աշխարհը 2023 թուականի աշնան չկրցաւ անդրադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթին:

Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը հպարտութեան եւ նշանակալի պահ է աշխարհասփիւռ հայութեան համար։ Անիկա կ՝ընդգծէ, որ կրօնական ինքնութիւնը մեր մարդասիրական արժէքներուն վրայ ազդեցութիւն չունի, հակառակ Ազրպէյճանի փորձերուն Հայաստանը միշտ բացասական կերպով ներկայացնելու իսլամական աշխարհին, մինչդեռ ան Իսրայէլին քարիւղ արտածողն է, իսկ վերջինս՝ Ազրպէյճանի բռնակալի զէնքի հիմնական մատակարար: Այս որոշումը նաեւ կ՝ընդգծէ մեր հետեւողական համակրական հասկացողութիւնը Ողջակիզումի յիշատակին նկատմամբ՝ ի տարբերութիւն Իսրայէլի կառավարութեան՝ մինչ օրս Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու առումով որդեգրած մերժողական կեցուածքին:

Այսօր Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը միջազգային հանրութեան պէտք է յիշեցնէ, որ մեր դիրքորոշումը կը բխի մեր անսասան բարոյական կողմնացոյցէն, որ կը կիսենք 193 ազգ-պետութիւններէն 145-ին հետ, որոնք քաջութիւն ունեցան ճանչնալու Պաղեստինի պետութեան գոյութեան իրաւունքը՝ իբրեւ խաղաղութեան ուղի Միջին Արեւելքի ամէնէն անլուծելի հակամարտութեան. Պաղեստինի պետութեան գոյութեան նոյնիսկ խորհրդանշական կարելիութիւնը օգտակար է Պաղեստինի միջազգային դիրքի բարձրացման համար եւ կրնայ խթան հանդիսանալ ուրիշ երկրներու, որպէսզի մտածեն ճանաչման մասին, եւ ճնշում գործադրուի Իսրայէլի վրայ՝ աւերիչ պատերազմը դադրեցնելու շուրջ բանակցութիւններու սկսելու համար:

Եզրափակելով կ՛ուզենք նշել, որ եթէ ​​այսօր Երուսաղէմի հայկական վանքը ապաստան գտած ցեղասպանութենէն վերապրած հանգուցեալ որբ օսմանահայ մեծ մօրս` Լուիզային ձայն տային այս օրը, երբ Հայաստանը Պաղեստինը ճանչցաւ իբրեւ պետութիւն, անոր հաւանական պատասխանը կ՝ըլլար. «Եաւրում, Հայաստանը պարզ պետութիւն մը չէ. ան մեր հաւաքական յիշողութիւնն է. այլ կերպ վարուիլ չէր կրնար օղլում. Երուսաղէմի մեր վանքը դուն չես տեսած…Եա՞»։

Comments are closed.