«Մենք Կրնանք Խնդիրը Լուծել, Եթէ Վաղուընէ Սկսեալ Ընդամէնը 96 Ժամ Առանց Դադարի Մնանք Փողոցը Եւ Մեր Կամքը Պարտադրենք» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան
կիրակի, 9 յունիսին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեանի հրաւիրած համազգային հանրահաւաքը:
Մինչեւ հանրահաւաքի սկսիլը երիտասարդները Սասունցի Դաւիթ կայարանի, Հրազդան մարզադաշտի եւ Մատենադարանի յարակից տարածքներէն երթով միացան հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազար քաղաքացիներուն:
Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով եւ Տէրունական աղօթքով:
Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ոստիկանական վայրագութիւնները յիշեցնող տեսանիւթ:
«Այս ժամանակաշրջանին իշխանութիւնները բազմաթիւ միջոցներով կը ճնշեն մարդոց վրայ, ատիկա կրնայ դրսեւորուիլ մատ թափ տալէն սկսած մինչեւ կալանաւորում: Ունինք քաղաքական բանտարկեալներ, որոնք երկար ժամանակ է բանտ նստած են», իր ելոյթի ընթացքին յայտարարեց փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան:
Անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց ոստիկաններու կողմէ քաղաքացիներու նկատմամբ բիրտ ուժ գործադրելուն` փաստաբանը ըսաւ. «Քանի տակաւին մէկ ոստիկան չէ կանչուած պատասխանատուութեան, քաղաքացիներու նկատմամբ որեւէ գործողութիւն, ներառեալ ձերբակալում եւ կալանաւորում, ապօրինի է, քանի որ տարբերակուած մօտեցում կը կիրարկուի»:
«Հինգ իրաւապաշտպաններու անունով կ՛ուզենք կարմիր պերեթ նուիրել մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, որովհետեւ ան հիանալի կը պաշտպանէ կարմիր պերեթներու իրաւունքը» ըսաւ Ռուբէն Մելիքեան` աւելցնելով, որ այսօր անիկա անպայման կ՛առաքուի Անահիտ Մանասեանին:
«Իմաստ չունի իմ ուսանիլս, եթէ յետոյ պէտք է դառնամ թուրքի կիրթ ստրուկը: Մենք` ուսանողներս, կը գիտակցինք աւելին, քան կը թուի շատերուն: Վերջին հինգ տարիներուն մենք շատ բան հասկցանք: Շատ ժամանակ դժուար էր կոշմնորոշուիլ` փողոց դուրս գալ, մտնել պայքարի մէջ, բայց այսօր մեզի այլ ճանապարհ չեն ձգած: Մենք յաղթանակի սերունդ ենք, եւ մեր յաղթանակը պէտք է շարունակական ըլլայ: Մենք համաձայն չենք ապրելու պարտուողի հոգեբանութեամբ: Ես այստեղ եմ, որ ունենամ ամուր պետութիւն, որպէսզի կառուցեմ իմ ապագաս արժանապատիւ երկրի մէջ, ստիպուած չըլլամ արտագաղթել այլ երկիր», իր խօսքին մէջ ըսաւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող Արման Սարգսեան, որ պայքարի օրերուն նոյնպէս տուժած էր ոստիկաններու բռնի գործողութիւններուն պատճառով:
Հանրահաւաքի ժամանակ ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Սրբազան պայքար»-ի տարբերանշանը:
Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան իր ելոյթին մէջ նշեց. «Մէկ ամիս է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ ուշադիր կը հետեւին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Ձեր պայքարին կը հետեւին անհանգստացած, որ յանկարծ այստեղ փոփոխութիւն մը չպատահի:
«Բացի անկէ, որ կ՛անհանգստանան, ձեր սկսած պայքարին պատճառով Թուրքիոյ մէջ կը հրաւիրեն անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւնը ձեռնտու չէ իրենց շահերուն», ըսաւ Գեղամեանը` աւելցնելով, որ իրենք կ՛անհանգստանան, որովհետև գիտեն` բոլորիս պայքարը պիտի յանգեցնէ ոչ թէ թրքական, այլ` հայկական խաղաղութեան:
Բագրատ արք. Գալստանեանը յայտարարեց, թէ կեղծ են բոլոր թեզերը, որ այսօր պատերազմ գոյութիւն չունի, եւ իբրեւ թէ մենք պիտի նպաստենք անոր վերսկսման:
«Սա մեծագոյն կեղծիքն է, քանի որ պատերազմ բերած իշխանութիւնը չի կրնար պատերազմ աւարտել: Լաւագոյն պարագային անիկա մեզի պիտի տանի ամբողջական ինքնայանձնման, մեր հայրենիքի, պետութեան եւ ինքնութեան կորուստով: Պատերազմը չէ աւարտած: Անիկա կը շարունակուի այս յանցաւոր սահմանազատման եւ սահմանագծման տեսքով», ըսաւ սրբազանը:
«Անցումային կառավարութիւնը պիտի պատրաստուի արտահերթ ընտրութիւններու` առանց անոնց մասնակցելու», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:
Ան նշեց, թէ անցումային կառավարութիւնը օրակարգային երեք ուղղութիւններով պիտի աշխատի.
ա) Հաշտութեան կառավարութիւն վերկուսակցական սկզբունքով` կազմուած բոլոր ունակներէն` իրենց մասնագիտական վաստակով, գիտելիքներով եւ նուիրումով: Ներքին հաշտութեան` արդարութեան սկզբունքի վրայ:
բ) Արտաքին յարաբերութիւններ` իրական խաղաղութեան, առանց հականերու, հայկական օրակարգով:
գ) Սահմանուած ժամկէտի մէջ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններու նախապատրաստում եւ կայացում` առանց յաւակնութիւն ունենալու մասնակցելու այդ ընտրութիւններուն` ազատ ու թափանցիկ միջավայր եւ մեկնարկային արդարութիւն ապահովելով բոլոր քաղաքական ուժերուն համար:
Բագրատ սրբազանը յայտարարեց շարժման յառաջիկայ օրերու ընելիքները եւ պահանջները:
«Կը դիմեմ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն.
Քայլ 1. Մեր պահանջով Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորները կը նախաձեռնեն խորհրդարանի արտահերթ նիստ 11 յունիսին` ժամը 18:30-ին, կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու օրակարգով:
Քայլ 2. 10 յունիսին Ազգային ժողովի խորհուրդը ժողովուրդի որոշումով պարտաւոր է ընդունիլ որոշում արտահերթ նիստ հրաւիրելու մասին, քաղաքական մեծամասնութիւնը` ՔՊ-ական պատգամաւորները, պարտաւոր են ենթարկուիլ ժողովուրդի կամքին, գործել անձնական խիղճով եւ համոզմունքով: Մեր ներկայութեամբ մենք անոնց թոյլ պիտի չտանք հերթական հակապետական սխալը գործել:
Քայլ 3. Համաժողովրդական պահանջի հիման վրայ խորհրդարանը իր արտահերթ նիստով հաւանութիւն կու տայ գործող կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու որոշումին»:
«Խաղալու ժամը չէ, պէտք է գործել», յայտարարեց սրբազանը:
Հանրահաւաքի աւարտին Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ երթ` Ամիրեան, Մաշտոց եւ Բաղրամեան փողոցներով:
Comments are closed.