ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՀԱՐՐԻ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

Ժաք Կարապետ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի (ՔՄԻԹ) կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Համաշխարհային Ա պատերազմին ընթացքին եւ ատկէ ետք, Օսմանեան կայսրութիւնը հայ բնակչութիւնը բնաջնջելու փորձ մը կատարեց։ Զոհերը կոտորուեցան կամ անապատի մէջ դէպի մահ քշուեցան։ Կէս միլիոն ուրիշներ արտասահման ապաստանեցան։ Քանատան իր դռները բացաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած մանուկներուն առջեւ։ Այդ մանուկներէն Հարրի Կարապետ ինքզինք Մանիթոպայի մէջ Քիլլարնիի մօտ ագարակի մը մէջ գտաւ։ Անոր զաւակը՝ Ժաք Կարապետ վերջերս ՔՄԻԹ-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի(ՀՑԹՀ) միջեւ համաձայնութեան ստորագրութեան առթիւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսք մը արտասանեց։ Ստորեւ Հարրիի պատմութիւնը իր զաւակին՝ Ժագի բառերով։

Օր մը, մէկը ինծի հարցուց, եթէ Ուիննիփեկի մէջ ՔՄԻԹ մը ունենալը ինծի համար որեւէ իմաստ ունի։ Կարճ պատասխանս «Այո» է։ Անցեալ շաբաթ պատիւն ունեցայ ականատեսը ըլլալու ՔՄԻԹ-ի եւ Հայաստանի Ազգային գիտութեանց ակադեմիայի միջեւ կարեւոր եւ պատմական գործընկերութեան հաստատման։ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային իրաւանց կարեւոր պատմութիւն մըն է եւ այս առթիւ հպարտ եմ հօրս պատմութիւնը ձեզի պատմելու։

Զաւակն եմ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբի մը։ Հայրս ծնած է 1906-ին, Կարապետ Յարութիւնեան անունով։ Անոր անունը հետագային հնչելու դիւրութեան համար փոխուած է Հարրի Կարապետի։ Դժբախտաբար հօրս մանկութեան մասին շատ քիչ տեղեկութիւն ունիմ. միայն կը յիշեմ այն ինչ, որ ինծի ըսած է մանկութեանս եւ երիտասարդութեանս ատեն։

Հայրս յաճախ կ՚ըսեր, թէ իր մայրը գորգագործութիւն կը կատարէր։ Անոնք տոպրակներով արդէն իսկ կշռուած բուրթ կը բերէին, եւ անոր մայրը զանոնք կը հիւսէր։ Դպրոցէն ետք հայրս մօրը կ՚օգնէր։ Գորգի աւարտէն ետք, անոր կ՚արտօնուէր աւելցած բուրդէն փոքր բաժին մը պահելու։

Հայրս իր ծնողներուն մահուան եւ ընտանիքին մասին պատմած է։ Ան վեց զաւակներու մէջ անդրանիկն էր։ Օր մը պատմեց, որ իր հօրը գիշերով ձերբակալած են եւ սպաննած։ Հայրս տակաւին երեխայ, թրքական որբանոցի մը մէջ դրած են։ Կը հաւատար, որ մեծ մայրս իր մնացեալ զաւակներուն հետ Եգիպտոս ապաստանած էր։ Հօրս ստիպած են կրօնափոխ ըլլալ։ Աստուած գիտէ, թէ մեծ մօրս եւ հօրս հինգ եղբայրներուն ու քոյրերուն ինչ պատահեցաւ։

Հայրս պատմեց, որ ինչպէս գիշեր մը զինք համոզած են աւելի տարեց ընկերոջ մը հետ որբանոցէն փախուստ տալ, եւ ինչպէս իրենք վազեցին, ապա գիւղը ապաստանեցան։ Անոնք իրենց ճարպիկութեան շնորհիւ օրապահիկնին ապահոված են։

Հայրս 17 տարեկան էր, երբ իր ճամբորդութիւնը սկսաւ։ Մենք իսկապէս չենք գիտեր եւ ես չեմ կարծեր, որ ինք եւս գիտէր, թէ ուր կ՚երթայ։ Հայրս Յունաստանէն Անգլիա եկաւ, ապա Լիվըրփուլէն նաւով Մոնթրէալ գացած է։

Սալվէյշըն Արմին որբանոցի մէջ պատսպարուելիք երեք մանուկներ, ներառեալ հայրս Քանատա փոխադրած է։ Հայրս ճամբորդութիւնը շարունակած է դէպի Մանիթոպա։ Ան շոգեկառքով ճամբորդութեամբ հմայուած էր եւ կ՚ուզէր ճամբորդութիւնը կրցածին չափ երկարել։ Ան նախապէս շոգեկառք չէր տեսած եւ հետաքրքիր էր։ Շուգեկառքը զինք Ուինիփեկ բերած է. զինք զետեղած են Քիլլարնի շրջանին մէջ հողագործներու մօտ։

Ինծի ըսաւ, որ մարդիկ շատ լաւ վարուած են իր հետ, թէեւ բնաւ անգլերէն չէր գիտեր։ Հետագային անդրադարձած է, որ իրեն հայհոյանքներ սորվեցուցած են, որովհետեւ իր հայկական առոգանութեամբ զանոնք լսելը զուարճալի գտած են։ Քանատայի մէջ իր առաջին տարիներուն շատ ուրախ էր։ Ան երբէք առանձնութենէ չէ տառապած, որովհետեւ բազմաթիւ նոր ընկերներ ունեցած է։ Մի քանի տարի լաւ աշխատելէ ետք ի վերջոյ հող գնած է եւ հողագործութեամբ զբաղած։

Վեց տարի արտասահմանի մէջ քանատական բանակին մէջ ծառայած է, որմէ ետք, երեսուն տարիէ աւելի իր շրջանի յարգուած քաղաքական գործիչներէն եղած է։

Հարրի Կարապետ հինգ զաւակներու հայր էր, իսկ այսօր իր շառաւիղները՝ թոռներ, ծոռեր, եւ ծոռերու զաւակներ՝ կը կազմեն 65 հոգի։ Փոքրիկ հայ որբէն սերած իսկական տոհմ մը։ Մեզմէ շատեր տակաւին Քիլլարնիի եւ հարաւարեւմտեան Մանիթոպայի մէջ կը բնակին։

Ծերանալէ ետք, հայրս միշտ ինքզինք Քանատայի պէս ազատ երկիր մը գալու բախտը ունեցած ըլլալուն համար երախտապարտ կը զգար։ Մինչեւ իր մահուան օրը փառք կու տար Աստուծոյ Սալվէյշըն Արմիին, իր ընտանիքին եւ Քանատայի համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.