ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ՄԻՋԵՒ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԿԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

ԱՆՏԵՍՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳՆ ՈՒ ՎՏԱՆԳԻ ԱՆՏԵՍՈՒՄԸ


Լորընս Պրովըրզ «Կովկասեան հրատարակութիւն» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ յառաջիկայ տարի 20-ամեակն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հաստատման, որմէ ետք թէեւ խաղաղութեան հինգ տարբեր առաջարկներ եւ խաղաղութեան հոլովոյթին տապալման սուր վտանգներ եղած են, կացութեան ընդհանուր պատկերը՝ կեցուածքներու անփոփոխ վիճակ, ռազմականացման աճ եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի քաղաքական կեանքի բոլոր մարզերու հակամարտութենէն խոր ազդեցութիւն։

1991-1994-ի եռամեայ պատերազմի յաղթական կողմերը՝ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ռազմական գետնի վրայ պաշտպանական ամուր դիրքեր ունենալով՝ յանձնառու կը մնան իրավիճակին։ Անոնք նաեւ վիճելի տարածքներէն դուրս ազրպէյճանական լայն տարածքներ գրաւած են։ Տարածքներ, որոնք հայկական կողմին համար ատենօք բանակցութեանց մէջ զիջումներ ապահովելու սակարկութեան միջոց կը նկատուէին, իսկ այսօր կը նկատուին իբրեւ հայկական հողեր եւ իբր այդպիսին անբանակցելի դարձած են։ Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ զանոնք զիջիլը հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ:

Ազրպէյճան վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին Կասպիականի քարիւղէն գոյացած տոլարներով շրջանային հարուստ երկրի մը վերածուած է, ինչպէս նաեւ զինարշաւ խթանող մը, որ այդ մարզին մէջ տարեկան չորս միլիառ տոլար կը ծախսէ։ Ռազմատենչ յայտարարութիւններն ու ռազմական ցուցադրութիւնները Ալիեւի վարչակարգին հրապարակային դէմքն են, ինչ որ խաղաղ այլընտրանքներու առիթները կը նսեմացնէ։ Մինչեւ օրս ոչ ոք գիտէ, թէ Ղարաբաղի հայերուն խոստացուած «Աշխարհի վրայ ինքնավարութեան բարձրագոյն մակարդակ»-ը ճիշդ ինչ կը նշանակէ, միակ աղբիւրը խորհրդային ժամանակաշրջանի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզն է, ինչ որ մեզ 25 տարի ետ՝ դէպի հակամարտութեան արմատը կը տանի։ Թէեւ անցնող տասը տարիներուն ընթացքին հակամարտութեան խաղաղ փոխակերպման կարելիութիւն մը գոյութիւն ունէր, սակայն Ազրպէյճան շարունակ կարծր ընտրանքին դիմեց։

Լարուածութիւնն ու փոխադարձ սպառնալիքները նորութիւն մը չեն։ Սակայն ռազմական կարիքներու սրումը պէտք է դիտուի երկու ազդակներու ծիրին մէջ։ Առաջինը՝ գետնի վրայ զինուորական սարքերու եւ զինուորներու տեղակայման տարողութիւնն է։ 2008-ին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցածին նման հնգօրեայ պատերազմ մը անհաւանական է։ Իսկ այն մտահոգութիւնը, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնները իրենք զիրենք խուսանաւումի կարելիութիւններէ զուրկ «ո՞վ առաջինը աչքը պիտի թարթէ»-ի խաղի մէջ դրած են, իսկական է։

Երկրորդ ազդակը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ պետութիւն-հասարակութիւն յարաբերութեանց դանդաղ վատթարացումն է։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ իշխանութեանց մարտահրաւէր ուղղողներուն բազմակարծութիւնը եւ ընդդիմադիր քաղաքականութիւնը՝ վտանգաւոր խաղի մը վերածուած են:

ԱՊԱՍԱՌԵՑՆԵԼ ՄԵՐ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Միջազգային ընտանիքին մէջ դերակատարները ի՞նչ պէտք է ընեն։ Առաջին հերթին գաղափարները արդիականացնենք։ Ղարաբաղի տագնապը տակաւին «սառեցուած տագնապ» մը կամ «ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» կացութիւն մը եւ «յետխորհրդային» հակամարտութիւն մը կը նկատուի։ Այս հակամարտութիւնը հետզհետէ նուազ նմանութիւններ ունի Մերձտնեսդրի կամ Աբխազիոյ հետ եւ հետզհետէ սկսած է նմանիլ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի, երկու Քորէաներուն կամ Իսրայէլի եւ անոր կարգ մը արաբ դրացիներուն միջեւ միջպետական հակամարտութեանց։ Կրնայ յոռետեսական թուիլ, սակայն այդ օրինակներու եւ յաջող կերպով լուծուած հակամարտութեանց պարագաներուն հետ բաղդատականներ ընելը կրնայ պատշաճ ըլլալ։

Երկրորդ՝ եթէ հակամարտութեան վերասահմանումը ընդունինք, ապա պէտք է նաեւ զայն լուծելու մեր ռազմավարութիւններն ալ վերատեսութեան ենթարկենք։ Տարիներէ ի վեր ապրած ենք այն մտածումով, թէ միջազգային միջնորդութեամբ խաղաղութեան հոլովոյթ մը քայլ առ քիչ դէպի համաձայնութիւն կ՚ուղղուի, սակայն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու պատմութիւնը յստակ կը դարձնէ, որ այս գաղափարը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Հակամարտութիւնը չէ, որ սառեցուած է, այլ՝ խաղաղութեան հոլովոյթը։

ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՆՏԱՆԵԼԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գոյութիւն ունի այն տեսակէտը, որ խաղաղութեան հոլովոյթին սառեցուած ըլլալը ընդունիլը չարիքներու փոքրագոյնն է, իսկ տագնապի նկատմամբ կատարուած աշխատանքը մեր յուսացածին չափ է։ Ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ բանավէճերուն եւ քննարկումներուն հիմը եղող ընտրանքներու կտրուկ տարբերութիւնը մեծապէս կը բարդացնէ այս դիրքորոշումը։ Կը թուի, թէ միակ ընտրանքը ներկայ պահուս մտացածին եւ մինչեւ իսկ անիրականալի թուող խաղաղութեան համաձայնութեան մը եւ նոր համապարփակ պատերազմի միջեւ է։ Ասիկա բոլորը կամ ոչինչ ընտրանք մըն է։ Այսպիսի ընտրանքները խորհրդանիշեր օգտագործող քաղաքականութեան դիմող կիսաբռնատիրական ղեկավարներուն սրտին կը խօսին, սակայն ներկայ կամ ապագայ ճակատներուն մօտ եղողներուն համար ծանր հետեւանքներ ունին։ Թէեւ սթաթիւս քոյի ամրագրման դէմ ազրպէյճանական առարկութիւններ եւ ապահովութեան վերաբերեալ հայկական առարկութիւններ պիտի ըլլան՝ կը հաւատամ, որ ղարաբաղեան խաղաղութեան հոլովոյթին համար առաջնահերթութիւնը այս երկու ընտրանքներէն բացի այլ ընտրանքներ եւս գտնելն է։

Գոյութիւն ունին խաղաղութեան հաստատման եւրոպական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք տեղական գործընկերներու հետ այդ նպատակին ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին։ Անոնցմէ մէկն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար եւրոպական գործընկերութիւնը, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ կը ֆինանսաւորուի։ Դժբախտաբար, այսպիսի կազմակերպութեան գործունէութիւնը լուսարձակներու տակ չէ եւ պիւտճէն ալ շատ փոքր, իսկ տագնապին առչնակից կամ ոչ առնչակից կողմեր քարիւղի եւ կազի օրակարգը շրջանային խաղաղութենէն աւելի կարեւոր կը նկատեն։

ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ՝ Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ԸՆԵԼ

Ասոնք են այն կարգ մը պատճառները, թէ ինչո՞ւ դժուար է նոր պատերազմի մը եւ հետզհետէ մտացածին թուացող խաղաղութեան համաձայնութեան մը ընտրանքներէն այլ ընտրանքի մը հաստատումը։ Սակայն առաջին հերթին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն կողմէ կիրարկելի միջին հասողութեամբ քաղաքականութեանց լայն ընտրանք մը գոյութիւն ունի, ինչ որ ներկայ կացութեան նոր աշխուժութիւն մը կրնայ տալ։ Այս ընտրանքներուն առիթ տալը ,առաջին հերթին կը նշանակէ ռազմատենչ յայտարարութիւններէն եւ ռազմական տողանցքներէն հրաժարիլ, ինչպէս նաեւ արձակազէններու հեռացում, ճակատի երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան կապի հաստատում եւ հայկական ու ազրպէյճանական ուժերուն հետ գործող միջազգային կազմակերպութեանց կողմէ դէպքերու հետաքննութեան աւելի նկատառելի մեքանիզմներու հաստատում։

Մինչեւ 2003 կանոնաւոր կերպով կատարուած սահմանային փոխադարձ այցելութիւնները պէտք է վերսկսին։ Տեղահանուած անձեր պէտք է կարողանան իրենց նախկին բնակավայրերը ապահով կերպով այցելել ու կարենան այդտեղ բնակողներուն հետ կապեր հաստատել։ Սահմանափակ տարածքներէ փորձառական հեռացումներ կրնան վերածուիլ տեղահանուած համայնքներու վերադարձի, յուշարձաններու վերականգնման եւ երկու համայնքներու միջեւ կապերու վերականգնման փորձառական ծրագիրներու։ Փոխանակ դրամ ծախսելու գիրքերու, որոնք կը փորձեն հաստատել, թէ հայերը Կովկասի բնիկներ չեն՝ Ազրպէյճան կրնայ Ազրպէյճանի մէջ հայկական մշակութային ֆոնտ մը հաստատել, վերականգնելու համար քանդուած հայկական ժառանգութիւնը։ Եւ փոխանակ ջատագովելու քարտէսներ, որոնք պատերազմի աւարները իբրեւ հայկական հողամասեր կը ներկայացնեն, Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կրնան աւելի մեծ տարածքներ ազրպէյճանական վերահսկողութեան վերադարձնելու ծրագիրներ մշակելու սկսիլ։

Այսպիսի գաղափարներու դէմ բազմաթիւ առարկութիւններ կան, մասնաւորաբար իշխանութեան վրայ գտնուողներու կողմէ։ Անոնք այս գաղափարները պարզամիտ, անիրագործելի եւ վտանգաւոր կը նկատեն։ Սակայն այս գաղափարները շատ աւելի համեստ են քան անոնք, որոնք ներառուած են Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ, որոնք աւելի քան հինգ տարի շարունակ բանակցութեանց սեղանին վրայ ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ քննարկուած են։ Այս նախաձեռնութիւնները կրնան հայկական ու ազրպէյճանական հասարակութիւնները ազատել գոյութենական սպառնալիքի քաղաքականութիւններէն, ինչպէս նաեւ «ամբողջը կամ ոչինչ» ընտրանքներէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.