ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ Ք. ՓԵԼԹԵՔԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ


 

 

13 հոկտեմբեր 2013-ին լոյս տեսաւ Քաթիա Մինաս Փելթեքեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակները. հրապարակումներ բրիտանական մամուլին մէջ 1914-1923 թուականներուն» երկհատոր գիրքը։

Աւելի քան հազար յօդուածներ պարունակող երկհատոր գիրքը կը ներառէ 1914-1923 թուականներուն բրիտանական մամուլին մէջ հրապարակուած բոլոր այն յօդուածները եւ անդրադարձները, որոնք կը վերաբերին այդ ժամանակահատուածի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ իրագործուած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան։ Այս ձեւով փորձ կատարուած է կարելի եղածին չափ մանրամասն կերպով ներկայացնել հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցած ողբերգութիւններու հանդէպ բրիտանական կառավարական եւ ոչ կառավարական շրջանակներու վերաբերմունքը։ Գիրքին մէջ առանձնայատուկ կերպով ներկայացուած է նաեւ բրիտանական խորհրդարանին մէջ հայութեան առնչուած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ընթացակարգերը։

«Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան կայքէջի փոխանցմամբ, գիրքի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 22 նոյեմբերին՝ Լոնտոնի մէջ Ճենիսթըն Կարտընզ Լոնտոն 25 հասցէին գտնուող «Հայկական տուն» շէնքին մէջ։

Գիրքի հեղինակը համացանցի վրայ տուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած է, որ հրատարակման համար անհրաժեշտ բոլոր նիւթերու հաւաքումը եւ ատոր հետ կապուած ելեւմտական ծախսերը կատարած է անձնապէս՝ առանց որեւէ հայկական կամ ոչ հայկական կազմակերպութեան օժանդակութեան։ Մանրամասնելով գիրքի ստեղծման աշխատանքները՝ Քաթիա Փելթեքեան նշած է, որ ցեղասպանութեան հարցը հետազօտող գիտնականներու մեծամասնութիւնը իրենց հրապարակումներուն մէջ կը փորձեն առաւելաբար ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ամերիկեան աղբիւրներու եւ ատոնց տուած տեղեկութիւններուն վրայ՝ այդ ձեւով անտեսելով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան վերաբերեալ բրիտանական կողմի արձագանգները։

Հեղինակի համար իբրեւ սկզբնաղբիւր հանդիսացած են «Տը Թայմզ» (Լոնտոն), «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» (ներկայիս ծանօթ իբրեւ «Տը Կարտիըն») եւ «Տը Սանտէյ Թայմզ» թերթերը։ Համեմատութեան համար հեղինակը կը նշէ, որ «Տը Թայմզ»-ի 1875-1923 ժամանակաշրջանի հրապարակումները աւելի ընդգրկուն տեղեկատուութիւն կը պարունակեն հայերու հետ կատարուած իրադարձութիւններու վերաբերեալ քան «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն»-ի հրապարակումները։

Երկհատոր գիրքը, ըստ էութեան, բացառապէս մամուլի հրապարակումներու հաւաքածու մըն է եւ չի ներառեր որեւէ գիտական կամ ակադեմական հրապարակում։ Գիրքին մէջ զետեղուած են Բրիտանիոյ Լորտերու եւ Համայնքներու պալատներու կողմէ կատարուած աւելի քան 65 քննարկում-բանավէճեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի մէջ հայերու վիճակին, գաղթական հայերու կացութեան եւ վերջիններուս օժանդակութիւն ցուցաբերելու բրիտանական կողմի քայլերուն։

Գիրքը լոյս կը սփռէ նաեւ Մուսթաֆա Քեմալի եւ թուրք ազգայնականներու կողմէ գործուած հայերու կոտորածներու փաստերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերու եւ ատոնց հիմքը կազմող մեծ տէրութեանց մասնաւոր շահերուն վրայ։ Հեղինակը, այդ ժամանակաշրջանին հակահայկական տրամադրութիւններ ունեցող կողմ կը ներկայացնէ Բրիտանական կայսրութեան հնդիկ իսլամ քաղաքացիները։

Յայտնի լրագրող, համալսարանական դասախօս Քաթիա Փելթեքեանը ծնած եւ մեծցած է Պէյրութ։ Հիմնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, իսկ հետագային ուսումը շարունակած է Քանատայի մէջ։ 1999-ին սկսած է զբաղիլ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող օրուայ մամլոյ հրապարակումներու հաւաքագրմամբ եւ անգլերէն թարգմանութեամբ։ Հրատակարած է հայութեան վերաբերող բազմաթիւ յօդուածներ, որոնց շարքին կ՚առանձնանան 2000-ին հրատարակուած «Heralding of the Armenian Genocide: Reports in the Halifax Herald (1894-1922)» եւ 12 տարուայ աշխատանքի արդիւնք եղող, վերջերս լոյս տեսած «The Times of the Armenian Genocide: Reports in the British Press, 1914-1923»-ը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.