Ըստ Թուրքիոյ Պատմութեան Խորհուրդի Նախագահին՝ Հայերը Ցեղասպանութեան Մասին Փաստեր Չունին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ կը գործէ Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդ կոչուած մարմին մը, որ հեղինակաւոր հիմնարկութիւն կը նկատուի։ Այս խորհուրդին նախորդ նախագահն էր փրոֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ յաճախ շատ սուր ու անընդունելի կեցուածք որդեգրած էր մասնաւորաբար Հայկական Հարցին մէջ՝ հաւատարմօրէն պաշտպանելով պետական պաշտօնական տեսակէտը եւ պնդելով, թէ թուրքերը չէին, որ կոտորեցին հայերը, այլ՝ ընդհակառակը: Հալաճօղլու երկար տարիներ դրժելէ ետք 1915ի պատահարներու իրական հանգամանքը, օր մըն ալ պաշտօնազրկուեցաւ, իսկ անոր փոխարէն նախագահ նշանակուեցաւ փրոֆ. Մեթին Հիւլակիւ։ Թերեւս դրական նոր փոփոխութիւն մը պիտի գար այս նոր նշանակման շնորհիւ, բայց այդպէս չեղաւ։
Փրոֆ. Հիւլակիւ անցեալ օր հարցազրոյց մը ունեցած է «Պուկիւն» թերթի աշխատակից Սետա Շիմշեքի հետ. այս զրոյցին ընթացքին, ուրիշ նիւթերու առընթեր, Հայկական Հարցին կապակցութեամբ ան յայտնած է այնպիսի գաղափարներ, որոնք յայտնի կը դարձնեն, թէ ոչինչ փոխուած է այս հաստատութեան գաղափարախօսութեան մէջ։
Խորհուրդի այժմու նախագահն ալ 1915ի պատահարներուն մասին ժխտումի կեցուածք որդեգրած է, եւ ուշագրաւ է, որ այդ ողբերգութեան մասին խօսելու ժամանակ, իր խօսքերուն մէջ հայերու հանդէպ ցաւակցութեան կամ համակրանքի յետին շեշտ իսկ չկայ։
Այսպէս, երբ իրեն հարցուած է, թէ կը մտածէ՞, որ հայերը 2015ին նոր տեսութեամբ մը երեւան պիտի գան Թուրքիոյ դէմ, Հիւլակիւ պատասխանած է՝ ո՛չ։ Իր կարծիքով՝ 2015ը այսօրուան կացութենէն տարբեր պիտի չըլլայ։
«Այս նիւթին գծով վախնալու բան չունինք: Այն պնդումները, որոնք այդ թուականին մեր դիմաց պիտի ելլեն, արդէն այսօր ալ կան։ 2015ին ոչ մէկը մեր դիմաց պիտի ելլէ նոր պնդումներով։ Արդէն, եթէ հայերը փաստեր ունենային, թէ մենք ջարդած ենք զանոնք, մինչեւ այսօր մէջտեղ կը հանէին։ Եթէ ունին՝ թող հրամմեն, թող բերեն տեսնենք այդ փաստերը», ըսած է ան։
Հիւլակիւ աւելցուցած է, որ եթէ հայերը այս մասին փաստեր ունենային, ապա հարիւր տարի չէին սպասեր։ Այս խօսքերը, որոնք կու գան պատմութեան հիմնարկի մը նախագահի բերանէն, համարձակօրէն հրապարակաւ կ՛անտեսեն 1915ի պատահարներուն մասին այն անհամար իրականութիւնները, որոնք մէջտեղ դրուած են տասնամեակներէ ի վեր։
«Մենք մեզմէ վստահ ենք: Պատմութեան մէջ գէշ նիշ չունինք։ Հրեաները Սպանիայէն ազատեցինք, Անատոլուն բոլորին բացինք։ Պատմութեան մէջ ամօթալի բան չունինք։ Եթէ 2015 ըսուի, մարդիկ պէտք է յիշեն Չանաքալէն (Կալիփոլի), այլ ոչ թէ Հայկական Հարցը։ Հայկական Հարցն ալ արդէն Չանաքալէի մէջն է: Եթէ Չանաքալէի պատերազմը չըլլար, Հայկական Հարց ալ չէր ըլլար։ Մենք չենք, որ ստեղծեցինք Հայկական Հարցը։ Ֆրանսացիներն ու անգլիացիները հազարաւոր քիլոմեթր հեռուներէն եկան ու Անատոլուն գրաւել ուզեցին։ Չանաքալէի առջեւ ճակատ գրաւեցին՝ իրենց հետ առնելով նաեւ հայերն ու ռուսերը։ Ապա մեզի կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ տեղահանութիւն ըրինք։ Եթէ անոնք Չանաքալէ չգային, տեղահանութիւն ալ չէր ըլլար։ Հայերը մեզմէ չէ՛ որ հաշիւ պէտք է պահանջեն, այլ՝ Ֆրանսայէն եւ Ռուսիայէն», եզրակացուցած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.