ՄՈՒՇՆ ՈՒ ԱՆՑԵԱԼԻ ԱՆՈՐ ԳԱՆՁԵՐԸ


 

Վարագ Գեթսէմանեան «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ կը գրէ, որ Մուշի Քալէ պատմական փողոցին մէջ գտնուող հայկական տուներու քանդումին լոյսին տակ հայկական հին քաղաքը աչքէ անցնելը շահեկան պիտի ըլլայ։ Ան կը նշէ, որ հնագիտական պեղումներն ու Մուշի ճարտարապետութենէն այն ինչ որ մնացած է կը վկայեն քաղաքին ժամանակին ունեցած մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական կարեւորութեան մասին։ 1915-էն առաջ անոր ունեցած մշակութային եւ նիւթական հարստութիւնը այն գլխաւոր պատճառն է, որ այսօր շրջանի բնակիչները անցեալի գանձերը գտնելու յոյսով կը քանդեն հին բնակարանները։ Թուրքիոյ խորհրդարանի Մուշէն ընտրուած երկու անդամներ Տեմիր Չելիք եւ Սիրիրի Սաքիք այս երեւոյթին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են։ Հրատարակիչ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլու աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցաւ «քանդումը դադրեցուցէք» արշաւին մէջ։ Բարեբախտաբար քանդումը դադրեցաւ, սակայն բնակարաններուն 80 առ հարիւրը արդէն քանդուած է։ Վերջին երկու ամսուան ընթացքին հայկական 44 տուներ քանդուեցան, իսկ մնացեալ 28-ը քանդուելու եզրին են։

Քանդումի գործընթացը մէկ կողմէ պետութեան նպատակներուն կը ծառայէ, իսկ միւս կողմէ տեղւոյն բնակչութեան որկրամոլութիւնը կը գոհացնէ։ Կառավարութեան նպատակը այդ տուներուն մէջ բնակող քիւրտերը հեռացնելն ու այդ բնակարաններուն տեղ առեւտրական համալիրներ եւ պանդոկներ կառուցելն է։ Բայցեւայնպէս բնակարաններու ամբողջական քանդումը անուղղակի կերպով կապուած է 21-րդ դարու մշակութային ցեղասպանութեան, որուն նպատակը հայկական վիլայէթներուն մէջ հայութեան վերջին հետքերը ջնջելն է։ Մշակոյթի մը բնաջնջման այս քաղաքականութիւնը թրքական կառավարութեան հետեւողական քաղաքականութիւնն է եւ զայն կ՚օգտագործէ իբրեւ քարոզչական զէնք որեւէ հայու դէմ, որ կը պնդէ, թէ այդ հողերուն վրայ 1915-էն առաջ հայեր գոյութիւն ունէին։ Թէեւ այս քաղաքականութիւնը իրողական գետնի վրայ ջարդեր կամ տեղահանում չի պարունակեր, սակայն շարունակութիւնն է 1915-ին որդեգրուած նոյն քաղաքականութեան, որուն նպատակը հայկական միլլեթը ֆիզիքական եւ մշակութային գետնի վրայ բնաջնջելն է։ Հայերու մշակութային հարստութեան քանդումը կամ սեփականացումը նաեւ բացայայտ ցուցանիշ մըն է, թէ թրքական իշխանութիւնները ինչպէս կառչած կը մնան իրենց նախահայրերէն՝ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէէն ժառանգած ցեղասպանական քաղաքականութեան։

Իրենց բնակարաններուն տակ գտնուող հայերու գանձերու երազէն տարուած, բազմաթիւ քիւրտեր սեփական ձեռքերով քանդած են իրենց իսկ բնակած տուները։ Այս դիպաշարը կը յիշեցնէ 1915-ը, երբ հայերու նիւթական հարստութիւնը թուրք եւ քիւրտ բնակչութիւնը մղեց համատարած թալանի։ Հաւանական է, որ այդ մարդիկը վերջերս կառավարական պաշտօնատարներու կողմէ քաջալերանք ստացած են՝ բնակարաններու քանդումը նուազ ծախսով արագացնելու համար։ Գանձ փնտռողները մինչեւ հիմա ոչինչ կրցած են գտնել։

Մուշ իրապէս կարեւոր քաղաք մըն էր, որ կը պարունակէր մշակութեային, կրթական, կրօնական եւ առեւտրական նկատառելի թիւով կեդրոններ։ Կը հաղորդուի, որ Մուշի գաւառը 1915-էն առաջ 299 եկեղեցիներ, 94 վանքեր եւ 53 սրբատեղիներ ունէր։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ 1915-էն առաջ քաղաքը 135 դպրոցներ ունէր 5669 հայ, քիւրտ, թուրք աշակերտներով։

Այդ մշակութային բարգաւաճումը նիւթական աջակցութեան պէտք ունէր, բան մը, որուն Մուշը կարօտ չէր։ Արդարեւ քաղաքի կեդրոնը գտնուող շուկային մէջ 800 գործարաններ, խանութներ եւ առեւտրական կրպակներ ունէր, որոնց 500-ը հայերու կը պատկանէին։ Տնտեսութիւնը մեծ մասամբ հայերու ձեռքն էր։

Մուշի պատմութիւնը եւ այն ինչ որ կրնայ ատկէ մնացած ըլլալ տակաւին թալանի պատճառ կը դառնայ։ Վերջերս տեղի ունեցած քանդումը օրինակ մըն է այն թալանին, որուն կ՚ենթարկուին Արեւմտահայաստանի մէջ հայկական եկեղեցիները, սրբատեղիները, վանքերն ու նոյնիսկ քաղաքները։ Թէեւ անոնց նպատակը կրնայ տարբեր ըլլալ (գանձ փնտռել կամ մշակութեային բնաջնջում) վերջնական արդիւնքը նոյնն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.