Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանին միջեւ Համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուեցաւ


 

 

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Նոյեմբեր 7-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան, Գանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի գործադիր գրասենեակի նախագահ Սթիուըրթ Մըրէյի հետ։ Ըստ համաձայնագրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագրեր ու արխիւային փաստագրրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու։ Համաձայնագրի ստորագրութեան ներկայ էր Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան։ Պաշտօնական արարողութեան մասնակից դարձան նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչաուրեան, Զօրեան հիմնարկի պատուիրակութիւնը, Նաթան Սրբազան Արք. Յովհաննիսեան, Ուինիփէկի հայ գաղութի զաւակներ  եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, դեսպան Եգանեան յայտնեց. ««Ինչպէս ամբողջ գանատահայութիւնը, մենք դեսպանութիւնում նոյնպէս շնորհակալ ենք Մարդու իրաւունքների գանատական թանգարանին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ մշտական ցուցահանդէս զետեղելու որոշման համար։ Գովելի է թանգարանի ղեկավարութեան անկոտրում կեցուածքը հարցի կապակցութեամբ։ Այսօր, Մարդու իրաւունքների գանատական թանգարանը և Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը ստորագրեցին յուշագիր և վերջնականացրեցին արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները Հայոց ցեղասպանության զոհերին ոգեկոչող ցուցահանդէսի բացման շուրջ։ Սա կարեւոր քայլ է 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցում և յիշեցում է մարդկութեանը՝ պայքարել նոյնիսկ հնարաւորի սահմաններից անդին մարդկութեան դէմ նմանատիպ ոճիրները հետագայում կանխելու ուղղութեամբ։»

 Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:

Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան այս առիթով յայտնեց. «Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը Գանատայի հասարակութեան ծանօթացնելով, մենք մարդկութեան պիտի յիշեցնենք, որ մարդկային իրաւանց խախտումներու դէմ լռութեան պատը պէտք է քանդուի։ Այս առնչութեամբ, մենք պիտի համագործակցինք Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին հետ»։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան համաձայնագրի ստորագրութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն նկատեց եւ յայտնեց. «Պատմական օր է այսօր գանատահայութեան համար։ Տարբեր ժողովուրդներու դէմ գործադրուած մարդկային իրաւանց անարդարութիւններու պատմութիւնը փոխանցող գանատական այս թանգարանը առաջինն է աշխարհի մէջ։ Շնորհակալ ենք թանգարանի պատասխանատուներուն, որոնք թանգարանի հիմնադրման առաջին իսկ օրէն սերտօրէն համագործակցեցան Գանատայի հայ գաղութին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ մասնաւորապէս։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը տասնամեակներէ ի վեր յառաջ կը տանի Հայ Դատի գծով նպատակաուղղուած գործունէութիւն Գանատայի մէջ եւ այդ առաքելութիւնը պիտի շարունակէ պատմական յառաջիկայ հանգրուաններուն ալ, ամրապնդելու համար մեր պահանջատիրական դատին ուղղուած աշխատանքները Գանատայի մէջ»։

Արարողութեան ներկայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց. «Թանգարանի տնօրէնութեան հետ երկար տարիներու բանակցութիւններու շնորհիւ կարելի եղաւ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժինը ներառել թանգարանի ծրագրին մէջ։ Յոյսով ենք, որ պատշաճ ձեւով կը ներկայացուին հայութեան դէմ գործադրուած թրքական պետութեան ցեղասպանական արարքի ամէն ծալքերն ու պատմական փաստերը»։

Նշենք, որ Թանգարանը նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու ընթացին մէջ, որուն նպատակն է Գանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:

Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.