ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Շառլ Միշէլի կողմէ Աղտամը որպէս Լաչինի միջանցքին այլընտրանք նկատելը
Որպէս համաեւրոպաական հասարակական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ Եւրոպաայի հայկական սփիւռքի զգալի մասը, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպաայի Գրասենեակը իր խոր հիասթափութիւնն ու վրդովմունքը կը յայտնէ Եւրոպաական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ` Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ եռակողմ հանդիպումէն ետք, 2023 Յուլիս 15-ին:
Շառլ Միշէլի այն մօտեցումը, ըստ որում` Աղտամէն Արցախ «մարդասիրական» մատակարարումներ իրականացնելու ատրպէյճանական պայմանը կը հաւասարի Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորագոյն խնդրին, մեծ սխալ է։ Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք կը դատապարտենք նախագահ Միշէլի աջակցութիւնը ատրպէյճանական օրակարգին, որն է՝ օգտագործել Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը որպէս արցախահայութեան «մարդասիրական օգնութիւն» տրամադրելու ուղի․ այն հայ բնակչութեան, որուն Ատրպէյճանը, ահաբեկելով եւ շրջափակման մէջ պահելով, աւելի քան եօթ ամիս է, որ կը փորձէ մատնել սովի։ Ատրպէյճանը փաստացիօրէն աստիճանաբար կը սեղմէ Արցախի բնակչութեան շուրջ մահաբեր օղակը՝ շարունակ մղելով յուսահատութեան ։
Եւրոպաական խորհուրդի նախագահը, արտայայտելով ԵՄ աջակցութիւնը ատրպէյճանական օրակարգին, ոչ միայն կ’օրինականացնէ աւտորիտար ռեժիմի էթնիկ զտումներու քաղաքականութիւնը, այլեւ հակասութեան մէջ կը մտնէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռին հետ, որով Ատրպէյճանին յանձնարարուած էր անյապաղ վերացնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը։ Այս յայտարարութիւնը նաեւ կ’անտեսէ 2023 թուականի Մարտին Եւրախորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որ կոչ կ’ընէր ԵՄ խորհուրդին պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի կառավարութեան անդամներուն նկատմամբ, եթէ Ատրպէյճանը անյապաղ չկատարէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Փետրուար 22-ի հրամանը: ԵՄ ղեկավարութեան այս մօտեցումը թոյլ կու տայ Պաքուին խուսափիլ ճնշումներէն Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով:
Յուլիս 15-ին Շառլ Միշէլի մամուլի յայտարարութիւններուն մէջ կան այլ խիստ խնդրայարոյց դրոյթներ, որոնցմէ է իր կողմէ «Ղարաբաղ» տերմինի օգտագործումը «Լեռնային Ղարաբաղ»ի փոխարէն, ինչ որ քաղաքական նշանակութիւն եւ աշխարհագրական յստակ սահմաններ ունեցող տարածք է: Բաց աստի, ան կը խուսափի պատշաճ կերպով անդրադառնալէ 120.000 խաղաղ բնակիչներու աղէտալի մարդկային իրավիճակին, չի շեշտեր Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնները միջազգային հանրութեան առաջ, չ’անդրադառնար Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջազգային երաշխիքներու անհրաժեշտութեան, ինչպէս՝ գերիներու վերադարձի կարեւորութեան:
Յուլիս 14-ին, եռակողմ հանդիպման ընդառաջ, եւրոպաական 470 կազմակերպութիւններ՝ ներառեալ ՀՅԴ Եւրոպաայի Հայ Դատի Գրասենեակը, բաց նամակով դիմած են նախագահ Միշէլին՝ վեց յստակ պահանջներով, որոնք կը վերաբերին Արցախի ժողովուրդին հիմնարար եւ անձեռնմխելի իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Թէեւ մենք երախտապարտ ենք հաստատուած հաղորդակցութեան համար, որպէս ԵՄ քաղաքացիներ յոյս ունէինք, որ այն կը յանգի յստակ արդիւնքներու։ Աւաղ, մամուլի յայտարարութեան բովանդակութիւնը հակառակը կ’ապացուցէ։
Խաղաղութեան համար միջնորդութիւնը չի կրնար հիմնուած ըլլալ պատերազմին պարտուած կողմին շարունակական զիջումներ պարտադրելու տրամաբանութեան վրայ՝ միաժամանակ դանդաղօրէն լեգիտիմացնելով Ատրպէյճանի կործանարար քաղաքականութիւնը։ Այս մօտեցումը ԵՄ-ն կը դարձնէ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան մեղսակից։ Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք կոչ կ’ուղղենք ԵՄ ղեկավարութեան անյապաղ դադրեցնել նմանաբնոյթ մօտեցումները, քանի որ բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած են բանակցային գործընթացին մէջ, կը կրեն ուղղակի պատասխանատուութիւն արդիւնքներու հարցով։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպաայի գրասենեակը Շառլ Միշէլին կոչ կ’ուղղէ վերանայելու իր յայտարարութիւնը՝ հաշուի առնելով վերը նշուած հանգամանքները։ Առանց համապատասխան վերանայման նախագահ Միշէլի միջնորդական ջանքերը կողմնակալ են: Մենք դեռեւս յոյս ունինք, որ արդարութեան ձայնը լսելի կ’ըլլայ, եւ որ մարդու արժանապատուութեանն ու իրաւունքներուն հաւատարմութիւնը Եւրամիութեան համար դատարկ սկզբունք չէ, որով վերջինս կ’առաջնորդուի, երբ այն կը համընկնի իր քաղաքական շահերուն հետ:
Comments are closed.