Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան
Բժիշկ կարպիս Հարպոյեան
Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան մոնթրէալաբնակ Արտեմիս եւ Վանին Ճեսուրեաններուն մեծ հօր եղբայրն էր: Ծնած է Կեսարիա, 1884-ին: Անոր ծնողքը եղած են բարեկեցիկ եւ հանրածանօթ: Ունեցած է իրմէ մեծ եղբայր մը՝ Սեպուհ, եւ կրտսեր քոյր մը, որ մահացած է 1886-ին, 5-6 ամսու հասակին: Յակոբ կորսնցուցած է հայրն ու մայրը եւ մնացած է որբ: Հակառակ որբանալուն, կրցած է աւարտել Թալասի Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը, իր եղբօր՝ Սեպուհի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ: Հետեւած է Այնթապի Կ. Թ. Քոլէճի դասընթացքներուն եւ վկայուած է 1905-ին: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ եւ աւարտած է 1911-ին: Վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ ծառայած է իբրեւ թաղապետական բժիշկ: 1912-ին, բժիշկ Յակոբի եղբայրը՝ Սեպուհ, ամուսնացած է Արտեմիս անունով կեսարիացի օրիորդի մը հետ: Անոնք բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը. Վարուժան:
1915-ին բժիշկ Ճեսուրեան զինակոչուած է օսմանեան բանակ, շուտով ձերբակալուած է եւ բանտարկուած՝ կեղծ եւ ծանր ամբաստանութիւններով: Ճշդուած է անոր զինուորական ատեան ներկայանալու թուականը: Մինչ այդ, Յակոբին երէց եղբայրը՝ Սեպուհ, դիմած է տեղւոյն հանրածանօթ վաճառական Կիրակոս Հաճընեանին, որպէսզի միջամտէ ատեանի բարձրաստիճան զինուորականներուն մօտ՝ Յակոբին ազատ արձակման համար: Կիրակոս Հաճընեան շատ սերտ յարաբերութիւն ունեցած է այդ զինուորականներուն հետ եւ յաջողած է կաշառքով ամէն հարց լուծել: Կիրակոս իր տան մէջ ճաշկերոյթի հրաւիրած է թուրք զինուորականները եւ լաւապէս կաշառած է բոլորը, անշուշտ Սեպուհին տրամադրած գումարներով: Յակոբին դատավարութիւնը տեղի ունեցած է քանի մը օր ետք, եւ ան ազատ արձակուած է: Բժիշկ Յակոբ շարունակած է զինուորական ծառայութիւնը՝ զինուորական զանազան հիւանդանոցներու մէջ, իբրեւ բժիշկ եւ բժշկապետ: Հետագային, ան հաստատուած է Պոլիս եւ աշխատած է հոն:
Այդ օրերուն, Կեսարիոյ մէջ տրուած է տարագրութեան ահազանգը: Սկիզբ առած են անուանի հայերու, մասնաւորապէս՝ մտաւորականներու, բժիշկներու եւ մեծահարուստներու ձերբակալութիւնը: Սեպուհ եւ Արտեմիս, նախատեսելով իրենց հանդէպ գործուելիք ոճիրը, իրենց երկու տարեկան զաւակը՝ Վարուժանը, փրկելու նպատակով յանձնած են բարեկամ եւ վստահելի քիւրտ ընտանիքի մը: Սպասելին պատահած է. Սեպուհ եւ Արտեմիս սպաննուած են յաջորդ օրը, Կեսարիոյ մէջ: Ուրեմն Վարուժան մնացած է որբ եւ ապրած է քիւրտ ընտանիքին մօտ, վայելելով անոնց հոգատարութիւնն ու խնամատարութիւնը:
Բժիշկ Յակոբ, ըլլալով Պոլիս, անտեղեակ էր այդ իրադարձութիւններէն: Ան կը փորձէ նամակցիլ եղբօրը՝ Սեպուհին հետ, սակայն ապարդիւն:
Քիւրտ ընտանիքը կ’իմանայ, որ Վարուժանին հօրեղբայրը՝ բժիշկ Յակոբ, կը գտնուի Պոլիս եւ կ’աշխատի հոն: Անոնք կը գտնեն բժիշկին հետքը եւ կը գրեն անոր, տեղեկացնելով որ թուրքերը սպաննած են Սեպուհը եւ Արտեմիսը, եւ թէ՝ անոնք, նախքան իրենց սպանութիւնը, Վարուժանը իրենց յանձնած են: Բժիշկ Յակոբ շնորհակալական նամակ մը կը գրէ քիւրտ ընտանիքին եւ որոշ գումար մը կը ղրկէ, փոխան իրենց հոգատարութեան, ու կը խնդրէ Վարուժանը պահել իրենց մօտ: Ան կը խոստանայ ամսական դրութեամբ որոշ գումարով մը գոհացնել զիրենք: Քանի մը ամիս ետք, քիւրտ ընտանիքը դարձեալ կը նամակցի բժիշկ Յակոբին հետ եւ աւելի մեծ գումար կը պահանջէ: Բժիշկ Յակոբ սիրով կը փոխանցէ պահանջուած գումարը:
Բժիշկ Յակոբ կը տեղեկանայ, որ Վարուժանին մօրաքոյրը՝ Նոյեմզար Հանըմը, կեսարացի գաղթականներուն հետ հասած է Դամասկոս, հաստատուած է հոն ու ամուսնացած է հայ երիտասարդի մը հետ: Ան կը գտնէ Նոյեմզարին հետքը եւ կը նամակցի անոր հետ, կ’իմացնէ, որ Վարուժանը քիւրտերուն քովէն որոշ կարգադրութեամբ պիտի ղրկուի Դամասկոս: Ուստի կը խնդրէ, որ Վարուժանը պահէ իր քով եւ կը վստահեցնէ, որ ինք մօտ ապագային պիտի հասնի Դամասկոս ու ստանձնէ Վարուժանը: Նոյեմզար սիրով կ’ընդունի Յակոբին առաջարկը:
Վարուժան քիւրտ ընտանիքին մօտ կը մնայ մինչեւ 1918-ի վերջերը: Բժիշկ Յակոբ կը տեղեկանայ, որ Կեսարիա բնակող հայ ընտանիք մը Դամասկոս պիտի փոխադրուի: Ուստի ան կը նամակցի այս ընտանիքին հետ եւ կը համաձայնի, որ անոնք Վարուժանը քիւրտ ընտանիքէն ստանձնեն եւ իրենց հետ տանին Դամասկոս ու յանձնեն Նոյեմզարին: Ան այս կարգադրութեան մասին կը գրէ նաեւ քիւրտ ընտանիքին, ղրկելով նիւթական մեծ նուէր մը: Այսպiսով, Վարուժան կը հասնի Դամասկոս, 5 տարեկան հասակին: Վարուժան կը վայելէ Նոյեմզարին եւ անոր ամուսինին հոգատարութիւնը: Յակոբ ամէն ամիս որոշ գումար մը կը ղրկէ Նոյեմզարին, առ ի վարձատրութիւն: Վարուժան կը մեծնայ Նոյեմզարի մօտ եւ զայն կը ճանչայ իբրեւ մայր եւ ոչ թէ մօրաքոյր:
Վարուժան Դամասկոսի մէջ կը յաճախէ հայկական դպրոց: Օր մը, դպրոցին մէջ, զբօսանքի պահուն, Վարուժանին ընկերները կը սկսին ապակեայ գնդիկներով խաղալ: Վարուժան, գնդիկ չունենալով, չի մասնակցիր խաղին: Ուստի բոլորը կ’որոշեն, որ իւրաքանչիւր աշակերտ յաջորդ օր երկու գնդիկ բերէ, որպէսզի բոլորը միասին կարենան խաղալ: Վարուժան տուն կ’երթայ եւ մօրը՝ Նոյեմզարին կը պատմէ ընկերներուն որոշումը, այսինքն կը պահանջէ երկու գնդիկ ունենալ: Նոյեմզար չի գոհացներ Վարուժանին պահանջը եւ անարգական խօսքեր կ’արտայայտէ: Վարուժան հոգեպէս կ’ընկճուի եւ երբ յաջորդ օրը դպրոց կ’երթայ առանց գնդիկի, ընկերները կը մերժեն զինք մասնակից դարձնել խաղին: Անոնք միաժամանակ կ’իմացնեն Վարուժանին, որ Նոյեմզար իր մայրը չէ, այլ՝ մօրաքոյրը: Վարուժան վազելով տուն կը վերադառնայ եւ զայրացած՝ կը վիճաբանի Նոյեմզարին հետ եւ կը յայտնէ, որ ինք գիտէ իրականութիւնը ու կ’ըսէ. «Դուն մայրս չես, այլ մօրաքոյրս»: Նոյեմզար ջղայնացած կը հարուածէ Վարուժանը եւ կը վիրաւորէ անոր ճակատը: Հոս կը սկսին Վարուժանին դժուարութիւնները այդ տան մէջ: Դամասկոս գտնուող կեսարացիներ տեղեակ կ’ըլլան Վարուժանին հարցերուն: Անոնք կը գրեն Բժիշկ Յակոբին եւ կ’իմացնեն Վարուժանին դժուար պայմանները: Այս լուրը ստանալէ ետք, բժիշկ Յակոբ կ’որոշէ անմիջապէս եւ վերջնականապէս ձգել Պոլիսը, երթալ Դամասկոս եւ ստանձնել Վարուժանը տիկին Նոյեմզարէն:
Մինչ այդ, բժիշկ Յակոբ Պոլսոյ մէջ կ’ամուսնանայ եոզկատցի Արաքսի Ղազարեանի հետ: Ամուսնութենէ առաջ, բժիշկ Յակոբ կ’իմացնէ օրիորդ Արաքսիին, որ իր եղբօրը զաւակը՝ Վարուժանը, որբ մնացած է, եւ ինք ստանձնած է անոր հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց ամուսնութենէն ետք Վարուժանը պիտի ապրի իրենց ապագայ տան մէջ, իբրեւ զաւակ: Արաքսի սիրայօժար կ’ընդունի պայմանը եւ կը կատարուի անոնց պսակադրութիւնը: Անոնց ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետք, Արաքսիին ծնողքը, որ կ’ապրէր Եոզկատ, կը հաստատուին Հալէպ, ապա կը մեկնի Դամասկոս եւ բժիշկ Յակոբին յանձնարարութեամբ, Վարուժանը կը բերեն իրենց մօտ՝ Հալէպ:
Բժիշկ Յակոբ եւ Արաքսի 1925-ին կը ձգեն Պոլիսը եւ կը փոխադրուին Հալէպ: Անոնք կը ստանձնեն Վարուժանը Արաքսիին ծնողքէն: Վարուժան հօրեղբօրը հետ կ’ապրի 1925-էն մինչեւ 1942, իբրեւ անոր մէկ զաւակը: Վարուժան մինչեւ իր երիտասարդ տարիքը Բժիշկ Յակոբը կը ճանչնայ իբրեւ իր հայրը:
Բժիշկ Ճեսուրեան իր դարմանատունը կը հաստատէ Հալէպի Խանտէք թաղամասին մէջ եւ կը դառնայ սիրուած եւ հանրածանօթ բժիշկ:
Բժիշկ Ճեսուրեան մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ հայ ժողովուրդի առողջապահական դաստիարակութեան եւ մասնաւորաբար՝ իգական սեռի: Եղած է յարգալից եւ ազնուական հայ բժիշկ մը: Եղած է շատ լուրջ, խոհեմ, ազնիւ, սակաւախօս, ազգասէր եւ ծառայասէր: Ան տարիներ շարունակ անվճար դարմանած է իրեն դիմող նիւթապէս տկար հայ հիւանդները: Ամէն Երեքշաբթի օրերը, բոլոր հիւանդները ընդունած է եւ դարմանած՝ անվճար, մինչեւ իր մահը:
Բժիշկ Յակոբ եւ տիկին Արաքսի կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով. Նուպար եւ Սեպուհ, որոնք Վարուժանին հետ կը յաճախեն Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, ապա ֆրանսական Թէր Սենթ քոլէճը: Վարուժան կը մեծնայ իբրեւ եղբայր անոնց հետ եւ երեքը միասին երիտասարդ տարիքին կը նետուին առեւտրական ասպարէզ: Վարուժան հետագային ասպարէզ կ’ընտրէ նկարչութիւնը եւ կը դառանայ հանրածանօթ նկարիչ Հալէպի մէջ:
Վարուժան Հալէպի մէջ կ’ամուսնանայ օրիորդ Անի Խաչատուրեանի հետ, 1939-ին: Անոնք կը բախտաւորուին երկու աղջիկ զաւակներով. Արտեմիս եւ Վանին: Վարուժան 1965-ին ընտանեօք Գանատա կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Մոնթրէալ:
Բժիշկ Ճեսուրեան եղած է Հալէպի ազգային վարժարաններէն մէկուն հոգաբարձու եւ Գաւառական ժողովի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի անդամ: Մահացած է Հալէպ, 1958-ին:
Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեանի մահէն ետք, տիկին Արաքսի շրջան մը կ’ապրի իր զաւկին՝ Սեպուհին հետ, իսկ Սեպուհի ամուսնութենէն ետք, կ’ապրի առանձին, Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ:
Նուպար կը ձգէ Հալէպ քաղաքը եւ կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի 1956-ին, Սեպուհ եւս կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի 1965-ին:
Տիկին Արաքսի Ամերիկա կը գաղթէ Սեպուհի գաղթելէն երկու տարի ետք եւ կ’ապրի Նիւ Ճըրզի: Ան յաճախ կ’այցելէ Մոնթրէալ եւ կը մնայ Վարուժան Ճեսուրեանի մօտ: Տիկին Արաքսի Մոնթրէալ այցելութեան մը ընթացքին կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ: Անոր թաղումը կը կատարուի Նիւ Ճըրզի:
Բժիշկ կարպիս Հարպոյեան
Մոնթրէալ, 5 Մայիս 2018
Աղբիւրներ
1. Գապասագգալեան, Վանին, անձնական տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 15 Օգոստոս 2018:
2. Մկրտիչեան, Արտեմիս, անձնական տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 15 Օգոստոս 2018:
3. Մկրտիչեան, Արի, բժիշկ, անձնական տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 25 Օգոստոս 2018:
Comments are closed.