Բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը հանրապետութեան եւ սփիւռքի մէջ կը յիշուի՞ որպէս քաղաքական հիմնահարց

            Հայկական     լրատուամիջոցները, մամուլը, հրապարակագրութիւնը եւ հրապարակախօսութիւնը, այլեւս տարին մէկ անգամ իսկ չեն յիշեր Արեւմտահայաստանը եւ Արեւմտահայ ժողովուրդի դատը, Հայրենակցական Միութիւններն ալ դադրած են, անոնք գէթ տեղանուններ կը յիշեցնէին: Նոր սերունդը այլեւս չի լսեր ո՛չ Չմշկածագ, ո՛չ Վան, ո՛չ Բաղէշ, ո՛չԱրտամէտ, ո՛չ Ալաշկերտ, ո՛չ Տարսոն, ո՛չ Լիմ, ո՛չ Կտուց, ո՛չ Արածանի, ո՛չ Ախուրեան: Այդ անունները չեն ալ յիշուիր ժողովրդական երգերու մէջ, որպէսզի լսուին: Անոնք դարձած են հին մոռցուած պատմութիւն: Արդեօ՞ք յիսուն տարի ետք Գետաշէն, Շուշի, Բերձոր պիտի արժանանան նոյն ճակատագրին, յայտնուելով նոր անուններով, ինչպէս կիլիկեան թագաւոր Լեւոնի բերդը՝ «Եիլան Գալէ», Կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսը՝ «Քոզան»…

            Յետո՞յ. չկային, չեն եղած:

            Յիշողութիւնը բառ է, խօսք է, գիտակցութեան դուռ: Անոնցմով կը սահմանուին եւ կը յիշուին իրաւունքը, պատմութիւնը: Բառը եւ անունը յիշողութիւն եւ ինքնութիւն են, առանց անոնց ո՛չ ժողովուրդ կը մնայ, ո՛չ ալ ազգ: Կը մնայ արտադրող, սպառող, զուարճացող անդիմագիծ ամբոխ: Արդէն չի՞ խօսուիր սպառողական եւ զբօսի ընկերութեան մասին, որու ցանցին մէջ բռնուած է նաեւ հայութիւնը, Հանրապետութիւն եւ բազմագոյն-բազմաշերտ սփիւռք(ներ):

            Եթէ օրակարգէ հանենք Արեւմտահայաստանը, դադրինք յիշելէ, բնական հետեւութեամբ պիտի ընդունինք որ չկայ Արեւմտահայութիւն, չկայ նաեւ Արեւմտահայերէն:

            Եւ այն ատեն հարց պէտք է տալ, թէ՝ ի՞նչ է տեւաբար յոգնակիացող միլիոններով Սփիւռքը:

            Մօտաւոր անցեալին հայ մարդիկ կը յիշէին, որ մէկ կամ երկու սերունդ առաջ, իրենց հայրերը կռիւ մղած էին իրենց աշխարհները պաշտպանելու համար, ըսած էին ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ, քանի որ անհաւասար կռիւ էր. Վան, Զէյթուն, Ուրֆա, Մուսա Լեռ, եւ բազմաթիւ ուրիշ քաղաքներ: Անոնց մասին այլեւս չի խօսուիր եւ ինքնութիւններ կը խաթարուին, կը հաշտուինք մնայուն կացութիւն դարձած գաղթականի վիճակին հետ, զոր կը շպարենք եւ կը փոխարինենք նոր երկիրներու եւ քաղաքներու անուններով, վանեցին նիւեորքցի է, սսեցին՝ պէյրութցի, այնթապցին՝ քանատացի, չմշկածակցին՝թորոնթոցի, Հրեշտակներու քաղաքի կամ ագեվազներու երկրի քաղաքացիներ, կը փոխուին նաեւ անունները իրենց հետ տանելով պատկանելիութեան եւ իրաւունքի յիշողութիւնները, կը յառաջանայ շարունակութիւն չեղող նորը, եւ ոչ ոք կ’անհանգստանայ:

Քահանան Արշակի թոռը կը մկրտէ Քեվին, Սաթենիկի թոռնուհին՝ Սամանթա… Յիշել ֆրանսացի գրողի հերոսին խօսքը, որ «կռիւը վերջ գտաւ կռուող մնացած չըլլալով» (Փիեռ Քորնէյ):

         Դատարկաբանութիւն են բոլոր կարգախօսները եւ ճառերը, երբ կը դադրի շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը եւ անոր հետ՝ ժառանգութիւն-ինքնութիւնը, տիրութեան յանձնառութիւնը:

            Հայալեզու եւ օտարաբարբառ հայկական լրատուամիջոցները երբ կը կարդաք, կը լսէք, նաեւ՝ սփիւռքի, էջի մը վրայ արձանագրեցէ՛ք այն բոլոր անունները եւ տողերը, որոնք կը վերաբերին Արեւմտահայաստանի: Անոնք չկան…

            Ինչպէ՞ս յիշողութիւն պիտի պահուի, որպէսզի տէր ըլլանք:

                        Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան ալ հայու հայրենիք էին… Այս մոռնալ պարզապէս ապազգայնացոմ է, ապաղաքականացում, որ մեր պարտութիւնն է եւ թշնամիի յաղթանակը:

            Բոլոր պարտութիւններու ենթահողը հոգեբարոյական նահանջն է: Այս հասկնալով պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ կը նահանջենք, ինչո՞ւ կը պարտուինք: Կը պարտուինք, քանի որ կորսնցուցած ենք եւ կը կորսնցնենք ՏԻՐՈՋ գիտակցութիւն եւ կը հաշտուինք կուշտ փարիա-ընկեցիկի նպատակ վիճակին հետ:

            Այս զգացումները կ’ունենանք, այս մասին կը մտածենք, երբ կը դիտենք Անիի պարիսպները եւ եկեղեցիները, երբ կը դիտէք Վանի Աղթամար կղզին եւ եկեղեցին, թղթատելով գիրքերու էջերը, կամ երբ որպէս անզօր պատահական  զբօսաշրջիկ կը կանգնիք անոնց դէմ:

            Այս մտածումներու հունով, կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ տարուան մէկ ամիսը չյայտարարել ՎԱՆԻ ԱՄԻՍ, ՍԻՍԻ ԱՄԻՍ, ՈՒՐՖԱՅԻ ԱՄԻՍ, ԲԱՂԷՇԻ ԱՄԻՍ, ԱԼԱՇԿԵՐՏԻ ԱՄԻՍ, ԱՐԱԾԱՆԻԻ, ՍԱՍՈՒՆԻ, ՄՈՒՇԻ, ԱՏԱՆԱՅԻ, ԿԱՐՍԻ… բարոյապէս տէր մնալու համար, յիշողութիւն չկորսցնելու եւ անանցեալ չըլլալու համար: Գէթ յիշելու եւ նոր սերունդին յիշեցնելու համար՝ որ տէր էինք:

            Ժողովուրդը   իր հարազատ ազգային նկարագրով պահելու եւ վերականգնելու համար, պէտք է վերականգնել անոր յիշողութիւնը, բովանդակութիւն տալով անոր: Չի բաւեր որ ընտրանի մը, պատմաբաններ եւ գրողներ պահած ըլլան յիշողութիւնը, այլ այդ պէտք է ըլլայ սեփականութիւնը ժողովուրդին, շարքային հայուն: Հայկական ցոյցի մը կամ ճաշկերոյթի մը ընթացքին, մասնակիցի մը հարցուցէ՛ք, թէ ի՞նչ է Արածանին, ի՞նչ էԱրտամէտը… Արտամէտը՝ որ պզտիկ օդանաւի թռիչքով երեսուն վայրկեան (րոպէ) հեռու է Երեւանէն:

            Պատմութիւնը պէտք է բերել մեր ներկային մէջ, որպէսզի այսօրուան մեր քաղաքական խօսքը շրջապատի ճառի կապկում չըլլայ, ունենայ հայկական խորք: Այսինքն պէտք է այժմէականացնել պատմութիւնը, որպէսզի գիտնանք, թէ ինչո՞ւ հոս ենք, եւ ո՞ւր պէտք է ըլլայինք: Հոս ենք բռնութեան եւ անարդարութեան հետեւանքով, կացութիւն՝ զոր կ’ընդունինք հրաժարումով, վատութեամբ:

            Ազրպէյճանցին, աչքը յառած Հայաստանի տարածքին, կը բռնագրաւողի ճառով կը խօսի «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի մասին, եւ քաղաքակիրթ աշխարհի իմաստուն բանգէտները չեն հարցներ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ան յայտնուած է այդ տարածքներուն վրայ, ո՞ւր ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ ազերիի եւ Ազրպէյճանի մասին:

            Ինչո՞ւ մենք չենք խօսիր Արեւմտահայաստանի մասին:

            Փարիզի բազմադարեան կոթող Նոթր Տամ եկեղեցին հրոյ ճարակ եղաւ: Ֆանսացին տէր մնալով իր պատմութեան եւ անցեալին, գիտնականներ, ճարտարապետներ, արուեստագէտներ եւ պետութիւն, լայն միջոցներ գործի լծելով, քար առ քար կը վերականգէ եկեղեցին, որովհետեւ ան իր ինքութեան մաս կը կազմէ: Մեր «էսթէպլիշմընթ»ները եւ նորահաս սերունդները ի՞նչ գիտեն Արեւմտահայաստանի մասին, ի՞նչ գիտեն Արածանիի, Ալաշկերտի, Բասէնի, Բերկրիի մասին, անոնց անուններն անգամ անծանօթ են: Այդ անունները գիտնալ տիրոջ զգացում եւ գիտակցութիւն կը ծնի: Հայկական հաղորդակցական միջոցները պէտք է որ անոնց յիշեցումը ընեն, անոնցմով փոխարինեն ժամանակակից, արդիական բայց հայութեան չառնչուող բոլոր թեթեւսոլիկութիւնները եւ ցուցամոլիկութիւնները: Դեռ սերունդ մը առաջ Հայաստանի աշխարհագրութիւն եւ հայոց պատմութիւն կ’ուսուցուէին:

            Հաղոդակցական միջոցներ եւ կրթութիւն, (հոն ուր որ կան, մեր ժառանգութեան եւ բռնագրաւուածի յիշողութեան, պահպանութեան գիտակցութիւնը պէտք է զարգացնեն, որպէսզի սերունդները գործեն անոնց որպէս տէր:

            Ժողովներու, գիտաժողովներու եւ համաժողովներու շարքին, հայկական պետութիւնը, կուսակցութիւնները, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւնները, միասնաբար կամ առանձին, մոռացման դէմ պայքարելու օրակարգով ինչո՞ւ ժողով մը չեն գումարեր եւ հաղորդակցական միջոցները չեն դարձներ մեր ունեցածի եւ կորսնցուցածի ծանօթացման բեմ, զարգացնելով այն համոզումը, որ ոչ մէկ կորուստ վերջնական է, եթէ անոր տէրը ի՛նք չէ հրաժարած, չէ յանձնուած:

            Հակառակ տիրողի եւ բռնագրաւողի մշտարթուն ներկայութեան, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին վերականգնած է եւ կը գործէ: Ինչո՞ւ պիտի չվերականգնին Աղթամարի  Ս.Խաչը եւ Կարսի Առաքելոցը:

            Ի՞նչ ըրած ենք, ի՞նչ կ’ընենք տէր ըլլալու համար: Տիրողը եւ Միջազգային համայնքը, իրենց պատասխանատուութիւններուն առջեւ կանգնեցուցա՞ծ ենք, հանդէս գալով որպէս տէր:

            Հարկ է սկսիլ ստեղծելով տիրոջ յանձնառու գիտակցութիւն, գիտնալով որ համախմբուած, ոչ-պատահական եւ ոչ-սիրողական երկարաշունչ աշխատաք պէտք է, նոյնիսկ եթէ ամլացած դասական գործնապաշտներ այդ բոլորը պիտի համարեն ցնորք (ութոփիա), երազապաշտութիւն:

            Գիտութեան մեծ նուաճումները նախ երազ եղած են, իրականութիւն դառնալէ առաջ:

            Պէտք է ընել այնպէս, որ ազգը եւ նորահաս սերունդները չհրաժարին հարազատի եւ իրաւունքի տիրութենէն:

            Պարտուածի պէս պէտք չէ ըսել, որ երազը սուրի հարուած է՝ տրուած ջուրի մակերեսին: Եթէ այդպէս մտածենք եւ գործենք, ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, կը դառնանք թշնամիի առարկայական դաշնակիցը եւ անկարելի կը դաձնենք ազգի եւ հայրենիքի վերականգնումը:

            Վեարկանգնիլ՝ սկսելով պզտիկ քայլերով, առանց դուրսէն գալիք հրաշք սպասելու:

            Սերունդները պէտք է գիտնան, թէ ի՛նչ ունէինք եւ ի՛նչ յափշտակած են:

            Յուսադրիչ է այն՝ որ դեռ կան նորեր, որոնք բռնագրաւած հայրենիքը կը ճանչնան թիզ առ թիզ: Այդ ճանաչումն է որ նախատեսել կու տայ տիրոջ ապագան:

            Գաղտնիք չէ, որ թիզ առ թիզ ճանչցուած տարածք-հայրենիքի մէջ դեռ կայ Մնացորդացը…, որ ինչպէս Սասունի  Ծովասար շրջանի նահապետը հարց տուած էր, թէ  դեռ թագաւոր եւ կաթողիկոս չունի՞նք…

            Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ:

            Պատասխանը տուած է բանաստեղծ Գէորգ Էմին…

            Մենք գահ ու թագ չե՛նք ունեցել,

Եւ արքա՛յ է ամէն մի հայ.

Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,

Եւ … սպայ  է ամէն մի հայ

Եթէ բազում են արքաները, կը նշանակէ որ արքայ չկայ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.