Իսրայէլ Հսկայական Քանակութեամբ Ժամանակակից Զէնքեր Մատակարարած Է Ատրպէյճանի
Յարութ Սասունեան
Իսրայէլեան «Հաարեց» (Haaretz) թերթը 5 Մարտին ապշեցուցիչ յօդուած մը հրապարակած է՝ «Իսրայէլեան ռազմակեդրոնէն 92 թռիչքներ կը բացայայտեն զինամթերքի արտահանումը Ատրպէյճան» վերնագրով։
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ 2 Մարտին ատրպէյճանական Silk Way Airlines-ի բեռնատար օդանաւը վայրէջք կատարած է Իսրայէլի Օվտա ռազմական օդակայան, իսկ երկու ժամ անց՝ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի Հանրապետութեան տարածքով վերադարձած է Պաքու։ Վերջին եօթը տարիներուն, այս 92-րդ բեռնատար թռիչքն է Պաքուէն դէպի Օվտա՝ Իսրայէլի միակ օդակայանը, ուրկէ կը թույլատրուի պայթուցիկ նիւթերու արտահանումը։ Ռազմական այս մատակարարումները զգալիօրէն աւելցած են 2016, 2020, 2021 եւ 2022-ին, Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումներու ընթացքին։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բնութագրած է Իսրայէլի գաղտնի յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ՝ իբրեւ սառոյցի կտոր, որուն տասէն ինն կը գտնուի մակերեւոյթէն վար:
Իսրայէլ կը մատակարարէ Ատրպէյճանի սպառազինութեան գրեթէ 70 տոկոսը եւ ասոր դիմաց կը ստանայ ներկրուող նաւթին մօտաւորապէս կէսը։ «Հաարեց» կը մէջբերէ արտասահմանեան լրատուական միջոցներու աղբիւրները, որոնք բացայայտած են, որ «Ատրպէյճան թոյլ տուած է Մոսատին (Իսրայէլի հետախուզական գործակալութիւն) ստեղծել առաջնային մասնաճիւղ (Ատրպէյճանի մէջ)՝ վերահսկելու, թէ ի՛նչ կը կատարուի Ատրպէյճանի հարաւը գտնուող դրացի Իրանի մէջ եւ նոյնիսկ նախապատրաստած է օդակայան, զոր նախատեսուած է Իսրայէլին օգնելու համար, եթէ վերջինս որոշէ յարձակիլ Իրանի միջուկային կառոյցներուն վրայ։ Երկու տարի առաջուան հաղորդագրութիւններուն մէջ ըսուած էր, որ Մոսատի գործակալները, որոնք գողցած են Իրանի միջուկային արխիւը, զայն մաքսանենգ ճանապարհով Իսրայէլ տեղափոխած են Ատրպէյճանի տարածքով: Ատրպէյճանի պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն համաձայն՝ տարիներու ընթացքին Իսրայէլ անոր ծախած է ամէնէն յառաջադէմ սպառազինութեան համակարգերը՝ պալիսթիք հրթիռներ, հակաօդային պաշտպանութեան եւ ելեկտրոնային պատերազմի համակարգեր, քամիքաձէ անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլն»:
«Հաարեց» բացայայտած է, որ ատրպէյճանական Silk Way Airlines օդանաւային ընկերութիւնը «շաբաթական երեք թռիչք կ՛իրականացնէ Պաքուի եւ (Իսրայէլի) Պեն Կուրիոն միջազգային օդակայանի միջեւ՝ Boeing 747 բեռնատար օդանաւներով»։ Ասկէ զատ, Արեւելեան Եւրոպայի որոշ երկիրներ շրջանցած են Ատրպէյճանի զինամթերք ծախելու արգելքը՝ զայն առաքելով Իսրայէլի վրայով։
Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինամթերք ծախելու սահմանափակումը կարելիութիւն ստեղծած է Իսրայէլի՝ միլիառաւոր տոլարներ շահելու Ատրպէյճանին զէնք ծախելով։
«Հաարեց» կը հաղորդէ, որ «Իսրայէլ դէպի երկիր (Ատրպէյճան) արտահանած է սպառազինութիւններու շատ լայն տեսականի՝ սկսած Tavor ինքնագործներէն մինչեւ ամենաբարդ համակարգերը, ինչպիսիք են ռատարը, հակաօդային պաշտպանութիւնը, հակահրասայլային հրթիռները, պալիսթիք հրթիռները, նաւերը եւ անօդաչուներու լայն տեսականին, ինչպէս հետախուզական, այնպէս ալ յարձակման նպատակով: Իսրայէլեան ընկերութիւնները նաեւ մատակարարած են յառաջադէմ լրտեսական արհեստագիտութիւններ, ինչպիսիք են Verint-ի հաղորդակցութեան վերահսկողութեան համակարգերը եւ NSO Group-ի Pegasus լրտեսող ծրագիրները, գործիքներ, որոնք օգտագործուած են Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու, միասեռականներու համայնքի եւ իրաւապաշտպաններու դէմ:
Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հիմնարկը գրած է. «Իսրայէլի զինամթերքի արտահանումը դէպի Ատրպէյճան սկսած է 2005ին՝ Իսրայէլի ռազմական արդիւնաբերութեան (IMI Systems) կողմէ, 150 քմ. հեռահարութեամբ Lynx բազմակի հրթիռային համակարգերու վաճառքով: IMI, որ 2018ին ձեռք բերած է Elbit Systems-ը, նաեւ մատակարարած է LAR-160 թեթեւ հրետանային հրթիռներ՝ 45 քմ. հեռահարութեամբ. ըստ Human Rights Watch-ի զեկոյցին, Ատրպէյճան զանոնք օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակելի թաղամասերուն մէջ արգիլուած քասեթային զինամթերք կրակելու համար», թէեւ Իսրայէլի եւ 123 այլ երկիրներու արգիլուած է քասեթային ռումբերու օգտագործումը։
«Հաարեց» կը հաղորդէ, որ «2007ին Ատրպէյճան պայմանագիր ստորագրած է Aeronautics Defense Systems-էն չորս հետախուզական անօդաչու թռչող սարք գնելու մասին: Ասիկա բազմաթիւ գործարքներէն առաջինն էր: 2008ին ան գնած է տասը Hermes 450 անօդաչու թռչող սարք Elbit Systems-էն եւ 100 Spike հակահրասայլային հրթիռներ, որոնք արտադրուած են Rafael Advanced Defense Systems-ի կողմէ, իսկ 2010ին գնած է եւս 10 հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր։ Elbit-ի պատկանող Soltam Systems անոր վաճառած է ATMOS ինքնագնաց հրանօթներ եւ 120 մմ.նոց Cardom ականանետեր, իսկ 2017ին Ատրպէյճանի զինանոցը ամբողջացած է աւելի յառաջադէմ Hanit ականանետերով։ Wikileaks-ի մէջ գաղտնազերծուած հեռագիրի մը համաձայն՝ յառաջադէմ կապի սարքաւորումներու վաճառքը Tadiran-էն, նոյնպէս ստորագրուած է 2008ին»։
Ըստ «Հաարեց»ի՝ «2011ին Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան ամրապնդած են իրենց յարաբերութիւնները 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ հսկայական գործարքով, որ կը ներառէր Barak հրթիռներու մարտկոց՝ օդանաւներ եւ հրթիռներ որսալու համար, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի օդատիեզերական արդիւնաբերութեան (IAI) արտադրած Searcher եւ Heron անօդաչու թռչող սարքերը: Հաղորդուած է, որ 2020ին, Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի գրեթէ աւարտին, Barak մարտկոցը խոցած է Հայաստանի կողմէ արձակուած «Իսքանտեր» պալիսթիք հրթիռը։ Աւելին, Aeronautics Defense Systems սկսաւ համագործակցիլ նաեւ Ատրպէյճանի տեղական սպառազինութեան արդիւնաբերութեան հետ, ուր արտադրուած են Orbiter քամիքաձէ (թափառող զինամթերք) 100 անօդաչու թռչող սարքերը, զորս Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը կոչած էր «մղձաւանջ հայկական բանակի համար»:
2021ին, «(Իսրայէլի) Aeronautics Defense Systems-ի դէմ մեղադրանք ներկայացուած է՝ իր ամէնէն յայտնի յաճախորդներէն մէկուն հետ կապուելու պահուն զէնքի արտահանումը կարգաւորող օրէնքը խախտելու համար: Դատարանի կողմէ կիրարկուած արգելքի որոշումը կը խոչընդոտէ յաւելեալ մանրամասներու հրապարակումը։ Ատրպէյճանական բանակի հրասայլերու արդիականացման նախագիծը սկսած է 2010ականներու սկիզբը։ Elbit Systems արդիականացուցած եւ համալրած է հին խորհրդային T-72 մոտելները նոր պաշտպանիչ հանդերձանքով՝ հրասայլերու եւ անոնց անձնակազմի գոյատեւման համար, ինչպէս նաեւ արագ եւ ճշգրիտ թիրախներու յայտնաբերման ու կրակի կառավարման համակարգերով: Արդիականացուած հրասայլերը, որոնք յայտնի են «Ասլան» (Առիւծ) անունով, նկարահանուած են 2013ի ռազմական շքերթի ընթացքին: 2013ին, Ատրպէյճանի ռազմածովային ուժերը ամբողջացած են վեց պարեկային նաւերով՝ Իսրայէլի ռազմածովային ուժերու Sa’ar 4.5 դասի հրթիռային նաւերու հիման վրայ, որոնք արտադրուած են Իսրայէլի նաւաշինական գործարաններու կողմէ եւ կը կրեն Spike հրթիռներու ռազմածովային տարբերակը, ինչպէս նաեւ վեց Shaldag MK V պարեկային նաւեր՝ Rafael’s Typhoon-ի հրետանային ամրակներով եւ Spike հրթիռային համակարգերով: Ատրպէյճանի ռազմածովային ուժերը նաեւ գնած են 100 «Լահաթ» հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներ»։
2014ին, «Ատրպէյճան IAI-էն պատուիրեց առաջին 100 Harop քամիքաձէ անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք կարեւոր գործիք էին հետագայ մարտերուն մէջ: Նոյն տարի, Ատրպէյճան նաեւ օդային նախազգուշացման եւ պաշտպանութեան երկու յառաջադէմ ռատիօ-տեղորոշիչ համակարգեր ձեռք բերաւ IAI դուստր ձեռնարկութենէն…: Երկու տարի անց, Ատրպէյճան Elbit Systems-էն գնած է եւս 250 SkyStriker քամիքաձէ անօդաչու թռչող սարքեր։ Մարտական շրջաններէն բազմաթիւ տեսանիւթեր ցոյց տուած են, թէ ինչպէ՛ս իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը կը յարձակին հայկական ուժերու վրայ…: 2016ին, վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին Ալիեւ բացայայտեց, որ երկու երկիրներու միջեւ արդէն կնքուած են պայմանագիրներ մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլարի «պաշտպանական սարքաւորումներ» գնելու համար։ 2017ին, Ատրպէյճան Elbit Systems-էն եւ Hermes 900 յառաջադէմ անօդաչու սարքեր եւ LORA պալիսթիք հրթիռներ գնած է IAI-էն՝ 430 քմ. հեռահարութեամբ։ 2018ին, Ալիեւ հանդիսաւոր կերպով բացած է ռազմակեդրոն, ուր տեղակայուած են LORA հրթիռները՝ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն մօտաւորապէս 430 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ 2020ի պատերազմին, առնուազն մէկ LORA հրթիռ արձակուած է եւ ըստ տեղեկութիւններու՝ անիկա հարուածած է կամուրջ մը, որով Հայաստանը զէնք եւ արհեստագիտութիւն կը մատակարարէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող իր ուժերուն։ Աւելի յառաջադէմ Spike հրթիռներ ուղարկուած են 2019 եւ 2020 թուականներուն»։
Սոսկալի է, որ Հոլոքոսթի ժառանգները նման զանգուածային մահացու զէնք կը մատակարարեն Ատրպէյճանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգները սպաննելու համար։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան