ԵՈՒԿՈՍԼԱՒԻԱ, ԻՐԱՔ, ԼԻՊԻԱ, ԱՊԱ ՂԱՐԱԲԱՂ


 

Սերկէյ Վասիլենքով ռուսական «Փրաւտա» օրաթերթի կայքէջին անգլերէն բաժինին վրայ զետեղուած վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը սկիզբ առաւ 25 տարի առաջ։ Զինադադար մը հաստատուած է, սակայն տագնապին արմատը չէ լուծուած։ Կացութիւնը առաւել եւս վատթարացած է մեկնելով այն իրողութենէն, որ ոչ միայն Հայաստան եւ Ազրպէյճան, այլ նաեւ այլ ազդեցիկ երկիրներ՝ ինչպէս Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ իւրաքանչիւրը իր շահերը հետապնդելով առնչուած են հակամարտութեան։ Այս դերակատարները հակամարտութեան լուծման իրարու հակասող տեսակէտներ ունին։ Միացեալ Նահանգներ որոշեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման օժանդակել։
Պարաք Օպամա կը հաւատայ, որ բանակցութեանց ընթացքին գոյացած փոխզիջումին միջոցով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու լաւագոյն ժամանակը հիմա է։ Այս պատգամը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի ճամբով յղուած էր Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի։

Քաղաքագէտ, Ազրպէյճանի խորհրդրաանի անդամ Ռասիմ Մուսապեքով եւ Միջազգային ուսումնասիրութեան հիմնարկի տնօրէն Անտրէյ Քազանցեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ Օպամայի վճռական խօսքերուն ետին երկու պատճառներ կը տեսնեն։

Մուսապեքով կը հաւատայ, որ Միացեալ Նահանգներ այս ձեւով ցոյց կու տան, որ կ՚ուզեն բանակցային հոլովոյթին մէջ ռուսական նախաձեռնութիւնը շեղել։ Մուսապեքով կը շեշտէ, որ այս բանակցութիւնները աւելի քան երկու տարիէ ի վեր առկախուած են եւ գրեթէ դադրած են գոյութիւն ունենալէ։ Այս կացութիւնը կը մտահոգէ Միացեալ Նահանգները. ամերիկացի պաշտօնատարներ իրերայաջորդ կերպով այս մասին խօսած են եւ ամերիկացիները մինչեւ իսկ Ռուսիայէն յուսախաբուած են։ Ասիկա հասկնալի է, որովհետեւ անցնող 5 տարիներուն ընթացքին Ռուսիա այս հոլովոյթին մէջ գլխաւոր դերակատարն էր։ Օրին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ նախագահներու հանդիպումներ տեղի ունեցան, սակայն ետքը հոլովոյթը առկախուեցաւ։

Մուսապեքով կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ գլխաւոր դերը Ռուսիոյ զիջեցան, սակայն շօշափելի արդիւնքներ չկան։ Բացառուած չէ, որ Միացեալ Նահանգներ համանախագահութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը նկատառելի կերպով աշխուժացնեն։ Օպամայի պատգամին ետին գտնուող պատճառը կրնայ այս ըլլալ, սակայն այդ մասին աւելի կարելի է խօսիլ Միացեալ Նահանգներու եւ ամերիկացի նոր համանախագահին կողմէ յաւելեալ քայլերէ ետք։

Քազանցեւ իր կարգին կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ այս ձեւով կը փորձեն ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ, որ անցեալ շաբաթ համարկման ուղղուածութիւնը դէպի Ռուսիա շրջեց։ Ան կը նշէ, թէ Օպամայի պատգամին մէջ որեւէ նոր բան չի տեսներ։ Ըստ անոր, Մինսքի խմբակին մէջ ամերիկեան կեցուածքը միշտ ալ խաղաղ լուծման եւ երկխօսութեան ջատագովման վրայ կը կեդրոնանայ, սակայն մեծ յայտարարութեանց սահմաններուն մէջ կը մնայ։ Միացեալ Նահանգներ չուզեցին այս երկխօսութեան վրայ իսկական ներուժ վատնել, ինչպէս գաղթականներուն ելեւտմական օժանդակութիւն տրամադրել կամ հանդիպումներ կազմակերպել։ Ռուսական կողմը միշտ այդ մէկը կը կատարէ եւ թերեւս Օպամա եւս պիտի փորձէ այդ կատարել։

Քազանցեւ կը նշէ, որ Արեւմուտքը Հայաստանի հարցով անսպասելի կացութեան մը առջեւ գտուեցաւ, որովհետեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընթացող խաղին մէջ գերազանցեց բոլորը՝ որոշելով Մաքսային Միութեան մաս կազմել։ Այս իրողութիւնը ապշեցուց Եւրոպական Միութիւնը, որ Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնութիւնը ստորագրելու կը պատրաստուէր։ Այժմ Միացեալ Նահանգներ որոշած է անուղղակի կերպով կացութեան ազդել։

Վասիլենքով հարց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ղարաբաղ իրարմէ շատ հեռու կը թուին, ուստի ինչո՞ւ ամերիկացիները ճանաչումի չարժանացած այս հանրապետութեան եւ առկախուած տագնապին պէտք ունին։ Սակայն հարցերը այդքան ալ պարզ չեն եւ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ փոքր շրջան մը կրնայ ճիշդ պահուն կարեւորութիւն ստանալ։ Միացեալ Նահանգներ Ղարաբաղի տարածքին համար ծրագիրներ ունին։

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին յատկացումներու յանձնախումբը այս տարուան յուլիսին որոշեց 2014-ին օժանդակութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին։ Նախապէս յանձնախումբը կառավարութեան առաջարկած էր 2014-ին նկատարելի կերպով նուազեցնել արտաքին օժանդակութեանց ծախսերը։ Բազմաթիւ երկիրներու տրամադրուած օժանդակութեան գումարը կրճատուեցաւ, սակայն ոչ Լեռնային Ղարաբաղինը։ Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեանի, Միացեալ Նահանգներու տնտեսական օժանդակութիւնը ռազմավարական տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերու ջատագովման կը ծառայէ։

Այն հարցումը կը ծագի, թէ ամերիկացիները ինչո՞ւ կը ֆինանսաւորեն Լեռնային Ղարաբաղը, երբ հակամարտութիւնը լուծելու լուրջ քայլեր առնել միշտ մերժած են։ Սեւ Ծովու եւ Կասպեան շրջանի ընկերային ու քաղաքական ուսունմասիրութեան հիմնարկի տնօրէն Վլատիմիր Զախարով այս հարցումին պատասխանը կու տայ, երբ կը յայտնէ, որ ինք կը հաւատայ, թէ Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պիտի չլուծեն, որովհետեւ կ՚ուզեն ճանաչումի չարժանացած հանրապետութեան տարածքը օգտագործել Իրանի դէմ յարձակում գործելու համար։

Ըստ Զախարովի, Ազրպէյճան այդ մէկը կատարելու յարմար չէ, որովհետեւ Թեհրան զգուշացուցած է, որ պիտի հակադարձէ Ազրպէյճանի, եթէ Միացեալ Նահանգներու գործօն օժանդակութիւն տրամադրէ։ Ամերիկացիները պէտք ունին իրենց արբանեակը ապահով պահելու։ Ղարաբաղը ռազմական գործողութեան ձեռնարկելու հոյակապ ժամանակաւոր տարածք մըն է։

Ան կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս երկակի չափանիշեր կը կիրարկեն։ Անոնք երեւութաբար կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծել, սակայն նոյն ատեն իրենց անձնասիրական նպատակները կը հետապնդեն։ Զախարով համոզուած է, որ «ամերիկեան» թեման է բանակցութեան հոլովոյթի վերսկսման արգելքը։

Անոր ենթադրութիւնը կը հաստատուի այն իրողութեամբ, որ Միացեալ Նահանգներ երկրորդ անգամ ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամերիկացի խաղաղապահներ տեղակայելու համար ՄԱԿ-ի արտօնութիւնը խնդրած են։ ՄԱԿ-ը առայժմ դրական պատասխան մը չէ տուած։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամերիկացի խաղաղապահներու տեղակայումը մաս կը կազմէ Իրան ներխուժելու ծրագիրին։ Աֆղանիստանէն հեռացուած ամերիկեան ուժեր պիտի տեղակայուին Ազրպէյճանի մէջ։ Իրանի դէմ ամերիկեան պատերազմ մը կրնայ սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական զօրքերու լայն գործողութեամբ մը, որմէ ետք ամերիկեան ուժերը խաղաղապահութեան առաքելութեամբ մուտք պիտի գործեն Լեռնային Ղարաբաղ։ Ապա այդ «խաղաղապահները» պիտի մասնակցին Իրանին դէմ ռազմական գործողութեան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոչ ոք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը իրապէս պիտի լուծէ, որովհետեւ իրենց պէտք ունեցածը իբրեւ ռազմակայան ծառայող հողատարածք մըն է։ Ասիկա պարզ, սակայն նոյն ատեն խորամանկ ծրագիր մըն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.