ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ
Ռեզա Ասլան ամերիկեան Ֆորէյն Ըֆերզ պարբերաթերթի կայքէջին վրայ զետեղուած վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները եւ անոնց եկեղեցիները թիրախներու վերածուած են։
Այս դէպքերը Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ յետըմբոստութեան մթնոլորտին վերագրելը դիւրին է, սակայն հարցը յստակ տեսնելու համար հարկ է մէկ քայլ ետ առնել։ Այդ պարագային յստակ կը դառնայ, որ վերջին դէպքերը մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ աւելի մեծ արշաւի մը, որուն արմատները շրջանային քաղաքականութեան եւ իսլամական ընկերութեան մէջ տասնամեակներու վրայ երկարող զարգացումներուն մէջ են։ Այն ինչ որ այսօր տեղի կ՚ունենայ պարզապէս կրօնական մաքրագործում մըն է, որ հաւասարապէս քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն համար շուտով պատմական աղէտի մը պիտի վերածուի։
Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին, քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի բնակչութեան 20 առ հարիւրը կը կազմէին։ Այժմ տարածաշրջանին մէջ 13 միլիոն քրիստոնեաներ մնացած են եւ այդ թիւը հաւանաբար յաւելեալ չափով նուազի՝ նկատի ունենալով պատմական առումով մեծաթիւ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող երկու երկիրներուն՝ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի ապակայունացման շարունակումը։ Թիւի անկումի ներկայ համեմատութեան լոյսին տակ, կարելի է ակնկալել, որ մէկ կամ երկու սերունդ ետք, քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ նկատառելի ներկայութիւն մը պիտի չըլլան։
Այդ մէկը մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ։ Քրիստոնէութիւնը ծնունդ առած է Միջին Արեւելքի մէջ եւ իսլամութեան ծագումէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ տարածաշրջանին մէջ մեծ ներկայութիւն եղած է։ Միջին Արեւելքը եւ Արաբական թերակղզին նաեւ քրիստոնեայ աղանդաւորներու ապաստանարան եղած են։
Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն կացութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ գաղութատիրութեան ժամանակշրջանին, որովհետեւ գաղութատիրութիւնը նաեւ քրիստոնէականացման առաքելութիւն մըն էր եւ նախապատուութիւն կու տար տեղւոյն քրիստոնեաներուն, իսկ իսլամութիւնը կը նկատեր յետադիմական քաղաքակրթութիւն մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ տարածաշրջանի իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ քաղաքական լարուածութիւններ յառաջանան։ Իսլամները սկսան իրենց քրիստոնեայ դրացիներ գաղութատիրական բռնաճնշումին մեղսակից նկատել եւ քրիստոնեաները սկսան հակագաղութատիրական արարքներու թիրախ դառնալ։
20-րդ դարուն, գաղութատիրական իշխանութեան աւարտէն ետք, Միջին Արեւելքի նորանկախ ազգ-պետութեանց կառավարութիւնները աշխոյժ կերպով իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն տարածաշրջանէն գաղթը քաջալերեցին՝ որդեգրելով օրէնքներ, որոնք կը սահմանափակէին քարոզչութիւն կատարելու կամ աղօթատեղիներ կառուցելու իրաւունքները։ Տարածաշրջանին մէջ մնացած քրիստոնեաներուն կացութիւնը վատթարացաւ 1950ական եւ 1960ական թուականներուն, որովհետեւ Իսլամ եղբայրներու նման խմբաւորումներ Միջին Արեւելքի իսլամները քաջալերեցին ազգայնականութիւնն ու քաղաքացիութիւնը բացառապէս իսլամական ինքնութեան պրիսմակէն դիտելու։ Հեգնականն այն է, որ նոյն ատեն Միջին Արեւելքի աշխարհիկ բռնատիրական վարչակարգերը Արեւմուտքի մէջ վարկ ապահովեցին իրենք զիրենք ներկայացնելով, իբրեւ իսլամական ծայրայեղականներէն քրիստոնեաները պաշտպանողներ։
Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին բարձրացած ժիհատականութեան ալիքը քրիստոնեաներուն դէմ արշաւը նոր մակարդակի բարձրացուց։ Քայիտայի նման ժիհատական խմբաւորումներ հակամարտութիւնները քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան միջեւ ամբողջական պատերազմ ներկայացնելու մէջ նկատառելի յաջողութիւն արձանագրած են։ Տարածաշրջանի իսլամներէն շատեր, նոյնիսկ անոնք, որոնք Քայիտայի չեն զօրակցիր, այժմ կը հաստատեն, որ կը հաւատան, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները »խաչակրութիւն« կատարող Արեւմուտքին (ինչպէս Իրաքի մէջ) կամ »անաստուած« բռնապետներու (ինչպէս Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ) կողքին են։
Օրինակի համար Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումը ներկայացուած էր, իբրեւ իսլամութեան դէմ խաչակրութիւն մը։ Արմատական իսլամներ շարունակ (եւ յաջող կերպով) պնդեցին, որ Իրաքի քրիստոնեաները ամերիկեան բանակին հետ կը գործակցին։ Հետեւանքն այն եղաւ, որ Սատտամ Հուսէյնի տապալումէն ետք, առնուազն 60 եկեղեցիներ յարձակումի ենթարկուած են եւ աւելի քան հազար քրիստոնեաներ սպաննուած են։ Ըստ կարգ մը տուեալներու, Իրաքի 1.5 միլիոն քրիստոնեաներուն շուրջ երկու երրորդը անցնող 10 տարուան ընթացքին երկրէն հեռացած է։
Սուրիոյ քրիստոնեաները1920ական թուականներու ընթացքին բնակչութեան 30 առ հարիւրը կը կազմէին, այսօր այդ համեմատութիւնը նուազ քան 10 առ հարիւր է։ Թէեւ այս զանգուածային գաղթը քաղաքացիական պատերազմին պատճառով վատթարացած է, անոր իսկական պատճառը տասնամեակներու վրայ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած այն հոգեբանական փոփոխութիւնն է, որուն հիմամբ քրիստոնեաները սկսան թշնամիներ նկատուիլ։ Բայցեւայնպէս, որովհետեւ բազմաթիւ սուրիացի քրիստոնեաներ Ասատի վարչակարգի ջատագովներ եղած են, սուրիական ընդդիմութեան համար դիւրին եղաւ քրիստոնեաները իբրեւ իր քաղաքացիներուն դէմ սպանդ գործող բիրտ վարչակարգի մը գործակիցները ներկայացնել։ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 40 եկեղեցիներ վնասուած կամ քանդուած են, աւելի քան հազար քրիստոնեաներ սպաննուած եւ հարիւր հազարաւոր ուրիշներ գաղթական դարձած։
Նոյնպիսի զարգացում մը տեղի կ՚ունենայ Եգիպտոսի մէջ, ուր կը բնակին Միջին Արեւելքի ամէնէն հին եւ մեծաթիւ քրիստոնեաները։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ, ներառեալ ղպտիներու Թէոդորոս Բ պապը չեն ծածկած ժողովրդավարական կերպով ընտրուած եւ Իսլամ եղբայրներու աջակցութիւն վայելող նախագահը հեռացուցած զինուորական յեղաշրջումին իրենց զօրակցութիւնը։ Այդ զօրակցութիւնը պատճառ դարձած է, որ Իսլամ եղբայրներու կարգ մը համակիրներ քրիստոնեաներու դէմ ահաւոր արարքներ գործեն։
Տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներուն ողբերգութիւնը յստակ է։ Անոնք իրենց կեանքերը, տուները եւ պաշտամունքի վայրերը կը կորսնցնեն։ Անոնք դուրս կը մղուին իրենց պապենական հայրենիքներէն եւ կը ստիպուին ապաստանիլ հարեւան երկիրներու մէջ, ուր եւս լաւ ընդունելութեան չեն արժանանար։