Զարաքօլու Խիղճի Պարտք Կը Նկատէ «Վկայութիւններ»ու Թրքերէնով Հրատարակումը


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Այս մէկը խիղճի հարց է: Չեմ կրնար խիղճս անտեսել ու անոր դէմ քայլերու դիմել», ըսած է թրքական «Պելկէ» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու, պատասխանելով հայ լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք չէ՞ք վախնար Վերժինէ Սվազլեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ականատես Վերապրողների Վկայութիւններ» գիրքը հրատարակելէն եւ Հայաստանի մէջ անոր շնորհանդէսին մասնակցելէ ետք Թուրքիա վերադառնալէն:
Զարաքօլու Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին ժամանած էր Երեւան, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ  գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու համար: Բանագէտ, բանահաւաք, ցեղասպանագէտ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վերժինէ Սվազլեանի նշեալ գիրքը լոյս տեսած էր 2011ին՝ հայերէն եւ անգելերէն լեզուներով: Գիրքը թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի եւ Զարաքօլուի կողմէ հրատարակուած՝ (1500 տպաքանակով) այս տարի:
«Ռակըպ Զարաքօլուին ասացի, որ իր համար այս նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր է լինելու: Նա էլ պատասխանեց, թող (բանտ) նստեցնեն ինձ, բայց կարեւորն այն է, որ գիրքն արդէն տպուած կը լինի», լրագրողներուն ըսած է Սվազլեան, յիշեցնելով, որ թրքական «Թարաֆ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Զարաքօլու ըսած է, որ այս գիրքով ներկայացուած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ նաեւ թուրք ժողովուրդի պատմութիւնը:
Զարաքօլուի կարծիքով, թրքական իշխանութիւնները չեն յանդգնիր իր նկատմամբ որեւէ քայլ իրականացնել՝ այս գիրքը հրատարակելուն համար:
«Նախապէս եւս տպած ենք նման գիրքեր: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ իրենց փորձերն անյաջողութեան կը մատնուին: Թուրքիոյ իշխանական խաւը կ՛ուզէ մեզի նմանները լռեցնել», ըսած է ան, յիշեցնելով, թէ իր գործունէութեան համար կը շարունակուի հետապնդուիլ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ եւ իր հերթական դատական նիստը պիտի կայանայ այս Հինգշաբթի օր: Անոր որդին արդէն իսկ երկու տարի է, որ բանտարկուած կը մնայ:
«Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պարտադրած պաշտօնական պատմութեան ընկալումը քանդուեցաւ մտաւորականութեան կողմէ ու սառոյցը կը հալի: Օրէ օր կ՛աւելնայ թիւը այն մարդոց, որոնք ճշմարտութեան ճանապարհը բռնած են, կը փնտռեն այդ ճանապարհը», ըսաւ թուրք իրաւապաշտպանը:
«Սվազլեանի անունը ծանօթ է թուրք հասարակութեան: Անոր այլ գիրքերը թարգմանուած են  թրքերէնի եւ անոնք պատուանդան պիտի դառնան այս նոր գիրքին համար, որ պիտի կանգնի իբրեւ արձան՝ այդ պատուանդանին վրայ: Գիրքին մէջ կան անառարկելի փաստարկներ, զորս հասարակութիւնը պիտի սկի քննելու», աւելցուց ան:
Սվազլեանի կարծիքով, գիրքին թրքերէն տարբերակը նշանակալի դեր պիտի կատարէ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ:
ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան այս առթիւ նշեց, որ հաստափոր գիրքին վրայ թրքերէնով գրուած «ցեղասպանութիւն» բառը յեղափոխում կրնայ մտցնել թուրքերու մտածողութեան մէջ:
«Թուրքերէն տարբերակում ոչինչ փոխուած չէ: Կարեւոր է, որ տեղանունները նոյնպէս փոխուած չեն: Իր կատարած ահռելի աշխատանքով Ռակըպ Զարաքօլուն մեզ ստիպեց փոխել մեր պատկերացումները թուրքի վերաբերեալ», ըսած է Մելքոնեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.