21-րդ Դարու Սփիւռքահայ Մամուլը Իր Մարտահրաւէրներով
Վահագն Գարագաշեան
Ծ.Խ.- «Հորիզոն»ի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, «21-րդ դարու Սփիւռքահայ մամուլը իր մարտահրաւէրներով» յօդուածով կը ներկայացնէ տեղեկատուական հասարակութեան եւ թուայնացած համաշախարհային մշակոյթին մէջ՝ հայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Հազարամեակներու թաւալումին ընթացքին, Համաշխարհային հասարակութեան զարգացումը պայմանաւորուած է գիտելիքներու եւ տեղեկատուութեան փոխանակման եւ ընկալման հիմնական սկզբունքին վրայ։
Տեղեկատուութեան մշակումն ու փոխանցման ձեւաչափը նաեւ պայմանաւորուած է արժէքային եւ բարոյական հիմնարար չափանիշներով։
Մամուլի եւ թերթի առաքելութիւնը եղած է տարածել հաւաստի, չափակշռուած եւ իրաւացի լրատուութիւն։ Դարերու ընթացքին, մինչեւ 20-րդ դարու աւարտ, տպագիր մամուլը կատարած է այդ առաքելութիւնը. Այսինքն, 1440 թուականի գերմանացի Կիւթէնպէրկի տպագրական մեքենայի գիւտէն ետք, մօտաւորապէս հինգ հարիւրամեակ մարդկութեան տեղեկատուական հիմնասիւնը եղած է տպագիր մամուլը։
20-րդ դարուն, համակարգիչներու եւ համացանցերու տեղեկատուական յեղափոխութենէն ետք, համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործընթացը հունաւորած է նոր ուղի՝ տեղեկատուական նոր հասարակութիւն։
Պետութեան, հասարակութեան եւ մարդ անհատի հոգեւոր, մտաւոր եւ կրթական ոլորտներու արդիւնաւէտ զարգացումը կախեալ է տեղեկատուական դաշտի որակական համակարգերէն, որոնք կը կերտեն հասարակութեան տարաբնոյթ զանգուածներու վարքն ու հոգեբանութիւնը։ Մամուլի միջոցով կարծիքներու եւ տեսակէտէրու հունաւորումներն ու կողմնորուշումները հասարակութեան խաւերուն վրայ յստակ ներազդեցութեան հիմնական լծակներ կը հանդիսանան։
Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը գիտարուեստի տեղեկատուական նորարութիւններու միջոցով ձեւաւորած է այնպիսի համակարգ, որ կարողականութիւնն ու հասանելիութիւնը ունի ներազդելու անհատի եւ հանրային կարծիքին վրայ՝ օգտագործելով կամ շահագործելով հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական ներազդեցութիւնը։
21-րդ դարուն, լսատեսողական հաղորդակցութեան գիտարուեստներու (communication technology) կողքին, տեղեկատուական աշխարհի միահեծան տէրն է համացանցը (internet), որ ամենօրեայ տեղեկութիւններու շրջանառութիւնը՝ րոպէներու տարբերութեամբ համակարգիչի պաստառին վրայ կը տեղադրէ։ Համացանցի յեղափոխութենէն ետք լրագիրներու եւ թերթերու դարաշրջանը փակուած կարելի է նկատել։
Սփիւռքահայ մամուլը. Թիւեր եւ համեմատութիւններ
Հայ լրագրութեան այսօրուան պարզած իրավիճակին եթէ ուզենք ծանօթանալ, հարկ է վկայակոչել Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի 1988-ին հրատարակակած՝ «Հայ մամուլի ցուցակ»ի տուեալները, ուր ըստ հեղինակին կատարած հաշուառումներուն, Սփիւռքի մէջ կը հրատարակուէին տպագիր 15 օրաթերթ, 2 եռօրեայ, 29 շաբաթաթերթ։ Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ ետք, այսօր, Սփիւռքի մէջ կը հրատարակուին տպագիր 9 օրաթերթ, 2 եռօրեայ եւ 8 շաբաթաթերթ։ Ուրեմն, 35 տարուան ընթացքին Սփիւռքի տպագիր հայ մամուլի թիւը նուազած է մօտաւորտապէս 60% համեմատութեամբ։
Զուգահեռաբար պէտք է նկատի ունենալ նաեւ տոկոսային համեմատութիւնները, թէ այսօրուան դրութեամբ, ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ ընդհանրապէս հայ հասարկութեան քանի՞ տոկոսը բացառապէս կ’օգտագործէ համացանցը, որպէս տեղեկատուական լսարան։
Համացանցի օգտագործման վիճակագրութիւններ կատարող Internet World Stats կայքէջի 2012 թուականի տուեալներով` Հայաստանի մէջ համացանցէն կ’օգտուէին 1 միլիոն 800 հազար քաղաքացի, որ կը կազմէ բնակչութեան 60,6 տոկոսը: Համեմատութեան համար նշենք նաեւ, որ 2000 թուականին, Հայաստանի մէջ համացանցը օգտագործողներու թիւը կը կազմէր 30 հազար: Դարձեալ Internet World Stats կայքէջի տուեալներով, 2021 թուականի յունիսի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ համացանցի օգտատէրերու թիւն է՝ 2 միլիոն 125 հազար, որ կը կազմէ բնակչութեան 71,1 տոկոսը։ Հայաստանի վիճակագրական թիւերը կը մէջբերենք, որովհետեւ Սփիւռքի պարագային նմանօրինակ վիճակագրութիւն ցարդ չէ կատարուած եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ արտասահմանի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու պարագային՝ մօտաւոր տոկոսային համեմատութիւններ ի զօրու ըլլան։
Վերոնշեալ թիւերն ու համեմատութիւնները ի մի բերելով, յստակ կը դառնայ, որ անցնող երկու տասնամեակներուն, 21-րդ դարու նախաշէմին, հայ հասարակութիւնը տեղեկատուահաղորդակցական հսկայական տեղաշարժի ենթարկուած է եւ անցումային հանգրուանով գերակշռօրէն թեքած է դէպի գիտարուեստի տեղեկատուական բնագաւառ։
Հիմնուելով վերեւ նշուած թիւերուն վրայ, յստակ է, որ այսօրուան տեղեկատուադաշտը առցանց զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերու (social media) տարբեր հարթակներն են։ Facebook-ի, Twitter-ի, Instagram-ի նման հարթակներու վրայ թափ առած է քաղաքացիական լրագրութիւնը (citizen journalism)։ Մամլոյ ոլորտին մէջ, ցանցային տեղեկատուութեան ընդլայնման զուգահեռ թափ առաւ քաղաքացիական լրագրութիւնը, ուր որեւէ մէկ համաշխարհաքաղաքացի կրնայ ստեղծել լրատուական հարթակ եւ սփռել տեղեկատուութիւն՝ ի տարբերութիւն տասնամեակներ առաջ գոյութիւն ունեցող աւանդական կամ տպագիր մամուլին, որուն բոլոր լրագրողներն ու խմբագիրները պէտք էր ըլլային վկայեալ կամ առնուազն արհեստավարժ լրագրողներ։ Դրական եւ իր բացասական կողմերով հանդերձ, քաղաքացիական լրագրութինը այսօրուան մեր իրականութեան անբաժան մէկ մասնիկն է, ուր որեւէ մէկ անհատ կամ խմբաւորում կարելիութիւնը ունի տեղեկատուութիւն կամ ապատեղեկատուութիւն տարածելու, ըստ անհատական կամ խմբային շահագրգռուածութեան եւ հայեցողութեան։
Սփիւռքի մամուլը կը գտնուի նոյն կացութեան առջեւ։ Աւանդական մամուլի կողքին, այսօր համացանցի վրայ կը գործէ քաղաքացիական լրագրողներու ցանց, հայերէնի կողքին ունենալով ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն կամ ռուսերէն լեզուներով ստուարաթիւ հարթակներու ցանց, ուր այլակարծութեան ու հակոտնեայ գաղափարախօսութեան բազմաշերտուածութեան մէջ աւանդական մամուլին խօսափողը օրէ օր աւելի կը նուազի, հակառակ որ այսօրուան դրութեամբ, սփիւռքահայ գործող կազմակերպութիւններու տպագիր կամ առցանց պաշտօնաթերթերն եւ օրգանները տակաւին ունին բիւրաւոր հետեւորդներ, ընթերցողներ եւ կամ բաժանորդներ։
Տեղեկատուական Հասարակութիւնը եւ Սփիւռքահայ Մամուլը
Տեղեկատուական հասարակութիւնը (information society) այն համաշխարհաքաղաքացիական հասարակութիւնն է, որ կը բնութագրուի տեղեկատուութեան սրընթաց աճով եւ օգտագործմամբ, տեղեկատուութեան բազմաբնոյթ աղբիւրներու համատարած շահագործմամբ։ «Տեղեկատուական հասարակութիւն» եզրը առաջին օգտագործողներէն մէկը հանդիսացած է ճաբոնցի ընկերաբան փրոֆեսոր Եուճիրօ Հայաշին (Yujiro Hayashi), որ 1969ին Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ տեղեկատուութեան գիտարուեստի մասին «The Information Society: From hard to soft society» զեկուցագրին գլխաւոր խորհրդականը հանդիսացած էր։
Մէկ խօսքով՝ համաշխարհային տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարդկութեան կենցաղին մէջ տեղեկատուական եւ հաղորդակցական գիտարուեստի բազմաբովանդակ կիրառումով տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը կը բազմապատկուի համաշխարհային հասարակութեան մօտ եւ կը ստեղծուի թուայնացած քաղաքացիներու (digital citizens) նոր հասարակարգ մը, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ, ամէն պահ, ամէն ակնթարթ հաղորդակից են օրուան տեղեկատուական շարժումին։ Նման համաշխարհային նորարական գիտարուեստի մը դէմ՝ սփիւռքահայ տպագիր աւանդական մամուլին համար անհամատեղելի է ընդդիմակցումը եւ այլ ելք չունի, բացի ընդգրկուելու եւ համարկուելու այդ համաշխարհային շարժումին։
Միաժամանակ, 21-րդ դարու հաղորդակցական տարաբնոյթ սարքերը, համակարգիչներէն մինչեւ բջջային հեռախօսները՝ 21-րդ դարու տեղեկատուական հասարակութեան նոր սերունդին համար անարժէք կը դարձնեն տպագիր մամուլը։
Դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ
2021 թուականի Հոկտեմբեր 28-ին, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը ահազանգ կը հնչեցնէր՝ «Օրաթերթը Հիմնադրութեան 114-րդ Տարին Կը Թեւակոխէ Անդունդի Եզրին» խորագրով խմբագրականով մը։ Օրաթերթի տնտեսական անձուկ վիճակը պարզող խմբագրականը կը շեշտէ, որ «Ժամանակ»ը կ’ապրի տագնապալի օրեր, ընդհուպ մինչեւ գործունէութեան դադրեցում՝ չըսելու համար օրաթերթի ընդմիշտ փակում։
Իրօք, պատմութեան այս ժամանակահատուածին, նման տագնապալի իրավիճակով են համակուած յատկապէս Սփիւռքի տպագիր լրատուամիջոցները, որոնցմէ շատեր, օրհասական պայքար մղելով է, որ դեռ եւս կը պահպանեն իրենց գոյութիւնը։ 114 տարի շարունակ բազում դժուարութիւններ դիմակայած «Ժամանակ»ի ճակատագիրը անորոշ է, մանաւանդ եթէ օրաթերթին ձեռք չերկարէ կամ չսատարէ տեղւոյն համայնքը։
Ճակատագիրը անորոշ է նաեւ տակաւին գոյատեւող սփիւռքահայ մնացեալ օրաթերթերուն, եռօրեաներուն, շաբաթաթերթերուն կամ ամսաթերթերուն։
Սփիւռքահայ աւանդական տպագիր մամուլը կը գտնուի տագնապալի կացութեան մէջ։ Անբաւարար բաժանորդներու թիւը, տնտեսական եւ նիւթական անձուկ վիճակը, նորահաս սերունդի ներգրաւումը եւ հաղորդակցութեան գիտարուեստի արագընթաց զարգացման հետ քայլ պահելու հարցը՝ այդ տագնապին գլխաւոր գործօններն են։
Հայ մշակոյթի եւ հայեցի դաստիարակութեան մարտկոցներէն սփիւռքահայ տպագիր մամուլի բարեյուսոյ հրուանդանը դժբախտաբար անտեսանելի է։ Տպագիր մամուլի շիջումով որոշակի ընկրկման կ’ենթարկուի նաեւ արեւմտահայերէնը, որ արդէն իսկ Եունեսքոյի կողմէ կորստեան մատնուելու վտանգի ենթակայ լեզուներու ցանկին մէջ ընդգրկուած է։
Նման կացութեան դէմ յանդիման, անհրաժեշտ է համասփիւռքեան մամլոյ խորհրդաժողովի մը ընդմէջէն քննարկման բովէ անցնել վերեւ նշուած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։ Միւս կողմէն, գոյատեւելու եւ լրատուական աշխարհին մէջ արդիւնաւէտ գործելու համար, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պարտաւոր է նպատակաուղղուած ձեւով քայլ պահել եւ հաղորդակից մնալ գիտարուեստի նորարութեանց եւ տեղեկատուական հասարակութեան շարժման ու հոլովոյթին հետ։
Վահագն Գարագաշեան
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր
Գանատա