ԷՋԵՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ – Գ.
Շրջափակումը մասամբ վերցուեր է: Դժուարութեամբ լոլիկ, վարունգ, դդում, սմբուկ սկսան երեւիլ շուկաներուն մէջ, բայց … անոնց երեւումին հետ յանկարծ յստակ դարձաւ, որ հոգիի շրջափակումը ոչ միայն չէ վերցուած տակաւին, այլ անոր օղակը աւելի սեղմուեր է:
Անօթի եմ բարեկամներուս զրոյցներուն եւ ծարաւ՝ մշակութային ու գրական մթնոլորտի:
Միակ պատուհանը, ուրկէ կարելի է կեանքը դիտել – կեանքը, որ հեռուն տեղ մը թափով կը թաւալի – համացանցն է, եւ միակ ժամադրավայրը, ուր կարելի է երկու խօսք փոխանակել, դիմագիրքն է:
Ասոնք կը գոհացնե՞ն մեզ: Ո՛չ, որովհետեւ մենք վարժուեր էինք Հալէպի երկար, քաղցր գիշերներուն նստիլ պարտէզի մը, սրճարանի մը, բակի մը ծառերուն տակ եւ խօսիլ հանդարտ, զրուցել երկար, մեր գիտցածն ու չգիտցածը հանգամանալի կերպով քննարկել …
***
Շուկայ իջեր եմ. տունը կաթ կայ թէեւ, բայց քանի հոս եմ, քիչ մըն ալ գնեմ, ինչ կ՚ըլլայ-չըլլար:
-Քանի՞ է փոշի կաթին քիլոն:
Հիմա ամէն օր պէտք է հարցնել այս հարցումը: Գիները ոչ թէ օրէ օր, այլ ժամէ ժամ յաւելում կ՚արձանագրեն:
-Հազար եօթ հարիւր,- կ՚ըսէ խանութպանը:
-Ի՞նչ … հազար հարիւր չէ՞ր:
Ծախողը ոչ իսկ կողմս կը նայի:
Շուկային մէջ մէկ-երկու տեղ քանի մը ձմերուկ յայտնուեր է, գարնանային ամչկոտ կակաչի պէս.
-Քանի՞ է քիլօն:
-Հարիւր քսան:
Կ’երեւի թէ դէմքիս արտայայտութիւնը շատ… ապուշ էր:-Հաշուէ, հաշուէ՛,- ըսաւ վաճառորդը,- ամենէն պզտիկը տասը քիլոյէն աւելի կը կշռէ: Հաշուել գիտե՞ս…
Ժողովուրդը կրակը ինկեր է գիներուն ձեռքը:
Ժամանակին երբ «րաքապէ ու դամուին» կար (շուկայի սակերը հսկող տնօրէնութիւն), երբ սակերը պետութեան հակակշռին տակ էին, միատեսակ էին բոլոր սակերը բոլոր շուկաներուն մէջ, գանգատողներ կային. մինչ հիմա մարդիկ ստիպուած են Յուլիսի արեւին տակ երկա՜ր ճամբայ կտրել հասնելու համար աւելի «յարմար» շուկայ մը, եւ յետոյ ծանրօրէն բեռնաւորուած, քալելով վերադառնալ:
«Ազատութիւն», որքա՜ն դառն ես դուն:
***
Դիմագիրքին վրայ երբեմն քաղաքին աւերակները ներկայացնող լուսանկարներ կը զետեղուին:
Չեմ գիտեր թէ որո՞նք են անոնք, այդ անվեհեր երիտասարդները, որոնք կը համարձակին դուրս ելլել մեր նեղ, փոքրիկ ու փակ շրջանակէն, ոտքով կտրել քաղաքին վտանգաւոր թաղերը եւ հասնիլ հոն, ուր արդէն վտանգը իմաստ չունի, որովհետեւ հոն, այդ աւերակներուն մէջ ա՛լ մարդ չկայ, շունչ չկայ, կեանք չկայ, միայն քարակոյտ: Հասնիլ հոն եւ նկարել:
Ումաուի մզկիթը քարակո՞յտ:
Քարակոյտ նոյն մզկիթին մինարէ՞ն, որ նախապէս զանգակատուն եղեր է:
Քարակոյտ ներսի շուկա՞ն:
Բայց ո՞վ գացեր է մինչեւ հոն եւ համարձակեր նկարել:
Ու մենք, հաւատալով-չհաւատալով կը դիտենք վիրաւոր ու հաշմանդամ մեր քաղաքը եւ կը մերժենք հաւատալ, կը մերժենք ընդունիլ:
***
Ամառնային աղուոր, տաք օր մըն է, երբ պէտք էր աւազան գացած ըլլայինք, յետոյ՝ ՀՄԸՄ-ի պարտէզ հաց-պանիր եւ համմոս ուտելու, յետոյ մինչեւ ուշ գիշեր պատշգամը նստէինք նեղանալով քաղաքին հեռու, անդադրում աղմուկէն, մէկ դրացիին հիւրերուն բարձր քրքիջներէն, միւսին հեռատեսիլի ձայնէն:
Բայց հիմա լռութիւն է: Ուղղաթիռը դեռ վերն է, դեռ չէ ձանձրացած հետախուզելէ, զարնելէ, հարուածելէ: Վարը տեղ մը հակառակորդ զինեալները չեն ձանձրացած կռուելէ, վիրաւորուելէ, մեռնելէ: Ո՞վ պիտի ըսէր իրենց, որ «մեղք է ձեր թարմ կեանքերուն, տուն գացէ՛ք. հիմա ձեր սիրելու ժամանակն է, ոչ մեռնելու»:
Ոչ ոք:
Ոչ: Ոք:
***
-Չեմ կրնար գրել,- ըսաւ աշակերտուհիներէս մէկը քննութիւնը հազիւ սկսած,- չեմ կրնար կեդրոնանալ:
-Ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ մտահոգ ես:
-Քեռիս առեւանգուած էր, երէկ իրմէ լուր կը սպասէինք բայց լուր չեկաւ. բոլորիս ջիղերը քայքայուեցան:
-Ինչպէ՞ս կը սպասէիք, ինչէ՞ն գիտէիք որ լուր պիտի գայ:
-Մէկուն դրամ տուած ենք, որ երթայ փնտռէ զինք:
-Ուրեմն բնաւ պիտի «չգտնէ», որ իր աղբիւրը չցամքի:
***
Յետոյ յոգնեցանք մութէն եւ ընկեր փնտռեցինք, եւ յոգնեցանք լռութենէն եւ ձայն փնտռեցինք. մարդիկ մառաններէն, ձեղուններէն, իրենց կիներու աչքերէն հեռու պահած անկիւններէն հին ձայնասփիւռերը հանեցին, սրբեցին, փայլեցուցին եւ իրենց ականջներուն դրած սպասեցին:
Թէեւ ոչ ոք իրողապէս ձայնասփիւռի պէտք ունէր: Լուրերը կը թռչէին կարճ ալիքներէն աւելի արագ, բերնէ բերան, դրացիէ դրացի, պատշգամէ պատշգամ, մայթերուն կեցող «պասթաճի»է «պասթաճի» եւ կը ձեւափոխուէին, ինչպէս բառը մեր խաղին՝ փսփսուքին մէջ…
-Ներէ՛ ինծի, հայրենի՛ք- կը լսուի կնոջ մը յուզաթաթախ ձայնը ձայնասփիւռէն,- ներէ որ պիտի լքեմ քեզ ու հեռանամ. բայց դուն ալ մոռցար զիս, առիր ինձմէ տունս, կեանքս, ապագաս … ներէ որ երթամ …
Շատեր կ՚երթան. «դեռ որքա՞ն անասունի պէս պիտի ապրինք, դեռ որքա՞ն պիտի դիմանանք» կ՚ըսեն ու կ’երթան:
Կը լսուի տղամարդու մը ձայնը ձայնասփիւռէն.
-Ես Կապին եմ, Հալէպէն,- կ՚ըսէ ձայնը,- այդ կնոջ կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ պատերազմի մէջ կ՚ապրինք. սիրելի տիկին, մտածե՞ր ես զինուորներուն մասին, որոնք թէժ արեւին տակ կեցած են ամբողջ օրը մեզի համար, մեր ապահովութիւնը ապահովելու համար …
Բայց յուզաթաթախ ձայնով կինը չի լսեր Հալէպի Կապիին ձայնը եւ ճամպրուկները առած կ՚երթայ հեռու, շատ հեռու, մոռնալու այս մղձաւանջը (որ բնաւ մղձաւանջ չէ, այլ կեանքի ուրուական), եւ իրեն բաժին ինկած մնացեալ կեանքը արժանավայել կերպով ապրելու:
Մնացողները քիչ մը աւելի կը տխրին, քիչ մը աւելի կը կծկուին իրենք իրենց վրայ եւ կը շարունակեն իրենց չոր հացը կրծել – անշուշտ եթէ գտնեն:
***
Պէտք է երթամ ջուրի, ելեքտրականութեան եւ հեռաձայնի դրամը վճարելու, Կեդրոնական նամակատան ետեւի շէնքը. որովհետեւ հիմա թէեւ կեանքը տեղքայլ կ՚ընէ, վճարումները սակայն մեծաքայլ կ՚ընթանան:
Կանուխ կ՚երթամ երկար հերթերու մէջ չմնալու համար: Տակաւին պաշտօնեաները եկած չեն:
Կը սպասեմ հեռաձայնային բաժնին փակ դրան առջեւ: Շուրջս կը դիտեմ ու կը զարմանամ, որ ծառին ետեւը, երկնքին վրայ լուսինը կ՚երեւի տակաւին: Եւ լուսնէն քիչ մը անդին բարձրայարկ շէնք մը, որուն տանիքը կ՚ըսէին մարդորս կայ:
Անմիջապէս կը պատսպարուիմ «վէն»ի մը քով: Այսպէս է, սորվեր ենք զգոյշ ըլլալ, թէեւ շատ լաւ գիտենք, որ մեզի համար որոշուած գնդակը, կամ «վերջին պահը» պիտի գտնէ մեզ, ո՛ւր ալ ըլլանք. Նահատակաց ժողովարանի կից իր տան մէջ չէ՞ր, որ այսօր մոլորած գնդակի մը զոհ գացեր էր հայ կին մը: Բայց կը փորձենք զգոյշ ըլլալ:-Օրիորդ, օրիորդ,- կը կանչէ մէկը,- կը մօտենա՞ս:
Փակ պաշտօնատան բաց պատուհանէն է. պաշտօնեայ ըլլալու է:-Բարի լոյս,- կ՚ըսեմ ժպիտով,- այո՞:
-Ի՞նչ կը սպասես,- կ՚ըսէ կասկածով. այս օրերուն ամէն մարդ ամէն մարդէ սկսեր է կասկածիլ:
-Կը սպասեմ, որ դռները բանաք ու ես վճարումներս ընեմ:
-Տո՛ւր հին ստացագիրներդ,- կ՚ըսէ,- ես կը վճարեմ:
Կ՚առնէ թուղթերը ձեռքէս եւ քանի մը վայրկեան ետք կը մօտենայ պատուհանին.
-Երկու հազար հինգ հարիւր երեսուն հինգ:
Կը վճարեմ եւ կը մտնեմ քովի շէնքը ջուրի եւ ելեքտրականութեան վճարումները ընելու:
Քանի մը հոգի շարքի կեցած է: Միջին տարիքի մարդ մը կ’ուտայ ձեռքի հին, ճմռթկուած ստացագիրը եւ անձկութեամբ կը սպասէ:
-Երեք հարիւր վաթսուն,- կ՚ըսէ պաշտօնեան:
Մարդը կը ցնցուի եւ կը կմկմայ.
-Երեք հարիւր չըլլա՞ր,- ու կ՚երկարէ ձեռքի թղթադրամները:
Պաշտօնեան իր կողմն իսկ չի նայիր եւ ձեռքը յաջորդին կ՚երկարէ:
Մարդը գրպանները կը փնտռտէ եւ քանի մը մետաղադրամ կը հանէ.
-Հինգ, տասը, քսան …
Կը փնտռտէ միւս գրպանը.
-Քսանհինգ, երեսուն, քառասունհինգ:
-Տասնհինգ կը պակսի,- կ՚ըսէ ետեւը կեցող երիտասարդը:
-Այո՜ … տասնհինգ կը պակսի,- կը կրկնէ մարդը եւ շա՜տ տխուր կը ժպտի:
-Տա՞մ,- կ՚ըսէ ետեւի երիտասարդը:
-Կ՚ուտա՞ս … եւ հալալ կ՚ընե՞ս,- կը հարցնէ մարդը յոյսով:
-Այո, ահա՛,- եւ կ՚ու տայ առանց ձեւականութեան:
Մարդուն դէմքը յանկարծ մեծ եւ շատ սրտաբուխ ժպիտ մը կ՚ունենայ, կը վճարէ դրամը, կ՚առնէ ստացագիրը եւ կը հեռանայ մրմնջելով.
-Համտուլլա, փառք Աստուծոյ, երկիրը դեռ խէր-պէրէքէթի մէջ է:
Այս երկրին ալ հարստութիւնը նաեւ ա՛յս է՝ իր ժողովուրդը:
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ