Ըկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի վերջին նիստը, համաշխարհային մարտահրաւէրները եւ հայկական հարցերը
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յուլիս 7-8-ին, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի հերթական նիստը, որ ձեւով մը նախապատրաստական ժողով էր այս տարուան աւարտին տեղի ունենալիք կազմակերպութեան ընդհանուր համագումարին: Այս առիթով ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա ժողովականներուն ներկայացուց գործունէութեան բաւական ընդարձակ տեղեկագիր մը, որուն մէջ բաւական մանրամասն շարադրուած էին 2019-2022 ժամանակաշրջանին կազմակերպութեան աշխատանքային հիմնական ուղղութիւնները: Նիստին կը մասնակցէին ընկերվար միջազգայնականին անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հիւրեր աշխարհի չորս ծագերէն, որոնք համախմբուած էին քննարկելու համար համաշխարհային հրատապ մարտահրաւէրները, որոնք կը գտնուին կազմակերպութեան օրակարգի հիմքին մէջ:
Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին օրակարգը բաղկացած էր երեք գլխաւոր նիւթերէ՝ «Աշխատիլ յանուն խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան՝ հիմնուած ընդհանուր նպատակներու, սկզբունքներու եւ կանոններու վրայ», «Ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ երաշխաւորել հիմնական իրաւունքները» եւ «Արձագանգել համաշխարհային ճգնաժամերուն՝ համավարակ, կլիմայի փոփոխութիւն, տնտեսութիւն, արտագաղթ եւ տեղահանուածներ»:
Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա իր բացման խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերիվայրումներով լի տարիներէ ետք կազմակերպութեան համաշխարհային անդամակցութեան պատկերը դարձեալ կ՛ընդարձակուի: Ան ընդգծեց ընկերվար միջազգայնականի շարունակական յանձնառութիւնը կազմակերպութեան հետապնդած հիմնական մեծ նպատակներուն նկատմամբ, ինչպիսիք են՝ տարածել եւ պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ յանուն խաղաղ աշխարհի: Ան ներկայացնելով անցնող ժամանակաշրջանի գործունէութեան հիմնական ուղենիշերը ըսաւ, որ հակառակ «Քորոնա»-ի համավարակին, ընկերվար միջազգայնականը շարունակեց մնալ յանձնառու եւ աշխուժ՝ զօրաշարժի ենթարկելով ժողովրդավարական ուժերը աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ շարունակելով ըլլալ ժողովրդավարութեան ձայնը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ նախորդ տարիները կը ներկայացնէին պատմական պահ մը, որ յատկանշուած էր բաւական մեծ ճգնաժամերով եւ մարտահրաւէրներով, ինչպէս՝ կլիմայական ճգնաժամը, համավարակէն ետք վերականգնումի ճիգերը, պարէնի եւ տեղահանուածներուն ճգնաժամերը, որոնց լուծման համար որեւէ ժամանակէ աւելի անհրաժեշտ է համաշխարհային բազմակողմ ճիգերու մէկտեղում:
Խօսք առնողներու շարքին էր ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէս: Ան իր հպարտութիւնը արտայայտեց ընկերվար-ժողովրդավարական մեծ ընտանիքին անդամ ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ արտայայտեց իր եւ իր կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ պայքարելու յանուն ընկերվարական քաղաքականութիւններուն իրագործման: Ան այս ծիրին մէջ ընդգծեց, որ յառաջդիմական գաղափարները եւ շարժումները ներկայիս ո՛չ միայն անհրաժեշտ են, այլեւ էապէս աւելի ազդեցիկ են, քան որեւէ այլ գաղափար: Ան կոչ ուղղեց ընկերվար-ժողովրդավարական զօրաւոր հակազդեցութիւն ցուցաբերելու Ուքրայինայի դէմ Ռուսիոյ պատերազմին դէմ, որ ո՛չ միայն իր աղէտալի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Ուքրայինայի եւ ուքրայինացի ժողովուրդին վրայ, այլ նաեւ մեծ վնաս կը հասցնէ ամբողջ աշխարհի պարէնային անվտանգութեան: Ըստ Փետրօ Սանչէսի, ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը միակ միջոցն է ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովուրդներու արժանապատուութիւնը եւ լաւ կեանքը երաշխաւորելու համար, եւ նիստին ներկաները իրենց քննարկումներուն ընդմէջէն պէտք է համապատասխան եզրայանգումներուն հասնին եւ գաղափարներ փոխանակեն՝ երաշխաւորելու համար միջազգային ընկերվարական շարժումի յաջողութեան շարունակականութիւնը:
Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ, Յունաստանի նախկին վարչապետ Ճորճիոս Փափանտրէու իր խօսքին մէջ զգուշացուց «Քորոնա» համավարակէն ետք «բնական կեանք»-ի վերադառնալու մօտեցումէն՝ նշելով, որ այդ «բնական կեանքը» նախքան համավարակը յառաջացուցած էր ուժի բաւական մեծ կեդրոնացումներ զանազան բնագաւառներու մէջ: Աշխարհի տարածքին ընկերվար-ժողովրդավարները պէտք է օգտագործեն ներկայ պատմական պահը իրապէս դառնալու համար մէկական «փոփոխութեան գործակալներ», որոնք աւելի քան որեւէ ժամանակ իրենց ուշադրութեան կեդրոն դարձնեն կանաչ, ժողովրդավարական եւ ընկերայնօրէն արդար վերափոխումը իրենց երկիրներու կարգ ու սարքերուն: Ճորճիոս Փափանտրէու նաեւ շեշտեց, որ ընկերվար միջազգայնականը առաջին իսկ օրէն մերժած ու դատապարտած է Ռուսիոյ կողմէ Ուքրայինայի դէմ շղթայազերծուած անտրամաբանական պատերազմը, որուն պատճառաւ խախտուած է միջազգային օրէնքը եւ անկախ երկրի մը ինքնիշխանութիւնը:
Մեկնելով համաշխարհային մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցած մարտահրաւէրներու եւ ճգնաժամերու ծանրութենէն՝ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին մասնակիցները շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը կազմակերպութեան համագումարը կայացնելու: Այդ համագումարը արդէն մէկ անգամ յետաձգուած էր «Քորոնա»-ի համավարակին պատճառով: Համագումարը պիտի ըլլայ առիթ մը ուրուագծելու ընկերվար միջազգայնականի յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ընդհանուր ուղենիշերը: Այս իրականութենէն մեկնելով ալ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը իր հաւանութիւնը տուաւ Սպանիոյ ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութեան ներկայացուցած առաջարկին՝ կազմակերպութեան համագումարը կայացնելու այս տարուան նոյեմբեր ամսուան վերջին շաբաթը, Սպանիոյ մէջ:
Քննելով կազմակերպութեան բարոյագիտութեան յանձնախումբի տեղեկագիրը՝ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը վաւերացուց Էքուատորի Ժողովրդավարական ձախի կուսակցութեան իբրեւ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը: Խորհուրդը նաեւ մէկ առ մէկ քննարկելով համաշխարհային ճգնաժամերը եւ տարբեր երկիրներու մէջ ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հետ կապուած հարցերը, իւրաքանչիւրին վերաբերեալ ընդունեց համապատասխան որոշումներ եւ բանաձեւեր:
Այդ բանաձեւերէն մէկուն մէջ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը էական անդրադարձ կատարեց Հարաւային Կովկասին եւ Հայաստանին: Այդ բանաձեւին մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ, ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը կ՛արտայայտէ իր խոր մտահոգութիւնը 2020 թուականէն ետք ինկած ժամանակահատուածի զարգացումներուն վերաբերեալ, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններ ներխուժումներու եւ փոխադարձ հրաձգութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիներուն եւ ձերբակալուած քաղաքացիական անձերու շարունակուող պահման առիթով»։ Աւելի՛ն, խորհուրդը Հայաստանի իշխանութիւններուն կը յորդորէ զերծ մնալ հակաժողովրդավարական գործելաոճերէն, զորս անոնք որդեգրած են յատկապէս 2020 թուականի պատերազմի պարտութենէն ետք՝ հետապնդելով «Դիմադրութիւն» շարժման եւ ընդհանրապէս ընդդիմադիր գործիչները, ճնշում գործադրելով իրաւական համակարգին վրայ՝ նպատակ ունենալով մեծցնել իրենց ազդեցութիւնը դատարաններուն վրայ եւ սահմանափակել բաց ու թափանցիկ հանրային հաշուետուողականութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն մէկն է։ Ան մասնակցեցաւ կազմակերպութեան խորհուրդի այս նիստին, ինչպէս նաեւ նախագահութեան եւ ելեւմտական ու կազմակերպչական յանձնախումբերու նիստերուն: Նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերուն ընթացքին Նալպանտեան միջազգային գործընկերներուն ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը, ատրպէյճանական կողմի յանցագործութիւններն ու շարունակական նախայարձակումը, Հայաստանին ռազմական ուժի սպառնալիքի տակ նոր զիջումներ պարտադրելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակն ու «Դիմադրութիւն» շարժման հիմնական նպատակները եւ ծրագիրները։
Անկախ ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին ընթացքին որդեգրուած բանաձեւէն եւ Մարիօ Նալպանտեանի ելոյթներուն ընթացքին կատարուած շեշտադրումներէն, Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա յատուկ յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին, որուն Հայաստան մուտքը արգիլուած Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Լուիս Այալա իր յայտարարութեան մէջ նշած էր. «Մեր զօրակցութիւնը ենք կը յայտնենք մեր ընկեր Մուրատ Փափազեանին եւ բոլոր նրանց, որոնք կը միաւորուին յանուն Հայաստանի ժողովուրդի իրաւունքի, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան։ Զարմանալի է, ինչպէ՞ս անոնք կրնան նման բան ընել։ Երբեք չի կրնար ընդունելի ըլլալ սեփական ժողովուրդին իր հողը մուտք գործելը արգիլելը»:
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը 1907 թուականէն անդամ է ընկերվար միջազգայնականին: Ան՝ իբրեւ ազգային, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւն, կ՛օգտագործէ միջազգային այդ բաւական ազդեցիկ հարթակը հայ ժողովուրդի ազգային, ընկերային եւ տնտեսական հարցերը ուշադրութեան առարկայ դարձնելու համար: Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը առիթ մըն էր, որ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս արտայայտէ իր ընկերվարական հաւատանքը իր միւս գործընկեր կուսակցութիւններուն դիմաց, ինչպէս նաեւ ասիկա առիթ մըն էր վերաշեշտելու, որ ազգայինը եւ ընկերայինը ո՛չ թէ կը հակադրուին իրարու, այլ կը փոխլրացնեն զիրար:
«Հայրենիք»