Կոտորածի աստուածը

Հետաքրքական էր զուգադիպութիւնը։ Դեռ անցեալ շաբաթ էր, որ մասնակից դարձած էի «Կոտորածի» մը եւ երկար համբերելէ ու առանձին լուծում գտնելու ձախող փորձերէ ետք որոշած էի հեռաձայնել դպրոց, Մոնթրէալի Ս․ Յակոբ Ազգային Վարժարան, ուր կը յաճախէ զաւակս։ Պատանեկան շատ «լուրջ» վէճ մըն էր տեղի ունեցածը, որուն մէջ պատասխանատուներուն միջամտութիւնը անհրաժեշտ էր։ Անշուշտ զոհեր, վիրաւորներ եւ փշրուած ակռաներ չկային մեր պատմութեան մէջ, ինչ որ էր պարագան «Կոտորածի աստուածը» թատերախաղին, որուն ներկայացման ներկայ գտնուեցանք շաբաթավերջին։

Նախ երկու խօսք կտորի ընտրութեան մասին։ Յետ համաճարակի, պատերազմի, պարտութեան, վիրաւորանքի, նուաստացումի, բարկութեան եւ ներկայի քաղաքական այս լաբիւրինթոսին՝ ներկայացնել կտոր մը, ուր կ՚արծարծուին համամարդկային նիւթեր, միաժամանակ ժպիտ եւ խնդուք յառաջացնելով հանդիսատեսներուն դէմքերուն վրայ՝ դիմակայելու եւ ընթացքը շարունակելու ամենէն առողջ ձեւն էր։ Մօտաւորապէս 15 օր առաջ էր, որ ներկայ եղած էի նաեւ գաղութի մէկ այլ ձեռնարկին, ուր շեշտը դրուած էր post-traumatic growth-ի (հոգեցնցումէն յառաջացած զարգացում) վրայ։ Ահաւասիկ մեզի հոգեցնցումէն յառաջացած զարգացման ցայտուն օրինակ մը։

Համոզուած եմ, որ 2020 թուականի գարնան սկսած համաճարակը, որուն յաջորդեցին 44-օրեայ պատերազմը եւ ապա պարտութիւնն ու յուսալքութիւնը, հաւասարապէս հոգեցնցիչ էին բոլորիս համար։ Միջոցներ պէտք էր գտնել անցնելու այս խոչընդոտէն, դիմադրելու եւ քիչ մը աւելի խոհեմացած շարունակելու կեանքը։ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը գտաւ այդ միջոցը, ընտրելով մրցանակներ շահած թատերագիր Եասմինա Ռեզայի «Կոտորածի աստուածը», նախ թարգմանելով զայն ու ապա բեմադրելով։ Վստահ եմ որ գոնէ մասամբ յաղթահարեց իրեն բաժին հասած հոգեցնցումն ու տակնուվրայութիւնները։

Դերասաններ կը վկայեն, թէ անհամեմատելիօրէն աւելի դիւրին է հանդիսատեսները յուզել, քան խնդացնել։ Բնաւորութեամբ լուրջ անձ մը ըլլալուս՝ կարծեմ բաւական դժուար է զիս խնդացնել։ Կը խոստովանիմ, որ կիրակի գիշեր «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ բազմաթիւ առիթներով խնդացի։ Չորս դերասանները յաջողեցան կտորը ներկայացնել հարազատօրէն, բարձրանալով Եասմինա Ռեզայի յաջողութեան մակարդակին։

Խնդացի քանի մը առիթներով, այո, բայց նաեւ անդրադարձայ, որ ծիծաղին հետ միասին ուղեղիս մէջ արձագանգեցին քանի մը շատ լուրջ պատգամներ։ Ներկայացման ընթացքին, որոշ տեղ մը դերասաններէն մէկը արտայայտուեցաւ՝ ըսելով «մարդ արարածը ամէն տեղ եւ միշտ առանձին է»։ Իրականութիւն մը, որուն մասին կը սկսիս մտածել միայն այն ատեն, երբ կը գիտակցիս, որ կեանքը քեզ դրած է պարտաւորութիւններու դէմ-յանդիման, ուր միակ պատասխանատուն դուն ես եւ քու անձդ միայն. մայր, հայր, զաւակ, քոյր, եղբայր, ընկեր, բարեկամ, կողակից, սիրահար չկայ հոն։ Կաս դուն եւ միայն դուն։ Պարտաւոր ես ուրեմն ստանձնել ինքզինքդ, տոկալ ու շարունակել եւ կամ հիւծիլ ու ոչնչանալ։

Յաջորդ պատգամը՝ որքան ալ մարդ արարածը զարգացած ու նրբաճաշակ համարէ ինքզինք, երբ դէմ-յանդիման գտնուի վիճակներու, ուր իր եսը կը վիրաւորուի, շատ արագ եւ շատ դիւրութեամբ այդ նոյն նրբաճաշակ եւ զարգացած մարդ արարածին կենդանական եւ բնազդային հակազդեցութիւնները կը դրսեւորուին՝ անգամ մը եւս նոյն հողին վրայ տեղադրելով բոլոր մարդիկը։ Բոլորս անխտիր՝ զարգացած, տգէտ, միամիտ, իմաստուն, բարի, չար, աղքատ, հարուստ, կռիւ կը մղենք նոյն նպատակին համար, մեր «ԵՍ»ը անխորտակ պահելու համար։

Ներկայացման մէջ ցայտուն էր նաեւ կիներու եւ տղամարդոց միջեւ գոյացած «կոտորածը»։ Իրերու հոլովոյթը այնպէս մը զարգացաւ, որ իւրաքանչիւր զոյգի զաւակ, որ խնդրոյ առարկայ էր, դրուեցաւ մէկ կողմ, երկու կիները անցան մէկ ճակատ, միասին պայքարելու տղամարդոց դէմ։ Յաղթող կամ պարտուող չեղաւ անշուշտ, ինչպէս միշտ։ Պարզապէս ամէն մէկ անհատ, չորս դերասանները, բեմադրիչը, թատերագիրը եւ հանդիսատեսները ներգրաւուեցան վիճակի մը մէջ, ուր մարդ արարածը դարձեալ մնաց առանձին իր եսին հետ, եւ հետեւաբար ակամայ ի գործ դրուեցաւ նախ եւ առաջ իր նոյն այդ եսը փրկելու բնազդը։

Կը հաւատամ, որ անձնական նպատակներ կարելի է յաջողութեան հասցնել հետեւողական աշխատանքով։ Բայց երբ որեւէ նպատակ յաջողութեան կը հասնի հաւաքական աշխատանքով, պատկանելիութեան արմատները կը խորանան եւ արդիւնքը կը դառնայ բազմաշերտ։ Խոնարհում բոլոր անոնց, որոնք մեծ կամ փոքր ներդրումով նպաստեցին Համազգային Քէպէքի Սանահին մասնաճիւղի Պետրոս Ադամեան թատերախումբի այս ներկայացման յաջողութեան։ Սիրելինե՛ր, երանելի էք, որովհետև, ձեր աշխատանքին շնորհիւ բոլորիս հոգիներն են որ քիչ մը աւելի ազնուացան։ Մեզի նուիրեցիք ծիծաղ ու նաեւ ներհայեցութեան առիթ։

Հոգեցնցումի դարմանում՝ արուեստի միջոցով։ Ա՛յս էր այս ներկայացման իմ անձնական ընկալումը։ Բարի առողջութիւն բոլորիս։ Թող որ այս երեւոյթը դառնայ վարակիչ։ Գաղութով մէկ առողջանանք եւ առողջացնենք մեզ եւ մերոնք։

Նանոր Աշնա Սնապեան – Լիպարեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.