Քեսապի Տային
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի Տայիի` Ովսիա Սաղտըճեանի հարազատները գեղեցիկ գաղափարը ունեցան առանձին գիրքով մը անմահացնելու ժողովրդական հերոսի դիւցազնական յիշատակը եւ պատմութեան յանձնելու անոր փառապանծ սխրագործութիւններէն յատկանշական պատկերներ:
Տայի, բուն անունով` Ովսիա Սաղտըճեան, ծնած է 1887-ին, Քեսապի Գալատուրան գիւղին մէջ:
Գալատուրան, Կասիոս լերան հարաւային լանջին փռուած Քեսապ աւանէն արեւմուտք, ինը քիլոմեթր երկարութեամբ եւ կասլիի (դափնիի) անտառախիտ լեռներով շրջապատուած նեղ հովիտ մըն է, որ կը հասնի մինչեւ Միջերկրականի ափերը: Թաղերը` Ծովու, Սուլեան, Թիթիզեան, Սաղտըճեան, Եարալեան, Ղազարեան, Մանճիկեան եւ Գալենտէրեան, իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ կեդրոնացած են:
Սաղտըճեաններու հին թաղը կը գտնուէր Կիւնիկ լերան ստորոտը, խանտակի ափին, եւ ժայռերու ծերպերուն ծուարած, քարաշէն, յարդախառն ցեխով ծեփուած, գերաններով եւ հողէ տանիքներով տասնեակ մը տուներէ բաղկացած էր:
Սաղտըճեանները այծեր կը բուծանէին եւ Կիւնիկի քարքարուտներու փոքր արտերուն մէջ ցորեն կը մշակէին: Թաղին կալուածները Քեսապի Չիւրիքեան, Հեքիմեան, Խտըրեան եւ Մսըրլեան ընտանիքներուն կը պատկանէին: Այդ ընտանիքները, ինչպէս նաեւ Սաղտըճեանները բողոքական էին:
Սաղտըճեաններու նահապետական յարկին տակ ծնած ապագայ հերոսը պատուելին մկրտեց Ովսիա անունով:
Ովսիա մանկութիւնը անցուց արտաքին աշխարհէն ամբողջութեամբ կտրուած` Գալատուրանի չքնաղ բնութեան ծոցին:
Ատանայի կոտորածի օրերուն` 1909-ի ապրիլին, քեսապցիք ծանր կորուստներու ենթարկուեցան եւ տեղահան եղան: Վերադառնալէն ետք անոնք իրենց տուները գտան հրդեհուած ու կողոպտուած:
Ժողովուրդը կ՛ապրէր ծայրայեղ թշուառութեան մէջ: Կարիքն ու դժուարութիւնները ստիպեցին Ովսիան ձգելու իր ծննդավայրը եւ պանդխտութեան դիմելու: Երկար ու տաժանելի ճամբորդութենէ մը ետք ան Ամերիկա հասաւ եւ Փիցպուրկ քաղաքի զէնքի հսկայ գործարանի մը մէջ աշխատանքի մտաւ: Ինք եւ համագիւղացի քանի մը պանդուխտներ մէկ սենեակի մէջ կը բնակէին: Անոնց նպատակն էր քանի մը տարի աշխատիլ, դրամ վաստկիլ եւ ծննդավայր վերադառնալով տուն ու տեղի տէր ըլլալ:
* * *
Առաջին Աշխարհամարտը սկսաւ 1914-ի ամրան: Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայոց տեղահանութիւններն ու ջարդերը սկսան 1915-ի գարնան ու ամրան:
Քեսապի հայոց տեղահանութիւնը սկսաւ 1915-ի յուլիսի վերջաւորութեան` Գալատուրանէն: Կառավարութիւնը հաւաստիացուցած էր, որ բողոքականներն ու կաթոլիկները պիտի չտեղահանուին: Բայց Սաղտըճեանները, իրենց դրացիներուն հետ մնալու եւ անոնց ճակատագիրը բաժնելու գզացումէն մղուած, միացան տեղահանուողներու կարաւանին:
Գաղթականները երկար եւ հետիոտն ճամբորդութենէ, բազում վտանգներ ու փորձանքներ դիմագրաւելէ եւ կոտորակուելէ ետք Սալթ հասան եւ արաբական գիւղերու մէջ կեդրոնացուեցան: Շատեր չդիմացան սովին, համաճարակին ու հիւանդութիւններուն եւ մահացան:
Անգլիական բանակը 1918-ի գարնան սկիզբը Յորդանան գետը անցնելով հասաւ Սալթ, բայց հազիւ հասած բռնեց նահանջի ճամբան: Կրնկակոխ անոր հետեւեցաւ գաղթական հայութիւնը եւ Ղորի հովիտը իջնելով ու Յորդանան գետը անցնելէ ետք Երուսաղէմ հասաւ: Զատկական տօներէն առաջ գաղթականները Երուսաղէմէն հանուեցան եւ Փոր Սայիտ փոխադրուեցան:
Իսկ բողոքականները, որոնց հաւաստիք տրուած էր որ պիտի չտեղահանուին, որովհետեւ Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիա բողոքական է, Մեսքենէի ու Տէր Զօրի կողմերը քշուեցան եւ մեծաւ մասամբ բնաջնջուեցան:
* * *
Ջարդի ու տեղահանութեան ահաւոր լուրերը կը հասնէին Ամերիկա: Ֆրանսական բանակին մէջ Արեւելեան լեգէոնը կազմուած էր, եւ հայ կամաւորներ կը հաւաքագրուէին` կռուելու դարաւոր թշնամիին դէմ:
Ովսիա Սաղտըճեան եւ Ամերիկա գտնուող քեսապցի պանդուխտներէն շատեր 1917-ին կամաւոր արձանագրուեցան: Անոնք նաւերով Կիպրոս տարուեցան, ուր տարի մը զինուորական մարզումներու ենթարկուելէ ետք Պաղեստինի ճակատ փոխադրուեցան:
Արարայի ճակատամարտին, 19 սեպտեմբեր 1918-ին, հայ կամաւորները ճեղքեցին երեք տարիէ ի վեր անխորտակելի մնացած թուրք եւ գերմանական ճակատը:
Թրքական բանակը` ցիրուցան, բռնեց նահանջի ճամբան, եւ դաշնակից զօրքեր իրար ետեւէ գրաւեցին Դամասկոսը, Պէյրութն ու Հալէպը եւ հասան Կիլիկիա:
* * *
Պատերազմը աւարտած էր Թուրքիոյ պարտութեամբ: Ֆրանսացիք Կիլիկիոյ մէջ ինքնավարութիւն խոստացած էին հայերուն: Բայց անոնք սկսան անմարդկային ու թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերել հայ կամաւորներուն նկատմամբ:
Խորապէս յուսախաբ ու դառնացած, Տայի եւ Միսաքօ (Միսաք Կիրակոսեան) լքեցին ֆրանսական բանակը եւ իրենց զէնքերով ու զինուորական տարազներով փախուստ տուին: Մերսինէն եւ թրքական գիւղերէ անցնելով, անոնք տասնհինգ օր քալելէ ետք հասան Քեսապ: Գալատուրանի ամայի տեղերը պատսպարուելէն ետք անոնք սկսան սարսափ տարածել շրջակայ թրքական գիւղերուն մէջ: Թուրքեր կը կարծէին, թէ իրենց դիմաց մեծաթիւ հայ զինեալներ կան:
Փոր Սայիտի գաղթակայանէն եւ այլ վայրերէ շուրջ երկու հազար քեսապցիներ 1919-ի ամրան եւ մինչեւ աշուն վերադարձան իրենց բնօրրանը: Նոյն ժամանակ, առաջին հանգրուանին հասան կամաւորներ` Լանկար (Լաւի Սաղտըճեան), Օնպաշի (Յակոբ Փանոսեան), Հայր Սուրբ (Նշան Յովսէփեան), Վահրամ Յովսէփեան, Ծերոն Կարպուշեան, Ծերոն Աբէլեան, Խրխըր (Մանասէ Դանիէլեան), Նշան Հաշֆէեան եւ Պօղոս Մահտեսեան: Այնուհետեւ աստիճանաբար Ամերիկայէն վերադարձան միւս կամաւորները:
Չորս տարուան ընթացքին գիւղերը աւերուած, արտերն ու պարտէզները թուփերով ծածկուած եւ անտառի վերածուած էին:
Արտաքին աշխարհէն ամբողջութեամբ մեկուսացած ժողովուրդը գոյատեւելու համար ոչինչ ունէր, եւ շատեր միայն խոտերով կը սնանէին: Սովին առաջքը առնելու համար թուրքմէնական Պետրուսիա գիւղին վրայ արշաւանք կազմակերպուեցաւ: Պետրուսիացիներուն ցորենի արտերը աւարի տուին եւ բերքը Քեսապ փոխադրեցին:
Շրջանին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն կը տիրէր: Թուրք հրոսակախումբեր ահ ու սարսափ տարածած էին Անտիոքէն Օրտու տարածուող շրջաններուն մէջ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ազգային միութիւնը դարձաւ Քեսապ գաւառի իշխանութիւնը: Ինքնապաշտպանութեան համար կամաւորական խումբեր կազմուեցան, զինուորական դրութիւն հաստատուեցաւ եւ Մովսէս Շահպազեան հրամանատար նշանակուեցաւ: Ներքին ապահովութեան պահպանումը վստահուեցաւ Օնպաշիի:
Տայի իր հերոսական խոյանքներով դարձաւ առասպելական տիպար մը: «Տային հոս է, թուրքեր չեն կրնար Քեսապ մտնել», կ՛ըսէր ժողովուրդը:
Թուրք հրոսակապետեր տուրքեր կը պահանջէին եւ կը սպառնային քար քարի վրայ չձգել Քեսապի մէջ: Ազգային միութիւնը խիստ նամակով մը պատասխանեց. «Կու գաք, բայց առնելիք ունիք»:
Մաթաթ վարպետ (Մատաթիա Կարպուշեան) պատրաստած էր կեղծ թնդանօթ, որ ահագին դղրդում կը յառաջացնէր:
Թուրքեր` այդ ձայնը լսելով եւ կարծելով, թէ մեծ ուժ կայ իրենց դիմաց, հրաժարեցան Քեսապի վրայ արշաւելու մտադրութենէն:
Ամէնէն դժուարին պայմաններու տակ կը գոյատեւէին գաղթականութենէն վերապրած որբերը: Տայի անոնց համար պատսպարան հիմնեց, գիւղէ գիւղ շրջելով ուտելիք եւ հագուստ հայթայթեց, խնամեց զանոնք եւ յետոյ ապահով ընտանիքներու մօտ տեղաւորեց:
Ֆրանսական իշխանութիւնը 1922-ի աշնան հաստատուեցաւ, եւ Քեսապ Անտիոքի նահանգին կցուեցաւ:
Կամաւորները, իբրեւ ֆրանսական բանակի դասալիքներ, հետապնդուեցան, բայց հետագային` 1928-ին, ներման արժանացան:
* * *
Քեսապի պատասխանատուներու նախաձեռնութեամբ 1928-ին հիմնուեցաւ Ազգային Միացեալ Բարձրագոյն վարժարանը: Տայի դպրոցի կառուցման առաջին նախաձեռնողը եղաւ եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ շինարարական աշխատանքներուն:
Տայի 1929-ին ամուսնացաւ իր որբանոցի վերջին որբ Մարի Ատուրեանի հետ. անոնց դուստրերն են Խաթուն, Ռահել, Մանուշակ եւ Երջանուհի:
* * *
Ֆրանսացիք Անտիոքի սանճաքը 1938-ին Թուրքիոյ յանձնեցին: Թրքական իշխանութեան Քեսապ մուտքէն ետք Տայի եւ իր զինակից ընկերները հրապարակէն քաշուեցան:
Հետեւողական աշխատանքի եւ դիմադրութեան շնորհիւ թուրքեր 1939-ի ամրան քաշուեցան Քեսապէն: Նոյն ժամանակ Մուսա լերան ժողովուրդի մեծամասնութիւնը, թրքական տիրապետութեան տակ չմնալու համար ձգեց իր հայրենի բնօրրանը եւ Պասիթ փոխադրուեցաւ, հոնկէ ալ` Այնճար:
* * *
Ազգային արժէքներու երկրպագու Տայիի համար հայ եկեղեցին հայկական ինքնութեան միջնաբերդ եւ սրբութիւն սրբոց էր: Ինք եւ իր զէնքի ընկերները կռուի երթալէ առաջ կը հաղորդուէին` ճաշակելով Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը, այդպէսով եղբայրական սիրով մեկտեղուելու, ազգային ակունքներով զօրանալու եւ հոգեպէս արիանալու համար:
Տայիի նախաձեռնութեամբ 1940-ական տարիներուն սկիզբ առած ազգայնական շարժման պայմաններուն տակ շատեր վերադարձան մայր եկեղեցւոյ գիրկը:
* * *
Տայի հսկայ էր, թուխ, թիկնեղ եւ յաղթանդամ: Անբասիր նկարագիրի եւ բարձր բարոյականի տէր էր: Մեծ հեղինակութիւն էր եւ պատկառանք պարտադրած էր նոյնիսկ իր թշնամիներուն: Սիրուած էր բոլորէն:
Տայի անգրագէտ էր, բայց հայ գիրն ու գրականութիւնը կը պաշտէր: Բարձր իմացականութիւն ունէր եւ հաճելի զրուցակից էր:
Համեստ եւ ժողովուրդի մարդ էր, անվիճելի հեղինակութիւն: Վէճեր կը հարթէր եւ տարակարծութիւններ կը լուծէր: Նեղութեան մէջ գտնուողներուն անշահախնդրօրէն կ՛օգնէր:
Տարիներու չարքաշ կեանքը իր անդրադարձը ունեցած էր Տայիի առողջութեան վրայ: Ջիղերու ու մկաններու տկարութիւնը հետզհետէ ծանրացան, կաթուած ունեցաւ եւ դժուարութեամբ սկսաւ քալել ու խօսիլ: Կաթուածը կրկնուեցաւ քանի մը անգամ եւ անշարժութեան դատապարտեց զայն: Բժիշկ Աւետիս Ինճեճիկեան խնամեց եւ ամէն ջանք թափեց զայն բուժելու համար: Տայի մահացաւ 14 յունուար 1953-ին:
Տայի, միշտ անյաղթ եւ թշնամիին առջեւ երբեք չնահանջած, Քեսապի մէկ բախտորոշ ժամանակաշրջանի վկան եւ համեստ ժողովուրդի ներկայացուցիչը եղած է: Անոր անունը մնաց խորհրդանիշ քաջութեան, արիասրտութեան եւ անձնուիրութեան: