«ԱՒԱԶԱԿ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԱՄԷՆԷ ՄԵԾ ՎԱԽԸ՝ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՆ Է»
Սուլթան Քըլըչ թրքական «Տեմոքրաթ հապեր» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ ներկայացուցած է Մալաթիա այցելած ֆրանսահայ Գրիգոր Մարք Քազուրեանի ընտանիքին պատմութիւնը։
Գրիգոր Մարք Քազուրեանի պապը՝ Թորոսը, Մալաթիոյ մէջ դերձակ եղած է եւ ցեղասպանութենէն փրկուելով հասած է Մարսէյ, ուր ամսունացած է բախտակից Մարիամ Կիւրերեանի հետ։ Թորոս խոհարար աշխատած է, որդին՝ Յակոբը, պատշար եղած է, իսկ 61-ամեայ Գրիգորը իրաւաբանական գրասենեակի մէջ կ՚աշխատի իբրեւ քննիչ։
Յօդուածագիրը կը ներկայացնէ ցեղասպանութեան, հայրենիքի կարօտի, իր ընտանիքի կրած դառնութիւններուն, Թուրքիոյ ժխտողականութեան մասին Գրիգորի պատմութիւնները։
«Ֆրանսայի մէջ կ՚ապրինք, տան մէջ հայերէն կը խօսինք։ Հայրս Ֆրանսայի մէջ ծնած է, ես, ինչպէս նաեւ 4 զաւակներս՝ Արամը, Մարիամը, Ճիւանը, Աստղիկը նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ ծնած ենք։ Սակայն, երբ մեզի կը հարցնեն՝ որտեղացի՞ եք, միշտ կ՚ըսենք՝ մալաթիացի ենք։ Հայոց ցեղասպանութեան, ատոր պատճառած տառապանքներուն, ջարդերու, բռնի տեղահանութեան, սեփականութեան բռնագրաւման մասին մեր փոքր տարիքին ոչինչ ըսուած է։ Մեր մեծերը իրարու հետ խօսած ատեննին, երբ մենք ներս կը մտնէինք, անմիջապէս կամ նիւթը կը փոխէին, կամ ալ թրքերէն կը սկսէին խօսիլ՝ որպէսզի մենք չհասկնանք, կամ ալ մէկ անգամէն կը լռէին։ Կարդալով, ուսումնասիրելով մեր մեծերուն ստպեցինք խօսիլ։ Այդպէս մենք գիտցանք, թէ Թուրքիոյ մէջ մեր պապերուն ինչ պատահած էր։
«Հայրս 86 տարեկան է, բաւական առոյգ է, սակայն չուզեց Թուրքիա այցելել՝ հակառակ իմ պնդումներուս։ Պապիս կարօտը հայրիկիս փոխանցած է, հայրիկս կարօտը ինծի, իսկ ինծմէ ալ զաւակներուս անցած է։ Բոլորս ալ մալաթիացի ենք, հակառակ անոր, որ այստեղ չենք ծնած։ Հայրս ալ Մալաթիայի կարօտով կ՚ապրի»։
Պատասխանելով յօդուածագիրին այն հարցումին, թէ իր հայրը Թուրքիոյ նկատմամբ ի՞նչպիսի վերաբերմունք ունի՝ Գրիգոր պատասխանած է.«Հայրս Թուրքիոյ մէջ իր պապերուն, իր ընտանիքին պատճառուած տանջանքները չի ներեր։ 100 տարի է, ի վեր որեւէ ջանք չէ թափուած, որպէսզի հայրս եւ անոր նմանները Թուրքիոյ ներեն։ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն տակաւին կը վիրաւորեն, կը վախցնեն եւ կը ճնշեն։ Թուրքիոյ հայերուն կը լռեցնեն՝ ճնշումներ կիրարկելով։ Թուրքիայէն դուրս աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ ցրուած հայերուն, որոնց սփիւռք կ՚ըսեն, չեն կրնար լռեցնել։ Այդ պատճառով ալ Թուրքիոյ ղեկավարները, Թուրքիոյ ազգայնամոլները կը յայտարարեն, թէ ամէնէն վատ հայը սփիւռքի հայն է։ Մարդոց բռնութեամբ իրենց բնակութեան վայրերէն հանելով, տուները, դաշտերը, այգիները, ունեցած-չունեցածը բռնագրաւելէ, յափշտակելէ ետք ալ կ՚ըսեն՝ կորսուեցէ՛ք, գացէ՛ք…Գացէ՛ք ըսելով ալ չսահմանափակուելով՝ հայերու պատիւին, կեանքին նկատմամբ ոտնձգութիւններ կատարեցին… որպէսզի անոնց սերունդ ալ չշարունակուի կոտորածները նախաձեռնեցին։
«Հրաշքով փրկուած հայերու համար, որոնց այդպիսի տանջանքներու ենթարկած են, բնաւ դիւրին չէ աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ ապրիլ։ Մոռցէ՛ք ըսելով չըլլար։ Այդ ջարդերը նոյնիսկ պատկերացնելը, մարդու հոգին տակնուվրայ կ՚ընէ։ Այս ցաւը մոռցէ՛ք ըսելով, չի մոռցուիր։
«Աւելին, Թուրքիան սուտ փաստարկ կ՚օգտագործէ, իբրեւ թէ իրենք կ՚ուզեն արխիւները բանալ, սակայն Հայաստանը կը խուսափի, չի բանար։ Եթէ Հայաստանը կը խուսափի իր արխիւները բանալ, իսկ դուք ալ կը հաւատաք ձեր անմեղութեանը, դուք ձեր արխիւները բացէ՛ք։ Ի՞նչ է, ձեր արխիւներուն բանալիները Հայաստանի մէջ է։ Անոնցմէ ձեր արխիւներու բանալին չէ՞ք կրնար առնել»։
Յօդուածագիրը կը պատմէ նաեւ, թէ ինչպէս Գրիգորը Մալաթիոյ գերեզմանոցին մէջ գտաւ իր հարազատները։ «Առաջին օրը, երբ եկանք Մալաթիա, հայկական գերեզմանոց գացինք։ Մեզի հետ եկած ընկերները, գտնելով իրենց հարազատներու գերեզմանները, մոմ կը վառէին, կ՚աղօթէին։ Ես ալ ճիշդ այնպէս կը շրջէի։ Յանկարծ տեսայ, թէ հայերէն Քազուրեան գրուած է գերեզմանաքարի մը վրայ, որուն մօտ մարդիկ կ՚աղօթէին։ Ի յայտ եկաւ, որ հօրեղբօրս թոռներն էին, որոնց գոյութեան մասին իսկ չէի գիտեր։ Ուրախութիւն, յուզմունք, զարմանք, ամէն ինչ իրարու խառնուեցաւ։ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերը զիրար գերեզմանաքարերու մօտ կը գտնեն»։
Յօդուածագիրը վերջաւորութեան կը ներկայացնէ հակդրութիւն մը, որուն մէկ կողմը Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ ապրող Գրիգորն է, որուն Մալաթիա բերած էր պապերու հողի հանդէպ կարօտը։ Միւս կողմը՝ «աւազակ կեղեքիչները», որոնք գողցած են հայերու սեփականութիւնը։
«Այս մարդը ուրախութեամբ ձեռք կ՚երկարէր, թեւերը կը բանար իրեն ձեռք երկարողներուն՝ առանց անոնց ազգութիւնը, կրօնը հարցնելու։ Իսկ եթէ Գրիգորը օր մը ըսէ, թէ ձեր պապերը իմ նախահայրերուս այդքան ցաւ պատճառած են։ Պապերուս սեփականութիւնը այդ շրջանի եւ ատկէ ետք գործող կառավարութիւններու պետական քաղաքականութեամբ թալանուած են։ Հարիւր տարիէ ի վեր բռնագրաւուած հողերը կ՚օգտագործէք։ Պապերուս հողին մէջ ինծի 2 քառակուսի մեթր հող տուէ՛ք, որ գոնէ այդտեղ թաղուիմ…։ Սակայն աւազակներն ալ կ՚ըսեն, որ հայերէն ներողութիւն խնդրելը դիւրին չէ… եթէ ներողութիւն խնդրենք, հարցն ալ փակուի, լաւ կ՚ըլլայ։ Ներողութիւն խնդրելով՝ ցեղասպանութիւնը կ՚ընդունինք։ Ատկէ ետք ալ փոխհատուցում պիտի վճարենք։ Հողերն ալ պիտի ուզեն։
«Այսպէս կ՚ըսեն, որովհետեւ շատ լաւ գիտեն, թէ աւազակ են։ Այդ պատճառով ալ անոնց ամէնէն մեծ վախը, գողցուած սեփականութիւնը իրական տէրերուն վերադարձնելու հաւանականութիւնն է։ Հիմա անոնք, որ կը գրկախառնուին Գրիգորի հետ, որովհետեւ զինք զբօսաշրջիկ կը համարեն, ինչպէ՞ս պիտի վարուին, եթէ Գրիգորը 2 մեթր քառակուսի հող ուզէ», կ՚եզրափակէ յօդուածագիրը։