Դաշնակցութեան 131ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւն Մոնթրէալի մէջ

Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեանց եւ «Արմէն Գարօ»  Ուսանողական Միութեան, ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 131ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Կիրակի 5 Դեկտեմբեր 2021ի երեկոյեան ժամը 7։00ին Ս․ Յակոբ Ազգ․ Վարժարանի Բաստրմաճեան թատերասրահին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ․ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․ Մհեր Գարագաշեան,Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ․ Սերոբ Գարայեան,Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ  Գոյունեան, Լաւալի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Տ․Յակոբ Կատայեան,ուղեկից միութիւններու ներկայցուցիչներ, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայցուցիչ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ Տիկ․ Սեդա Թօփուզեան-Գուշեան, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամ Տիկ․ Մէրի Տէրոս։

Օրուան հանդիսավարը՝ ընկհ․ Արիանէ Թասլաքեան «Մեր Հայրենիք» օրհներգէն ետք բացումը կատարեց օրուան հանդիսութեան եւ հրաւիրեց բոլոր ներկաները յոտնկայս յարգելու Արցախի պատերազմին նահատակուած ռազմիկներուն յիշատակը։

Բեմ հրաւիրուեցաւ ընկհ․ Գառնի Մարտիրոսեան ասմունքելու Տիար Վրէժ Արմէնի բանաստեղծութիւնը նուիրուած ՀՅԴ-ին։ Ընկերուհին բանաստեղծութեան ընդմէջէն գեղեցիկ ձեւով նկարագրեց Կուսակցութիւնը խորհրդանշող զինանշանը։Ապա տեսահոլովակի միջոցաւ ներկաները ունկնդրեցին հանգուցեալ ընկ․ Գէորգ Հաճեանի մեկնաբանութեամբ «Յարատեւ Կռիւ» երգը։

Խրոխտ ու վճռակամութեամբ բեմահարթակ բարձրացան պատանիներ, որպէսզի ընկհ․Թալիա Ճապրայեանի առաջնորդութեամբ երդման արարողութիւնը կատարեն ու անցնին Գանատայի Երիտասարդական Միութեան շարքերը։ Անոնց աչքերուն մէջ ակներեւ էր, թէ իրե՛նք են արժանաւոր ժառանգորդները Հայկեան սերունդին ։

Ընկ․ Նժդեհ Պտրումեան մեկնաբանեց «Տուն իմ հայրենի» երգը ու սրահը  կախարդեց իր ազդեցիկ ձայնով պահ մը փոխադրելով Հայրենի տուն ․․․

Ընկհ․ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան ասմունքը սկսաւ հետեւեալ նախադասութեամբ՝ «Եկէք բոլորս միանանք ․․․», նախադասութիւն մը, որուն անհրաժեշտ կարիքը կը զգացուի մանաւանդ այս օրերուս։

Զոյգ կոմիտէութեանց խօսքը փոխանցեց ընկհ․ Միրնա Ֆուտուլեան։

Ընկ․ Նժդեհ Պտրումեան կրկին բեմ բարձրացաւ եւ այս անգամ մեկնաբանեց «Ախպերս ու ես» երգը։

Օրուան պատգամաբեր ընկ․ Վաչէ Բրուտեան նշեց թէ Երկիրը կ՚ապրի աննախընթաց  օրեր եւ այդ պատճառով հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ սթափ, որպէսզի ճիշդ ձեւով կողմնորոշուի եւ իր յառաջիկայի քայլերը առնէ։

Բանախօսը մտահոգութիւն յայտնեց, թէ այժմ կը գտնուինք  նոր տեսակի ցեղասպանութեան մը վտանգին դէմ հանդիման։

Ան հաստատեց, թէ ներկայ քաղաքական աշխարհին մէջ, թափ առած է սանձարձակ դրամատիրութեան ալիք մը, որ բարեսիրական հաստատութեանց  անունին տակ կը փորձէ ամէն գնով պարտադրել իր կամքը հասնելու համար իր նպատակին ու շահերուն, նկատի չառնելով թէ ի՜նչ աւերներ կը գործէ այս կամ այն երկրին վրայ։ Ընկ․ Բրուտեան բերաւ Լիպիոյ, Իրաքի, Պոլիվիոյ եւ Սուիրոյ վառ օրինակները, թէ այսօր ինչպիսի վիճակի մէջ կը գտնուին անոնք։ Նոյն պարագան կը վերաբերի նաեւ Հայաստանին, որ արգելք կը հանդիսանար նաւթատար խողովակներուն եւ այդ խոչընդոտը հարթելու համար պէտք էր գար իշխանութիւն մը, որ ընդունէր գործադրել իրենց գծած ծրագիրը եւ հողային պահանջատիրութեան հարցն ալ նօսրացնէր տակաւ առ տակաւ։

Սակայն Դաշնակցութիւնը ունի տարբեր կարծիք եւ տեսլական, որոնք երբեք չեն համապատասխաներ ներկայ իշխանութեան միտքերուն։Դաշնակցութեան նպատակը միշտ ու միշտ եղած է ամբողջական հայրենիք ունենալուն եւ ազատ ապրելու գաղափարին շուրջ։

Բանախօսը ըսաւ. «Փրկութիւնը եկաւ գաղափարներու աշխարհէն։ Փրկութիւնը եկաւ գաղափարի այդ աշխարհին մէջ թրծուած Արամ Մանուկեանի ու իր սերնդակից-գործակիցներուն տեսքով։ Անոնք սոսկական անհատներ չէին. Անոնք գաղափարի հսկաներ էին, թրծուած Դաշնակցութեան գաղափարի ու գործի քուրային մէջ։ Այդ նոյն գաղափարական աշխարհին, որմէ ներշնչուելով մենք գործեցինք Սփիւռքի մէջ, տասնամեակներով, գործեցինք Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին ու կը պայքարինք այսօր եւս, որպէսզի կարենանք դիմադրել մեր պետութեան ղեկը բռնագրաւած այս այլանդակ ու դաւաճանական խմբակին ու վռնտենք զանոնք իշխանական դիրքերէն։ Թրքահաճոյ իշխանութիւնները տեղ չունին մեր պետութեան ղեկին։ Անոնք գաղափարական ոչ մէկ կապ ունին մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն հետ։ Անոնք ոչ մէկ կապ ունին մեր ժողովուրդին ստեղծած քաղաքական մտածողութեան հետ։ Անոնք ոչ միայն չեն կարդացած Ռուբէն Տէր Մինասեանի ու անոր սերնդակիցներուն ստեղծած ռազմավարական միտքի հատորները, այլեւ չեն լսած այդ անուններն իսկ»։

Իր խօսքի աւարտին ընկ․ Բրուտեան կոչ ուղեց, որ բոլորը զինուին Դաշնակցութեան յամառ պայքարի ոգիով եւ չկասկածին, թէ Դաշնակցութիւնը պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի արշալոյս։

Օրուան հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով եւ ներկաները սրահէն մեկնեցան անգամ մը եւս իրենց ուխտը վերանորոգելով։

Տարեդարձդ շնորհաւոր մեր փրկութեան եւ ուժ ներշնչող անյաղթ Կուսակցութիւն։

                                                                                              Շողիկ Ազարիկեան – Ադամեան

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.