Նիկոլ Դումանի «Ժպիտ»-ին Եւ Խանասորի Տղոց «Բերկրանք»-ին Կարօտը Կ՛ապրինք Այս Օրերուն

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      

Մեր պատմութեան` ազգային ազատագրական պայքարի հոլովոյթին, ներքին տեսադաշտին ու պանծալի դէմքերուն քաջածանօթ իւրաքանչիւր անհատ պահ մը կրնայ տարակուսանք ապրիլ ի տես վերոնշեալ խորագիրին` այն առումով, որ այդ ե՞րբ է պատահեր, որ երկաթեայ կամքի տէր, անզուգական հայդուկապետի եւ անկրկնելի ռազմագէտի դէմքին երբեւէ ժպիտ է ուրուագծուեր, իսկ նուիրեալ տղոց հոգիին մէջ` ուրախութեան կայլակներ:

Սա չի նշանակեր, երբե՛ք, որ հայրենապաշտութեամբ տոգորուած եւ դէպի մահ սլացած հայոց ֆետայիները զուրկ են եղած մարդկային զգացողութենէ կամ առիթ չեն ունեցած իրենց բովանդակ կեանքին ընթացքին, ուրախութեան ժամեր վայելելու:

Փաստօրէն, խօսքը կը վերաբերի այն արհաւիրքին ու դաժան տարիներուն, որոնց ականատես եւ մասնակից են եղած հայոց ազատամարտիկները, սակայն առանց դոյզն երկմտանքի յանձն առած նետուիլ պայքարի դաշտ ու քաջաբար կռուիլ բարբարոս թուրքին դէմ` սեփական հայրենիքի ու ժողովուրդի փրկութեան համար:      Այո՛, այդ սրբազան սերունդը, 20-րդ դարու նախօրէին ու անկէ ետք ապրած աննման տղաները, եարի փոխարէն զէնք էին գրկած, հանգստաւէտ կեանքի տեղ` զնտանն ու տառապանքն էին նախընտրած, իսկ հայրենի ահագնագոռ լեռներու սաստկութիւնը` կամքի հզօրացման փորձադաշտի էին վերածած:

Խանասորի արշաւանք:

Հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն արձանագրուած դրուագ մը, որուն ուժեղ արձագանգները, զարմանալիօրէն, կը լսուին ցարդ, այս անգամ վերանկախ Հայաստանի սահմաններուն թէ Արցախի ազատագրական պայքարի օրագրութեան մէջ:

Ճիշդ է, պատժական արշաւանք մըն էր կատարուածը` քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին դէմ, որ համարձակած էր բնաջինջ ընել 800 ազատամարտիկներ, որոնք հեռացած էին Վանէն` ձեւով մը թեթեւցնելու տեղւոյն հայութեան տառապանքը Վանի ինքնապաշտպանութեան մարտերէն ետք (1896), եւ որոնք ապաստան կ՛ուզէին գտնել Պարսկաստան:

Արդեօք բաւարա՞ր է լոկ շեշտադրել, որ արշաւանքը կ՛ընդգրկէր  պատժական եւ վրիժառական բնոյթ ու կը վայելէր կազմակերպչական տաղանդի տէր հայդուկապետի մը անմնացորդ աջակցութիւնը, առանց հաշուիլ առնելու անոր` արշաւանքին ներքին ու արտաքին հնչեղութիւնը, այն առումով, որ հայու բազուկը հասանելի դարձած էր ամէնուրեք` շրջանցելով բազում դժուարութիւն եւ արգելքներ:

Փաստօրէն, Խանասորայ դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակը մէկ կողմէ ցոյց կու տար միասնականութեան հրապոյրը` վրէժը լուծելու աննման տղոց եւ անոնց հրամանատարներուն` արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի, եւ միւս կողմէ կ՛ապացուցէր, որ հայ ֆետային կրնայ իր թշնամին  հարուածել անվախօրէն եւ վճռակամութեամբ:

Արիւնռուշտ սուլթանի ոճիրները (1895-96), որոնք տեղի ունեցած էին ամբողջ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, պատճառ դարձած էին երեք հարիւր հազար հայերու սպանդին: Վանի հայութիւնը դիմած էր ինքնապաշտպանութեան: Մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հայ երեք կուսակցութիւններու ազատամարտիկները:

Դէպի Վասպուրականի լեռները հեռացող ֆետայիները կը թակարդուին թշնամի ուժերու կողմէ եւ մինչեւ մահ կը կռուին: Թուրքին կողմէ հրահրուած, այս անգամ Մազրիկ ցեղախումբը, իր կարգին, մասնակցած էր ոճիրին:

Իրօք, հայութիւնը ստացած էր ուժգին հարուած: Ազատամարտիկներու եւ ողջ հայութեան բարոյահոգեբանական վիճակը առաւել մտահոգիչ էր: Հարկ էր սթափիլ հարուածէն եւ լծուիլ աշխատանքի:

Անկրկնելի հայդուկապետի եւ դաշնակցական եզակի ռազմագէտի` Նիկոլ Դումանի մտայղացումը ինքնին փրկութեան լաստն էր` ամօթի խարանէն ձերբազատելու եւ իր որջին մէջ հարուածելու դաւադիր թշնամին:

25 յուլիս 1897-ին, այգաբացին, Արաուլ լերան լանջէն կը տրուէր յարձակման ազդանշանը: Խանասորայ դաշտին մէջ վրանաբնակ Մազրիկ ցեղախումբը` ի տես տեղատարափ համազարկին, անակնկալի եկած կը դիմէր փախուստի: Ցեղախումբի պետը` Շարաֆ բեկ` կնկայ շորերով ծպտուած, կը դիմէ փախուստի:

Հայ ֆետային տուած էր իր յանդուգն հարուածը եւ յաղթած թշնամիին:

Հայութիւնը կ՛ապրէր հոգեփոխութեան եւ ցնծութեան օրեր, թէեւ արշաւանքին զոհուեր էին քաջարի տղաներ, որոնց շարքին` Կարօ Զօրեան (Ռոստոմի եղբայրը):

Իրօք, Խանասորայ արշաւանքը փրկած էր հայութեան արժանապատուութիւնը եւ առաւել զօրացուցած հայ ֆետային: Անիկա փոխած էր ամբողջ ժողովուրդի մը բարոյահոգեբանական վիճակը եւ մղած զայն աւելի սթափ գործելու հրամայականին:

Այսօր եւս Կովկասի թուրք-ազերին չէ դադրեցուցած իր երբեմնի նկրտումներն ու դարաւոր երազը` բնաջինջ ընել հայութիւնն ու Հայաստանը:

Փաստօրէն, սեպտեմբեր-նոյեմբեր 2020 պատերազմէն եւ հայոց պարտութենէն ետք, թուրք-ազերի հորդաներ դարձեալ դիմեցին իրենց աւանդական բռնի ոճին` իր լրումին հասցնել հայասպանութիւնն ու բնաջինջ ընելու Արցախ աշխարհի մնացորդացը:

Իր կարգին, թէեւ հայոց բանակը, շնորհիւ իր հրամանատարական կազմին ու քաջ զինուորներու տոկունութեան, կրցաւ որոշ չափով կասեցնել յարձակումները, աւելի՛ն. ուժգին հակահարուած տալ եւ փճացնել ոսոխի ողնաշարը համարուող «եաշմա» մասնայատուկ ուժերն ու հրետանաւորները, այդուհանդերձ, ինչ-ինչ պատճառներով տեղի տուաւ եւ յանձնեց չքնաղ Շուշին անգամ:

Հայութիւնը կորսնցուց պատերազմի առաջին արարը. հարկ է պատրաստուիլ երկրորդին, անշուշտ, շտկելէ ետք «փշրուած» ողնաշարը:

Համոզուած ենք, որ հայոց բանակը, այսօր աւելի քան երբեք, գիտակից է իր առաքելութեան: Ան պարտաւոր է թօթափել «ողբերգի» հոգեվիճակը եւ շտապ լծուիլ ինքնակազմակերպման աշխատանքի: Հայ զօրավարին ուսերուն է աւելի քան հինգ հազար նահատակ տղոց արեան վրէժը:

Ու այդ սրբազան վրէժի զգացողութիւնը իրականութիւն կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ հայոց բանակի սպայակոյտը իբրեւ դաւանանք կ՛ընդունի պատժիչ գործողութիւններու հրամայական պահանջը, ի շարս այլ դիպաշարերու, պարզապէս լոյսին բերելով Խանասորայ արշաւանքին այժմէական ու խոր իմաստը:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն պատեհ առիթի կը շեշտադրենք` հայոց դիւցազնամարտը իրենց արեամբ կերտած հայ ֆետայիներու եւ աննկուն կամքի տէր հրամանատարներու կերպարը` իբրեւ անփոխարինելի հաւատամք եւ ներշնչման աղբիւր:

Քաջ կը հաւատանք, որ Արցախի հպարտ լեռներու ծնունդ Նիկոլ Դուման իր ոգեկան ներկայութեամբ եւ հայդուկապետի ԺՊԻՏՈՎ կը շարունակէ սաւառնիլ հայրենի սահմաններու վրայ, հայ զինուորին ու զինուորականին յիշեցնելով` թշնամին ուժգին հարուածելու մարտական իմաստութիւնն ու նոր Խանասորներ կերտելու ունակութիւնը:

Ահա թէ ինչո՛ւ կարօտով կը սպասենք մեր օրերու տղոց բերկրանքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.