Թորոնթոհայութիւնը առցանց նշեց Հայաստանի Անկախութեան 103ամեակն ու ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 103ամեակը

Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, 28 Մայիսի 2021ին, Թորոնթոհայութիւնը առցանց նշեց Հայաստանի Անկխաութեան 103ամեակն ու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 103ամեակը։

Ձեռնարկը հովանաւորուած էր ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան կողմէ եւ կազմակերպուած ՀՄԸՄ Թորոնթոյի կողմէ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի խօսքը փոխանցեց Սեւան Հաճիարթինեան, որ ըսաւ թէ Գեղեցիկ զուգադիպութիւն է եւ պատիւ՝ ՀՄԸՄի հիմնադրութիւնը տօնել Հայաստանի ԱՆկախութեան առընթեր, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի՝ 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ 103 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ:

Հաճիարթինեան յուշեց որ ծառայութեան ճամբուն վրայ ՀՄԸՄ Հայաստանին ներկայացուցած է իր լաւագոյն տարրերը, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ»ը հայոց նորագոյն պատմութեանշ աւելցնելով, որ Արցախեան վերջին գոյապայքարին ՀՄԸՄի «Կամաւոր բանակ»ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ էր եւ տուաւ 12 նահատակ, որոնց յիշատակին 12 ծառեր տնկուեցան ՀՄԸՄի բիւրականի բանակավայրին մէջ։

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան: Խօսքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ Ստորեւ :

Ապա, Ազգային եւ Յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Սերոբ Յակոբեան, Յարութ Պետրոսեան, Յարութ Զէնեան եւ Յովիկ Մանուշեան, նուագակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի, Գէորգ Մանուկեան եւ Յովիկ Կարապետեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սարդարապատ Յաղթերգով:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի Տեղեկատուական Մարմին

***

ՈՐՊԷՍԶԻ 104ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏՕՆԵՆՔ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի խօսքը՝ արտասանուած 28 Մայիս 2021ի տօնակատարութեան ընթացքին:

Թորոնթոհայե՛ր,

Այսօր, կը նշենք Հայաստանի Անկախութեան 103րդ տարեդարձը, բայց 103 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ոչ տօնական եւ կամ յաղթական տրամադրութեամբ:

Մինչեւ անցեալ մայիս 28, Մայիսեան մեր պատգամներուն մէջ կը շեշտէինք որ ­մեր ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թե­նէն մե­զի ժա­ռանգ հասած մեր փոք­րիկ, ներ­կայ ­Հա­յաս­տա­նը ան­կախ է։ Ար­ցա­խը թէեւ ա­զա­տագ­րո­ւած է, սա­կայն ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մի կը կարօ­տի, սահ­ման­նե­րը վտան­գո­ւած են եւ պա­տե­րազ­մի ա­հա­զանգ կայ։

Պատերազմը դարձաւ իրականութիւն:

103 տարիներ առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը, բախտորոշ վիճակի մէջ է այսօր:

Ազատագրուած Արցախը գերի է թշնամիին, անձնատուական վատ համաձայնագիրի մը հետեւանքով:

Սիւնիքը նոյն ճակատագրին ենթարկուելու ընթացքին մէջ է:

Արամ Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան հիմնած պետականութիւնը վտանգուած է եւ օրըստօրէ գահավիժումի ընթացքի մէջ է, այնքան ատեն որ հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող այս իշխանութիւնները չեն հեռացած քաղաքական բեմէն:

Քաոս է սիրելիներ:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանշական դէմք եւ դաշնակցական մեծ ղեկավար Արամ Մանուկեանը եւ այդ ղեկավարներու սքանչելի սերունդը, ոչ միայն ի մի բերին ամբողջ ժօղովուրդը եւ կազմակերպեցին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը, այլեւ անկոտրում հաւատքով վերականգնեցին հայոց կորսուած պետականութիւնը եւ երկու տարիներու ընթացքին յաջողեցան հաստատել պետական կառոյցները, Երեւանի Պետական Համալսարանը, սկիզբ դրին ժողովրդավար երկիր հիմնելու նախաքայլերուն, կանանց իրաւունքներուն: Ամբողջական պետական հոգածութեան արժանացուցին 400 հազար գաղթականներուն եւ որբերուն խնամատարութիւնը, յաջողցուցին Հայաստանի հայացումի քաղաքականութիւնը, եւ Հանրապետութեան ապահովեցին միջազգային ճանաչում: Մէկ խօսքով, այդ սերունդը Հայաստանը հանեց սովի, համաճարակի ու քաոսի իրավիճակէն եւ հայութեան շնորհեց երազային անկախ հանրապետութիւնը:

Իսկ ի՞նչ ըրաւ ապաշնորհ այս իշխնութիւնը անցնող 3 տարիներու ընլացքին: Երկիրը դրաւ սովի, եւ քաոսի մէջ: համավարակը ձգեց անսանձելի: Կոտրեց եւ վերացուց հայրեսանիրական ամէն սրբութիւն: Երկրպագեցաւ թշնամիին առջեւ: Յանձնեց իր հողերը: Անպաշտպան ձգեց մնացեալ հողերը, որոնք այս պահուս իսկ կը ներխուժուին թշնամիին կողմէ: Անտէր ձգեց պատերազմէն տուժած ընտանիքները, կամաւորներն ու զինուորները եւ անտեսեց ռազմագերիները: Միասնականութիւն կերտելու փոխարէն Բաժանարար գիծեր գծեց կողմերու միջեւ եւ Մշակեց ապազգային դասալիք հետեւորդներու փաղանգ մը, որ չի գիտակցիր որ առանց համախմբումի՝ պիտի ոչնչացուի:

Այո, Քաոս է սիրելիներ: եւ ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ: Այս է Մայիսեան Խորհուրդը:

Դաշնակցութիւնը կերտեց Մայիս 28ը, ՄԵ՛ՆՔ կերտեցինք Մայիս 28ը եւ այդ Մայիս 28ով  ունեցած մեր այսօրուան հայրենիքին հանդէպ ունինք կարեւոր եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն՝ համազգային միասնականութեամբ եւ համատեղ ջանքերով ձևաւորելու նոր որակի իշխանութիւն, լուծելու երկրի առջև ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները, կասեցնելու պետականութեան փլուզումը, եւ կերտելու Հայաստանի երաշխաւորուած ապագան։

ՄԵ՛ՆՔ կերտեցինք Մայիս 28ը եւ նոյն շրջանի կազմաւորուեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը որուն հիմնադրութեան 103-ամեակն է նաեւ այսօր: Յուզումով կ’ողջունենք  Արցախեան 44օրեայ գոյամարտին ընթացքին նահատակուած 12 ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակը պանծացնելու համար կազմակերպուած ծառատունկը՝ որ տեղի ունեցաւ Բիւրական՝ Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի բանակավայրի մեջ, ուրկէ Հ.Յ.Դ. կամաւորական խումբերը նախապատրաստուեցան, ապա մեկնեցան ռազմաճակատ։

Յաղթական դուրս եկանք եւ կերտեցինք Մայիս 28ը՝ անիրագործելի թուող պարագաներու մէջ: Յաղթանակ տարած հայ ժողովուրդը, Մայիս 28 կերտած հայ ժողովուրդը, կրնայ այսօր իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարել՝

Ի՛ր ուժերով

Ի՛ր միասնականութեամբ

Ի՛ր յարատեւ պայքարի ոգիով

 

Սիրելիներ Յաղթական քայլերով դէպի Յունիս 20ի ընտրութիւններ

Որպէսզի հայոց բանակը հզօրացնենք

Որպէսզի հայրենի տնտեսութիւնը զօրացնենք

Որպէսզի հայրենասիրական արժէքներով դաստիարակենք ժողովուրդը

Որպէսզի Սիւնիքը պահե՛նք

Որպէսզի Մեր Արցախը ետ տուն բերնք

Որպէսզի 104րդ ամեակը արժանաւորապէս տօնենք:

Հայե՛ր, մեր Մայիս 28ը Շնորհաւոր

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.