Համաճարակէն Վերջ. Յեղափոխութի՞ւն, Թէ՞ Նորաստեղծութիւն

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Վախը պատեր է մոլորակը:

Խուճապի մատնուած քաղաքացիներ զբաղուած են թուղթ, սնունդ եւ, այո՛, զէնք ապահովելու գործով: Կառավարութիւններու արձագանքները տարբեր եւ հակասական են, երբեմն անհասկնալի եւ կարծես ապարդիւն:
Սովորական կեանքը դադրած է: Տնտեսութիւնները փլուզումի մէջ են:Ներդրողները չեն կրնար գտնել ապահով ակտիվներ: Ոմանք հսկայական շահոյթ կ’ապահովեն եւ հարստութիւն կը դիզեն:

Քաղաքական բեւեռացումները արագօրէն կը սրուին: Կարծես ամէն ինչ փուլ կուգայ ինքն իր վրայ։

Բոլորին մօտ կայ կայունութեան հրատապ ցանկութիւն, բան մը, որ այս պահուն անհնար է խոստանալ կամ ունենալ։ Այս տողերը կը նկարագրեն մեր կեանքը այսօր Եւրոպայի, Ամերիկայի, հեռաւոր Ասիոյ կամ մեր Հայաստանի մէջ։ Մենք կը գտնուինք աննախադէպ փոթորիկի մը սրտին մէջ՝ ենթակայ քորոնավիրուսի համավարակի քմահաճոյքին։
Մէկ կարեւոր հարցադրում կը հնչէ բազմաթիւ կողմերէ. արդեօք մենք նոր յեղափոխութեան մը սկի՞զբը կը գտնուինք: Ես չեմ ըսողը, սակայն, որոշ մասնագէտներու կարծիքով, նոյն բառերով կարելի է նկարագրել նաեւ 1789 եւ 1790 թուականներու Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակները:

Բայց մի՞թէ մենք կ’ուզենք նոր յեղափոխութիւն. վստահ չեմ: Սակայն այն, որ մենք կը գտնուինք աննախատեսելի փոխակերպումի մը եզրին, ակնյայտ է բոլորին:

Վերլուծական շրջանակներ կ’ընեն տարբեր համեմատութիւններ, կը խօսին համաշխարհային նոր «դեպրեսիայի» մը սկիզբին մասին, համաճարակը կը նմանեցնեն Երկրորդ աշխարհամարտի մակարդակի մարտահրաւէրի, կը խօսուի ազգային ճգնաժամի մասին։ Շատերու համար քորոնայի ճգնաժամը շրջադարձային պահ մըն է, որ կը հնչեցնէ նէօլիպերալիզմի մահը, մինչ ձախակողմեան քաղաքական շրջանակներ կ’ոգեւորուին ուժեղ պետութեան վերականգնումով եւ հնարաւոր կը տեսնեն աշխատաւոր դասակարգի դերի լայն վերա-իմաստաւորում։

Բայց քիչերն են, որ մեր ներկայ պահը կ’անուանեն յեղափոխութիւն. գիտեմ, որ մենք բոլորս հայկական շրջագիծի (համաթեքսթ) մէջ յոգներ ենք «յեղափոխութիւն» բառէն։

Ուրիշներ կը հաւատան ճիշդ հակառակին, որ քորոնավիրուսային համաճարակը չքացուց յեղափոխութեան նուազագոյն հնարաւորութիւնն իսկ: Կ’ըսեն, որ ճգնաժամը ստեղծեց իրավիճակ մը, ուր մարդիկ կը պահանջեն բնականոն կեանքի վերադարձ եւ կը խորշին խորքային, կառուցուածքային փոփոխութիւններէն։

Սակայն կը կարծեմ, որ նման պնդումները սխալ են: Կայունութեան ու բնականոն կեանքի վերադարձի հրատապ ցանկութիւն տագնապէն դուրս գալու համար, ինչ խօսք, հրամայական է։ Եւ կայունութեան վերադարձի պահանջը բնորոշ է բոլոր յեղափոխութիւններուն, սակայն այն անիրականանալի է։ Օրինակ` 1789ի Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք տեղի ունեցան բազմաթիւ իրադարձութիւններ (բոլորն ալ` աննախատեսելի), եւ Ֆրանսան այլեւս երբեք չվերադարձաւ նախայեղափոխական կեանքին։

Թերեւս այս պահուն մեր շուրջը յեղափոխութիւն տեղի չ’ունենար, բայց մենք, անկասկած, կ’ապրինք յեղափոխական ժամանակներու մէջ: Եթէ ​​մենք այս օրերը չենք ընկալեր իբրեւ այդպիսին, պատճառն այն է, որ այս պահուն մետիայի նորութիւններու լուսաբանումը եւ մեր ամէնօրեայ խօսակցութիւնները մարդակեդրոն չեն: Տեսիլք ունեցող առաջնորդներ չկան կամ բացակայ են, զայրացած ամբոխի փոխարէն լուրերու առանցքը վարակն է, շուկաներն են, որուն կ’աւելնան համատարած անկայունութիւնը, տնտեսական անչափելի կորուստները եւ ինծի համար շատ կարեւոր՝ կլիմայի փոփոխութիւնը։ Այս բոլորը միասնաբար կը ձեւաւորեն այս պահու մեր պատմութիւնը: Եւ իբրեւ ասոր արդիւնք` այն տպաւորութիւնը ունինք, որ պատմութիւնը կարծես մեր հակակշռէն դուրս եկած է, մեր ձեռքերէն դուրս եկած է:

Երբ յեղափոխութիւններու մասին կը խօսինք ու կը մտածենք, մենք միշտ կը պատկերացնենք ծրագրուած գործառոյթ՝ իրականացուած յստակ մարդոց (գիտակից յեղափոխականներու) կողմէ, բայց իրականութիւնը հազուադէպօրէն այսպիսին է: Երբ մօտէն կը նայինք, կը տեսնենք, որ յեղափոխութիւնները պատմութեան այն ժամանակահատուածներն են, երբ տարբեր օրակարգեր ունեցող ընկերային-հասարակական դերակատարներ՝ ուսանողներ, գիւղացիներ, քաղաքաբնակներ, օրէնսդիրներ, զէնք վերցնողներ, կը միաձուլուին, եւ այդ ձուլումէն կը ծնուին կայուն համաստեղութիւններ: Ֆրանսական յեղափոխութիւնը կամ այլ յեղափոխութիւններ մեզի կու տան մէկ յստակ դաս, որ մարդն է, մարդիկ են, որ կը ստեղծեն պատմութիւն: Այնպես որ ես կը հաւատամ, որ այսօրուան մեր գործողութիւններն ու ընտրութիւնները պիտի ձեւաւորեն ոչ միայն մեր հաւաքական ապագան, այլ նաեւ այն, թէ ինչպէս պիտի յիշենք անցեալը:

Ֆրանսական յեղափոխութեան եւ կամ այլ յեղափոխութիւններու առաջին ամիսներուն եւ մեր ներկայ իրավիճակին միջեւ կարելի է զուգահեռներ գտնել: Սակայն կրկնութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։

Համեմատութենէն կարելի է եզրակացնել հետեւեալը. ամէն ինչ ենթակայ է փոփոխութեան, ամէն ինչ կարելի է կորսնցնել եւ ամէն ինչ կարելի է շահիլ։ Կայ միայն մէկ ընտրութիւն՝ վերաձեւակերպել անցեալն ու ապագան եւ վերափոխուիլ: Կեանքն այլեւս բնականին չի վերադառնար, քանի որ անցեալ տասնամեակներու նորմերը պարզապէս այլեւս հնարաւոր չէ կիրառել:

«Նոր նորմալը» գործազրկութիւնն է, նոր պահանջներն են: «Նոր նորմալը» միջին դասի քաղաքացիներու յարաբերական բարօրութեան վերացումն է, կենսաթոշակային խնայողութիւններու չքացումն է, երեխաներու ապագայի կորուստն է: Նոյնիսկ մինչ համաճարակը դասակարգային հակասութիւնները, խտրականութիւնները եւ մարդու զարգացման հնարաւորութիւններու աստիճանական չքացումը շարունակաբար աճ կ’արձանագրէին: Վստահութիւնը պետական կամ միջազգային հաստատութիւններու նկատմամբ ակնյայտօրէն կը նուազէր: Մարդիկ չեն գիտեր որո՞ւ հաւատալ։

Քորոնա համավարակը ոչ միայն կը ներգործէ անհատ մարդկանց վրայ, այլ նաեւ ուժգնօրէն կը հարուածէ ազգային առասպելները: Որոշ առաքինութիւններ կը վերափոխուին, կը դառնան անճանաչելի, գարշելի սուտեր յանկարծ կը բացայայտեն ցարդ անյայտ երեւոյթներ։ Իսկ մենք ճգնաժամին առջեւ կանգնած ենք ձեռնթափ, ամբողջութեամբ յանձնուած վարակի քմահաճոյքին։

Մենք բոլորս, արեւմտեան թէ արեւելեան կողմն աշխարհի, արթնցանք առտու մը եւ հասկցանք, որ այնքան ալ հզօր չենք։ Վարակը կը բացայայտէ մեր հասարակութիւններու «պլըֆները». համաճարակները միշտ կը բացայայտեն անհաճոյ ճշմարտութիւններ: Համաճարակին հակազդելու մեքանիզմները, համաճարակին համարժէք ուշացած արձագանքը, փաստօրէն, նոյնն են Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Ամերիկայի կամ Չինաստանի մէջ։ Վարակը բացայայտեց մշակոյթ մը, ուր քծնող պալատականներ պատրաստ են թաքցնելու դառն եւ մահաբեր իրականութիւնը այնքան ատեն, որ կայսրը չի ցանկար լսել զայն:

Երբ այս փորձութիւնը եւս աւարտի, շատ մը ժողուվուրդներ իրենք իրենց համար պիտի բացայայտեն, որ իրենք զիրենք չեն ճանչնար: Ոմանց համար այս կրնայ յանգիլ դառն, բայց խորաթափանց ինքնաճանաչման, ուրիշներուն համար՝ գուցէ հաճելի ու դրական: Համավարակը ոչ միայն կ’ազդէ մարդկանց վրայ, այլ նաեւ կը տրորէ ազգային առասպելները: Որոշ առաքինութիւններ յանկարծ գլխիվայր կը դառնան ու ցոյց կու տան իրենց տգեղ հետոյքը: Եւ հակառակը` մեղադրելի երեւոյթներ կը բանան նոր հնարաւորութիւններ։

Ֆրանսան, որ աշխարհին տուաւ մարդու իրաւունքներու գաղափարը, այսօր բոլորէն առաջ անցաւ այդ իրաւունքները սահմանափակելու հարցով. պարետային ժամ, փողոցներուն մէջ բանակայիններ, օդին մէջ յամեցող սպառնալիքներ: Դժբախտաբար, այդ սահմանափակումներն անհրաժեշտ կը թուին, քանի որ մեծ թիւով ֆրանսացիներ կ’անտեսեն կառավարութեան թելադրանքները: Կ’ըսեն, որ բարկացած երիտասարդներ ըմբոստօրէն գարեջուր կը բաժնեն՝ «քորոնա, քորոնա» գոռալով: Կարծես թէ, ի վերջոյ, վարակն աւելի նախընտրելի է, քան յիմար պետութիւնը:

Այս օրերուն վերստին կարդացի Էդմոնդ Պըրքի (Edmund Burke)` 1790 թուականին լոյս տեսած «Մտածումներ Ֆրանսական յեղափոխութեան մասին» (Reflections on the Revolution in France) գիրքը, որ ժամանակակից պահպանողականութեան առաջին դրսեւորումը կը համարուի: Իհարկէ, հեղինակին շատ մը թեզեր ժամանակավրէպ են, բայց այնտեղ կայ կէտ մը, որը ժամանակին ես կը մերժէի իբրեւ ամենաhինցած միտքը, եւ որը, սակայն, այս օրերուն լոյսին տակ կը ստանայ բացատրական նոր արժէք:

Պըրք կը քննադատ​​է երկիր կառավարելու միապետական ձեւը: Ան նոյնիսկ համամիտ է միապետը վար առնելու գաղափարին: Բայց Փարիզի մէջ Ֆրանսական յեղափոխութեան օրերուն մարդիկ չէին բաւարարուեր միայն միապետութիւնն ու եկեղեցին ճզմելով։ Անոնք կը խարխլէին ինքնին այն միտքը, որ ընդհանրապէս կարելի է ունենալ օրինական իշխանութիւն: Պըրքի աչքերով` այս ձեւով կ’ոչնչանար հասարակութեան վստահութեան հիմքը: Ֆրանսացիները անվստահութիւն կը ցուցաբերեն բոլոր կառավարութիւններու նկատմամբ, ինչ որ իշխանները կը մղէ բռնակալութեան, եւ այսպէս իշխանութիւնը կը կորսնցնէ իր աւանդական բարձրութիւնն ու հեղինակութիւնը:

Այն հանգոյցին, որ այսօր կանգնած ենք, պէտք է ընդօրինակենք ոչ թէ Ֆրանսական յեղափոխութեան արդիւնքը, այլ յեղափոխականներու ներուժը, ստեղծագործական ոգին եւ լաւատեսութիւնը:

Այս օրերը խորապէս անհանգստացնող, միաժամանակ ստեղծագործ ոգիի ժամանակներ են։ Մինչ կարգ մը ամերիկացիներ կ’ապաստանին իրենց տուներէն ներս` փորձելով պաշտպանուիլ նորահաս սպառնալիքներէ, իսկ ուրիշներ իրենց կեանքերը կը վտանգեն ատոր դէմ պայքարելու համար, մենք բոլորս կ’ողբանք սովորականին, ընթացիկին կորուստը, բայց եւ միաժամանակ գիտակցաբար հիմքը կը դնենք նոր կարելիութիւններու։

Մարդ արարածը պատասխանատու է մեր աշխարհի ե՛ւ սխալներուն, ե՛ւ ճիշդերուն համար: Յետադարձ ակնարկով յեղափոխութիւնը կրնայ թուիլ միա-իրադարձութիւն, բայց ապրուած փորձառութիւնը այդպիսին չէ: Յեղափոխութիւնը ժամանակի երկարաձգուած հատուած է, երբ մէկ կողմէ սովորական կեանքն ու առօրեան քանդուած են, իսկ գոյութիւն ունեցող ծէսերը կորսնցուցած են իրենց նշանակութիւնը:

Սա, իհարկէ, խորապես անհանգստացնող իրավիճակ է, բայց նաեւ մեծ ստեղծագործական շրջան: Հիմա, մեր տուներուն մէջ պատսպարուած, համավարակի սպառնալիքէն անշարժացած, բոլորս կը սգանք կորսուած բնականոնութիւնը, բայց մենք կրնանք նաեւ նպատակադրել եւ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել: Այս պահուն, եթէ կ’ուզենք յեղափոխութիւն տեսնել, ապա պահն է մարդկային քայլեր առնելու եւ գործի ժամ յայտարարելու:

«Դրօշակ», թիվ 5 (1639), մայիս, 2020 թ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.